ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ ԵՒ ՇՈՒՆԸ

Արաբ մտաւորականը իր մտահոգութիւններուն մէջ խորասուզուած էր եւ իր կուրծքին տակ եղածները կը փոխանցէր փոքրիկ շունի մը, որ հանգիստ եւ շքեղ կերպով բազմած էր օտար դիւանագիտական ինքնաշարժի մը մէջ՝ անցնող ամբոխի ծաղր ու ծանակին առարկայ դառնալով, յանկարծ ոստիկան մը արագ կերպով մօտեցաւ իր ատրճանակով, մահակով եւ ձեռնաշղթաներով, ինչպէս նաեւ արաբական ժողովրդարութեան այլ «գործիք»ներով:

Մտաւորականը. Մեր խօսակցութիւնը ետքէն կը շարունակենք:
Շունը. Ինչո՞ւ ձայնդ կը դողայ եւ ծունկերդ իրարու կը զարնուին:

Մտաւորականը. Ոստիկանը եկաւ:
Շունը. Թող գայ. ի՞նչ կապ ունիս անոր՝ կամ ուրիշին հետ:

Մտաւորականը. Եթէ մինչեւ հիմա այս կապը չէք հասկցած, ապա բնա՛ւ պիտի չհասկնաք, թէ ինչ կը կատարուի մեր տարածաշրջանէն ներս:
Շունը. Ես Հիւսիս-ատլանտեան Համագործակցութենէն չե՛մ վախնար:

Մտաւորականը. Որովհետեւ Հիւսիս-ատլանտեան Համագործակցութիւնը կրնայ վերանայիլ ձեր գործը՝ եթէ դուք վնասի ենթարկուիք:
Շունը. Ընտանիք եւ ընկերներ չունի՞ս, որոնք վերանային գործդ:

Մտաւորականը. Անշուշտ. բայց անոնք որոնք իմ գործերս պիտի վերանային, մեքենայականօրէն իրենք կարիք պիտի ունենան, որպէսզի մէկը վերանայի իրենց գործը: Հիմա ոստիկանը եկաւ: Խնդրեմ այնպէս վարուէ, որպէս թէ զիս չես ճանչնար: 
Ոստիկանը. Այս ի՞նչ հաւաք է փողոցին մէջտեղը:

Մտաւորականը. Չէ՞ք լսեր. բացի անվտանգութեան աշխատաւորներէն, արգիլուած է հաւաքուիլը:
Ոստիկանը. Օ՛ն. ամէն մարդ իր ճամբով թող երթայ:

Մտաւորականը. Քաղաքացի մը շունի մը հետ կը խօսի. ասիկա նայելու բա՞ն է:
Ոստիկանը. Այլ՝ ոճրագործութիւն:

Մտաւորականը. Նախքան այդ գաւազանց վերցնելը, պէտք է գիտնաս, մանաւանդ որ դուն օրէնքի մարդ ես, թէ չկայ ո՛չ մէկ օրէնք, կամ սահմանադրութիւն, կամ նախարարական հրաման, որ կ՚արգիլէ քաղաքացիի մը շան մը հետ խօսիլը:
Ոստիկանը. Ձեր շրջապատին մէջ այդքան քիչ են գիտնականները կամ հարթակները, որ այս տարօրինակ ու օտար արարածին հետ կը խօսիս քու տառապանքներուդ մասին:

Մտաւորականը. Որո՞ւ խօսիմ, պարոն:
Գրողները բնակարանային համալիրներով զբաղած են:
Արուեստագէտները՝ Ծոցի երկիրներու սերիալներով:
Ուսուցիչները՝ քննութիւններով:
Աշակերտները՝ աղջիկներուն հակառակելով:
Վաճառականները՝ իրենց շահերը հաշուելով:
Աղքատները՝ ապրանքներու սղութեամբ:
Պատասխանատուները՝ ճառերով:
Ոստիկանը. Ինչի՞ մասին կը խօսէիք:

Մտաւորականը. Ընդհանուր նիւթեր: Սիրոյ մասին կը խօսէինք:
Ոստիկանը. Ստախօս. ո՛չ ոք ո՛չ մէկը կը սիրէ:

Մտաւորականը. Ընկերութեան մասին: 
Ոստիկանը. Դարձեալ ստախօս. ո՛չ ոք ո՛չ մէկուն կը յարգէ:

Մտաւորականը. Արաբական մամուլին մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ ոք կը կարդայ զայն:

Մտաւորականը. Ռատիոկայաններուն մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ ոք կը լսէ զանոնք:

Մտաւորականը. Յաղթանակներու մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ ոք կը հաւատայ ատոնց:

Մտաւորականը. Պաղեստինեան դիմադրութեան մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ ոք կը զգայ անոր գոյութեան մասին:

Մտաւորականը. Ծոցի պատերազմի մասին:
Ոստիկանը. Ո՛չ ոքի հոգն է:

Մտաւորականը. Երկրագործութեան մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ ոք ոչինչ կը տնկէ: Մեր բոլոր սնունդը տուփեղէն եղաւ: Վերջին անգամ ըլլալով, ինչի՞ մասին կը խօսէիք:

Մտաւորականը. Անկեղծ ըսած, անոր կը խօսէի արաբա-իսրայէլեան հարցին մասին՝ Այբէն Ֆէ: 
Ոստիկանը. Ի՜նչ խայտառակութիւն: Արաբական ամենէն նշանաւոր հարցին մասին կը խօսիս շունի մը, այն ալ օտար…:

Մտաւորականը. Շատ ծանր մի՛ տանիր: Զայն նկատէ շարունակութիւնը արաբ-եւրոպական երկխօսութեան: 
Ոստիկանը. Եւ ինչո՞ւ համար անոր ցոյց կու տաս մեր տեղական թերթերը:

Մտաւորականը. Անոր կը կարդայի խմբագրականներէն մէկը: 
Ոստիկանը. Եւ ի՞նչ էր անոր եզրակացութիւնը:

Մտաւորականը. Հաջեց: 
Ոստիկանը. Մեղսակից շուն: 

Մտաւորականը. Պարոն, ինչո՞ւ այդպէս վիրաւորանքով ու արհամարհանքով կը խօսիս անոր նկատմամբ: Ճիշդ է, որ փոքր շուն մըն է՝ ձեռքի ափի մը չափ, սակայն նայէ՛ անոր, խոնարհ ու հանգիստ կ՚երեւի, ինչպէս նաեւ ամէն ինչէ վստահ է: Գիտէ երբ ուտէ, երբ խմէ, երբ պտոյտի ելլէ եւ երբ վերադառնայ, երբ քնանայ եւ երբ արթննայ: Մէկ խօսքով, փոքրիկ շուն մըն է, որ գիտէ իր ճակատագիրը, իսկ երկար ու յաղթանդամ մարդ մը՝ չի՛ գիտեր իր ճակատագիրը: Ա՜խ պարոն ոստիկան. ես՝ արաբ մարդս, եթէ ունենայի նոյն այն իրաւուքները որ ֆրանսացի շուն մը, կամ անգլիացի շան լակոտ մը ունի, ապա խեղճուկ գրիչովս եւ մաշած տետրակովս հրաշքներ կը գործէի: Լսա՞ծ ես Հոմերոսի Իլիականի մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ:

Մտաւորականը. Ոդիսականի՞ մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ:

Մտաւորականը. Կիլկամէշի դիւցազներգութեա՞ն մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ:

Մտաւորականը. Տանթէի Աստուածային Կատակերգութեա՞ն մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ:

Մտաւորականը. Կէօթէի Ֆաուսթ թատրերգութեա՞ն մասին: 
Ոստիկանը. Ո՛չ:

Մտաւորականը. Ուրեմն, ինչի՞ մասին լսած ես: 
Ոստիկանը. Լիբանան ներխուժելէն ասդին «Սէյտալի, եա սէյտալի [դեղագործ, ո՜վ դեղագործ]» երգէն բացի ուրիշ բան չեմ լսած:

Մտաւորականը. Այդ պարագային կ՚արտօնե՞ս որ շան հետ հաջեմ: 
Ոստիկանը. Ո՛չ. առջեւս անցիր:

Մտաւորականը. Փողոցին մէջ այսպէս պիտի չքալեմ: 
Ոստիկանը. Ի՞նչ կ՚ուզես: Պաշտօնական թափօ՞ր: 

Մտաւորականը. Վիզիս չորս կողմը շղթայ մը կ՚ուզեմ՝ թերեւս փախչիմ: Բերանիս ալ՝ դիմակ մը, թերեւս խածնեմ:
Ոստիկանը. Որո՞ւ պիտի խածնես:

Մտաւորականը. Թերեւս խածնեմ մայթերը, դրամատուները, ամբոխը, աջը, ձախը, Արեւելքը, Արեւմուտքը, Հարաւը, Հիւսիսը: Իջեցո՛ւր ատրճանակդ, պարոն, եւ մի՛ հաւատար ըսածներուս, որովհետեւ բացի լեզուէս ուրիշ բան պիտի չխածնեմ ճամբի եզրին, կամ մատներս՝ մինչեւ որ ժանիքը ժանիքին միանայ, քանի որ օրին մէկը հաւատացի բանի մը: Այդպէս չէ՞ պարոն ոստիկան: 

Ոստիկանը. Խնդրեմ, մի՛ խաղար զգացումներուս հետ, այլապէս կը ձգեմ աշխատանքս եւ կը միանամ ձեր խօսակցութիւններուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 14

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2024