ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ՔՈՐՈՆԱՅԱԿԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ԽՈՒՃԱՊԸ

-Նորքի հիւանդանոցը գնացի, ինձ չընդունեցին. ասացի ուզում եմ կրիփի թեստ անցկացուեմ. դրսից, դրան մօտից ինձ յետ ուղարկեցին ասելով՝ գնա, առատ ինպիրով (կոճապղպեղ), լիմոնով, մոշ ու մալինայով տաք չայ խմի, կ՚անցնի, բան չես ունենայ:

Երեւանի դարմանատուներէն մէկուն մէջ ձեռնոցներով ու դիմակով պաշտպանուած երիտասարդուհի մը, ընդունարանը կողքիններուն խուճապահար կը պատմէր: Իրար անցած երիտասարդուհին պատմեց նաեւ, թէ սովորական կրիփ կրնայ չըլլալ իր անհանգստութիւնը եւ ուրիշները վարակէն փրկելու համար պէտք ունի շուտափոյթ ստուգման: Ան կը կասկածէր, քանի օդանաւակայան գացած էր մի քանի օր առաջ, որպէսզի չեղարկէր իր Իտալիա ուղեւորութեան թռիչքի տոմսը, զոր ամիսներ առաջ, վարակը չյայտնուած, ապահոված էր:

-Ես էլ եմ եկել ստուգման. յանկարծ, Աստուած չանի, մի բանով վարակուած չլինեմ:

Երիտասարդուհիին պատմութիւնը ընդմիջելով յայտնեց ուրիշ մը:

-Ո՞նց քեզ Նորքի հիւանդանոց ընդունեն, աղջի՛կ ճան, հոն վարակը չհաստատուած հնարաւոր չի մուտք գործել,- մասնակցեցաւ յիսունն անց կին մը, ապա խօսքը միւս զրուցակիցին դիմելով,- պա դու, քո՛ւրօ ճան, էս օրերին մէկը ստուգման կը գա՞յ, ես հազիւ հազ եկայ, չեմ կարող չգալ, շաքարի ու բարձր ճնշման համար անհրաժեշտ է իմ գալը:

Մինչ ընդունարանին մէջ եղողները, երիտասարդուհիին օդանաւակայան երթալը լսելով ոտքի ելան ու ամէն ոք գրպանէն ախտահանիչ մը հանելով սրբուիլ սկսաւ:

ՍԻՐՈՅ ԿՐԱԿԸ

Երեւանի մոլերէն մէկուն մէջ, գնումի եկած կին մը, զգուշութեամբ ձեռքի թաց, հականեխուած թաշկինակը կը շփէ ամէն բան մը ձեռնելուն, կառք ալ չէ վերցուցած, որպէս ապահովութիւն: Ծանր բեռով երբ կ՚անցնի խմիչքներու բաժինին կողքէն, շշուկները ուշադրութեան կը հրաւիրեն իրեն ու նայուածքները կը դառնան անոնց ուղղութեամբ եւ գինիներու, գարեջուրերու, շամբայններու ու օղիներու դարակներուն դիմաց գիրկընդխառնուած զոյգի մը, կուշտ ու կուռ համբուրուած պահուն ականատեսը կ՚ըլլայ, եւ՝ «Է՛հ, սէրը ի՛նչ գիտէ քորոնա, ի՛նչ գիտէ վիրուս, երբ եռայ ինչպէ՞ս կարելի է յագեցնել. ճաշարաններն ալ փակ են, խեղճերը ո՞ւր երթան...», կը մտմտայ ինքնիրեն:

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԵՐՋԸ

Խորվաթիա երկրաշարժ պատահեցաւ: Դուրս ելլենք՝ կը վարակուինք, տուն մնանք՝ թերեւս տունը փլի մեր վրայ... չէ՜, իրաւ որ աշխարհի վերջն է:

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՄՈՎ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԸ

-Մանան քնացա՞ւ, դուռը գոցէ ննջարանին:

Ու երկու եղբայր առցանց ապրանք կը պատուիրեն, համացանցէն կարկանդակի չափեր կը գտնեն, ձեռք-ձեռքի տալով կարկանդակ մը կը թխեն, ապա մէկը քրէմը կը պատրաստէ, միւսը շոքոլան կը քերէ, տաք կարկանդակը կը կիսուի՝ մէջը քրէմը, վրան շոքոլան, աճապարանքով խոհանոցը կը հաւաքեն ու հարազատներուն հետ կապը կը նախապատրաստեն.

-Աս ի՞նչ հոտեր կ՚առնեմ...

Կը բացուի մամային ննջարանին դուռը, ու մութ սենեակին մէջ մոմերուն լոյսը կը նշմարուի եւ տղոց անուշ ձայնով տարեդարձի մեղեդիներ կը լսուին եւ ցանցային կապերով հարազատներուն ընկերացութեամբ կը տօնուի մամային տարեդարձը:

-Աշխարհի ամենահամով կարկանդակն է ասիկա.

Փայլուն աչքերով կ՚ըսէ մաման:

ՕՃԱՌԸ

-Մա՛մ, նոր օճառը աղուոր է հա, տե՛ս, ձեռքերուս մորթը կը փայլի:

-Օճառը նոր չէ, տղա՛ս, դուն լաւ սկսար լուալ ձեռքերդ:

ՏԱՏԻԿԸ

-Պատանիները առցանց դասեր սկսան առնել, տունը դպրոց եղաւ: Ի՛նչ լաւ, գոնէ մեր աչքերուն առջեւն են, նայինք այս ընթացքը պիտի շարունակուի՞.

Մտմտաց ինքնիրեն տան տատիկը եւ գնաց, բազմեցաւ իր բազկաթոռին վրայ, հեռատեսիլին առջեւ, ուր վերջերս ամէն օր, նոյն ժամուն խունկն ու մոմը վառած գոհունակութեամբ կը բազմի հետեւելու եկեղեցական արարողութեանց, ապա արարողութեան աւարտին, ամէն օր կը կրկնէ նոյն յանկերգը աղջկան դիմելով.

-Երկրաշարժներ, պատերազմներ, հրդեհներ, ջրհեղեղներ... ահա հիմա ալ վիրուսը ան ալ Մեծ պահքի շրջանին ամբողջ աշխարհի բնակչութիւնը տուները բանտարկեց, ասոնք բոլորը նշաններ են, աղջի՛կս, վերջն է...:

ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանը այսքան մաքուր չէի տեսած, ոչ աղբ մնաց Պուրճ Համուտի թաղերը, ոչ ալ թափող: Մաքուր օդ կը շնչենք, ամէն օր մի քանի անգամ կը հականեխուին թաղերը. քորոնա՞ պէտք էր որ մաքրուէր...:

ԱՄԵՆԷՆ ՀԱՆԳԻՍՏԸ

-Գարուն է, ինչ լաւ կ՚ըլլար հիմա եթէ այգիները երթայինք, նստէինք խոտերուն վրայ, աչքերնիս կշտացնէինք թարմ կանաչներով, լճափին նստէինք ու հանգստանայինք,- կ՚ըսէ մարդը:

-Չէ, ասպէս շատ լաւ է, տուն մնա՛, ես շատ աւելի հանգիստ եմ առանց քեզի, առանց քու նետած աղբերուդ, առանց կոխկռտած ոտքերուդ,- կը պատասխանէ բնութիւնը եւ կը շարունակէ իր հանգիստը, որ երկար ատենէ ի վեր տեսած չէր:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2020