ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Լրատուութիւնը կամ մետիան քաղաքականութեան պրիսմակով բարդ եւ ճիւղաւորուած ոլորտներ են եւ, բնականաբար, ունին ժողովրդային հոգեբանութիւն ստեղծելու մեծ միջոցներ:

Չենք կրնար հարիւր տոկոս առաքինի եւ «մաքրամաքուր» անաչառութիւն, անկողմնակալութիւն, առարկայականութիւն եւ միջազգային համընդհանուր որդեգրուած օրէնսդրութեան ու արդարականութեան բովանադակութեան համահունչ որեւէ լրատուութիւն-մետիա գտնել եւ առայժմ այդ մէկը չէ ստեղծուած: Այդ մէկուն ամենապարզ պատճառը միացեալ, համաձայնեցուած ու անթերի գործող միջազգային օրէնքի մը չգոյութիւնն է: Թէ՛ իբրեւ հասկացողութիւն եւ թէ իբրեւ գործադրում չկայ միջազգային այսպէս ըսած՝ վերամբարձ լրատուութիւն-մետիա մը, որ կ՚ընդգրկէ ու կը հունաւորէ բոլոր աշխարհի մետիան (թէեւ չենք կրնար շրջանցել ամերիկեան մետիայի գերակայութիւնը, բայց այդ գերակայութիւնը չի տանիր համապարփակութեան եւ չափանիշութեան): Իսկ տեղական, շրջանային եւ ազգային լրատուութիւնները կը մնան ներքին պետական եւ առաւելագոյն պարագային աւելի «մեծ մետիայի» մը համար աշխատող:

Այո՛, անուրանալի է, որ 21-րդ դարուն լրատուամիջոցները աներեւակայելի յառաջընթաց ապրեցան՝ մեկնելով աշխարհի բացուածութենէն, թուային յեղափոխութենէն եւ ժողովրդավարութեան յառաջդիմութենէն: Այս զարգացումը մետիային նոր առաքելութիւններ աւետեց եւ անհատական ներդրումներու դրսեւորմամբ մեծ նուաճումներ եղան մարդկային իրաւունքներու, տնտեսական եւ բնական տագնապներու յաղթահարման իմաստով: Այդ անհատական գործօնի աճը թէ՛ պատճառ էր եւ թէ հետեւանք ներկայ դարու ընդհանուր զարգացման: Ներկայ դարը «ամենալրատուացած» կամ մետիայացած դարն է եւ հակառակ զարգացած երկիրներու մէջ միջազգային քաղաքականութեան հետեւումը նոյն բնոյթը չունի յետամնաց կամ զարգացող երկիրներուն բաղդատմամբ, բայց ընդհանուր առմամբ տարբեր տեսակի մետիաներու զարգացումը այժմ ակնյայտ է։

Լրատուութիւնը իր բարձրագոյն հասկացողութեամբ եւ ընկալմամբ ալ երկիրներու եւ միջազգային քաղաքականութեանց իրագործման գործիք մըն էր միշտ՝ հակառակ ընկերային հարթակներու զարգացման հիմնական հունաւորումը մարդկային հաւաքական գործունէութեան քաղաքականութիւնն է: Նոյնիսկ մշակոյթը չունի բարձրագոյն անկախ ու չենթարկուած դրոյթ՝ հեռու ընդհանուր վարուած քաղաքականութենէ մը: Աշխարհ ներկայիս մրցակցական մեծ դաշտ մըն է, ուր լրատուութիւնն ու մետիան ունին իրենց մեծ ու որոշակի դերը:

Ներկայ աշխարհի մէջ, միեւնոյն ժամանակ, չենք կրնար պատկերացնել քաղաքականութիւնը՝ առանց լրատուութիւններու։ Մետիան ու լրատուամիջոցները կրնան համարուիլ մեղմացնող եւ աւելի ազնիւ դրսեւորում նոյն քաղաքականութեան համար օգտագործուող եւ քաղականութեան վրայ իր բնոյթով աւելի չնչին յարաբերակցութեամբ ազդող: Քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, մշակոյթը եւ գիտութիւնը ներկայ դարուն աւելի այսպէս ըսած՝ կ՚ապաւինին կամ կը ներկայանան մետիայով՝ ո՛չ այն պատճառով, որ մետիան է իրենց կենսական աղբիւրը, այլ այն պատճառով, որ աշխարհը առաւելաչափ քարոզչական դաշտ եղաւ ամէն ինչի մէջ: Մարդկային անհատական ու հաւաքական կեանքերը կախեալ են մետիայէն՝ այն իմաստով, որ տեղեկացուածութեան առընթեր հաղորդակցութիւնը մարդոց միջեւ մարմնացաւ նոյն մետիայի օգտագործմամբ: Մետիան եղաւ հաղորդակցութեան զուգահեռ ոլորտ մը, որ կը զարգանայ հաղորդակցութեանց զարգացման հետ: Մետիայի հոսքը աննախադէպ ծաւալով հասաւ մեր դարուն եւ ինքնին մեծ ու համընդհանուր հաղորդակցութիւնները լրատուութեան վերածուելու հենք ունին եւ արդէն գերտեղեկացուած իրականութիւններ ստեղծելու մէջ են:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024