ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Ասկէ ետք կը ճառէ հրեաներու անհաւատութիւնն ու խստութիւնը.

Խօսք. «Բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց» (Յհ 12.37):

Մեկնութիւն. այստեղ նախ ասոնց խստութիւնը կը ցուցուի: Երկրորդ՝ կը յանդիմանէ. այնտեղ. «Յիսուս կ՚աղաղակէր ու կ՚ըսէր» (Յհ 12.44): Իսկ առաջին մասը երկուքի կը բաժնուի, քանի որ նախ անհաւատ հրեաներուն խստութիւնը ցոյց կը տրուի: Երկրորդ՝ հաւատացեալ հրեաներուն անկատարութիւնը. այնտեղ. «Սակայն այնտեղի իշխաններէն» (Յհ 12.42):

Առաջինին համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց, բայց անոնք չէին հաւատար Իրեն» (Յհ 12.37):

Մեկնութիւն. Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ ու սքանչելիքներ գործեց, որ է խօսքով եւ գործով՝ հիւանդներուն, կաղերուն, կոյրերուն, մեռելներուն, ինչպէս նաեւ ծածուկ, անյայտ բաներու ու ապագայի մասին վարդապետութիւնը, որոնցմով յայտնի կը դառնար Իր Աստուածութիւնը, սակայն բոլոր հրեաները չհաւատացին Քրիստոսի, եւ յամառեցան, այսինքն՝ յիմարացած կամ պնդացած, խստացած կը լսուի:   

Ետքէն Աւետարանիչը կը ցուցնէ, թէ ասոնց անհաւատութիւնը առանց դատաստանի ու Աստուծոյ արդարութեան նախագիտութեան չեղաւ, քանի որ ասոր մասին նախապէս մարգարէացած էր եւ հիմա լրումը կատարեց, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Որպէսզի իրականանայ Եսայի Մարգարէին ըսածը» (տե՛ս Յհ 12.38):

Մեկնութիւն. ասիկա պատճառը չի՛ ցուցներ, այլ՝ հետեւանքը, այսինքն՝ թէ մարգարէութիւնը չէր որ պատճառ եղաւ ասոնց անհաւատութեան, այլ՝ ասոնց անհաւատութիւնը հետեւանք դարձաւ մարգարէութեան լրումին, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տիրոջ զօրութիւնը որո՞ւն յայտնուեցաւ» (Յհ 12.38):

Մեկնութիւն. իբրեւ թէ ըսել՝ շատ քիչ հաւատացին, որովհետեւ թէեւ հրեաներէն հաւատացեալները բազմաթիւ էին, սակայն համեմատելով անհաւատներուն՝ շատ քիչ էին:

ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒ ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Բարւոք կ՚ըսէ մեզի լսելի կերպով, քանի որ մարգարէները Քրիստոսի խորհուրդը հանգամանքին տեսութեամբ չճանչցան, որովհետեւ տակաւին այդ հանգամանքը ապագային էր եւ չէին կրնար տեսնել ըստ հանգամանքին, ինչպէս որ է, քանի որ ինչ որ տակաւին չէ, ըստ ինքեան տեսանելի չէ: Դարձեալ կ՚ըսեն, թէ մարգարէները չէին տեսներ քանի կը մարգարէանային, ինչպէս երանելիները ապագան կը տեսնեն, ինչքանով որ Աստուած կը յայտնէ անոնց, որովհետեւ մարգարէները երբ կը մարգարէանային, տակաւին երանուած չէին, թէեւ այժմ երանուած են: Եւ յայտնի է, թէ մարգարէացուած հանգամանքը ըստ իրին կամ աստուածային տեսութեամբ չէին ճանչնար, այլ՝ միայն աստուածային յայտնութեամբ: Եւ այս յայտնութիւնը Յայտնողին՝ Աստուծոյ կողմէ խօսք կը կոչուի, իսկ մարգարէներուն կողմէ՝ լուր, քանի որ Աստուծմէ լսեց, այդ պատճառով կ՚ըսէ մեզի լսելի կերպով: Դարձեալ գիտելի է, թէ մարգարէներուն խօսքերը երբեմն տեսութիւն կը կոչուին եւ երբեմն ալ տեսիլք, ո՛չ թէ յատկապէս, այլ՝ ըստ այնմ, որովհետեւ իւրաքանչիւր տեսութիւն ճանաչում կը կոչուի, այն պատճառով, քանի որ երբեմն երեւում մը կը պատկերանար անոնց երեւակայութեան առջեւ, եւ երբեմն ալ մարմնաւոր աչքերուն առջեւ: Եւ թէեւ այդ պատկերը կը տեսնէին, սակայն մարգարէացուածը չէին տեսներ՝ թէեւ կ՚իմանային, որովհետեւ յատկաբար կը խօսէին, սակայն ոչ ամէն իմացում տեսութիւն կ՚ըսուի:

Այսքանը մարգարէներուն մասին:

Իսկ այստեղ՝ Տիրոջ բազուկը [զօրութիւնը], նախ՝ Մեկնիչդ կ՚ըսէ բազուկ սքանչելիքներուն եւ մեծամեծ նշաններուն մասին: Դարձեալ՝ բազուկ Տեառն ըստ բնութեան Աստուծոյ Որդին կը կոչուի, որ Հօր Աստուծոյ ներգործական զօրութիւնն էր, քանի որ Հայրը բոլորին խօսքով կ՚ընէ, եւ եթէ մարդոց մէջ ալ այդպէս ըլլար, թէ ինչ որ կամենային խօսքով ընէին, այն ատեն անոնց խօսքը կարելի էր ըսուիլ՝ անոնց բազուկը: Եւ այս բազուկ Տեառն, այսինքն՝ Աստուծոյ Որդին, քիչ թիւով հրեաներու յայտնուեցաւ: Դարձեալ, ասոր առընթեր Աւետարանիչը ուրիշ վկայութիւն մըն ալ կը մէջբերէ:

Խօսք. «Այդ պատճառով չէին կրնար հաւատալ» (տե՛ս Յհ 12.39):

Մեկնութիւն. չէին կրնարը չ՚ըսեր ըստ բնութեան, այլ՝ ըստ կամքի անզղջութեան, որովհետեւ չկարենալը չկամենալն է, եւ նախ յայտնի է օրինակներէն, ինչպէս մէկը կ՚ըսէ. «Չեմ կրնար սիրել այս մէկը, այսինքն՝ չեմ կամիր, որովհետեւ կամքը խստացուած է ատելութեան»: Երկրորդ. յայտնի է վկայութիւններէն, ինչպէս Տէրը կ՚ըսէ. «Աշխարհը ձեզ չի՛ կրնար ատել» (Յհ 7.7), այսինքն՝ չի՛ կամենար: Աւետարանիչը Եսայիի մարգարէութիւնը կ՚առնէ եւ բառը քիչ մը այլայլելով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Անոնց աչքերը կուրցուց եւ անոնց սիրտերը ապշեցուց» (տե՛ս Յհ 12.40):

Մեկնութիւն. կուրցուցը այն է, որ անձնիշխան կամքով կուրցան եւ յիմարացան, իսկ Աստուած ձգեզ զանոնք իրենց խնամքին ու ակամայից չբերաւ հաւատքին ու ճշմարտութեան, որպէսզի անձնիշխան կամքը չվերցնէ, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ:

Իսկ ուրիշներ այսպէս կ՚ըսեն. Աստուած հրեաներուն կրկնակի կերպով կուրցուց. առաջինը թոյլ տալով, որովհետեւ անոնց չարութեան պատճառով թոյլ տուաւ անոնց մեղքերու, չարիքներու խստութեան եւ միտքերու կուրութեան մէջ իյնալ, այլեւ՝ թոյլ տալով սատանային զանոնք փորձել զանազան մեղքերով: Երկրորդ՝ վերացնելով, քանի որ Աստուած անոնց չարութեան պատճառով կը վերացնէ Իր լոյսն ու բարերարութիւնը՝ ներքին եւ արտաքին, այսինքն՝ ինչ որ ըստ Ինքեան եւ կամ հրեշտակներուն միջոցով մարդոց կը պարգեւէ, ու ասոնց ալ կը պատրաստուէր պարգեւել, եթէ ասոնց չարութիւնը չարգիլէր: Ու այսպէս կը մեկնուի ամէն տեղ այսպիսի խօսքերը, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Աստուած զանոնք իրենց անարգ միտքերուն մատնեց» (տե՛ս Հռ 1.28), եւ թէ՝ «Աստուած փարաւոնին սիրտը խստացուց» (տե՛ս Ելք 14.4, 17), եւ այլն:

Եւ գիտելի է, թէ վարդապետները կ՚ըսեն, որ երեք կերպով պէտք է զԱստուած տեսնել, այսինքն՝ այստեղ արժանապէս իմանալ: Առաջինը միտքի աչքերուն առողջութիւնն է, որպէսզի հաւատքով, յոյսով եւ սիրով առողջ ըլլայ: Երկրորդ՝ զԻնք հայցելն է, կամ աչքերը դէպի Ան դարձնելն է: Երրորդ՝ իմացումն է:

Առաջինը՝ շնորհներուն եւ առաքինութեանն է, երկրորդը՝ մեղքերէն դարձածներուն, երրորդ՝ սուրբերուն մնայուն խոկումն է Աստուծոյ մասին: Ըստ այս կերպին հրեաները կուրացած ըլլալով միտքի աչքերով չէին տեսներ ու սիրտով չէին իմանար, ինչ որ պէտք էր հաւատալ, եւ այդ պատճառով մեղքերէն չդարձան դէպի Աստուած, ու այդ պատճառով հոգիով չառողջացան, որ առողջութիւն է շնորհքով եւ առաքինութեամբ, իսկ ցոյց տալու համար, թէ լոյսի պակասութեան պատճառով չկուրցան, այդ պատճառով ետքէն կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եսային այս խօսքերը ըսաւ, որովհետեւ տեսաւ Անոր փառքը եւ խօսեցաւ Անոր մասին» (Յհ 12.41):

Մեկնութիւն. Եսային ասիկա վեցերորդ գլուխին մէջ կ՚ըսէ. «Այն տարին երբ Ոզիա Արքան մեռաւ, տեսայ Տէրը որ աթոռի վրայ նստած էր» (տե՛ս Ես 6.1), եւ մարմնակերպ երեւումով դուրսէն կը ցուցնէ, թէ Աստուած մարդ պիտի ըլլար: Եւ տեսնելով պիտի տեսնէք (Ես 6.9: Տե՛ս Յհ 12.40), այն է, որ ներքին եւ արտաքին տեսութիւն կայ մեր մէջ, նոյնպէս ալ լսելիքները կրկին են: Իսկ մնացածը տես Եսայիի քաղուածին […] համարին մէջ (Ես 6.10-13): Եւ առաջին, միտքդ պահէ՛, թէ Տէր եւ աթոռ ըսելով (Ես 6.1-2) մէկ անձնաւորութիւնը կը ցուցնէ եւ ո՛չ թէ երեք, ինչպէս որ Դանիէլն ալ տեսաւ. «Աթոռները դրուեցան, ու հինաւուրցը նստաւ, ու Մարդու Որդին Անոր հետ եկաւ» (Դն 7.6-14): Երկրորդ՝ տե՛ս, որովհետեւ Եսայի Մարգարէն ի դէմս Հօր կ՚ըսէ, քանի որ այն ատեն միայն Հայրը յայտնի էր, Յովհաննէս Աւետարանիչ Որդիին մասին կը պատմէ, իսկ Պօղոս Առաքեալ՝ Սուրբ Հոգիին մասին, Գործք Առաքելոցի վերջաւորութեան կ՚ըսէ. «Սուրբ Հոգին այս խօսքը բարւոք խօսեցաւ Եսայի Մարգարէին միջոցով» (տե՛ս Գրծ 28.25): Երրորդ՝ տե՛ս, որովհետեւ Մարգարէն բացարձակ ըսաւ. «Տեսնելով պիտի տեսնէք ու պիտի չիմանաք» (Ես 6.9), եւ այլն, իսկ Աւետարանիչը. «Աստուած, -կ՚ըսէ-, կուրցուց եւ յիմարացուց» (հմմտ. Յհ 12.40), արտօնելը կ՚ըսէ, իսկ Պօղոս. «Իրենք -կ՚ըսէ-, գոցեցին իրենց աչքերն ու ականջները» (հմմտ. Գրծ 28.27) անձնիշխան կամքին համար կ՚ըսէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 125

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021