ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՊՈՂՈՏԱՅԻ ՎՐԱՅ

-Տունէն հետդ քանի մը ծրար փոշի պղպեղ բեր, բոլոր տեսակներէն: Քովս միայն մէկ-երկու ծրար քաղցր մնաց, սպառեցան բոլորը: Տես, թէ ի՞նչ ունիս պատրաստ, ծրարուած ուտեստեղէն, անուշեղէն, անոնք ալ բեր: Հա, չմոռցած ըսեմ, որ ննջարանը, դարակին մէջ կոպեկներ կան, պայուսակիդ մէջ դիր. բերածներս վերջացան, պէտք կու գան: Չուշանա՛ս:

Կը պատուիրէ ամուսինը տիկնոջ ու մէկ ձեռքով կը դասաւորէ տաղաւարի սեղանին վրայ մնացած համեմները, արեւելեան նախուտեստները, խմորեղէնները...:

Քիչ անդին սուրիահայ մի քանի կին տաղաւարի սեղանին գլուխը բազմած կը զրուցեն: Սեղանին վրայ կը ցուցադրուին մանկական մազի տեսակաւոր ձեռակերտ ծամակալներ, կապեր, գլխու պսակներ զարդարուած գունեղ ժապաւէններով ու կեղծ՝ մեծ ու փոքր, վարդերով.

-Ես ձեզի որքա՜ն շնորհակալ եմ, գիտէ՞ք,- կ՚ըսէ կիներէն մէկը:

-Ինչո՞ւ, քոյրս, մենք ի՞նչ ըրինք որ:

-Եթէ դուք չըլլայիք ու զիս չքաջալերէիք, որ ձեզի հետ ամէն օր մեզի յատկացուած Վերնիսաժի տաղաւարներուն վրայ ձեռագործներս ցուցադրեմ, ես առանձին պիտի մնայի ու գիտէք արդէն, որ դժուար կը յարմարիմ նորութիւններու, մանաւանդ որ իմ պարագաս բոլորովին տարբեր է՝ տուն, տեղ զաւակ..., բան չմնաց:

-Մենք ալ ուրախ ենք, որ քեզի հետ ենք: Բոլորիս վիճակը նոյնն է:

Մի քանի տաղաւար ետք կը բուրէ արեւելեան ֆէլէֆիլը. գունդերը կլոր-կլոր կը պարեն տաք ձէթին մէջ, սուրիահայ տիկին մը արկատ մը կը մատուցէ տեղացի անցորդին, որ ուտելով՝

-Մմմ, համեղ է, մի քիչ կծու, թթու է, բայց էս տաք ու գրգուռ գունդերուն հետ յարմարել է. կանաչիներ, պամիտորը, էդ սպիտակ սոսը, համեմունքը լաւն են,- կը խօսի ընկերոջ հետ, աջ ու ձախ տաղաւարներու սեղաններուն աչք պտտցնելով:

-Ես էդ համեմունքներին չսովորեցի,- կը պատասխանէ բարեկամը:

Հիւսիսային պողոտայի վրայ լայն տարածութիւն մը յատկացուած էր այս ցուցադրութիւն-վաճառքին: Երեւանի ծննդեան 2800-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին էր նաեւ այս մէկը: Սուրիահայերու վերջին տարիներուն քառասուներրորդ մասնակցութիւնն էր նման ցուցադրութիւններու: Անոնց մեծամասնութիւնը արդէն իսկ իրենց անձնական արտադրամասերը, փոքր խանութները ունին ու համակերպած են տեղւոյն պայմաններուն:

-Մի քիչ առաջ ձեր պատկերը երեւաց ֆէյսպուքում, վարչապետը էստե՞ղ էր:

Կը հարցնէ անցորդ մը ներկաները նշմարելով եւ աւելի հետաքրքրուծ՝

-Ի՞նչ էք վաճառում, սիրիահա՞յ էք, սրանք դո՞ւք էք սարքել, ի՜նչ լաւն են...,- կ՚արտայայտուի արծաթեայ ապարանջան մը ձեռքը բռնելով:

-Այո, հոս էր Պարոն Փաշինեանը: Մենք սարքեր ենք այս բոլորը,- հպարտութեամբ կը պատասխանէ վաճառողը ու մէկիկ-մէկիկ կը ցուցնէ զարդեղէնները:

Տաղաւար մը կը զբաղեցնեն ՀՕՄուհիները, որոնք Հալէպեան սովորութեան շարունակականութեամբ, կը ցուցադրեն հայկական գաւառներու ձեռագործ աշխատանքներ: Կան նաեւ տաղաւարներ, ուր կը ցուցադրուին Վերնիսաժի կարգ մը տաղաւարներուն վրայ ցուցադրուող բնական ծաղիկի փերթերով պատրաստուած զարդեղէններ. հմուտ սուրիահայ կիները սորված ու սկսած են անոնց նմանակները արտադրել ու վաճառել:

Տաղաւարներէն մի քանին, առաւելապէս զարդեղէններու ու ձեռարուեստի, ունին մշտական ներկայութիւն Վերնիսաժի մէջ, ուրկէ երբ անցնիս ու հարց տաս տեղւոյն վաճառողներուն, թէ ո՛ւր են սուրիահայերու տաղաւարները, իսկոյն կը մատնանշեն անոնց գոյութեան վայրը, երբեմն ալ քիթերնուն տակէն. «Մեր մօտ էլ կան էն զարդեղէններից, էլի»,- մրթմրթալով:

-Էս ականջօղը ո՞նց կը լինի, կարո՞ղ էք մի հատ ձեր ականջի վրայ փորձել,- ըսելով յաճախորդուհին կ՚երկարէ ականջօղը վաճառող աղջկան, որ մազերը հաւաքած, կապած է, ու ականջին վրայ յստակ կ՚երեւի զարդեղէնին կեցուածքը:

Կողքի տաղաւարին մօտ սուրիահայ տղամարդիկ քիչ առաջուան վարչապետի այցելութեան տպաւորութեամբ տարուած կը խորհրդակցին.

-Տե՛ս, ինչ աղուոր ելեր ենք ես եւ Պարոն Փաշինեանը, այս նկարը իսկոյն դիմատետրիս էջին պիտի տեղադրեմ,- նկարը ցոյց տալով կը կատարէ տեղադրումը,- տեսէք, հիմա որքան «լայք»եր պիտի ըլլան:

-Ի՛նչ ալ աղուոր խօսեցար Պարոն Փաշինեանին հետ,- կը շարունակուի զրոյցը:

-Այո, մանաւանդ երբ ըսիր մեր հաստատուելուն առաջին երկու տարիները բաւական դժուարութիւն կրեցինք,- կը հաստատէ զրուցակիցներէն մին:

-Է, այդպէս չէ՞ր ինչու, հիմա շատ աւելի լաւ ենք, գոնէ գործ մը ունինք ու օրապահիկնիս կը հանենք, մէկու մը կարօտ չենք,- դէմքին վրայ յուզումի նշմար մը գծուելով կը շարունակէ,- թող Հալէպի վիճակը քիչ մըն ալ կայունանայ, երթանք խանութ, տուն ծախենք ու գանք վերջնականապէս հաստատուինք հայրենիքի մէջ, լաւ որ ուրիշներու նման Գանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա չգացինք, թէեւ դիմած էինք...:

-Գիտէ՛ք, այս ամառ որքա՜ն լիբանահայ ընտանիքներ փոխադրուեցան Երեւան, տուն գնեցին ու հոս պիտի հաստատուին:

-Այո, ես ալ լսեցի,- գլուխը շարժելով տրուած լուրին դրական ըլլալը կը հաստատէ զրուցակից մը:

... Ու ցանուած թուփերը կամաց-կամաց արմատները կը խորացնեն ու կը սկսին ծլարձակիլ...: 

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2018