ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ժամարարը երբ սաղաւարտը գլուխին կը դնէ, ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պատասխան. Դի՛ր, Տէր, սաղաւարտ փրկութեան ի գլուխ իմ՝ պատերազմել ընդ զօրութիւնս թշնամւոյն, շնորհօք Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, որում վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Գլուխիս փրկութեան սաղաւարտ մը դիր, Տէ՛ր, որպէսզի թշնամիին (սատանային) զօրքերուն դէմ պատերազմիմ, մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը, որուն վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Հ. Շապիկին ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պ. Զգեցո՛ ինձ Տէր հանդերձ փրկութեան եւ պատմուճան ուրախութեան, եւ շուրջ պատեա՛ զգեստովս փրկութեան, շնորհօք Տեառն մերոյ…:

Ո՛վ Տէր, ինծի փրկութեան հագուստը եւ ուրախութեան պատմուճանը հագցուր, ու այս փրկարար զգեստով պատէ ու պահպանէ զիս, մեր Տիրոջ…:

Հ. Գօտին կապելու ատեն ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պ. Շուրջ պատեսցէ՛ կամար հաւատոյ զմէջս սրտի իմոյ եւ զմտացս եւ շիջուսցէ ի սոցանէ զխորհուրդս աղտեղիս, եւ զօրութիւն շնորհաց Քոց յամենայն ժամ բնակեսցէ՛ ի սոսա, շնորհօք Տեառն մերոյ…:

Հաւատքի կամար գօտին թող պատէ ու ամրացնէ սիրտիս ու միտքիս մէջքերը, եւ սրբէ ու փարատէ ասոնցմէ աղտեղի մտածումները, ու Քու շնորհքներուդ զօրութիւնը ամէն ժամանակ ասոնց մէջ բնակի, մեր Տիրոջ…:

Հ. Բազպանին ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պ. Տո՛ւր Տէր զօրութիւն ձեռին իմոյ, եւ լուա՛ զամենայն աղտեղութիւնս իմ, որպէսզի կարող լինիցիմ սպասաւորել Քեզ անախտութեամբ հոգւոյ եւ մարմնոյ, շնորհօք Տեառն մերոյ…:

Տէր, ուժ տուր իմ ձեռքիս ու լուա՛ իմ բոլոր մեղքերուս աղտերը, որպէսզի կարողանամ ծառայել Քեզի անարատ ու սուրբ հոգիով եւ մարմինով, մեր Տիրոջ…:

Հ. Փորուրարին ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պ. Զգեցո՛, Տէր, պարանոցի իմոյ զարդարութիւն, եւ սրբեա՛ զսիրտ իմ յամենայն աղտեղութենէ մեղաց, շնորհօք Տեառն մերոյ…:

Տէր, Դուն իմ վիզիս արդարութիւն հագուեցուր, եւ սիրտս մաքրէ ամէն տեսակ մեղքերու աղտերէն, մեր Տիրոջ…:

Հ. Նափորտին կամ շուրջառին ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պ. Տէր ողորմութեամբ Քով զգեցո՛ ինձ զգեստ պայծառ եւ պարսպեա՛ ընդդէմ ներգործութեան չարին, զի արժանի եղեց փառաւորել զՔո փառաւորեալ անունդ, շնորհօք Տեառն մերոյ…:

Տէր, Դուն ողորմէ ինծի ու լուսապայծառ հագուստ մը հագցուր, եւ չար սատանայի պատերազմներուն դէմ պարիսպի նման ամրացուր զիս, որպէսզի արժանաւոր կերպով փառաւորեմ Քու փառաւորեալ անունդ, մեր Տիրոջ…:

Հ. Զգեստաւորուելէն ետք քահանան ի՞նչ կ՚աղօթէ:

Պ. Եսայիի մարգարէութենէն առնուած հետեւեալ խօսքերը կ՚ըսէ.

Ցնծասցէ՛ անձն իմ ի Տէր, զի զգեցոյց ինձ հանդերձ փրկութեան եւ պատմուճան ուրախութեան. իբրեւ փեսայի եդ ինձ պսակ, եւ որպէս զհարսն զարդու զարդարեաց զիս, շնորհօք Տեառն մերոյ…:

Իմ հոգիս պիտի ցնծայ ու ուրախանայ Աստուծմով, որ փրկութեան հագուստով ու ուրախութեան պատմուճանով զգեստաւորեց զիս, փեսայի մը նման թագ դրաւ գլուխիս եւ հարսի զարդարանքով զարդարեց զիս, մեր Տիրոջ…:

Հ. Քահանային զգեստաւորուելու ընթացքին դպիրները ի՞նչ կ՚երգեն:

Պ. «Խորհուրդ խորին» շարականը, որ Արեւելցի Խաչատուր Վարդապետին շարադրածն է. շարականի տուներուն սկզբնատառերը Խաչատուր անունը կը կրեն: Շարականի իններորդ տունը՝ «Թագաւոր Երկնաւոր» ուրիշ հին շարական մըն է, Ծաղկազարդի Կանոնէն առնուած:

Հ. «Խորհուրդ խորին» երգին հիմնական իմաստները որո՞նք են:

Պ. Առաջին տունին մէջ հրեշտակներուն ստեղծագործութիւնը կը յիշուի.

Խորհուրդ խորին՝ անհաս՝ անսկիզբն, որ զարդարեցեր զվերին պետութիւնդ ի յառագաստ անմատոյց լուսոյն, գերապանծ փառօք զդասս հրեղինաց:

Ո՛վ անհասանելի եւ անսկիզբ՝ խորին խորհուրդ, որ Քու երկնային թագաւորութիւնդ զարդարելով պատրաստեցիր իբրեւ անմատչելի լոյսին առագաստ, եւ անոր բնակիչ՝ հրեղէն հրեշտակներուն դասակարգութիւնները գերապանծ փառաւորութեամբ:

Երկրորդ տունին մէջ Ադամին ստեղծումը.

Անճառահրաշ զօրութեամբ ստեղծեր զԱդամ պատկեր տիրական, եւ նազելի փառօք զգեստաւորեցեր, ի դրախտն Ադենի տեղի բերկրանաց:

Անպատմելի եւ հրաշալի կարողութեամբ ստեղծեցիր Ադամը՝ ի պատկեր Տեառն Աստուծոյ, եւ սքանչելի փառքով զարդարած՝ դրիր զինք Ադին դրախտին մէջ, այն ուրախութեան ու ցնծութեան վայրը: 

Երրորդ տունին Քրիստոսի չարչարանքներուն միջոցով իրագործուած փրկագործութիւնը.

Չարչարանօք Քո Սուրբ Միածնիդ, նորոգեցան արարածք ամենայն, եւ վերստին մարդն անմահացաւ՝ զարդարեալ ի զգեստ անկողոպտելի:

Քու Սուրբ Միածին Որդիիդ չարչարաքնով բոլոր արարածները նորոգուեցան, եւ մարդը դարձեալ իր անմահութիւնը ձեռք ձգեց ու անկապտելի հագուստով զարդարուեցաւ:

Չորրորդ տունին մէջ Սուրբ Հոգիին առաքեալներուն վրայ իջնելը. իսկ միւս տուներուն մէջ քահանայական զգեստներու յիշատակութիւնն ու խորհուրդները.

Անձրեւածին բաժակ հրահոսան, որ հեղար յառաքեալսն ի սուրբ վերնատունն. հեղ եւ ի մեզ Հոգիդ Սուրբ Աստուած, ընդ պատմուճանին զՔո զիմաստութիւնդ:

Շնորհներու անձրեւը կրակի պէս թափող բաժակ, Դուն, որ Սուրբ Վերնատունին մէջ առաքեալներուն վրայ թափուեցար, ո՜վ Սուրբ Հոգիդ Աստուած, թափէ զայն եւ մեր վրայ այն պատմուճանին հետ՝ Քու իմաստութիւնդ:

Տան Քում վայել է սրբութիւն, որ զգեցար զվայելչութիւն, սրբութիւն փառաց ընդ մէջ Քո ածեալ, պատեա՛ զմէջս մեր ճշմարտութեամբ:

Քու տանդ իրապէս սրբութիւն կը վայելէ, որովհետեւ Քու հագուստդ վայելչութիւն է, եւ սրբութիւնն ու փառքը գօտիի պէս մէջքդ պատած ես, ճշմարտութեամբ պատէ՛ ու ամրացուր մեր մէջքը:

Որ զարարչագործ բազուկս Քո տարածեցեր ընդդէմ աստեղաց. հաստատեա՛ զբազուկս մեր կարողութեամբ, համբարձմամբ ձեռաց առ Քեզ միջնորդել:

Դուն, որ Քու արարչական ձեռքերդ աստղերուն դէմ տարածեցիր, ուժ ու ամրութիւն տուր մեր ձեռքերուն, որպէսզի երբ վեր բարձրացնենք՝ կարողանանք արժանապէս միջնորդ ըլլալ Քեզի մօտ:

Ւիւսմամբ թագ ի գլուխ, պատեսցես զմիտս եւ զզգայարանս, խաչանիշ ուրարմամբ ըստ Ահարոնի. ծաղկեալ յոսկեթել ի զարդ խորանին:

Մեր գլուխը թագ ու պսակ դնելով՝ մեր միտքն ու զգայարանքը պատէ խաչաձեւ ուրարով մը՝ Ահարոնի ուրարին նման, որ ոսկեթել ծաղիկներով բանուած էր ի զարդ Վկայութեան Խորանին:

Րամից բոլորից տիրապէս աստուածպետական, նափորտապատ սիրով զմեզ զգեստաւորեցեր, Քում սուրբ խորհրդոյդ լինել սպասաւոր:

Տէր Աստուած, Իշխան եւ Արարիչ բոլոր արարածներուն, Դուն ես միայն, որ մեզ զգեստաւորեցիր սուրբ սիրով՝ իբրեւ շուրջառով, որպէսզի արժանապէս ծառայենք Քու Սուրբ Խորհուրդիդ:

Թագաւոր երկնաւոր զԵկեղեցի Քո անշարժ պահեա՛, եւ զերկրպագուս անուանդ Քում պահեա՛ ի խաղաղութեան:

Երկնաւոր Թագաւոր, Քու Եկեղեցիդ անշարժ պահէ, ու Քու անուանդ երկրպագութիւն ընողները խաղաղութեան մէջ պահպանէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020