ՄԻ՛ ԾԽԵՐ

6

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԾԽԵԼ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ

Մենք բազմաթիւ ծխողներու հարցուցած ենք, թէ ինչպէ՞ս սկսած են ծխել:

Մէկը կը պատասխանէ.

-Փոքր եղած ատենս հայրս կատակի համար բերանս ծխախոտներ կը դնէր: Այդ եղաւ պատճառը, որ 8 տարեկան հասակիս ես արդէն ծխել սորված էի:

Միւսը կ՚ըսէ.

-Ուսումնարանին մէջ տղայ մը գողցած թութուն կը բերէր, ա՛ն սորվեցուց մեզի:

Պատանիներուն այս մոլութիւնը սորվելուն մէջ մեծ մասամբ, ճշմարիտ է, որ ծնողներն են մեղաւորը:

Խեղճ երեխաները ծնած օրէն ծխոտ օդի մէջ կ՚ապրին, մաքուր օդի փոխարէն անոնց մանկական թոքերը թունաւոր օդ կը ծծեն: Այլեւս ի՞նչ զարմանալու բան կայ, որ երեխաներն ալ ծխել կը սորվին: Եթէ ծնողները չեն ուզեր, որ իրենց զաւակները ծխել սորվին, իրենք վատ օրինակ պէտք չէ դառնան:

Ծնողները զաւակներուն պէտք է բարեկամաբար, մեղմութեամբ բացատրեն՝ նախքան անոնց ծխելը՝ յառաջացած վնասները, զգուշացնեն զանոնք ընկերներու վատ օրինակէն: Մանաւանդ ուսումնարան տուած ժամանակ, ծնողները պէտք է խրատեն զանոնք, որպէսզի վատ ընկերներու օրինակին չհետեւին:

Առհասարակ ծնողներուն եւ անոնց որդիներուն մէջ պէտք է մտերմական յարաբերութիւն ըլլայ, այն ատեն տղան ո՛չինչ ծածուկ կը պահէ իր հօրմէն ու մօրմէն:

Պատիժը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի: Ընդհակառակն, ան աւելիով կը գրգռէ այդ ախտը եւ այն հետեւանքը կ՚ունենայ, որ պատանիները ծածուկ կերպով անձնատուր կ՚ըլլան այդ ախտին, որ աւելի վատ է:

Մեզմէ չորսհարիւր տարի առաջ կառավարութիւնները սկսան հալածել ու պատժել ծխողները: Հռոմէական պապերը նզովք կարդացին անոնց դէմ, սուլթանը մահուան պատիժ նշանակած էր ծխողին համար, բայց ծխախոտին գործածութիւնը երթալով տարածուեցաւ եւ այսօր ամբողջ աշխարհը իր բերանին մէջ դրած ունի «սատանային բուրվառը»:

7

ՄԻ՛ ԾԽԵՐ, ԻՍԿ ԵԹԷ ԿԸ ԾԽԵՍ, ԴԱԴՐԵՑՈ՛ՒՐ

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ծխախոտին դէմ պայքարելու համար ընկերութիւններ հիմնուած են, որոնց անդամները խոստացած են չծխել:

Ատիկա ամենէն լաւ միջոցն է. ցանկալի է, որ մեր մէջ ալ այդպիսի ընկերութիւններ հիմնուին:

Սակայն մինչեւ այդ, թո՛ղ իւրաքանչիւր ծխող բաւականին կամքի ուժ ունենայ եւ ծխելը ձգէ:

Դժբախտաբար շատ քիչեր այդքան ուժ ունին, կամ չեն կամենար ունենալ: Մենք հիւանդին կը բացատրենք, որ անոր հիւանդութիւնը ծխելէն է, եթէ բժշկուիլ կ՚ուզէ, պէտք է հրաժարի ծխելէն, այլապէս դեղերը չեն օգներ:

-Ի՜նչպէս թէ ծխելը ձգեմ, կը բացագանչէ ծխախոտամոլը, ատիկա անկարելի բան մըն է, 20 տարի է ինչ կը ծխեմ, ծխախոտը հացէն ալ, ջուրէն ալ աւելի կարեւոր է ինծի համար, եթէ ձգեմ՝ կը մեռնիմ: Ատիկա անկարելի բան է:

-Դուք պէտք է հասկնաք -կը պնդենք մենք-, որ ծխախոտը թոյն է, ախար դուք շարունակ, անդադար դուք ձեզ կը թունաւորէք:

-Այո՛, բժիշկ, ես ալ կը նկատեմ, որ վնաս է: Փորձած եմ եւ գիտեմ, որ երբ քիչ կը ծխեմ, ախորժակս ալ լաւ է, սիրտս ալ հանգիստ է, բայց ի՞նչ կրնամ ընել, որ վարժուած եմ. անիծուի՛ զայն աշխարհ նետողը:

Բայց չէ՞ որ բնական մարդը պէտք է խելքով գործէ ու ապրի:

Իրաւ է, որ ծխելէն հրաժարողը սկիզբները կը տան-ջըւի, մի քանի օր նոյնիսկ հիւանդի նման է, կարծես շշմած ըլլայ, տեսակ մը ծարաւ կը զգայ դէպի ծխախոտը, սակայն այս բոլոը միայն քանի մը օր: Մարդ պէտք է դիմանայ, ինքն իրեն զսպէ՝ ուրիշ բան մը ծծելով, որպէսզի, ի վերջոյ, կերպով մը կարենայ ճնշել իր այդ անդիմադրելի ձգտումը, այդ ախտը, եւ ան փրկուած է: Որոշ ժամանակ մը ետք ան բժշկուած կ՚ըլլայ: Եւ այդ ժամանակ, ան հրճուանքով կը յիշէ այն վայրկեանը, երբ մէկ կողմ նետեց վերջին գլանակը (ծխախոտը)…

Միայն թէ խորհուրդ մը.

Ծխախոտին չափը կամաց-կամաց պակսեցնելով ձգելը անկարելի է, պէտք է մէկ անգամէն վճռել ու մէկ անգամէն մէկ կողմ նետել:

Հետեւաբար, մի՛ ծխեր, ընթերցող:

Մի՛ ծխեր, որովհետեւ ծխելը ախտ մըն է, ատելի, զզուելի ախտ մը:

Մի՛ ծխեր, որովհետեւ ծխախոտը թունաւոր բոյս մըն է, որ ամբողջ կազմուածքը կը թունաւորէ, կը քայքայէ առողջութիւնդ:

Մի՛ ծխեր, որովհետեւ ան կը վնասէ նաեւ գրպանիդ եւ ծխախոտին տալիք կոպէկներով աւելի կարեւոր պիտոյքներդ կրնաս հոգալ:

Մի՛ ծխեր, որովհետեւ դուն չար օրինակ կը դառնաս զաւակներուդ, անոնց մեղքին տակը կ՚իյնաս:

Մի՛ ծխեր, որովհետեւ դուն բնական էակ ես, պէտք է գիտկացօրէն ապրիս եւ միայն այն ընես՝ ինչ որ օգուտ է քեզի, սերունդիդ, օգուտ է հասարակութեան եւ ազգիդ համար, այն ինչ ծխելը ո՛չ միայն օգտակար բան չէ, այլեւ՝ սաստիկ վնա՛ս է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022