Ի՞ՆՉ Կ՚ԱՆՑ­ՆԻ ԿԸ ԴԱՌ­ՆԱՅ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ ՄԷՋ

Հա­ւա­նա­բար յո­ռե­տես նկա­տուիմ այս գրու­թեանս պատ­ճա­ռով. սա­կայն, պահ մը դի­տենք մեր շրջա­պա­տը եւ ըստ այնմ ո­րո­շում կա­յաց­նենք։

Տա­րա­կոյս չկայ, թէ բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը միշտ յար­գե­լի են ան­շուշտ։ Մար­դիկ, երբ տա­րիք կ՚առ­նեն, կը հա­սուն­նան, կը դառ­նան ան­համ­բեր, դժգոհ, գան­գա­տող… Չշա­րու­նա­կենք նման ա­ծա­կան­նե­րու շա­րա­նը, ո­րոնց­մէ փա­խուստ չու­նինք կեան­քի բե­րու­մով եւ բո­լորս ուղ­ղուած ենք դէ­պի այդ ճա­նա­պար­հը։ Այն­պէս որ հա­մա­կեր­պինք եւ լռե­լեայն դի­մա­կա­լենք գա­լիք մեր «ար­ծա­թեայ փայ­լուն» ա­պա­գա­ն։

­Մեր ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ պա­տա­հար­նե­րէն ան­կախ, օ­րուան պա­հան­ջով, կը հե­տե­ւինք աշ­խար­հի լու­րե­րուն հե­ռա­տե­սի­լի ա­լիք­նե­րէ եւ այ­լա­զան լրա­տուա­կան աղ­բիւ­նե­րէ, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս ցա­ւա­լի, տխուր եւ սրտաճըմ-լիկ են։ Սա­կայն, միշտ ալ կը փոր­ձենք լաւ բան մը տես­նել կամ լսել այն­տեղ, սա­կայն աշ­խար­հի լու­րե­րը այս օ­րե­րուն ա­նո­ղոք են։

Հզօր պե­տու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հա­կա­լու­թեան մրցոյ­թը հա­սած է պայ­թու­ցիկ աս­տի­ճա­նի, հա­կա­ռակ բո­լոր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ստա­խօ­սու­թեանց, ա­ռե­րես ժպիտ­նե­րուն, «այն­քա՜ն լրջա­խոհ» նա­յուածք­նե­րուն եւ յա­րա­տեւ գու­մա­րուած ժո­ղով­նե­րուն, ուր կար­ծէք միակ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ յա­ջորդ ժո­ղո­վի գու­մար­ման թուա­կա­նը, ե­թէ ան­շուշտ ի­րա­կա­նա­նայ այդ (Միու­թե­նա­կան մեր ժո­ղով­նե­րը կը յի­շեց­նէ չէ՞)։

­Նիւ­թա­պաշ­տու­թիւ­նը տի­րա­պե­տած է աշ­խար­հի բո­լոր բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն վրայ եւ կլա­նած՝ խա­ղա­ղու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն եւ օգ­նու­թիւն։

Աշ­խար­հի ե­րե­սին քիչ թի­ւով պե­տու­թիւն­ներ կան միայն, ուր պա­տե­րազմ տե­ղի չու­նե­նար այ­սօր։ Ներ­կա­յիս գոր­ծա­ծուող զի­նամ­թեր­քի հա­սոյ­թը կը կազ­մէ աշ­խար­հի տնտե­սու­թեան 35 տո­կո­սը, ո­րոնց­մէ կ՚օգ­տուին միայն հզօր տէ­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց հնա­րած «ար­դիա­կան» զի­նամ­թեր­քով։ Բնաւ տե­սա՞ծ էք կամ լսա՞ծ էք այս տէ­րու­թիւն­նե­րուն զի­նամ­թեր­քին գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ի­րենց մոր­թին վրայ։

2017-ի ա­ռա­ջին օ­րուը­նէ սկսեալ ար­դէն ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կար­ծէք նոր թափ ա­ռած են Թուր­քիոյ Իս­թան­պուլ քա­ղա­քէն սկսեալ. եւ ափ­սոս՝ մար­դիկ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խա­ղա­ղու­թիւն եւ բա­րօ­րու­թիւն կը ցան­կա­յին ի­րա­րու հետ պա­րե­լով, եր­գե­լով եւ կե­նաց­ներ բարձ­րաց­նե­լով։ Ե­թէ աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան հա­կակշ­ռու­թիւն է կա­տա­րուա­ծը այ­սօր, ու­րեմն շատ ցա­ւա­լի կերպ մըն է կի­րար­կուա­ծը։

Կարգ մը եր­կիր­ներ կը ջա­նան սնա­նիլ այլ եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու քրտին­քով եւ ա­րիւ­նով (մա­նա­ւանդ ա­րեւմ­տեան, եւ­րո­պա­կան եւ այլ մեծ տէ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց պատ­մա­կա­նը քա­ջա­ծա­նօթ է աշ­խար­հին), ջար­դե­լով, քան­դե­լով եւ ա­ւե­րե­լով ա­նոնց եր­կիր­նե­րը. ա­նար­դա­րու­թիւն է այդ, բայց ո­րո՞ւ հո­գը, ի­րենք են տի­րա­կալ­նե­րը։

Իսկ ե­թէ ո­րոշ կրօ­նա­կան տի­րա­պե­տու­թեան մը հարցն է այս բո­լո­րը, ա­պա թող չմոռ­նան ա­նոնք, որ ի­րենք ստեղ­ծած են կրօն­քի խտրա­կա­նու­թիւ­նը, զայն օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար ի­րենց շա­հե­րուն։

Ա­սիոյ, Ա­մե­րի­կա­յի կամ Ափ­րի­կէի մէջ ե­րա­խա­ներ այ­սօր սո­վա­մահ կ՚ըլ­լան եւ աշ­խար­հի օգ­նու­թեան կա­րի­քը ու­նին։ Այդ եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը ին­չո՞ւ չեն մտա­ծեր կան­խար­գե­լիչ մի­ջոց­նե­րու մա­սին. թէ վար­ժուած են մու­րաց­կա­նու­թեան կամ կը հե­տե­ւին ի­րենց ա­նաս­նա­կան բնազ­դին։ Ի մի­ջի այ­լոց՝ այս­պի­սի ա­ռիթ­ներ եւս կ՚օգ­տա­գոր­ծուին դրա­մա­հա­ւաք­նե­րու հա­մար, ո­րոնց նպա­տա­կը եր­բեմն կաս­կա­ծե­լի է։

Ե­թէ մար­դիկ մթնո­լոր­տի մաք­րու­թեամբ եւ օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րով չա­փա­զանց մտա­հո­գուած են, թող մտա­ծեն նաեւ, թէ այդ եւս կան­խել կա­րե­լի է։

Ար­հես­տա­ծին մի­ջոց­նե­րով պատ­րաս­տուող սնունդ­նե­րը հա­կակշ­ռած են բնա­կան սնունդ­նե­րը եւ ու­տես­տե­ղէն­նե­րը, պատ­ճառ դառ­նա­լով աշ­խար­հա­տա­րած հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց կար­գին շա­հարկ­ման աղ­բիւր դար­ձած են դե­ղօ­րայ­քի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փա­փաքն էր ու ե­րա­զը։ Դժբախ­տա­բար, ա­նոր ա­նու­նով այ­սօ­րուան գոր­ծը-ւած ո­ճիր­նե­րը կը նուաս­տաց­նեն զայն, ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լով ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­ւատ­քին մի­ջեւ, վա­նե­լով զի­րենք մարդ­կա­յին զգա­ցում­նե­րէ շատ հե­ռու։

Օ­տար մա­մու­լի նշա­նա­ւոր խմբագ­րա­պե­տի մը տո­ղե­րը մէջ­բե­րենք այս­տեղ. «Յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մենք կը խու­ժենք եր­կիր­ներ, կը ջար­դենք, կը կոր­ծա­նենք զա­նոնք եւ կը գո­ռանք՝ կեց­ցէ՛ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը»։

­Մէկ այլ հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող եւ նշա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թեան մը մեկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ «Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դրօ­շա­կիր­նե­րը այ­սօր կորսն­ցու­ցած են ի­րենց գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան նպա­տա­կը, մխրճը-ւե­լով ան­հա­տա­կան հե­տապն­դում­նե­րու յոր­ձա­նու­տին մէջ»։

­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թի՜ւն. որ­քան ե­րա­զե­լի ար­դա­րու­թիւն, ո­րուն ա­նու­նով ինչ­պի­սի ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­ներ կը գոր­ծուին այ­սօր աշ­խար­հի մէջ։

Գա­րո՜ւն. որ­քա՜ն սպա­սե­լի, որ­քան ծաղ­կա­լի, նո­րա­ծիլ եւ կեն­սա­տու գա­րու­նը դար­ձաւ ա­տե­լու­թեան մակ­նիշ աշ­խար­հի կարգ մը եր­կիր­նե­րու մօտ, իր բե­րած վա­ռօ­դի հո­տով, իր կոր­ծա­նա­րար եւ մա­հա­ցու փայ­լա­տա­կում­նե­րով եւ տե­ղա­տա­րափ ռում­բե­րով։

Աշ­խար­հի ղե­կա­վար­ներ դար­ձած են մէ­կա­կան հրէշ, ի­րենց կամ­քը պար­տադ­րե­լով երկ­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ։ Տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն՝ պե­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը հա­ւա­տան ի­րենց ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան եւ օ­րէն­քէն վեր կե­ցու­թեան, երբ ա­նոնք երդմ­նա­ցած են ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծով։ Այ­սօր, ա­նոնց օ­րէնս­դիր մար­մին­նե­րը հրա­պա­րակ կու գան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար դա­սուած նո­րա­նոր օ­րէնք­նե­րով, բա­ցա­ռե­լով ի­րենք զի­րենք։

Այդ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շռայ­լօ­րէն կը մսխեն, կը վա­յե­լեն եւ կ՚ապ­րին ժո­ղո­վուր­դին ա­րեամբ, սնե­լով մին­չեւ ի­րենց մա­հը կամ պաշ­տօ­նէ հրա­ժա­րու­մը, որ­մէ ետք կը շա­րու­նա­կուի նոյն ա­րա­րքը։

Զար­մա­նա­լիօ­րէն, իւ­րա­քան­չիւր տա­րուան ա­ռա­ջին օ­րը մար­դիկ ա­ռանց յու­սա­հա­տե­լու կամ՝ նախ­կին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն օ­րի­նակ առ­նե­լու, տա­կա­ւին «բա­րի, ար­գա­սա­բեր, խա­ղաղ, «լի­քը փող», ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն» եւ այլ մաղ­թանք­ներ կը շռայ­լեն ի­րա­րու, քաջ ի­մա­նա­լով որ այդ մաղ­թանք­նե­րը 2000 տա­րիէ ի վար (կամ ա­ւե­լի) տա­կա­ւին չեն ի­րա­կա­նա­ցած։

Վեր­ջա­պէս, ու­զենք-չու­զենք նոր տա­րե­թիւ մը, 2017-ը կը թե­ւա­կո­խենք, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար մեր կի­սա­ւարտ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը, ծրա­գիր­նե­րը եւ նո­րե­րու սկսե­լու հա­մար, տրտնջա­լով կամ զուարթ տրա­մադ­րու­թեամբ, որ կա­խեալ է մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րէն։

Երբ ար­դէն քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը սկսած է իր վայ­րէջ­քին, ա­ռանց ո­րե­ւէ ջան­քի զայն կա­սեց­նե­լու կամ հու­նի փո­փո­խու­թեան, ա­նոր թա­ւալգ­լոր ըն­թաց­քը օ­րըս­տօ­րէ թափ կ՚առ­նէ ա­րա­գըն­թաց կոր­ծա­նու­մի ճա­նա­պար­հին, նոյ­նիսկ ե­թէ հա­սած ըլ­լանք ար­հես­տա­գի­տու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին։

Ե­կէք ը­սենք՝ «Աս­տուած մի ա­րաս­ցէ»։

­ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Ան­ճե­լըս

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2017