ՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)

Նախորդ շաբաթուայ սիւնակով գրած էի Գնալը կղզիի մէջ առաջին ժամերուս մասին, ինչպէս նաեւ մակերեսային անդրադարձ կատարած՝ հայերէն լեզուի պոլսահայոց կողմէ օգտագործման նիւթին։ Այս ու յաջորդող սիւնակներով կը սկսիմ բանալ այդ կծիկը, լեզուաբանական-մշակութային, մարդաբանութեան վերլուծական գործիքակազմի հպանցիկ կիրառումով։

Պոլսոյ մէջ հայախօսութիւնը, իմ մօտաւորապէս երկու տարուայ փորձառութեան միջոցով ձեռք բերած տպաւորութեամբ, մահուան անկողնին վրայ է արդէն։ Այս իրավիճակին հասցնող բազմաթիւ պատճառներ կարելի է թուել, սակայն այստեղ առանձնացնեմ երկուքը, իմ կարծիքով հիմնականները։

Առաջին՝ ամբողջ Հանրապետական ժամանակաշրջանի ընթացքին մշակութային-ինքնութենական թրքացման ուղղակի կամ անուղղակի ջանքերը՝ ազգային փոքրամասնութիւններու վրայ։ Մասնաւոր օրինակներ կարելի է համարել մի քանի անգամ վերաշխուժացուած «քաղաքացի, թրքերէն խօսէ՛»ի պետական քարոզարշաւը, կամ երկրի արեւելեան շրջաններու մէջ մնացած հայկական նօսր բնակչութեան համար վարժարաններու վերագործարկման ճիգերու դիմաց դրուած պաշտօնական թէ անպաշտօն արգելքները։ Ծրագրուած եւ ուղղակի այս միջոցներու կողքին, կայ նաեւ հանրային վայրերու մէջ անձի հայկական պատկանելիութիւնը չբացայայտելու հասկնալի ճիգը, որու դրսեւորումներէն մէկը հայերէնի գիտակցուած չօգտագործումն է։ «Տունը՝ մամա, դուսը՝ աննէ» լեզուաբանական մարտավարութիւնը լայն տարածում ունի Պոլսոյ մէջ։

Երկրորդը՝ պոլսահայութեան ներքին բաղադրութեան ձեւափոխման խնդիրն է, որ առնուազն մասամբ կապուած է առաջինին։ Այստեղ խօսքը ներպետական եւ միջպետական գաղթի ալիքներու ունեցած ազդեցութեան մասին է։ Արդարեւ, այսօրուայ պոլսահայ բնակչութիւնը յետեղեռնեան տարիներու պոլսահայութեան անմիջական ժառանգորդներէն չէ բաղկացած մեծաւ մասամբ։ Վերջիններս, որոնք շնորհիւ Օսմանեան Պոլսոյ եռուն հայկական կեանքին ունէին հայեցի բարձր կրթութիւն ու յաճախ կատարելապէս կը տիրապետէին հայերէնին, Հանրապետական իրերայաջորդ տասնամեակներու ընթացքին քիչ-քիչ լքեցին Իսթանպուլը եւ գաղթեցին դէպի Եւրոպա կամ Ամերիկա։ Մերօրեայ պոլսահայութեան մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմեն անոնք, որոնք պոլսահայ են աւելի քան երեք սերունդէ ի վեր։ Իսկ գաղթողներուն տեղը կամաց-կամաց եկան առնելու գաւառաբնակ հայեր, Սեբաստիայէն, Եոզղատէն, Սասունէն, Տիգրանակերտէն, Քասթամոնուէն, Կեսարիայէն, եւ այլն, եւ այդ մինչեւ 1990-ականներու սկիզբները։ Իսկ այդ մարդիկ արդէն իսկ չունէին հայախօսութեան բարձր մակարդակ կամ յաճախ ամբողջովին թրքախօս, քրտախօս կամ արաբախօս էին։ Այսպէսով, շատ մը ժամանակակից պոլսահայ ընտանիքներու համար հայերէնը առաջին լեզու չէ արդէն մի քանի սերունդէ ի վեր։ Ինչքան ալ նոր-պոլսահայ սերունդները յաճախէին տեղւոյն հայկական վարժարաններ ու սորվէին հայերէնը, զայն պիտի սորվէին արդէն որպէս երկրորդ լեզու, որու իսկական վերակենդանացումը, այդ ալ Թուրքիոյ ընկերա-քաղաքական պայմաններու մէջ, փաստօրէն անհնար պիտի ըլլար։

Այնուամենայնիւ հայերէնը դեռ կայ Պոլսոյ մէջ։ Եւ անոր գործածութիւնը երբեմն ընկերաբանական դռներ ու պատուհաններ կը բանայ դէպի ժամանակակից պոլսահայկական ինքնութիւն ու կեանք։ Այսինքն հայերէն լեզուի հետ պոլսահայութեան կապը շատ աւելի հետաքրքրական է քան «Պոլսոյ մէջ հայերէնը մահամերձ է» հասկնալի ափսոսանքն ու գոյժը։

Բայց այդ մասին՝ յաջորդ չորեքշաբթի։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2019