ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալի մի՛ ըլլար, անոր բանակարանը մի՛ աւերեր: Վասն զի արդարը եթէ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի մնան» (Առ 24.15-16):

Պատասխան. Արդարին տանը դարանակալ մի՛ ըլլար, անոր բնակարանը մի՛ աւերեր արտայայտութեամբ անպայմանօրէն նիւթական դարանակալութեան եւ աւերի մասին պէտք չէ մտածել, այլ՝ հոգեւոր առումով պէտք է մօտենալ եւ հասկնալ, որ այդ դարանակալութիւնն ու աւերը մարդուն հոգիին կը վերաբերին, այլ խօսքով առաքինի կեանքին: Արդարեւ, չարերը տեսնելով, որ իրենց ընկերները առաքինի կեանքով կ՚ապրին, ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի մոլորեցնեն զիրենք իրենց ճամբաներէն եւ չարութիւն սորվեցնեն անոնց: Պատճառը շատ յաճախ նախանձը կ՚ըլլայ, որովհետեւ իրենք կը կարծեն, որ չենք կրնար արդար դառնալ եւ փոխանակ իրենց առաքինի ընկերներէն խնդրեն, որ օգնեն իրենց, որպէսզի դարձի գան, ճիշդ հակառակը կ՚ընեն, փորձելով գայթակղեցնել իրենց առաքինի ընկերները:

Արդար մարդը երբեմն տկարանալով կ՚իյնայ մեղքի մէջ, երբեմն չար մարդոց խորհուրդներուն պատճառով կը սայթաքի, սակայն անմիջապէս ոտքի կը կանգնի ա՛լ աւելի զօրացած, որովհետեւ գիտէ զանազանել բարին ու չարը: Առաքինի մարդուն սայթաքումները կը ծառայեն, որ մարդ ա՛լ աւելի առաքինի ու արդար դառնայ, այլ խօսքով, առաքինի մարդը իր սայթաքումներէն կը սորվի: Մինչ չար մարդը, որ սայթաքած է եւ չէ՛ կրցած վերստին կանգնիլ, այդպիսիին համար նոր սայթաքումները ա՛լ աւելի կը խորացնեն իր սայթաքումները եւ երթալով անկարելի կը դարձնեն անոր կանգնիլը:

Սուրբ Օգոստինոս Երանելին արդարին եօթը անգամ իյնալուն եւ ապա կանգնելու մասին այսպէս կը գրէ. «Երկու բառերը՝ “եօթը անգամ” կը գործածուին մատնանշելու համար ամէն տեսակի նեղութիւնները, որոնց միջոցով մարդը փուլ կու գայ մարդոց աչքին: Իսկ “պիտի կանգնի” բառերը կը նշանակեն, որ մարդը բոլոր այդ նեղութիւններէն կ՚օգտուի»: Եւ «երբ չարիքներ կու գան չարերուն վրայ, ատոնց միջոցով կ՚իյնան: Իսկ երբ չարիքներ կու գան արդարներուն, ապա Աստուած կը զօրացնէ զանոնք, եւ կը կանգնեցնէ բոլոր ինկողները (Սղ 145.14), բոլոր անոնք՝ որոնք Իրեն կը պատկանին, որովհետեւ “Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն” (Յկ 4.6)»:

Ուշադիր պէտք է ըլլալ սակայն եւ ինքնարդարացումի ետեւէ չերթալ, այսինքն՝ մարդ պէտք է զգուշանայ ինքզինք արդարացնելէ կամ արդար կարծելէ, որովհետեւ շատ յաճախ այդ միջոցով է, որ սատանան կը մոլորեցնէ մարդիկը, զանոնք սայթաքեցնելով եւ հեռացնելով ճշմարտութենէն:

Հայ Պաիսիոս Աթոսացին այս մասին այսպէս կը գրէ.

«Ո՜վ Եարոնտա. անոնք որոնք իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն, անոնց խիղճերը կրապատուա՞ծ են:

-Ով որ ինքզինք կ՚արդարացնէ եւ ներքնապէս պարզ յանդիմանութիւն մը կը զգայ, անզգամ կ՚ըլլայ: Իսկ երբ անզգամ չըլլայ, կը ցաւի իր սխալներուն համար, որով աստուածային մխիթարութիւն կը ստանայ: Իսկ անոր որուն «խիղճը մոլորուած» է, ապա անզգամ կ՚ըլլայ: Այսպիսին կը հպարտանայ իր գործած որճրագործութեամբ: Շատեր կան, որոնք որճրագործութիւններ գործած են ու ատոր մասին խօսած են, կարծէք թէ քաջագործութիւններ ըլլան:

Մարդ երբ «մոլորուած խիղճ» կ՚աճեցնէ, ապա այդ խիղճը պարզապէս ճիշդն ու սխալը զանազանելու յատկութիւնը չի՛ կորսնցներ միայն, այլ՝ կորուստի շատ աւելի խոր ժամանակաշրջանի մը հասած է»:

Արդարեւ, արդարները պէտք է զգոյշ ըլլան, որպէսզի սատանան իրենց արդարութիւնը օգտագործելով զիրենք յաւիտենապէս չսայթաքեցնէ եւ զրկէ զինք յաւիտենական հանգիստէն, զանոնք դատապարտելով յաւիտենական կորուստի:

Արդարութեան մէջ, այսինքն՝ արդար եւ առաքինի կեանքին մէջ մնալու համար, մարդ պէտք է ինքզինք աշխարհասիրութենէն հեռացնէ: Սուրբ Մակար Մեծ այս մասին կը գրէ. «Կատարելապէս մեր անձերը անջատենք եւ հեռացնենք աշխարհասիրութենէն եւ փոխարէնը՝ միայն Տիրոջ կապենք, որպէսզի Ինք միայն ըլլայ մեր միտքը զբաղեցնողը, մտահոգութիւնն ու միակ փափաքը: Իսկ եթէ կարգ մը մարմնաւոր աշխատանքներու կարիքը ունինք, աշխատանքներ՝ որոնք պարտականութեան եւ Աստուծոյ հնազանդութեան համար տրուած են մեզի, նոյնիսկ այդ պարագաներուն, թոյլ չտանք, որ մեր միտքը հեռանայ Աստուծոյ սէրէն, Անոր կարօտէն ու զԻնք խնդրելէն: Եւ եթէ այս ձեւով միշտ զգաստ եւ արթուն սրտով ջանանք ու աշխատինք ուղիղ մտադրութեամբ քալել արդարութեան ճանապարհէն, ապա անվարան կը ստանանք Իր Հոգիին խոստումը եւ շնորհքով կը փրկուինք խաւարին կորուսիչ ցանկութիւններէն, եւ այն ատեն արժանի կ՚ըլլանք յաւիտենական թագաւորութեան եւ Քրիստոսի հետ անվախճան կեանքը վայելելու փառքին՝ փառաւորելով Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն» (Մեծն Սուրբ Մակար, «Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 82):

Աւելին, մարդ որպէսզի հասնի յաւիտենական հանգիստին եւ փրկութեան, պէտք է աշխատի, տքնի, որպէսզի արդարութեան մէջ մնայ, այլապէս առանց աշխատանքի ու տքնութեան, ամենաթոյլ նեղութիւնն անգամ մարդս կը զրկեն փրկութենէն ու յաւիտենական կեանքէն: Այս մասին դարձեալ Սուրբ Մակար Մեծ կը գրէ. «Եթէ մարդ կատարեալ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի յոյսն ու ուրախութիւնը չունենայ, ան պիտի չկրնայ համբերութեամբ կրել ապագային իր դիմաց ցցուող նեղութիւններն ու դժուարութիւնները եւ, մանաւանդ՝ պիտի չկրնայ քալել նեղ ճամբայէն: Մարդուս մէջ գոյութիւն ունեցող յոյսը եւ ուրախութիւնն են, որ զայն կը պրկեն աշխատելու, տքնելու, յոգնելու եւ համբերութեամբ կրելու դժուարութիւններն ու կեանքի ծանր կացութիւնները, եւ քալելու՝ նեղ ճամբէն» (Մեծն Սուրբ Մակար, «Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 216):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 121

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024