ԱԿՆԱՐԿ - 72 - ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԱՒԱԳ ԳՐՉԵՂԲՕՐՍ՝ ՅԱՐԳԱՐԺԱՆ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻՆ
«Ժողովուրդները կ՚ապրին եւ կը գոյատեւեն հայրենիքով,
իսկ հայրենիքը կը ծաղկի իր զաւակներուն նուիրումով ու զոհողութիւններով»
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետ
Հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ի թերթիս մէջ լոյս տեսաւ թերթի աւագ գրիչներէն՝ Յարգարժան Գէորգ Պետիկեանի «Նամակն ու պատասխանը» գրութիւնը: Տրուած պատասխաններուն լիովին համամիտ ըլլալով, ուզեցի, աւելի ճիշդ համարձակութիւն ձեռք ձգեցի այս գրութեամբ պատասխանել աւագ գրչեղբօրս հարցումներուն:
Այսպէս, առաջին հարցումը հետեւեալն էր. «Ե՞րբ պիտի մտածենք ազգովին դուրս գալ մեր այս խառնակ, անախորժ, ամօթալի եւ մեր ձեռքերով իսկ ստեղծուած հայրենի թէ սփիւռքի խառնակ իրավիճակներէն: Բոլորս ալ դարձած ենք ինքն իրեն չվստահող մարդ: Անճանաչելի: Անորակ: Ըսէ՛, ե՞րբ կանգ պիտի առնեն ատելութեան այս շունչն ու նախանձը»:
Այս հարցումին կը պատասխանեմ, ըսելով, թէ այն պահուն երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք լաւապէս ճանչնայ, գիտակցի թէ ի՛նչ ազգի զաւակ է, ո՛վ եղած են իր նախնիները, ի՛նչ տուած են՝ ո՛չ միայն հայ ազգին, այլ՝ համայն մարդկութեան, ի՛նչ պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ ունի որպէս այս ազգի զաւակ, ապա կը կարծեմ որ այդ խառնակ իրավիճակներու թնճուկը սկսած կ՚ըլլանք քանդել:
Անճանաչելի ու անորակ դարձած ենք, որովհետեւ պարզապէս խօսքերով ու զգացումներով կ՚առաջնորդուինք: «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»: «Ես Հայ Առաքելական եմ, կաթոլիկ եմ, բողոքական եմ»: «Ես դաշնակցական եմ, հնչակեան եմ, ռամկավար եմ, համայնավար եմ, հանրապետական եմ»: «Ես ՀՄԸՄ-ական եմ, ՋԱՆԻՑ-ական եմ, ՀՄՄ-ական եմ, Զաւարեանական եմ»: Եւ այսպէս շարքը կարելի է երկարել: Բայց երբ այսպէս ըսողներուն հարցնենք, թէ գիտե՞ս ո՛վ եղած է քաջ Վարդանը, կամ Զաւարեանը: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, հայ կաթոլիկութեան ու բողոքականութեան պատմութիւններուն ծանօ՞թ ես: Յիշածդ կուսակցութիւններուն կամ շարժումներու գաղափարականներուն, համոզմունքներուն ու սկզբունքներուն գիտա՞կ ես…, վստահաբար մեծամասնութիւնը խուսափողական պատասխան պիտի տայ, եթէ անշուշտ պատասխան տայ:
Ատելութեան շունչն ու նախանձը վերջ կը գտնեն այն պահուն, երբ դարձեալ կրկնեմ՝ կը ճանչնաք մենք մեզ նախ եւ առաջ, իրարու մէջ մրցակիցներ կամ թշնամիներ չե՛նք փնտռեր, այլ՝ արիւնակից ազգակիցներ: Այդ երեւոյթները վերջ կը գտնեն, երբ հաւաքական մտածելակերպ ունենանք, թէ դիմացինիս յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը ի՛մս են, եւ փոխադարձաբար: Դիմացինիս ուրախութիւնը եւ տխրութիւնը ի՛մս են, եւ փոխադարձաբար: Անդին, բարոյական գետնի վրայ, մարդ որպէս չնախանձի կամ չատէ, սիրե՛լ պիտի գիտնայ, իսկ այսօր մենք ազգովին սիրելու արուեստէն շա՜տ հեռացած ենք: Մենք չե՛նք գիտեր ի՛նչ է սէրը, ինչպէ՛ս կարելի է ու պէ՛տք է սիրել: Երբ սիրելու արուեստին կրկին անգամ տիրապետենք, ապա այդ ժամանակ ատելութիւնն ու նախանձը մէկանգամընդմիշտ կը վերանան:
Ձեր երկրորդ հարցումին, թէ՝ «ինչպէ՞ս պիտի կարենանք չափել հայուն ստացած հին ու նոր հարուածներուն հետեւանքները եւ հաշտուիլ անհասկնալիին հետ, որպէսզի գտնենք ու ճոխացնենք վաղուան մեր յոյսն ու ճամբան: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք կապուիլ ժողովուրդին հետ եւ սողալ մարդոց մտքերուն մէջ, վերաշինելու համար հայու մեր կեանքը ու կառուցելու մեր երազանքը» պատասխանը հետեւեալ ձեւով կը պատկերացնեմ: Այդ բոլորին կրնանք հասնիլ, երբ գիտակցինք մեր գործած բազմաթիւ սխալներուն, որոնց արդիւնքով հասած ենք այս իրավիճակին: Գիտակցելէ ետք գործնական քայլերու դիմենք, պատժելու գլխաւոր թերացողները, որպէսզի խրատ ու դաս դառնան գալիք սերունդներուն: Պատժել երբ կ՚ըսեմ, նկատի չունիմ բռնել ծեծել, ցաւցնել, մէկ խօսքով պատժելու դասական հասկացողութիւնը նկատի չունիմ, այլ՝ պատժել խրատելու համար ներկայ եւ գալիք սերունդները, որպէսզի նոյն սխալներուն մէջ չիյնան, նոյն սխալները չկրկնեն: Որովհետեւ, մարդ ինչքան նոյն սխալներուն մէջ իյնայ ու կրկնէ զանոնք, ինքզինք կը մաշէ, կը սպառէ, այլ խօսքով՝ ինքն իր արարքներով ինքզինք անձնասպանութեան կը մղէ…: Անհատի պարագային այս մէկը սարսափելի է, այլեւս պատկերացուցէք ժողովուրդի պարագային…:
Ձեր հետեւեալ հարցումին, թէ՝ «վերջապէս ի՞նչ կը նշանակէ այս: Նման բաներու դիմաց իրապէս սիրտդ ալ կը մաշի: Որովհետեւ, այս իրողութիւններէն մեկնած, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ քալել ներկայէն դէպի վաղը հասնելու: Այս վիճակով ինչպէ՞ս նոր սերունդին ուղղութիւն կրնանք տալ, երբ անկարելի է հանդուրժել վաղուան անստգութիւնը», այսպէս պատասխանեմ: Որպէսզի ներկայէն դէպը վաղը (ապագայ) քալենք, պիտի սորվինք մեր ներկան ապրիլ: Եթէ չսորվինք մեր ներկան ապրիլ, վաղը մեզի համար միշտ ալ պիտի մնայ գեղեցիկ երազ մը, որ այդպէս ալ պիտի չկարենանք վայելել:
Դժբախտաբար, մենք մեր ներկան լիիրաւ կերպով չենք ապրիր, որովհետեւ անթեղուած ենք անցեալին մէջ: Մեր ներկան մենք կը փորձենք կառուցել մեր անցեալով: Ճի՛շդ է, որ անցեալը կարեւոր է, անցեալի գիտակցումը անհրաժեշտ է ներկան ապրելու եւ վաղը (ապագան) կերտելու համար, բայց երբ կարեւորութիւնն ու գիտակցումը կը վերածուին գերութեան, ապա այդ անցեալը ո՛չինչով կ՚օգնէ մեզի:
Կը հպարտանանք ըսելով, թէ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք: Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակներէն քանի՞ հոգին կը ճանչնան զՔրիստոս եւ իրապէս որպէս քրիստոնեայ կ՚ապրին: Քրիստոնէութիւնը մոմ վառել, սովորութենական ուժով մկրտուիլ, պսակուիլ կամ մեր հարազատը եկեղեցիով գերեզման տանիլ չէ՛…:
Կը հպարտանանք մեր Ոսկեղնիկով, այսօր սակայն ի՜նչ անմխիթար վիճակի մէջ յայտնուած է այն: Թերթեցէք սփիւռքի մամուլը, քանի՞ տեսակի ուղղագրութիւն, քանի՞ տեսակի քերականութիւն, քանի՞ տեսակի կամայականութիւն: Հայաստանի մասին խօսիլ իսկ պէտք չէ, որովհետեւ երբ հայաստանեան մամուլը ձեռք առնէք, ապա ձեր ործկալը կու գայ ո՛չ միայն օտար բառերու առկայութենէն, այլեւ՝ օտար մտածողութեան հայերէնով ներկայացուած ըլլալու հանգամանքէն: Ձեր «ընկերոջ» պատասխանին մէջ նկարագրուած «խեղանդամ ու փնթի արաբ մարդ»ուն վերաբերմունքը իր լեզուին նկատմամբ, մեզմէ շատերուն պէտք է օրինակ ու խրատ դառնայ…:
Ձեր վերջին հացումին, թէ՝ «ե՞րբ հայրենիքը իր բուն նպատակին պիտի հասցնենք: Ըսէ՛...: Այս բոլորը ի՞նչ սրտով, երբ կեանքը մխիթարական բան մը իսկ չունի եւ չունինք: Ինչպէ՞ս մեր ինքնութեան հաւատարիմ պիտի կարենանք մնալ, եւ ստեղծենք հայու կենսախինդ եւ լուսաւոր վաղը»…: Ըսեմ, այն ատեն Հայաստանը իր բուն նպատակին պիտի կարենանք հասցնել, երբ զայն որպէս ՏՈՒՆ եւ ԾՆՈՂ ընկալենք, եւ ո՛չ թէ հողի կտոր մը եւ կամ արձակուրդներուն «լաւ ժամանակ» անցընելու վայր մը: Հայրենիքը «գինովցած ու տաք գլուխ»ով ըսուած կենացներուն մէջ չէ՛: Հայրենիքը Խոր Վիրապի մօտ Արարատին հետ լուսանկարուիլ չէ՛, ոչ ալ Սեւանայ լիճին իշխանը վայելելուն մէ՛ջ է: Հայրենիքը ամէն տարի որոշ գումար յատկացնելու մուրացկանի աման չէ, որ այդ «պարտականութիւն»ը կատարելով, բարոյական բաւարարութիւն զգաս: Հայրենիքը այս բոլորը չէ՛, այլ՝ ան տո՛ւն է, պապենական օճա՛խ է: Հայրենիքը ծնող է, իսկ ծնողը մնայուն խնամքի եւ ուշադրութեան կարիք ունի, ո՛չ թէ հեռուէն, այլ՝ մօտէն: Տունն ու ծնողը առանց շունչի, առանց իր զաւակներու գուրգուրանքին ու այնտեղ բնակելուն չի՛ կրնար երկար գոյատեւել: Այդպէս ալ հայրենիքը, առանց իր զաւակներու ներկայութեան, առանց անոնց շինարար բազուկներուն եւ արարող միտքերուն չի՛ կրնար գոյատեւել ու իր կեանքի պայքարը մղել:
Երբ Հայաստանը որպէս տուն եւ ծնող ընկալենք, ապա այդ ժամանակ կը կարենանք մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալ, միաժամանակ կը յաջողինք ստեղծել հայուն կենսախինդ եւ լուսաւոր վաղը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 21 յունիս 2024