ԱՐԹՕ ՕՔՍԱՅԵԱՆ. «ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԷՆ ՄԵՐ ՓՆՏՌԱԾԸ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆՆ Է»
Առաջին անգամը չէ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը տեղ կու տայ Նիսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ խնդրին: Երեւան կը գտնուէր Նիսի Հայ Առաքելական (օրինական) Եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ՝ Արթօ Օքսայեան: Այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք նախկին պոլսահայ այդմ նիսաբնակ ազգայինին հետ: Նպատակը բնականաբար Նիսի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին լուսաբանումն էր:
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ երկար տարիներէ ի վեր տիրող ծանր իրավիճակէն ետք, այսօր Նիսի եկեղեցական տագնապին լուծման առաջին նախանշանները կ՚երեւին:
*
-Պրն. Օքսայեան, ներկայիս ի՞նչ պաշտօն կը վարէք Նիսի մէջ:
-Երկրորդ անգամն է, որ ընտրուած եմ Նիսի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ատենապետ ու այս պաշտօնիս ժամանակաշրջանը կը տեւէ մինչեւ 2018 թուականը:
-Նիսի մէջ մէկ եկեղեցի կա՞յ:
-Այո, պաշտօնապէս մէկ եկեղեցի ունինք, չենք կրնար ըսել, որ երկու եկեղեցի ունինք, որովհետեւ երկրորդ եկեղեցին մեզի համար գոյութիւն չունի: Այո, եկեղեցական կառոյց կայ, սակայն պղծուած է:
-Ինչպէ՞ս սկսաւ Նիսի եկեղեցական տագնապը:
-Պարզ խնդիրով մը սկսաւ: Երբ Փարիզի թեմը նոր կանոններ նշանակեց ամբողջ եկեղեցիներուն համար, Ֆրանսայի գրեթէ բոլորը՝ 18-19 եկեղեցիները ընդունեցին՝ բացի Նիսէն: Այդ շրջանին Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանն էր, որ, իմ կարծիքով, եթէ քիչ մը աշխոյժ ըլլար, խնդիրը արդէն առանց բարդանալու կը լուծուէր:
-Ովքե՞ր են այն անձերը, որոնք հետամուտ էին Նիսի մէջ խնդիր ստեղծելու: Համայնքի անդամներ էի՞ն:
-Այո, համայնքի անդամներ են եւ անոնց մեծամասնութիւնը՝ պոլսահայեր են:
-Ինչո՞ւ «նեղուած» եւ հեռացած են եկեղեցիէն:
-Ֆրանսայի թեմին կողմէ առաջադրուած նոր կանոններուն մէջ կային քանի մը կէտեր, որոնք իրենց համար ընդունելի չէին: Այդ կէտերէն մէկը, օրինակ՝ կ՚ենթադրէր իրենց կարգ մը իրաւասութիւններուն վերանայումը: Երկրորդ կէտը կը վերաբերէր համայնքի ազգային իշխանութեան կամ խորհուրդի ընտրութեան ձեւաչափին եւ նոր ընտրութիւն մը կայացնելու անհրաժեշտութեան, տրուած ըլլալով, որ Նիսի մէջ շուրջ երեսուն տարիէի ի վեր համայնքային նոր ընտրութիւններ չէին կատարուած:
Խնդիրը մասնաւորապէս սկսաւ, երբ եկեղեցիին կից դպրոց մը կառուցուեցաւ՝ Անգլիայէն բարերարի մը նիւթական օժանդակութեամբ:
-Իսկ ներկայիս ի՞նչ է վիճակը:
-Ներկայիս համայնքէն ներս օրինականօրէն մէկ եկեղեցի կը գործէ, սակայն անոնք միւս եկեղեցւոյ մէջ տարին երեք անգամ կը հաւաքուին: Մոսկուայէն կու գայ Տիրան Կիւրեղեանը (Ծ.Խ.- Ան պաշտօնազուրկ եղած միաբան մըն է, Մոսկուայի թեմի նախկին առաջնորդը) եւ Ծնունդին, Զատիկին ու Աստուածածնայ տօներուն արարողութիւն կը կատարէ: Պսակադրութեան, թաղման, մկրտութեան խորհուրդներ չեն կատարուիր այդտեղ: Սակայն երբեմն կը լսենք, որ սարկաւագի կողմէ կ՚իրականացուին որոշ արարողութիւնները, ինչ որ օրինական չէ, որովհետեւ սարկաւագ մը իրաւասութիւն չունի այդ խորհուրդները կատարելու: Նոյնիսկ լսեցինք, թէ հանգուցեալի մը հաղորդութիւն տուած են: Այսպէս խելքէ դուրս իրադարձութիւններ տեղի ունեցան:
Մինչեւ այսօր, այս հարցի վերաբերեալ չորս դատ տեղի ունեցաւ, բոլորն ալ մենք շահեցանք: Ամենավերջին դատի ընթացքին դատախազը յայտնեց, թէ անոնք իրաւասութիւն չունին Հայ Առաքելական Եկեղեցի կոչուելու, որովհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանին չեն վայելեր: Դատախազը ըսաւ նաեւ, որ եթէ նոյնիսկ աւելի բարձր դատարան դիմեն՝ բան չի փոխուիր կացութենէն:
Իրենց անօրինական ըլլալուն պատճառով, այսօր փոխարէն իւրաքանչիւր արարողութեան, որ կատարած են՝ 100 եւրօ տուգանք պէտք է վճարեն, որ ընդհանուր հաշուարկով մինչեւ օրս հասած է 50-60 հազար եւրոյի:
Այս հարցի վերաբերեալ դատն ալ տեղի ունեցաւ արդէն 2016-ի 2 Հոկտեմբերին։ Ուզեցինք հաշտութեան եզր մը գտնել եւ երկու կողմերէն չորս անձեր ընտրուեցան՝ բանակցութիւններու մաս կազմելու համար: Անոնք հաշտութեան համար իրենց պայմանները ներկայացուցին եւ մենք ալ մեր կարգին երկու պայման ներկայացուցինք անոնց՝ առաջինը, որ կարգալոյծ եղած եկեղեցականներ չհրաւիրեն եւ երկրորդ՝ Էջմիածինի կողմէ նշանակուած կանոնները ընդունին:
-Եւ ի՞նչ արդիւնքի հասաք: Ներկայիս բանակցութիւնները կը շարունակուի՞ն:
-Անոնց հետ քանի մը անգամ հանդիպումներ ունենալէ ետք, ի վերջոյ դրական քայլ մը առին եւ Մայր Աթոռ լուր ղրկեցին, թէ մենք կ՚ուզենք լուծել խնդիրը եւ ներողութիւն պիտի խնդրենք: Նշեմ, որ այս բոլորը կ՚ըլլան բարձր պաշտօն ունեցող անձանց միջոցով:
-Իսկ ի՞նչ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին կեցուածքը:
-Մայր Աթոռը սկիզբէն ի վեր հաշտութեան կողմնակից էր: 2012-ին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը անձամբ Նիս եկաւ եւ չորս օր այնտեղ մնաց, որպէսզի վերջ դնէ այս բոլոր խնդիրներուն: Անոնք սակայն չներկայացան Վեհափառ Տիրոջ, երկար միջամտութիւններէ վերջ եկան, սակայն կրկին չլուծուեցաւ հարցը:
Ըստ իս, այստեղ «ես»ի հարց մը կայ: Եթէ անձ մը նոյն պաշտօնը կը վարէ կամաւորապէս երեսուն տարի, ուրեմն շահ մը ունի: Կարեւոր չէ այդ շահը անպայման նիւթական ըլլայ:
-Ներկայիս ձեր մօտ հոգեւոր հովիւը Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեա՞նն է:
-Ոչ, Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեանը Փարիզի մէջ առաջնորդի փոխանորդի պաշտօնին կոչուեցաւ: Իսկ անոր փոխարինեց Տ. Խաչատուր Քհնյ. Պօղոսեանը:
-Նոր կարգադրութիւն մը պիտի ըլլա՞յ:
-Մենք ամէն անգամ նոր կարգադրութիւն մը յաջողցնելու յոյսով ներկայ գտնուեցանք, եւ շարունակեցինք հաշտութեան բանակցութիւնները: Ստացուեցաւ այնպէս, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կ՚ուզէ հաշտութիւն, Փարիզը կ՚ուզէ, մենք կ՚ուզենք, մեր պայմանները նուազագոյնին ալ իջեցուցինք, նոյնիսկ կրնամ ըսել պայման չմնաց եւ տակաւին լուծման եզր մը չենք կրցած գտնել իրենց հետ:
-Յաջորդ քայլը եւ այդ ուղղութեամբ առաջնորդին դերը ի՞նչ է:
-Առաջնորդը Նիս եկաւ, նոյն բաները խօսուեցան՝ խնդիրը լուծելու համար: Առաջարկեցի, որ ես ալ երթամ Փարիզ եւ այս խնդիրին վերջ դնենք: Գաղութին մէջ մարդիկ եկեղեցի չեն գար այս վէճերուն պատճառաւ:
-Իմացանք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ներկայացաք: Կրնանք այդ մասին տեղեկութիւններ ստանա՞լ:
-Վեհափառ Տիրոջ մեր վիճակը ներկայացուցի եւ ըսեմ, թէ համաձայնութեան համար ամէն ինչի պատրաստ ենք:
-Իսկ եթէ վերամիացում ըլլայ, եկեղեցին պիտի օծէ՞ք:
-Այո, անպայման: Առաջնորդի ձեռամբ պիտի ըլլայ այդ օծումը:
-Նիսի մէջ ի՞նչ է հայութեան թիւը:
-Ստոյգ թիւ մը չեմ կրնար տալ, սակայն, կրնամ ըսել, թէ 5-7 հազարի միջեւ է, սակայն այս թիւը միայն Նիսի մէջ չէ, այլ նաեւ Նիսի շրջակայքին մէջ ապրող հայութեան մասին է խօսքը:
-Հայկական դպրոց ունի՞ք եւ ովքե՞ր են ղեկավարները:
-Այո, ունինք հայկական ամենօրեայ դպրոց մը, որուն աշակերտութեան թիւը 80-85 է: Մենք արդէն դպրոցի գործերուն չենք միջամտեր: Իրենք վարչութիւն ունին, տնօրէնուհի մը ունին եւ կը ղեկավարեն դպրոցը:
-Հայկական ակումբ կա՞յ:
-Այո, անշուշտ: Ամենահին մարզական միութիւնը կայ, որ հիմնուած է 1926 թուականին: Ունինք նաեւ մշակութային ակումբ մը: Ֆրանսայի մէջ ներկայիս միութիւն մըն ալ կազմուեցաւ՝ Ֆրանսահայերու համակարգող մարմինը (CCAF)։ Մենք այդ միութեան անդամ ենք:
-Իրենք ալ անդա՞մ են այս մարմինին:
-Ոչ, ուզեցին անդամակցիլ, սակայն մենք արգելք հանդիսացանք: Ինչպէս նաեւ միութիւնն ալ մերժեց, Առաջնորդարանին հետ անոնց ունեցած խնդիր-ըհըներու եւ անհամաձայնութիւններու պատճառով: Միութիւնը յայտնեց, թէ մինչեւ հարցերը չլուծեն, միութեան անդամ չեն կրնար դառնալ:
-Դուք անձնապէս լաւատե՞ս էք այս խնդիրի նկատմամբ:
-Այո, ձեւով մը պիտի լուծենք, որովհետեւ այսպէս չի կրնար շարունակուիլ:
-Մօտաւորապէս քանի հաւատացեալ կ՚ունենաք կիրակնօրեայ պատարագներուն:
-Ամենաքիչը 50 հաւատացեալ, սակայն տաղաւար օրերուն այդ թիւը 250-ի կը հասնի:
-Իսկ միւս եկեղեցին քանի՞ հաւատացեալ կը յաճախէ:
-Այդ եկեղեցին այժմ փակ է, ինչպէս յիշեցի միայն երեք տօներուն արարողութիւն տեղի կ՚ունենայ՝ Ծնունդ, Զատիկ եւ Աստուածածնայ տօներուն: Անոնք ամէն միջոց կ՚որդեգրեն, որպէսզի ժողուվուրդ գրաւեն: Ճաշկերոյթներ կը կազմակերպեն, նոյնիսկ դպրոց յաճախող երեխաներու ծնողները կը կաշառեն՝ ըսելով, թէ եթէ եկեղեցի յաճախեն ձրի ուսում կրնան ստանալ իրենց զաւակները:
-Ի՞նչ է ձեր վերջին խօսքը:
-Սկիզբէն նոյնն է՝ համերաշխութիւն, միութիւն, որովհետեւ բոլորս ալ արդէն յոգնած ենք: Ես ալ յոգնած եմ, եկեղեցականներն ալ յոգնած են, միւսներն ալ յոգնած են։ Անշուշտ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ հարցեր կրնան ծագիլ, բայց անպայման լուծման եզր մը կը գտնուի: Խնդիր մը այսպէս տասնհինգ տարի չի կրնար երկարիլ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան