ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ է մեղքը։
Պատասխան. Մեղք բառը՝ յանցանք, անհնազանդութիւն եւ վնաս կը նշանակէ. աւելի՛ն, մեղքը՝ ճշմարտութեան դէմ, սահմանուած օրէնքներու դէմ, որոշ թելադրութիւններու եւ պատուիրաններու նկատմամբ ցուցաբերուած անհնազանդութիւն եւ անտարբերութիւն է։ Իսկ ինչ կը վերաբերի մեղքի կրօնական հասկացողութեան, ամէն ինչ, որ հակառակ է Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ Քրիստոսի ուսուցումներուն ու թելադրութիւններուն, մեղք կը նկատուի։
Հարցում. Լսած եմ, թէ Պօղոս առաքեալ իր նամակներէն մէկուն մէջ մեղքի մասին խօսած է: Լսածս ճի՞շդ է:
Պատասխան. Այո, լսածդ ճիշդ է: Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ յաճախ անդրադարձած է մեղքի մասին: Սակայն, Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ ան բաղդատութիւն մը կը կատարէ մեղքին եւ կենդանութեան միջեւ, բացատրելով, թէ հաւատացեալներս՝ այսինքն մկրտուածներս, այլեւս մեղքին համար մեռած ենք եւ կենդանի ենք Քրիստոսին համար, որովհետեւ Անոր միանալով մկրտուեցանք, որով Անոր թաղման եւ յարութեան հաղորդակից դարձանք: Առաքեալը այսպէս կը գրէ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք՝ որ Յիսուս Քրիստոսի միանալով մկրտուեցանք՝ մկրտութեամբ Անոր մահուան հաղորդակից դարձանք։ Այսինքն՝ մկրտութեամբ Անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք: Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք՝ Իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս Իրեն կցորդ պիտի ըլլանք՝ Իրեն հետ յարութիւն առնելով: Գիտենք, թէ մեր մէջ եղող հին մարդը Անոր խաչակից եղաւ՝ որպէսզի մեղանչական մարդը մեռնի, որպէսզի այլեւս մեղքին չծառայենք: Որովհետեւ երբ մէկը կը մեռնի՝ ա՛լ ազատած է մեղքէն: Քանի մենք մեռանք Քրիստոսի հետ, կը հաւատանք թէ նաեւ Անոր հետ պիտի ապրինք» (Հռ 6.3-5). Առաքեալը շատ հետաքրքրական եզրայանգում մը կու տայ, ըսելով թէ՝ «որովհետեւ երբ մէկը կը մեռնի՝ ա՛լ ազատած է մեղքէն»: Այստեղ ուշադիր պէտք է ըլլանք սակայն, եւ ճիշդ հասկնանք Առաքեալին ըսածը. այստեղ ըսուածը ֆիզիքական մահուան մասին չէ, այլ՝ մեղքի կեանքին, Աստուծմէ հեռու կեանքին. այլ խօսքով՝ երբ մարդ ինքզինք մեռցնէ մեղքի կեանքէն ու Աստուծմէ հեռու կեանքէն, ա՛յլեւս ազատած կ՚ըլլայ մեղքէն: Այս գաղափարին հաստատումը Առաքեալը մի քանի համար ետք կու տայ, երբ կ՚ըսէ՝ «բայց հիմա մեղքին տիրապետութենէն ազատ էք եւ Աստուծոյ ծառաները: Ձեր շահը սրբութեան նուիրուած կեանք մըն է, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը: Որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 6.22-23). վերը Առաքեալին խօսքերուն համաձայն, ըսինք, որ երբ մենք մեզ մեղքի կեանքին համար կը մեռցնենք՝ կ՚ապրինք, իսկ այստեղ Առաքեալը աւելի լայն կերպով կը բացատրէ իր ըսածը, շեշտելով, որ «մեղքին վարձատրութիւնը մահ է», այսինքն՝ եթէ մարդ շարունակէ մեղանչել եւ մեղքի կեանքին մէջ ապրիլ, իր վախճանը՝ մահն է, մահ սակայն, ո՛չ միայն ֆիզիքական հասկացողութեամբ, այլ՝ հոգեւոր, որ կը նշանակէ յաւիտենական մահ, մինչ երբ Քրիստոսին միանալով՝ մկրտութեամբ Անոր հետ թաղուինք ու յարութիւն առնենք, «Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ» Քրիստոսին միացածներուն:
Հարցում. Եկեղեցւոյ հայրերը մեղքի մասին ի՞նչ ըսած են:
Պատասխան. Բազմաթիւ հայրեր զանազան ձեւերով բացատրած են մեղքը: Տանք քանի մը օրինակ: Այսպէս.
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Մեղք գործողը ծառայ է, թէեւ իր գլուխին հազարաւոր թագեր ունենայ, իսկ ով որ ճշմարտութիւնը կ՚արարէ, թէեւ մարդոց մէջ վերջինը ըլլայ, արքայէն աւելի արքայ է»:
Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացին կ՚ըսէ. «Մեղքը ծանր չարիք է, եւ անօրէնութիւնը՝ հոգիի ծանրագոյն հիւանդութիւն: Ան կը թուլացնէ հոգին եւ յաւիտենական կրակին պատճառ կ՚ըլլայ: Մարդուն ինքնակամ թեքումը դէպի չարը, կը բխի մարդու ընտրութենէն: Եւ այն, որ մենք ինքնակամ կը մեղանչենք, մարգարէն ինք կը հաստատէ, ըսելով. “Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի եւ դուն ինչպէ՞ս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար” (Եր 2.21)»:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «...Որովհետեւ, մեղքը, որ մարդ զղջումով կը գործէ եւ ապա կը փոշմանի ու կը խոստովանի, այդ մեղքը հիւանդութիւն էր, որովհետեւ խոստովանութեամբ դարձեալ առողջացաւ. իսկ մեղքերէն այն որ չի՛ զղջացուիր, այդպիսի [մեղքերը] մահ կը կոչուին, ինչպէս սատանան, որ անզեղջ կամքով կը մեղանչէ՝ թողութիւն չունի: Նոյնպէս չզղջացող մեղաւորը, թողութիւն չի՛ ստանար. թողութիւնը ըստ զղջման է. եթէ մարդ ամէն տեսակի մեղքեր գործէ ու զղջայ, խոստովանի, Աստուած այդ ամէնը կը ներէ ու թողութիւն կու տայ. սակայն, մարդ եթէ փոքր մեղք մը գործէ անզեղջ կամքով, եւ չխոստովանի զայն, այդպիսիին թողութիւն չկայ»:
Գէորգ Զ. Չորէքճեան Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Մեղքը մեղք կը ծնի: Սկիզբը կաթիլ մը միայն, որ յետոյ սակայն, հեղեղ կը դառնայ եւ մարդը կը քշէ կը տանի դէպի անդունդ»:
Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանցը կ՚ըսէ. «Դանակի, սուրի հարուածը մարմինը կը վիրաւորէ, լեզուի եւ խօսքի պատճառած վիշտը՝ սիրտը, իսկ մեղքի հարուածը՝ հոգին կը վիրաւորէ ու կ՚աղտոտէ»։
- «Երբ մեղքը մեր հոգին կը մտնէ, ամէն լաւ բան կ՚աւերէ եւ կ՚ոչնչացնէ։ Մեղքը ո՛չ միայն մեր մարմինը կը քայքայէ ու մեր հոգին կ՚ապականէ, այլ՝ զԱստուած կը վիրաւորէ»։
- «Մեղքերուդ շատութիւնը չի՛ կրնար Աստուծոյ ողորմութեան յաղթել, քու վէրքդ, քու հիւանդութիւնդ չի կրնար այնպիսի վէրք, այնպիսի հիւանդութիւն ըլլալ, որ “իմաստուն եւ ճարտարապետ Բժիշկը” չկարենայ բժշկել։ Հետեւաբար, մեղանչեցի՞ր, յոյսդ մի՛ կտրեր, Աստուած մարդասէր է»։
Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ ներել։
Պատասխան. Ներել կը նշանակէ գործուած յանցանք մը կամ մեղք մը արձակել կամ թողուլ։ Կրօնական առումով մարդ ներում կը ստանայ, երբ իր գործածը խոստովանի, ապաշխարէ ու զղջայ, վճռելով կրկին անգամ չմեղանչել ու յանցանք չգործել:
Անյայտ հեղինակ մը խօսելով ներելու իմաստին մասին, այսպէս կը բացատրէ զայն.
«Ներել կը նշանակէ կեանքը ընտրել՝ մահի փոխարէն։
Ներել կը նշանակէ վրէժ լուծելու միտքէն հրաժարիլ։
Ներել կը նշանակէ ներսի հպարտութեան յաղթահարել։
Ներել կը նշանակէ յոյս տալ, փոխել իրողութիւններն ու հանգամանքները։
Ներել կը նշանակէ ցաւակից ըլլալ մէկու մը։
Ներել կը նշանակէ դռները փակել վիրաւորանքի, դառնութեան եւ կորուստի առջեւ։
Ներել կը նշանակէ փրկել ու ողորմիլ։
Ներել կը նշանակէ նախկին դիրքը վերականգնել։
Ներել կը նշանակէ ֆիզիքականի, հոգեւորի եւ շնչաւորի բժշկութեան ճանապարհը ընտրել։
Ներել կը նշանակէ մէկ կողմ ձգել փուճ զգացմունքայնութիւնը։
Ներելը ի վերջոյ՝ Աստուծոյ բնաւորութիւնն է»:
Հարցում. Աստուածաշունչին մէջ ներելու մասին խօսուա՞ծ է:
Պատասխան. Այո՛. Ղուկասի Աւետարանին 17-րդ գլուխին մէջ Տէր Յիսուս մեղքի եւ ներումի մասին կը խօսի: Կարդա՛նք. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր։ Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ “կը զղջամ”, պէտք է ներես իրեն» (Ղկ 17.11-4):
Տակաւին, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս Լերան քարոզին մէջ երկու երեւոյթներու մասին խօսեցաւ՝ վրէժի եւ թշնամիները սիրելու, որոնք ներողամտութեան վառ օրինակներ են: Այսպէս, Մատթէոսի Աւետարանին 5-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Լսեր էք որ ըսուած է. “Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ”։ Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր։ Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր։ Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա։ Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ» (Մտ 5.38-42). եւ «Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. “Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ”։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի. Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։ Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.43-48):
Առիթով մըն ալ Պետրոսը հարցուց Իր Վարդապետին.
«Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։
Յիսուս պատասխանեց.
-Ոչ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը» (Մտ 18.21-22), ասով Տէրը ցոյց տուաւ ներելու անսահմանութիւնը, այսինքն՝ մարդ պէտք է անսահման ներէ: Տէր Յիսուս Իր այս խօսքերուն փաստն ալ տուաւ՝ թէ պէտք է անսահման ներել, երբ խաչին վրայէն ըսաւ. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34):
Հարցում. Եկեղեցւոյ հայրերը խօսա՞ծ են ներումի մասին:
Պատասխան. Այո՛. Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Ինչպէ՞ս ներում կ՚ակնկալես երբ Աստուծմէ կ՚աղերսես, բայց դուն տակաւին չես ներած՝ առանց ներելու անոնց, որոնք չարիք գործած են քու դէմդ: Ուրեմն, Աստուած ինչպէ՞ս ներէ սխալներդ»:
Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանց կը գրէ. «Բայց մեզի՝ վշտացողներուս, մեր սիրտը խոցողներուն ներելու համար պէտք չէ մոռնանք հինգ գլխաւոր բան.
1) Ներել առանց բացատրութեան, այսինքն՝ առանց յիշելու այն պատճառները, որոնցմէ առաջ եկած է յիշաչառութիւնդ ու ատելութիւնդ քեզ վիրաւորողին նկատմամբ։ Ատոր պատճառը այն է, որ քանի դուն տակաւին կը յիշես ատելութեանդ պատճառները, այնքան կը նորոգես ատելութիւնդ եւ փոխանակ ստացած վէրքդ ներողամտութեան ձէթով բժշկելու՝ դուն թէ՛ քու եւ թէ ալ ուրիշի սիրտին մէջ նոր-նոր վէրքեր կը բանաս։
2) Ներել միշտ։
3) Ներել առանց տեղի, ժամանակի եւ անձի պայմանի։ Ինչ որ կարելի է այստեղ ներել, այն պէտք չէ տեղափոխես մէկ ուրիշ տեղ։ Ինչ որ կարելի է այսօր ներել, պէտք է այսօր իսկ ներես։ Ինչ որ կարելի է ներել առանց վկայի, պէտք է առանձին ներես, սրտագէտ Աստուծոյ առջեւ։ Եթէ մէկ յանցանքը կը ներես, պէտք է բոլոր յանցանքները ներես, եթէ հակառակորդի մը կը ներես, պէտք է բոլորին ալ ներես։ Այսպիսի ներումը կատարեալ ներում կ՚ըլլայ։
4) Ներել մշտապէս։ Երբ դուն սրբութիւնը ընդունած ատեն միայն կը ներես, իսկ ապա դարձեալ նետերդ կը սրես՝ հակառակորդիդ սիրտը վերստին խոցոտելու համար, այդպիսով դուն ներած չես ըլլար։ Դուն պէտք է մէկանգամ ընդմիշտ ներես։
5) Ներել առանց դիրքը քննելու։ Պէտք չէ ըսես՝ մեծը, հարուստը, գիտունը ես եմ, ա՛ն պէտք է ինձմէ ներում խնդրէ, պէտք չէ ըսես՝ այսինչ գործին մէջ յանցաւորը ես չէի, ա՛ն էր, հետեւաբար ա՛ն պէտք է ներում խնդրէ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ