ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Ա -

Կիպ­րո­սի սրտին վրայ հանգ­չող Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը (ՄԿՀ) 2005 թուա­կա­նէն ի վեր չի գոր­ծեր: Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով դպրո­ցի վե­րա­բաց­ման օ­րա­կար­գը կը յայտ­նուի թէժ քննար­կում­նե­րու ա­ռանց­քին, սա­կայն այդ քննար­կում­նե­րը չեն անց­նիր սոսկ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու ծի­րը: Շա­տեր մե­ղա­ւոր­ներ կը փնտռեն Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան փակ­ման ո­րո­շու­մը գոր­ծադ­րող կող­մը հա­մա­րե­լով գլխա­ւոր մեղ­սա­կից: Ո­մանք ա­ւե­լի հե­ռուն եր­թա­լով «դա­ւադ­րա­կան» մօ­տե­ցում­ներ կը շա­րա­հիւ­սեն՝ ը­սե­լով, որ Մել­գո­նեա­նը փա­կող մար­մի­նը՝ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւնն (ՀԲԸՄ) է, ո­րուն տուած ո­րո­շու­մը դա­տա­պար­տե­լի է բո­լոր ա­ռում­նե­րով:

Իր կար­գին, ՀԲԸՄ-ը մաս­նա­ւո­րա­պէս վեր­ջին եր­կու տա­րուան ըն­թաց­քին խորհր­դա­ւոր լռու­թիւն կը պա­հէ սոյն հար­ցին վե­րա­բե­րեալ:

Ճիշդ է, որ Բա­րե­գոր­ծա­կա­նին պէս հսկայ կա­րե­լիու­թիւն­ներ ու­նե­ցող մար­մին մը պէտք է սե­ղա­նին գտնուող այս հար­ցին լու­ծում­ներ տա­լու մա­սին մտա­ծէր: Առ­նուազն կազ­մէր յա­տուկ մար­մին մը, որ վե­րա­հա­սու պի­տի ըլ­լայ Մել­գո­նեա­նի հար­ցը դար­ձեալ եւ այս ան­գամ ա­ւե­լի հան­գա­մա­նօ­րէն քննար­կե­լու: Սա­կայն մե­զի ան­հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով այս հար­ցին շուրջ նոյ­նիսկ քննար­կում­ներ տե­ղի չու­նե­ցան:

Խնդի­րը այն է, որ Սու­րիոյ մէջ ար­դէն հին­գե­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով շա­րու­նա­կուող ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մը նօս­րա­ցուց Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կա­րե­ւոր կա­յան հա­մա­րուող հա­յ գա­ղու­թը եւ Հա­լէ­պի, Դա­մաս­կո­սի, Լա­թա­քիոյ, Քե­սա­պի եւ Գա­միշ­լիի մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ջախ­ջա­խիչ տո­կո­սը հե­ռա­ցաւ այդ շրջան­նե­րէն: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու կո­չուած այդ կա­րե­ւոր հայ հա­մայն­քը այ­սօր տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ կը շա­րու­նա­կէ իր կեան­քը: Ճիշդ է, որ սու­րիա­հա­յե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն կառ­չած մնալ ի­րենց ա­ւան­դոյթ­նե­րուն եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, բայց յստակ է նաեւ, որ բա­ցի Պէյ­րու­թէն, ա­նոնք Շուէ­տի, Փա­րի­զի, Գեր­մա­նիոյ եւ նոյ­նիսկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­մէն օր կը հե­ռա­նան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուէն: Մեր լե­զուի պահ­պա­նու­թեան պա­րա­գան լիւքս հարց մը չէ: Կա­րե­ւոր խնդիր է լե­զուի հար­ցը եւ ըն­դու­նե­լի չեն այն վե­րագ­րում­նե­րը, ըստ ո­րոնց մենք շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­յին հար­ցեր ու­նինք քան լե­զուի հար­ցը: Ե­թէ հա­մա­կար­գուած օ­րա­կար­գե­րու մա­սին խօ­սինք, պէտք է յստա­կօ­րէն ընդգ­ծենք, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թեան ա­պա­գան կրնայ ա­նո­րո­շու­թեան մէջ յայտ­նուիլ:

Տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ ըն­թա­ցող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, նաւ­թի եւ շա­հե­րու բա­խում­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ընդ­հա­նուր տագ­նապ­նե­րը կրնան եր­կա­րիլ: Ու այդ ի­րադ­րու­թեան առ­ջեւ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Պէյ­րու­թը (որ այ­սօ­րուան տուեալ­նե­րով Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թեան հիմ­նա­կան «ամ­րոց»ն է) կրնայ հա­յա­թա­փու­մի նոր ա­լի­քի մը հե­տե­ւան­քով կորսնց­նել իր ա­ռաջ­նա­յին պա­րիսպ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը: Ու հոս է, որ մտա­հո­գու­թիւն մը կը ծա­գի: Ո՞վ պի­տի մա­տա­կա­րա­րէ ա­մե­րի­կեան հե­ռա­ւոր գա­ղութ­նե­րու հիմ­նա­րար մար­դու­ժը: Այ­սինքն ո՞ւր պի­տի ա­ճի ու հաս­նի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ու տար­բեր հե­ռա­ւոր գա­ղութ­նե­րու մարդ­կա­յին այն նե­րու­ժը (այն նե­րու­ժը, ո­րուն զէն­քը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն է), որ պի­տի կա­րո­ղա­նայ տա­րի­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ ստեղ­ծուած բա­ցը լրաց­նել: Գաղտ­նիք ալ չէ, որ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քին վրայ հա­յա­գի­տա­կան պա­շա­րով զի­նուած բա­ժի­նը բա­ւա­րար կամք պի­տի չու­նե­նայ ա­պա­գա­յի նոր սե­րունդ­նե­րը ջամ­բե­լու ի­մաս­տով: Ու փաստ է նաեւ, որ անց­նող գրե­թէ յի­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին նոյն Ա­մե­րի­կան մէկ հա­տիկ հա­յա­տառ գրող չկրցաւ ծնիլ: Այս ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ վստա­հա­բար պէտք է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել մեր գոր­ծող ամ­բողջ հա­մա­կար­գը:

Բա­րե­փո­խում­նե­րը պէտք է կա­տա­րուին՝ շատ լուրջ եւ ծրագ­րուած աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ: Ու այս բո­լո­րը պի­տի ըլ­լան ընդ­հա­նուր հա­մա­խո­հու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ, ուր գերխն­դի­րը ե­ղած սխալ­նե­րուն հա­մար մե­ղադ­րեալ­նե­ր ո­րո­նե­լը պի­տի չըլ­լայ:

Այ­սօր բա­ւա­կա­նին այժ­մէա­կան է Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի վե­րա­բաց­ման օ­րա­կար­գը: Ու այս խնդրին հա­մար հար­կա­ւոր են, որ ազ­գա­յին ա­մե­նա­բարձր մար­մին­նե­րէն մին­չեւ ա­մե­նէն ան­զօր հա­մա­րուած ու­ժե­րը միա­ւո­րուին եւ նոր ճա­նա­պարհ­ներ գծեն:

Կա­րե­ւոր ը­նե­լիք ու­նին Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք ցարդ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը հա­ւա­քուին ու հա­ւա­քոյթ­ներ կը կա­տա­րեն յի­շա­տա­կե­լով վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր Գրի­գոր եւ Կա­րա­պետ ա­ղա Մել­գո­նեան­նե­րը, ո­րոնց նուի­րա­բե­րած գու­մար­նե­րով եւ տուած ու շա­րադ­րած կտա­կով Մել­գո­նեա­նը 1924 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին ա­նգամ իր դռ­­նե­րը կը բա­նար ըն­դու­նե­լով ա­րեւ­տա­հա­յոց ուս­ման ծա­րա­ւի որ­բուկ­նե­րը: Մել­գո­նեան­ցի­նե­րը խո­նար­հու­մով կը յի­շա­տա­կեն ի­րենց դպրո­ցը հիմ­նադ­րող մե­ծա­նուն ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը: Ա­նոնք նոյն­պէս կը յի­շա­տա­կեն Մել­գո­նեա­նի բա­կե­րէն ու դա­սա­րան­նե­րէն ան­ցած հա­րիւ­րա­ւոր վար­ժա­պետ­ներն ու սա­նե­րը, խո­նարհ ու հեզ մայ­րիկ­նե­րը եւ նուի­րուած ու Մել­գո­նեա­նի աղ­բիւ­րէն ջուր խմած բո­լոր գոր­ծիչ­նե­րը:

Այս յի­շա­տա­կում­նե­րը սա­կայն բա­ւա­րար չեն: Ա­նոնք ո­չինչ պի­տի տան Մել­գո­նեա­նի դա­տին եւ ոչ մէկ բան պի­տի փո­խեն այ­սօ­րուան ի­րա­վի­ճա­կէն: Դպրո­ցը այ­սօր կը մնայ փակ ու ան դար­ձած է ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րու տխուր հան­դի­սա­վայր մը: Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, նախ­կին՝ «Մել­գո­նեա­նի սա­ներ»ը լաւ գի­տեն այս բո­լո­րը, ու գի­տեն նաեւ, որ այս ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս գա­լու հա­մար «մե­զի հար­կա­ւոր են գոր­ծեր եւ ոչ խօս­քեր»:

Օ­րեր ա­ռաջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն ստա­ցած էի ե-նա­մակ մը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ բա­րե­կամ մը բա­ւա­կան «ճոխ» քննա­դա­տա­կան բա­ռե­րով կարճ յօ­դուած մը ստո­րագ­րե­լով պա­խա­րա­կու­թեան ար­ժա­նի դար­ձու­ցած էր մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ մը սպա­սար­կու­նե­րը: Յօ­դուա­ծը ոչ իսկ կար­դա­ցի: Վեր­ջին շրջա­նին հա­մա­ցան­ցին մէջ շրջան ը­նող մե­ղադ­րա­կան թոյ­նով գրուած բան­սար­կում­նե­րը ա­ւե­լիով կը յոգ­նեց­նեն մարդս:

Յօ­դուա­ծը աղ­բարկ­ղին մէջ թա­փե­լէ ետք այս ան­գամ ես մե­ղադ­րա­կան շեշ­տով մը պա­տաս­խա­նե­ցի յօ­դուա­ծա­գիր բա­րե­կա­միս՝ հարց տա­լով, թէ ի՞նչ օ­գուտ պի­տի տան մե­զի նման սնո­տի եւ մերկ մե­ղադ­րանք­նե­րը: Ան ա­րա­գօ­րէն կը պա­տաս­խա­նէր, որ իր գի­րը ե­ղած է յա­նուն մեր ըն­կե­րա­յին կեան­քի բա­րե­լաւ­ման, շեշ­տե­լով նաեւ, որ ա­մէն բան սկիզբ պի­տի առ­նէ ե­րա­զով մը:

Ա­մե­րի­կա­յի ա­փե­րը վա­յե­լող բա­րե­կամս բա­ցի ան­կէ, որ կը գրէր պար­զա­պէս իր հո­գեմ­տա­ւոր պա­պա­կը գո­հաց­նե­լու հա­մար, կը մոռ­նար նաեւ, որ նիւ­թը գրո­ղը պէտք է նոյն­պէս այդ ե­րա­զին հա­ւա­տա­ցող ու ե­րա­զին հա­մար պայ­քա­րող ըլ­լայ:

Բա­ցի այդ բո­լո­րէն այդ նոյն բա­րե­կամս պէտք է քաջ գիտ­նար, որ ա­նի­ծե­լու եւ մե­ղադ­րե­լու փո­խա­րէն, մե­զի այ­սօր ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ հար­կա­ւոր են լու­ծում­ներ:

Լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է կամք:

Մեր ապ­րում­նե­րու, ան­ցեա­լի գաղ­թա­կա­նու­թե­նէն դէ­պի կեանք տա­նող մեծ ճա­նա­պար­հին վրայ Մել­գո­նեա­նը ու­ղե­ցոյց ու փա­րոս է:

Ժա­մա­նակ­նե­րը հա­սուն­ցած են, որ ճիշդ ախ­տո­րո­շում­ներ կա­տա­րուին եւ այդ մօ­տե­ցում­նե­րը հե­ռու ըլ­լան հրա­պա­րա­կա­յին շոու­ներ սար­քե­լու ախ­տէն:

Այդ լու­ծում­նե­րը մե­զի խթան պի­տի դառ­նան, որ­պէս­զի մեր սիրտն ու հո­գին տան­ջող ու մեզ մտա­տան­ջող վէր­քե­րը դար­մա­նուին:

Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի վէր­քը այդ տե­սա­կի վէր­քե­րէն է ու մենք հա­ւա­քա­բար պար­տա­ւոր ենք դար­մա­նել մեզ տան­ջող բո­լոր վէր­քե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016