ԽԱՂԸ

Այդ օր, կեանքը իրեն անօրինակ թուեցաւ: Տեսակ մը կծու եւ անհամ: Հաւանաբար ժամանակի թելադրանքէն ծնունդ առած յուսահատութեան մը պատճառով էր այս մէկը: Թերեւս ալ, այն թելադրանքէն, որ յանկարծ թափանցելով մարդուս էութենէն ներս, զայն ամբողջովին կ՚ընկճէ:

Վերջին հաշուով ինք կը հաւատար, որ կեանք ըսուածը, կամ իւրաքանչիւր մարդու կամ անհատի կեանքը, նոյն այդ անհատին ընտրութեան գումարն էր, անոր որոշման հայելին: Բայց այս վայրկեանին, բացայայտ էր, թէ պարտուած մտածումի մը փոթորիկները սկսած էին զինք հալածել:

Լեղիի համ մը կար իր ապրած մթնոլորտին մէջ, նոյնիսկ դառն, որուն շնորհիւ կեանքը իր աչքին կը դառնար վտանգաւոր խաղ: Աւելի ճիշդ տեսակաւոր ծանրութիւն մը իր հին ու նոր երազներուն եւ նոյնիսկ ներքին պրկումներուն վրայ:

Ի՞նչ ընել: Ի՞նչ չընել: Բայց, ուրիշ միջոց չունէր: Պէտք էր, հետեւիլ կեանքի խաղին եւ զգուշանալ: Պէտք է զատորոշել ճիշդն ու վատը, անկեղծն ու խարդախը, որովհետեւ կեանքը մարդուն համար իր ձեռքերով եւ արարքներով գրուած թատերախաղն էր ու աշխարհը՝ թատերաբեմը:

Ա. ԱՐԱՐ

Նորաստեղծ այս իրավիճակը, օրուայ երկար ժամերու թաւալումին հետ, կամաց կամաց կը յստականար: Մարդիկ, տարիներու բարեկամ կարծուած եւ միասին քիթ-քիթի ապրած, միասին ծրագրած եւ տարիներու վրայ երկարող իրագործումներով իրենց վարկը հարստացուցած մարդիկ, այս օրերուն նոր դիմագիծ հագած, կը փորձէին զինք հոգեպէս ընկճել ու նոյնիսկ իրենց ձեռքերով նոր ստեղծած ու ապրած ցեխին մէջ, զինք ալ պահել:

Կը զգար, որ այլեւս իմաստուն այս խօսքերուն հետ խառնուած նոյն այս մտածումները, զինք ոչ մէկ տեղ պիտի կարենային հասցնել: Բառերուն եւ տողերուն նոր շունչ տալը զինք ներքնապէս պիտի մաշեցնէր: Ուրեմն...: Պէտք էր փակել մտածումի պատուհանը աշնանային պատուհանի նման: Պէտք էր մոռնալ անոնց հետ ապրուած մօտիկ անցեալի պատմութիւնը: Պէտք էր, որովհետեւ կարծես այդ ապրուած օրերը ժամանակին պարապը լեցնելու համնար էին, միաժամանակ այլ նպատակներ ալ կ՚որդեգրէին իրենց մորթին եւ կեղեւին տակ:

Տարբեր ու անծանօթ նպատակներ. յաճախ անմարդկային դառնալու չափ:

Ուստի, կը կարծէր, որ պէտք էր իր բառերուն տակ ձգէ իր բոլոր մտածումները: Հոգ չէ. թող լեզուն մնար անբառ, թող հոգին դառնար անկարօտ, բայց անպայմանօրէն հեռանալ անոնցմէ, մոռնալ զիրենք, այրել անոնց յուշերը կտոր մը աղտոտ թուղթի նման, որովհետեւ այս իրավիճակին դիմաց կարելի պիտի չըլլար դաշնաւորել ձայն եւ խիղճ, սէր, պարտաւորութիւն ու յարգանք, որոնք զգալիօրէն կը յայտնուէր, թէ այս մարդոց առօրեայէն այս բոլորը կը բացակայէին:

Այս իրականութեան դիմաց. այսօր, ուզեց բոլորէն հեռանալ, յոգնած արեւու նման:

Մարդոց այս վիճակը նաեւ կ՚ապացուցանէր, թէ անոնք ունէին մակերես մեծութիւններ եւ իրենց սնապարծ հպարտութիւնը կապած էին ծերացած ջորիի նման: Զգալի էր, որ անոնք չունէին ժամանակի գիտակցութիւնը: Իսկ ինք, ինք հիմա կ՚ափսոսար ինքնախաբ ըլլալուն համար: Իրեն համար անցեալը վայելուչ էր եւ յիշատակելի: Իսկ այսօր՝ այս նորաստեղծ իր ներկան.... զարհուրելի: Այս մէկը հետզհետէ մեծցող սրտցաւ զգացում մը կը բերէր իր հոգիին: Ապագան կը կարծէր, որ դէպի անյայտը վտանգաւոր նաւարկում մը պիտի ըլլար: Ինքզինքին ըզ-գուշութիւն կը թելադրէր: Բայց որո՞ւ հոգը:

Կը հաւատար, որ նոյն այս մարդոց ներկան, հիմա փախուստ մըն էր անցեալէն, որովհետեւ անոնք ամէն բան նիւթականացուցած էին ու իրենց կեանքը ձեւով մը՝ դարձուցած անկենդան:

Արջին պարին նման անշնորհք բան մըն էր իրենց այս խաղը, որ միաժամանակ լեցուցած էր իրենց ամբողջ էութիւնն ու կեանքը: Լաւ տրամադրութիւններ ոչ միայն սպաննուած էին, այլեւ՝ ատելութեան ալիքներէն խեղդամահ եղած ու նոյնիսկ ջարդուած ու խորտակուած: Ուստի կարելի չէր գտնել գեղեցիկ զգացումը: Մէկ խօսքով, այս մարդոց կեանքը կորսնցուցած էր իր լրջութիւնը:

Բ. ԱՐԱՐ

Հիմա անհամբեր սկսաւ փնտռել իր մտքին խաղաղութիւնը:

Գիտէր, որ մարդկային հոգին ու միտքը հսկայ հնոցներու նման էին, ուր կը նետ-ւէին նիւթեր, որոնք կամաց-կամաց այրելով, կը թրծուէին, կը բիւրեղանային եւ կը դառնային գաղափար պատկեր:

Անոր համար, այս գիտակցութենէն մեկնած ինք ուզեց աշխարհը խրախճանքի կանչել:

Նոր ու յանկարծակի երազներ ծնան հոգւոյն խորերէն: Յստակ էր, թէ ինք մեծապէս զզուած էր մարդ էակէն: Նոյնիսկ կ՚ամչնար մարդ ծնելուն համար: Ուստի նախընտրեց անոնցմէ հեռու մնալ ու նոյնիսկ ինքնիրմէն հեռանալ: Եւ տակաւին ինք մարդոց այս կեցուածքէն մեկնած կը կարծէր, որ ճերմակ աղաւնիներ իր մտքի դռներուն առջեւ անգութօրէն կը մորթուէին, անիմաստ եւ անտարբեր: Նոյնիսկ յիշատակելի պատկերներ եւ պատկերաւոր յուշեր կը վառէին առանց հրկիզուելու:

Կեղծ էին այս մարդիկ: Կասկածելի ու նոյնքան պիղծ: Կեանքի վատ խաղի օրէնքին վրայ հիմնուած իւրաքանչիւրը փակուած իր աշխարհի չորս պատերէն ներս, իր հաշիւը ունէր. անհաղորդ ու անիմանալի:

Դիմակէ զերծ այս զազրելիները, արդէն իրենց մաղձը փորձած էին թափել իր գլխուն, լուացքի աղտոտ ջուրին նման, ուր ատելութիւնը դարձած էր զուգահեռը իրենց կեանքին: Այլ խօսքով՝ այս մարդիկը լոյսէն վախցողներ էին:

Ընկերային իր կեանքէն ներս ինք մեծապէս հաւատացած էր ծառայասիրութեան, ներքին եւ արտաքին տագնապներուն ներկայութեան: Անոր համար որոշ եւ յըս-տակ կեցուածք ունեցած էր, որովհետեւ ինք նաեւ տեսակէտի մարդ եղած էր մօտեցումի տէր մէկը, ոչ միակողմանի ու մակերեսային:

Իրեն մօտ կեանքի քննադատութիւնը կը սկսէր ինքնաքննադութենէն:

Գ. ԱՐԱՐ

Շունչ մը քաշեց, երկար ու բարակ, որ ապրելուն երջանկութիւնը զգացուց իր երակներէն ներս: Խօսելու պահանջքը զգաց: Ուստի, ատեց ու սիրեց:

Կեանքը գեղեցիկ էր բոլոր անոնց համար, որոնք սիրել գիտէին:

Կը զգար, որ իր յուշերու երկար եւ լուսաւոր կարաւանը կրկին անգամ կ՚անցնէր իր մտքի պաստառի վրայէն: Այլեւս իր մտքին մէջ շփոթանք չէր մնացած:

Լայն ճակատը յանկարծ կրկին անգամ ալեկոծեցաւ: Ակնոցին ետեւ հլուն աչքերը սկսան արագօրէն լողալ:

Կանաչ օրերը կրկին անգամ յիշեց, որոնք մտածումներ սկսան օրօրել իր գլխուն մէջ:

Դուրսը արեւը ամպի բամպակի կտոր մը բռնած էր: Պատուհանէն զայն ագահօրէն դիտեց: Երկար ու հաճելի իմաստ մը ունէր այս մէկը: Արեւը, իր սենեակի փոքր պատուհանէն հիւրընկալուող ամէնօրեայ արեւը, կը կարծէր, որ քէն ըրած էր ու ամպին ետեւը պահուըտած: Կարծես դրախտէն փրցուած պատկեր մըն էր այս մէկը: Անոր համար ալ շատ ուրախ էր: Զգացում մը, մաքուր ծիածանի երանգներով, մտքին մէջ նոր ակօսներ պեղելով լոյս մը բերաւ իր հոգիին մէջ: Խորքին մէջ կեանքէն նոր պատառ մը նստած էր հիմա, որ սառած ու քարացած յոյզերուն ձիւնհալը կը բերէր:

Երազները, գունաւոր եւ անգոյն իր բոլոր երազները շատոնց փախուստ տուած էին:

Մխիթարիչ պարագան այս վիճակի ապաքինման յոյսն էր. ինչպէս նաեւ առաւել ճիգ ու նոր միջավայր ստեղծելու աշխատանքը. սկսած էր մտածել: Բայց որո՞ւ հոգը:

Յանկարծ, թեթեւ ժպիտ մը դէմքին ժանգը թափեց:

Իսկապէս, որ կեանքը գեղեցիկ է եւ ապրիլը երջանիկ: Ուստի մարդոց այս խաղերը պէտք չէր, որ խանգարէին իր առօրեան: Եզրափակեց:

Կրկին անգամ մտովի նայեցաւ իր կեանքի ճամբուն, որուն սպիտակ հորիզոնէն նոր լոյսեր սկսած էին ժայթքիլ եւ որոնք իրենց հետ կը բերէին նոր կեանքը ապրելու հաճոյքը:

Հիմա հաստատօրէն ներկան էր, որ կ՚ապրէր, որովհետեւ վերջնականօրէն որոշած էր իր շրջապատի ցեխէն վեր ելլել:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021