ԱՐԱԳԱՎԱ՞ԶՔ, ԹԷ ՎԵՐՋՆԱՎԱԶՔ
Ի՜նչ խօսք, որ այս օրերը շատ կարեւոր են՝ հասկնալու համար, թէ շաբաթներ առաջ Երեւան հասած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը ի՛նչ ճակատագիր պիտի ունենայ։ Յստակ է, անշուշտ, որ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքը կը թողէր այն սպասուած տպաւորութիւնը, թէ շարժումը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի, մտած է վճռական փուլ մը բոլոր առումներով։
Ի դէպ, երէկ ամբողջ Հայաստանը աչքերը կը բանար ականատես կամ լսողաց դառնալով երկրի հիւսիսի բնութենական աղէտին, որու հետեւանքով ալ քաղաքացիներ ստիպուած կ՚ըլլային յենուլ փրկարարական ջոկատներու առաջին օգնութեան։ Գետերու վարարումներ նիւթական մեծ վնասներու պատճառ դարձան։
Թերեւս այս դէպքը պատճառ կը դառնար, որ Երեւանի մէջ համաժողովրդական սպասումով կազմակերպուած հանրահաւաքին մասնակցութիւնը ակնկալուածին պէս չէր։ Ճիշդ է, որ հազարաւոր քաղաքացիներ փութացած էին Հանրապետութեան հրապարակ, սակայն, 9 մայիսի՝ աւելի մեծաթիւ հանրահաւաքէն ետք, երէկուանը կը համարուէր «քայլ մը ետ»։ Երէկուան հաւաքը ունէր ու պէտք է ունենար վճռական ուղերձներ։
Եթէ պահ մը մէկդի դնենք անցեալ հանրահաւաքէն աւելի նուազ մասնակցիներու թիւի հանգամանքը, ապա կարելի է արձանագրել, որ վերջին շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգը զբաղեցուցած այս շարժումը կը թուի արդէն հասած ըլլալ իր վերջին փուլին. վերջին փուլ մը, որ պատասխաններ պիտի բերէ բազմապիսի հարցադրումներու։ Ներկայացնելով երէկուան հանրահաւաքին ստեղծած ընդհանուր տպաւորութիւնը, ապա պէտք է ըսել, որ Հանրապետութեան հրապարակէն լսելի դարձան երկու հիմնական պատգամներ։
Առաջինը՝ ծանօթ արեւելագէտ Գուրգէն Մելիքեանի խօսքէն յայտնի դարձաւ, որ Բագրատ սրբազան պիտի առաջադրուի՝ որպէս երկրի վարչապետի թեկնածու, ինչ որ ընկալուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով։ Երկրորդը՝ Բագրատ սրբազանի յայտարարութիւնն էր։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ միաբանակից եղբայրներուն հետ խորհրդակցելէ վերջ՝ ան առաջարկած է իր երեսուն տարուան կրօնական ծառայութիւնը սառեցնել, որպէսզի կարողանայ ստանձնել երկրի վարչապետի պաշտօնը։
Գաղտնիք մը չէ, հարկաւ, որ Բագրատ սրբազանի վարչապետի պաշտօնին թեկնածու դառնալը շատերու կողմէ սպասելի էր՝ հաշուի առնելով, որ ան կարողացաւ բաւական կարճ ժամանակի մէջ իր շուրջ համախմբել քաղաքական այնպիսի ուժեր, որոնք ո՛չ միայն տարակարծիք են տարբեր խնդիրներու պարագային, այլեւ Հայաստանի քաղաքական մեծ թատերաբեմին վրայ կը համարուին հակառակորդներ։ Ի հարկէ, կան նաեւ այլ հանգամանքներ, սակայն էականն է, որ ընդդիմադիր ուժեր սրբազանի առաջադրումը համարեցին կարեւորագոյն դարձակէտ մը՝ շարունակելու համար իշխանափոխութեան պահանջով ի յայտ եկած այս շարժումին գործունէութիւնը եւ յառաջընթացը։
Բնականաբար, նոյն հարթութեան մասին խօսելով ու դիտարկելով իշխանական շրջանակներու արագ արձագանգները, ապա երեւելի կը դառնայ որոշ հեգնանք մը, որու կրակներու տակ կար այն միտքը, թէ սրբազանը ընդամէնը «կրօնական գործիք» մը եղաւ, որպէսզի նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչները կամ գլուխները կարողանան հանգիստ կերպով յառաջ տանիլ իրենց կողմէ թելադրուած այս խաղը կամ ընդհանուր խաղի այս փուլը։ Սա իշխանամէտ շրջանակներու արձագանգն է եւ անոնցմէ շատ-շատերը ունէին եւ տակաւին ունին այն համոզումը, թէ Բագրատ սրբազանի թեկնածութեան պարագային այս շարժումը կը կնքէ իր մահկանացուն։
Այս կարեւոր յայտարարութիւններէն անդին, Բագրատ սրբազան արդէն կը համարուի իր առաքելութիւնը սառեցուցած կրօնական մը։ Ան կը շարունակէ փակագիծերը բանալու ուղղեալ իր քայլերը՝ յայտարարելով, որ հրապարակի հասարակութեան հետ քալելով պիտի մեկնի վարչապետի պաշտօնական բնակարանը ու կը փափաքի հանդիպիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հետեւաբար իր ու այս շարժման հիմնական նպատակակէտը կը շարունակէ մնալ նոյնը՝ Փաշինեանի հրաժարականը։ Բացի այս բոլորէն, Բագրատ սրբազան նետերը ուղղեց նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, որ իշխանութեան գլուխը կը գտնուի։ Սրբազանը կը պնդէ, որ Փաշինեան պարտաւոր է հրաժարական տալու՝ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը պառակտումներէ հեռու պահելու համար։ Այս մօտեցումին տակ, անշուշտ, կար կարեւոր խուսանաւում մը, որ շատ հաւանաբար նպատակին չհասնի կամ որեւէ ազդեցութիւն չգործէ իշխանական վերնախաւին վրայ։ Ու այս պատճառով ալ դուռը լայն կը բացուի այն հարցումներուն դիմաց, թէ ի՞նչ հունով պիտի շարունակուի այս շարժումը։
Խօսքը ի մասնաւորի սահմանադրական ճամբով Փաշինեանը պաշտօնէն հեռացնելու մասին է, ինչ որ ներկայ պահու դրութեամբ գրեթէ անհաւանական է։ Բացի այս պարագայէն, եթէ տեղի ունենան շատ աւելի մեծ ու տարերային իրադարձութիւններ, որոնք արտաքին ուժի մը՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի նեցուկը կրնան ունենալ, ապա այս հաւանականութիւնը հաշուի առնելով պէտք է թելադրական համարել ու նկատի առնել սրբազանի կրօնաւորի առաքելութիւնը սառեցնելու որոշումը։
Այս քայլով, գուցէ, սրբազանը կ՚ուզէ դուրս հանել Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իշխանութեան հետ յաւելեալ բախումի մը կամ աւելի մեծ լարուածութիւններու որոգայթէն։ Ի շարունակութիւն վստահօրէն կարելի է ըսել, որ սրբազանը նման առաջարկ մը չէր կրնար բարձրաձայնել, եթէ չունենար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասկնալի համաձայնութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի ապագայ հաւանական քայլերուն, ապա յստակ է, որ Փաշինեանի հետ հանդիպելու կամ չհանդիպելու պարագայէն ետք, այս շարժումը պիտի անցնի իր վերջին հարիւր մեթրի արագավազքին կամ վերջնավազքին՝ փաստագրելով կա՛մ ամբողջ Երեւանը անդամալուծելու հանգամանքը, կամ ալ շարժման հետեւորդներուն տարտղնումն ու հաւանաբար շարժման շիջումը։
Երկու պարագաներուն ալ, դժբախտաբար, կան ներքին բախումներու ծագման վտանգները, որոնք բոլոր առումներով սլաքները պիտի թեքեն իշխանութեան կողմը եւ աւելիով պիտի զօրացնեն Փաշինեանի դիրքերը։
Աւարտելով՝ հարկ է մատնանշել, որ յառաջիկայ օրերը շատ աւելի յստակութիւն պիտի բերեն քաղաքական գործընթացներուն։ Անոնք միով բանիւ պիտի ամրագրեն, որ ապագայ հաւանական գործընթացները պիտի աւարտին շատ աւելի նեղ ժամկէտներու մէջ՝ քան ինչ որ կար մինչեւ հիմա եւ որուն մեծ խորագիրն էր սպասումը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան