ԿԱՆՉԸ

Բարձ­րա­ցած են ջա­հե­րը, մո­մե­րը եւս, ու կը քա­լեն ա­նոնք, ար­շաւ մը կազ­մած կ­­՚ուղ­ղուին դէ­պի կան­չը բնազ­դին: Ա­յո, բնազդ դար­ձած կանչն է զի­րենք մղո­ղը, կան­չը ար­դա­րու­թեան, փաս­տը գո­յու­թեան հին ազ­գի մը, որ ու­նի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն եւ դա­րու մը պա­հանջք:

Կը զգաս ջա­հե­րով ու մո­մե­րով յա­ռա­ջա­ցող­նե­րուն ո­ճա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, տար­բեր վայ­րե­րէ ե­կած, բայց նոյն ազ­գի զա­ւակ­ներն են ա­նոնք, նոյն ծի­ներ կրող­նե­րը: Բա­բե­լո­նը կը յի­շես, լե­զու­նե­րու խառ­նաշ­փոթ վի­ճա­կին մէջ ընկղ­մած: Մին ա­րա­բե­րէ­նը կը խառ­նէ իր մայ­րե­նիին, ու­րիշ մը՝ թրքե­րէ­նը, պարս­կե­րէ­նը, անգ­լե­րէ­նը... եւ դրօշ­ներ կը ծա­ծա­նին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ու եր­կիր­նե­րու: Կը քա­լեն ա­նոնք, կ՚ար­շա­ւեն:

Մա­նուկ մը, գե­ղե­ցիկ աղջ­նակ մըն է, իր հօ­րը ու­սե­րուն բազ­մած, ման­րիկ մատ­նե­րով բռնած է կար­միր լապ­տեր մը, ո­րուն մէ­ջէն լոյ­սին պլպլա­ցող շո­ղը գե­ղե­ցիկ փայլք մը պար­գե­ւած է ան­մեղ ձա­գու­կին դէմ­քին: Կը հիա­նաս տե­սա­ծիդ, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն կը տես­նես գի­տակ­ցու­թիւ­նը ծնող­քին, դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, պատ­մու­թեան ու­սու­ցում մըն է, որ այս­պի­սով ծնող­քը կը հա­ղոր­դէ ձա­գու­կին:

Կը յի­շեմ յան­կարծ ե­րե­ւան­ցի բա­րե­կամ­նե­րէս մէ­կուն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, թէ՝ «կա­րե­լի չէ մա­նուկ­նե­րը մաս­նա­կից դարձ­նել այս­պի­սի ար­շաւ­նե­րու, թող մեծ­նան ա­նոնք ու ա­պա հասկ­նան ու ա­ւե­լի լաւ ըն­կա­լեն ու մաս­նակ­ցին, քա­նի որ ա­նոնց մտքին մէջ ման­կու­թե­նէն դրոշ­մուած այս պատ­կե­րը կը մնայ ու չի ջնջուի­ր», ը­սած էր ան: Ընդ­դի­մա­ցած էի ա­նոր այս կար­ծի­քին, քա­նի որ մենք եւս մեր ման­կու­թե­նէն դաս­տիա­րա­կուած ենք այս ձե­ւով ու եր­բեք սխալ չեմ հա­մա­րած այս մէ­կը, ու կը կար­ծէի, որ բո­լոր ե­րե­ւան­ցիք այս­պէս կը մտա­ծեն, բայց ա­հա այս ըն­տա­նիքն ալ ե­րե­ւան­ցի է ու կ՚ար­շա­ւէ բո­լո­րիս հետ, կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի իր իսկ ման­կան լոյ­սով:

Մո­մե­րէն, լապ­տեր­նե­րէն ու ջա­հե­րէն բարձ­րա­ցող լոյ­սե­րուն շո­ղե­րը հե­ռուէն դի­տուած աստ­ղա­հոյլ մը ըլ­լալ կը թուին: Երկ­րա­յին աստ­ղա­հոյլ մը, որ խա­ղա­ղեց­նել կ­­՚ու­զէ մեր մա­միկ­նե­րու ու պա­պիկ­նե­րու ան­հան­գիստ հո­գի­նե­րը, հաս­տա­տել կ՚ու­զէ, որ շա­րու­նա­կու­թիւն մը գոյ է ու կա­մո­վին կը ջա­նայ ա­րար աշ­խար­հին ի­մաց­նել, հասց­նել իր ձայ­նը, որ ար­դա­րու­թեանն ալ է, մարդ­կայ­նու­թեան ու գի­տակ­ցու­-թեանն ալ:

Լու­սա­ւոր հոյ­լը կը քա­լէ, կը յա­ռա­ջա­նայ, աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ, չէ՞ որ ա­մէն տեղ հայ կայ, ե­ղաւ հա­յը ա­մէն տեղ ու սե­րունդ­նե­րով բազ­մա­ցաւ, որ­պէս բա­րիք չա­րիք­նե­րէն գո­յա­ցած, դար­ձաւ ա­րուես­տի ու ար­հես­տի հռչակ ա­մէ­նու­րեք ու հի­մա ա­մէն ոք իր կա­րո­ղու­թեամբ ու գիտ­ցա­ծով լոյս մը ա­ռած կը քա­լէ, որ­պէս աստղ մը հոյ­լէն լու­սա­տու:

Խումբ մը կը նուա­գէ ու իր ե­րաժշ­տու­թեամբ, մե­ղե­դա­յին կո­չով, եր­բեմն ալ պոռթ­կում­նա­լից ձայ­նե­րով կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ լոյ­սե­րը, ու­րիշ մը կը գծէ ու իր վրձնա­հա­րուած­նե­րով ու հո­գե­ցունց պաս­տառ­նե­րով կը միա­նայ գա­ղա­փա­րի այս եր­թին: Օ­տար­ներ ալ կը միա­նան փա­ղան­գին մեր, մին ֆիլմ մը ցու­ցադ­րե­լով կը յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի կո­թո­ղը, ու­րիշ­ներ հան­րա­յին ե­լոյթ­նե­րով ու ճա­ռե­րով կը մաս­նակ­ցին, ո­մանք դի­մա­տետ­րի վրայ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով ալ մաս կը կազ­մեն ու փա­ղան­գը կը խտա­նայ, կը միա­նան ձեռ­քեր, բռունցք­ներ ա­րար աշ­խար­հէն, բո­լո­րը մէկ բռունց­քի նման կը յա­ռա­ջա­նան ու կ՚ուղ­ղուին դէ­պի կան­չը ա­րեան, ար­դա­րու­թիւն ու ի­րա­ւունք կը պա­հան­ջեն ա­նոնք, ի­մա­ցու­թեան կը հրա­ւի­րեն աշ­խար­հի ղե­կե­րը, ա­նոնց խիղ­ճե­րը կը սթա­փեց­նեն կար­ծես, կը տե­ղե­կաց­նեն բա­նի մը մա­սին, որ ար­դէն շա­տոնց տե­ղեակ են ղե­կե­րը ու կը քօ­ղար­կեն այդ ի­մա­ցու­թեան վրայ:

Ու կը քա­լեն ար­շա­ւին մաս­նա­կից­նե­րը, քայլ առ քայլ կը մօ­տե­նան յու­շա­կո­թո­ղին խորհր­դա­ւոր, ուր կը սպա­սեն դա­րէ մը ի վեր ննջող ու զի­րենք կան­չող մա­միկ­ներն ու պա­պիկ­նե­րը: Կը տե­ղա­ւո­րեն մո­մերն ու ջա­հե­րը ի­րենց, լոյ­սով կ՚ո­ղո­ղեն, յոյ­սով կ­­՚ո­ղո­ղեն ա­նոնց ան­մեղ մա­սունք­նե­րը, կը հանգ­չեց­նեն կա­կաչ­ներ, վար­դեր ու մե­խակ­ներ տե­ղա­ւո­րե­լով, ո­րոնց հետ կար­ծես խոս­տում մըն է որ կը հա­ղոր­դեն, թէ պի­տի շա­րու­նա­կեն այս եր­թը մին­չեւ որ տե­ղի ու­նե­նայ մարդ­կա­յին խղճին արթ­նու­թիւ­նը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017