​ԼԻԲԱՆԱՆ. ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԴԱՇԻՆՔԸ ՈՐՈՇ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Լիբանանի նախագահի ընտրութենէն ի վեր երկրին մէջ հիմնական օրակարգ կը հանդիսանայ ընտրական նոր օրէնք մը հրապարակելու հարցը:

Համայնքային դրութեամբ գործող երկրին մէջ հիմք ընդունուած է կազմել խորհրդարան մը, որուն անդամներուն կէսը կը ներկայացնեն երկրի իսլամական համայնքները, իսկ միւս կէսը՝ քրիստոնեաները: Նշենք, որ Լիբանանի խորհրդարանը կը բաղկանայ հարիւր քսանութ անդամներէ։

Ընդգծուած եւ երեւելի դարձած հիմնական տարակարծութիւնը իւրաքանչիւր համայնքի իր երեսփոխանները ընտրելու հարցն է, որ 1960 թուականին հրապարակուած օրէնքով այդքան ալ արդար լուծումներ չի տար վերոնշեալ խնդրին:

Լիբանանի նախկին վարչապետ եւ 2005 թուականին ահաբեկչական պայթումի մը հետեւանքով սպաննուած Ռաֆիք Հարիրիի իշխանութեան գլուխ գալէն անմիջապէս ետք սկիզբ առաւ հանգրուան մը, որ դարձաւ բաւական խոցելի՝ երկրի յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն համար:

Ու հակառակ անոր, որ Հարիրիի վարչապետութեան օրերուն տեղի ունեցած ընտրութեանց ընթացքին քրիստոնեաները բողոքի ձայն չհանեցին գործող օրէնքին մասին, սակայն այդ հանգրուանէն ետք ու յատկապէս 2005 թուականին երկու քրիստոնեայ ղեկավարներու (զօրավար Միշէլ Աուն, որ «Ազգային ազատ հոսանք»ի առաջնորդն էր ու աքսորուած էր Ֆրանսա, իսկ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ Տքթ. Սամիր Ժաաժա յայտնուած էր բանտի ճաղերու ետին) քաղաքական ասպարէզ վերադարձէն ետք, քրիստոնեայ հատուածը ապրեցաւ զարթօնքի շրջան մը եւ հակառակ ամենատարբեր մեծ ու փոքր տարաձայնութիւններուն, նախագահ Աունի ընտրութեան նախօրէին այդ երկու ուժերը ստեղծեցին քաղաքական դաշինք, որուն հիմնական առաջադրանքը պիտի ըլլար վերադարձնել այն բոլոր իրաւունքները, որոնք զանազան հանգամանքներու պատճառով խլուած էին քրիստոնեաներէն:

Այստեղ տեղին է նշել, որ Լիբանանի քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը միայն վերոյիշեալները չէին, այլ կային նաեւ աւելի նուազ ազդեցութիւն ունեցող քաղաքական ուժեր, որոնք նոյնպէս առաջադրանք դրած էին հասնիլ բոլոր կողմերուն համար արդարութիւն բերող ընտրական օրէնքի մը կիրառման:

Քրիստոնեայ հիմնարար ուժերուն համար հիմնական խնդիրը ուրեմն որեւէ համայնքի ու այս պարագային քրիստոնեաներուն, իրենց երեսփոխանները ընտրելու իրաւունքն էր, որ Ռաֆիք Հարիրիի իշխանութեան օրերուն հանուած էր երկրի քաղաքական ընդհանուր բառարանէն: Բացորոշ կերպով երեւելի կը դառնար նաեւ, որ իսլամ յարանուանութիւններուն համար ալ ստեղծուած էր այնպիսի իրավիճակ մը, ուր անոնք եւս կը շահարկէին առկայ օրէնքը եւ անոր ուժով կը փորձէին իրենց ձեռքերուն մէջ պահել քրիստոնեայ տարրին խաղաքարտը:

Այս սուր կամ թաքուն պայքարը հետզհետէ կ՚արմատանար այն պահէն սկսեալ, երբ «Լիբանանեան ուժեր»ու առաջնորդը՝ Սամիր Ժաաժա, անձամբ հանդէս կու գար յայտարարութեամբ եւ կ՚որդեգրէր զօրավար Աունի թեկնածութիւնը երկրի նախագահի պաշտօնին համար:

Այստեղ տեղին է նշել, որ Լիբանանի մէջ այսօրուան դրութեամբ կան չորս գլխաւոր քրիստոնեայ ուժեր:

Բացի վերը նշուած «Ազգային ազատ հոսանք»էն եւ «Լիբանանեան ուժեր» կուասկցութենէն, այսօր երկրին մէջ կը գործեն «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը եւ «Ալ Մարատա» հոսանքը:

Եթէ Լիբանանի վերջին երեսնամեայ պատմութեան վրայ արագ հայեացք մը նետենք, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը կը համարուի «Փաղանգաւոր» կուսակցութենէն բխած ուժ: 1976 թուականին, երբ Լիբանանի քրիստոնէական հատուածները յայտնուած էին պաղեստինցիներու (Լիբանան ապաստանած) լուրջ սպառնալիքներուն տակ, Արեւելեան Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ եղող քրիստոնեայ քաղաքական գործիչները քով-քովի գալով ստեղծեցին «Լիբանանեան ճակատ» անունով մարմինը, որ կը համարուէր երկրի աջակողմեան թեքում ունեցող բոլոր քրիստոնեաներուն «ազգային ճակատ»ը: Ու այդ ճակատին մէջ էր նաեւ, որ որոշուեցաւ ստեղծել քրիստոնէական միլիս, որուն ղեկը կը ստանձնէր հետագային Լիբանանի նախագահ ընտրուած Շէյխ Պեշիր Ժեմայէլ: Կարճ ժամանակ անց «Լիբանանեան ուժեր»ը կը դառնային քրիստոնեայ կողմին գլխաւոր զինուորական ուժը, իսկ «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարն էր Ժեմայէլի աւագ եղբայրը՝ Ամին Ժեմայէլ (Ա. Ժեմայէլ 1982 թուականին իր եղբօր եղերական սպանութենէն ետք կ՚ընտրուէր նախագահ) կը ստանձնէր երկրորդական դեր:

Գալով «Ալ Մարատա» հոսանքին, այդ շարժման առաջնորդն է Լիբանանի «Հիւսիսի քրիստոնեաներ»ու առաջնորդը՝ Սըլայման Ֆրանժիյէ: Ֆրանժիյէ, որ այսօր կը համարուի սուրիամէտ ուժերու եւ յատկապէս «Հիզպուլլահ»ի գլխաւոր դաշնակիցը, բաւական լուրջ տարակարծութիւններ ունի քրիստոնեայ միւս երկու հիմնական ուժերուն հետ:

Սըլայման Ֆրանժիյէ, որ թոռն է՝ Լիբանանի 5-րդ նախագահ Սըլայման Ֆրանժիյէի (ընտրուած 1970 թուականին), մօտիկ անցեալին դրական յարաբերութիւններ ունէր զօրավար Աունին հետ, բայց նախագահական ընտրութեան օրակարգի ձեւաւորման պահուն դառնալով վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախագահական առաջին թեկնածուն, կը դառնար Աունի մրցակից ու ապա լուրջ տարակարծութիւններ կ՚ունենար յատկապէս «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան առաջնորդ եւ այժմու արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին հետ (ի դէպ Պասիլ նախագահ զօրավար Աունի փեսան է):

Այս ընդհանուր պատկերին վրայ է նաեւ, որ քրիստոնեայ ուժերուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները կը շարունակեն իրենց անմիջական ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի ներքաղաքական կեանքին ու յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններու օրակարգին վրայ:

Մինչ երկու հիմնական ուժերը մեծ ճիգեր կը գործադրեն ընդունելու համար իրենց ջրաղացին ջուր լեցնող ընտրական օրէնք մը, անդին «Ալ Մարատա» հոսանքը մեծ վերապահութիւններ ունի երկու միւս ուժերու մօտեցումներուն առընթեր:

Նոյնը չէ պարագան «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան, որ այսօր հանդէս կու գայ «ծայրայեղ» ընդդիմադիրի դիրքերէ եւ կը փորձէ իր համակիրներու թիւը աճեցնել յայտարարելով, որ դէմ է գործող կառավարութեան եւ կ՚ակնկալէ, որ բոլորին համար արդար օրինագիծ մը մշակուի:

Բաց աստի, բացայայտ վերապահումը կայ նաեւ երկրի իսլամական ուժերուն, որոնց համար (յատկապէս «շիի-երկեակ» հանդիսացող՝ «Հիզպուլլահ» եւ «Ամալ» կուսակցութեանց համար) մտահոգութիւն դարձած է այն, որ քրիստոնեայ ճակատին մէջ երեւելի դարձած նոր դաշինքը կրնայ «քաղաքական ցունամի»ի հետեւանքներ ունենալ եւ պատճառ դառնալ նաեւ, որ երկրի նոր խորհրդարանին մէջ այդ ուժերը ունենան մեծ ներկայութիւն՝ գրաւելով գրեթէ 45 առ հարիւրը:

Ու այս մթնոլորտին մէջ է նաեւ, որ սկսած է երեւան գալ փոխանվստահութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը, որուն արմատները բաւական խոր են եւ կապուած գրեթէ երեսուն տարի տեւած եւ երկիրը արիւնաքամ դարձուցած քաղաքացիական պատերազմի ենթակայական եւ առարկայական պատճառներուն հետ:

Ամէն պարագայի ինչ ալ ըլլան տուեալները, այսօր աւելի քան որեւէ այլ ժամանակ, սկսած է յստակ դառնալ, որ քրիստոնեայ ճակատին մէջ ծիլ արձակած այս նորաբոյս դաշինքը (նկատի ունիմ «Լիբանանեան ուժեր»-«Ազգային ազատ հոսանք» դաշինքը) բաւական հաստատուն հիմքեր ունի հանդիսանալու երկրի յառաջատար ուժ:

Այս բոլորը, ի հարկէ, եթէ մեծ եւ անսպասելի անակնկալներ չպատահին երկրի մը մէջ, որ ճանչցուած է որպէս անկանխատեսելի դէպքերու հանդիսավայր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017