ՍԱՊԱՀ. «Կ՚ՈՒԶԵՄ, ՈՐ ԻՄ ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐԸ ԸԼԼԱՅ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐ»
Ծանր պատանեկութիւն ու ճանապարհ դէպի… Գահիրէ…
26 նոյեմբեր 2014 թուականին Սապահ կը փակէր իր աչքերը: Արաբական աշխարհի հեղինակաւոր պարբերականներէն համարուող «Ալ Հայաթ»ը ներկայացնելով Սապահի մահուան բօթը կը խորագրէր՝ «Լիբանանի մեծ աստղը մեռաւ մեծ առանձնութեան մէջ»:
Հարուստ կենսագրութիւն ունեցած երգչուհի Սապահ, բուն անունով Ժանէթ Ֆըղալի ծնած է Լիբանանի գողտրիկ Պտատուն աւանին մէջ, 10 նոյեմբեր 1927 թուականին: Սապահ (որուն նաեւ փաղաքշանքով կու տային Սապուհա անուանումը) առիթով մը պատմելով իր ծննդեան պայմաններուն մասին՝ ըսած էր, թէ ինք ըլլալով ընտանիքի երրորդ աղջիկ զաւակը (քոյրերը կը կոչուէին՝ Լամիա եւ Ժուլիէթ), «մեծ տխրութիւն» պատճառած է իր մօրը, այնքան մը որ ազնուական ընտանիքէ սերած մայրը զանազան անգամներ մերժած է ծծկեր երեխային կաթ տալ: «Իմ լացի ձայնս լսելի կը դառնար ամբողջ գիւղին մէջ: Հօրեղբայրս, որ աշուղ-բանաստեղծ էր (յայտնի՝ Շահրուր ալ Ուատի անունով), լսելով լացս մեր տունը կու գար ու բարկանալով մօրս արարքին դէմ կ՚ըսէր. «Այսօրուընէ յայտնի է, որ նորածին երեխան հզօր ձայն պիտի ունենայ»: Սապահ իր գեղեցկադէմ եւ հմայիչ ներկայութեան կողքին շնորհիւ իր ձայնային ունակութիւններուն, կը գրաւէր հազարաւոր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնն ու սէրը:
Այդ օրերուն ու հակառակ անոր, որ երգարուեստի աշխարհին մէջ այսօրուան համեմատ չափանիշները եւ ընկալումները շատ աւելի բարձր էին, երգարուեստի ոլորտին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէր տուեալ երգչուհիին դերասանական ունակութիւնները: Վաղ պատանեկութիւնը իրենց գիւղին մէջ անցընելէ ետք Սապահ 1940-ականներու սկիզբը կը մեկնէր Եգիպտոս, տրուած ըլլալով, որ արաբական աշխարհի սիրտ համարուող Գահիրէն պիտի դառնար երգչուհիին համար յաջողութեան ճանապարհ բացող առաջին կայարանը:
Սապահի ծնողները դէմ էին, որ ան մուտք գործէ արուեստի աշխարհ ու այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Սապահ բուռն վէճեր ու նոյնիսկ բախումներ կ՚ունենար յատկապէս հօրը հետ:
Այդ օրերուն մասին խօսելով Սապահ կը պատմէ. «Գիւղին մէջ հօրեղբայրս քնարական երեկոներ կը կազմակերպէր ու ծնողներս նոյնիսկ արգիլած էին, որ այդ երեկոներուն մասնակցիմ: Ստիպուած կ՚ըլլայի քրոջս հետ գաղտնապէս երթալ ու պահուըտելով կը հետեւէի քնարական ձեռնարկներուն: Անկեղծօրէն իմ վրայ մեծ տպաւորութիւն գործեց հօրեղաբայրս, որ աւելի ուշ ալ նեցուկ եղաւ, որպէսզի գիւղէն քաղաք տեղափոխուինք եւ այս անգամ Պէյրութի մէջ շարունակեմ ուսումս»:
Ան աւելի վերջ ելոյթներ կ՚ունենայ Պէյրութի ոչ-յայտնի նեղ շրջանակներու կազմակերպած հաւաքոյթներուն, այդպէսով նետելով իր առաջին քայլերը երգարուեստի ոլորտէն ներս: Սապահի մօտիկ եղողներ իրեն կը յուշեն, թէ իր արուեստի մէջ յաջողութիւն ձեռք բերելու համար ան պէտք է Եգիպտոս մեկնի ու մտնէ դերասանական ոլորտ: Անոր նոյնպէս կը յուշեն Ասիա Տաղէրի անունը, որ այդ օրերուն Լիբանանէն դէպի Գահիրէ դերասանուհիներ «տանող» յայտնի կազմակերպիչ մըն էր:
Սապահ, նախքան Գահիրէ մեկնիլը, մեծ հիացումով կը հետեւէր իր քրոջ քայլերուն: «Քոյրս Լամիա Ֆըղալին դերասանական մեծ ունակութիւններ ունէր: Իրօք կը հիանայի իր արուեստով, սակայն ոչ մէկ անգամ զիս կը գնահատէր արուեստի այդ ճիւղին մէջ մտնելու՝ առարկելով ու ըսելով՝ «ասիկա քու գործդ չէ եւ աւելի լաւ կ՚ըլլայ, եթէ հեռու մնաս դերասանութենէն»», կ՚անդրադառնար երգչուհին:
Սապահ սակայն կը մնայ անդրդուելի. նոյն միջոցին դրական պատասխան կը ստանայ ու 1944 թուականին, 17 տարեկան Սապահ հօրը հետ կը բռնէ Եգիպտոսի ճամբան:
«Այն ատեն 17 տարեկան էի», կ՚ըսէ Սապահ ու կը շարունակէ. «Հօրս հետ Պաղեստինի ցամաքային ճանապարհով մեկնեցանք դէպի Գահիրէ: Լիբանանի այդ օրերու վարչապետը՝ Ռիատ Սոլհ յատուկ յանձնարարագիր-նամակ մը կը յանձնէ ինծի, որպէսզի այդ մէկը փոխանցէի Գահիրէ արուեստի շրջանակներու ազդեցիկ գործիչներուն»:
Ինչպէս վերը նշեցի, պարտիմ յիշեցնել, որ այդ օրերուն Գահիրէի արուեստի շրջանակներուն համար առաջնայինը միայն արուեստագէտ-երգիչին ձայնը չէր, այլ անոր «արթիսթ»ի բեմային ներկայութիւնը, հմայքն ու դերասանական ունակութիւնները:
Եւ այսպէս Գահիրէ ժամանելէ քիչ ժամանակ անց Սապահ կը նկարահանուի իր առաջին՝ «Ալ քալպ լահու ուահէտ» («Սիրտը մէկ սէր ունի») խորագրեալ շարժարանկարին մէջ, որ կ՚ունենայ մեծ յաջողութիւն: Անկէ ետք առնուազն երեք ժապաւէններու մէջ նկարահանուելէ ետք Սապահի անունը կը դառնար դժուարահաճ բեմադրիչներու եւ արուեստի գործիչներու ուշադրութեան կեդրոն:
Այդ փուլին Սապահ համագործակացած է մասնաւորապէս եգիպտացի անուանի դերասաններ՝ Զաքարիա Ահմատի, Մուհամմէտ Սըլմանի, Ռուշտի Ապազայի, Ֆարիտ ալ Աթրաշի, Մուհամմէտ Զու ալ Ֆիքարի եւ ուրիշ տասնեակ դերասաններու հետ, գծելով արաբական ու մասնաւորապէս եգիպտական շարժանկարի ոսկեայ էջերը:
ՓՈԹՈՐԿԱԼԻՑ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ
Սապահին հանդէպ սէր եւ յարգանք ունեցող հանրութեան մեծ մասը կը տատամսի, երբ խօսք ըլլայ անոր անձնական կեանքին մասին:
Երգչուհին, որ ունեցած է ինն ամուսին, զանազան առիթներով ալ բացայայտած է իր մեծ թիւով ամուսնութիւններուն իրական պատճառները:
Այս մասին կարեւոր նշում մը կատարած է լրագրող Մուհամմէտ Ղանտուր, որ գրելով Սապահի անձնական կեանքին մասին՝ դիտել կու տայ, թէ Սապահ ստիպուած եղած է ապահարզանի դիմել պարզ այն պատճառով, որ կրած է դաւաճանուած ըլլալու հոգեբանական ծանր բեռը: Ան նոյնիսկ տարբեր առիթներով ըսած է. «Ապահարզանի դիմեցի, որովհետեւ ամուսիններս զիս դաւաճանեցին ու այդ պատճառով ես ալ զիրենք դաւաճանեցի ու չկարողացայ ունենալ խաղաղ ու կայուն ընտանեկան կեանք մը»:
Սապահի առաջին ամուսինը եղած է Հապիպ Շամմաս անունով անձնաւորութիւն մը, որուն հետ արուեստագիտուհին ամուսնացած է խոյս տալու համար ընտանեկան ճնշիչ մթնոլորտէն: Ապա հերթաբար ամուսնութիւններ կնքած է՝ իշխան Խալէտ պըն Սէուտի, Անուար Մընսիի, Ահմատ Ֆարրաժի, յայտնի եգիպտացի դերասաններ՝ Ռուշտի Ապազայի եւ Եուսէֆ Շահպանի, լիբանանցի քաղաքական գործիչ՝ Ճօ Համուտի, բեմադրիչ՝ Ուասիմ Թապպարայի եւ վերջապէս լիբանանցի պարադիր՝ Ֆատի Լուպնանին հետ: Անոր «ամենակարճ» ամուսնութիւնները տեւած են շուրջ երկու ամիս. սէուտցի Խալէտ պըն Սէուտի (որ Սէուտ պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին 9-րդ որդին էր) եւ եգիպտացի անուանի դերասան Ռուշտի Ապազային հետ, իսկ Սապահի ամենէն «փայլուն» ամուսնական կեանքը եղած է լիբանանցի քաղաքական գործիչ եւ երեսփոխան Ճօ Համուտի հետ։ Սապահ վերջինիս հետ ապրած է հինգ տարի:
Ան խօսելով Համուտի հետ իր կնքած ամուսնութեան մասին՝ ըսած է. «Ճոն տղամարդ էր բառին ամբողջական առումով: Նուիրուած ու սիրալիր անձ մը, որուն հետ իմ բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակուեցան ամուսնալուծումէն ետք ալ: Ճոն շատ կը սիրէր զիս ու ես ալ իր մէջ մարդկային բարձր արժանիքներ գտած եմ: Միակ անպատեհութիւնը անոր քաղաքական կեանքին մէջ ըլլալու հարցն էր, որուն հետեւանքով ալ մենք ստիպուած եղանք իրարմէ հեռանալ»: Իսկ Սապահի կնքած ամենէն «երկարատեւ» ամուսնութիւնը կը համարուի լիբանանցի պարադիր Ֆատի Լուպնանի հետ տասնեօթ տարի տեւած ամուսնութիւնը:
ՍԱՊԱՀԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ՝ ԱՆՈՐ ՉՔՆԱՂ ՁԱՅՆԸ
Սապահ, որ կատարած է շուրջ 3 հազար երգ եւ կեդրոնական դեր ստանձնած 83 շարժապատկերներու ու 27 թատերախաղերու մէջ, կը համարուի վաթսունականներու արաբական երգարուեստի (էսթրատային) ամենէն նշանաւոր աստղերէն մին:
Ոչ միայն իր ներկայութեան, հմայքին ու բեմային կարողութիւններուն շնորհիւ, այլեւ մասնաւորապէս անոր ձայնին ու կատարումներուն համար: Սապահ կարողացաւ մեծ յաջողութիւններու հասնիլ նաեւ այն պատճառով, որ անթերի մեկնաբանեց եգիպտական ոճի երգերը եւ կարողացաւ փայլուն ձեւով կատարել իրեն վստահուած բոլոր դերերը:
Իր «աստեղային» համարուած ժամանակահատուածին համար Սապահ կը համարուէր բոլոր «ընդունելի» նկատուած սկզբունքներուն եւ ձեւաչափերուն դէմ ըմբոստացող արուեստագէտ մը: Իր «խիզախ» եւ «յեղափոխական» մօտեցումներուն մասին օրինակ մը տալու համար հարկ է նշել, որ այն առաջիններէն եղաւ Սապահ, որուն համար շարժանկարի մը ընթացքին համբուրուիլը կամ շատ կարճ շորթով բեմ ելլելեը «թապու» մը չէր: Սապահ այդ բոլորը չէր կատարեր ձեւական մօտեցումներով, այլեւ կը հաւատար ազատ ապրելու, ազատ վարուելու ու արուեստի մէջ անկաշկանդ շարժելու մօտեցումներուն: Ու հակառակ իր յաճախ «անընդունելի» համարուած կեցուածքներուն՝ Սապահ մնաց սիրելի երգչուհի մը:
Սիրելի, որովհետեւ գիտէր ժպտալ եւ գիտէր խօսիլ իր հանրութեան ու ամենէն աւելի մտնել մարդոց սրտերը, այն մարդոց, որոնք կը համարուէին հասարակութեան աղքատ եւ անտեսուած խաւի անդամներ:
Ճիշդ է, որ Սապահ մահացաւ առանձնութեան մէջ… Բայց եւ այնպէս, 87-ամեայ երգչուհիին հանդէպ հասարակութեան մեծ սէրը, անոր վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը՝ յստակօրէն վերածեցին «ուրախութեան» պահու մը… Հակառակ զարմանալի թուացող այդ «տօնախմբութեան»՝ յստակ էր, որ Լիբանանի հասարակութիւնը կը փորձէր ամէն գնով իր սէրն ու գնահատանքը արտայայտել հանդէպ մեծն Սապահի: Նախքան կեանքին հրաժեշտ տալը՝ Սապահ իր քեռորդիին՝ Քլոտին փսփալով ըսած էր, որ իր մահուընէ ետք ունի մէկ փափաք. այն ալ իր երկրպագուներուն սիրոյն արժանանալն է: Ան ըսած էր. «Ըսէ՛ իրենց, երբ ես մեռնիմ, Տապքէի (լիբանանեան աւանդական պար) եղանակին տակ թող պարեն: Կ՚ուզեմ, որ մահուանս օրը ուրախութեան օր մ՚ըլլայ: Կ՚ուզեմ, ինչպէս որ ներկայութիւնս, նոյնպէս ալ այս աշխարհէն մեկնիլս իրենց համար ուրախալի պահ մ՚ըլլայ: Ես զիրենք շատ կը սիրեմ: Թո՛ղ միշտ յիշեն ու սիրեն զիս»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան