ԼԱՑԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ
Բնութեան պարգեւներէն մէկն ալ արցունքն է - յուզումի արտայայտութիւն ե՛ւ ուրախութեան ե՛ւ տխրութեան պահերուն:
Տխրութեան պահերուն միակ ընկերակից իբրեւ աչքերէդ կը հոսի, տաք, բարեկամի մը ողջոյնին նման...։
«Լաց իմ մուսա, մարդիկ չլացին անյայտ ընկածին» (Վ. Տէրեան)
Դարաւոր մեր կեանքի պատկերը կը գտնենք մեր երգերուն մէջ, որոնք դժբախտաբար ըլլալով նաեւ արուեստով համեմուած, կը կապեն մեզ ու յոյզերու ալիքներուն մէջ, կարծես թէ խեղդելու եւ ընթացքին մէջ, միախառնուած մեր մտածումներուն եւ ապրումներուն, ձեւով մը կերտած են մեր ինքնութիւնը ու մէկ մասը եղած մեր սիրտին եւ մտածողութեան այդքա՜ն հարազատ, եւ յիրաւի՛: Ի հարկէ, երբեմն-երբեմն պոռթկումներ ալ եղած են, սակայն չեն յարատեւած, քանի որ կապուած են մեր առօրեային ու մեր առօրեան երբ արթնութեամբ սկսաւ բացուիլ աշխարհին, ըմբոստութեան ու ապա յեղափոխութեան լեզուով բեկում մը յառաջացաւ, ի հարկէ մնացին սակայն տխրամած երգերը մեր հոգիին մէջ, իբրեւ կապը հարազատ ներկայէն անցեալին ընդելուզող:
Չարենցի Ռէքուիէմը նուիրուած Կոմիտասին, որ սակայն վերջ ի վերջոյ կը բախի աճիւններու տունդարձին, քիչ մը լաւատեսութիւն սփռելով.-
«Արդեօք կարո՞ղ էր քո որբ,
Փակուած հոգին երազել
Որ դառնալու ես մի օր
Քո հայրենիքը վսեմ...
Որ պիտի շուրջդ բուրի
Սէրն ու գգուանքը մեր այս
Ու Չարենցը համբուրի
Քո շրթունքները մեռած»:
Հայաստան ըլլալով Խորհրդային Միութեան մէկ միաւորը, ի հարկէ ենթակայ էր ընդհանուր օրէնքի մը: Գրականութիւնը չէր մնար այդ ընդհանուրէն դուրս, երբ լացող լուսին մը կամ կորսուած սէր մը թախանձագին երգելը չէր քաջալերուած իբրեւ «անկումային» պէտք էր երգել բացուող Արեւը պայծառ՝ նո՛ր դարաշրջանի, որ աշխարհին պիտի բերէր ցանկացած խաղաղութիւնը, որոնց համար ժամանակին գրած եմ.-
«Հաւատքս ինկաւ որսի պէս մեռած
Փշապատ լերան ժայռոտ կողերուն
Հոնորարային երգերը զուարթ
Ու եղբայրական ճառերը սահուն
Ոչ երկինք թռչող հրթիռները բարդ
Չբացին արեան երակները մութ»:
Մինչ այդ Գեղամ Սարեան կը գրէր.-
«Կոմունիզմը կը գայ, սրտերի, սրտերի վրայով կը գայ նա
Ժողովուրդը կը կլլէր ր տառը, զայն ընելու... «ստեր»...
Այս ալ ա՛յլ ցաւ մեր կեանքին իրականութենէն:
Եւ սակայն... «այսպէս չի մնար» ու 1952-էն յարաբերական ազատութենէն սանձահարուելով, յառաջացաւ ճոխ գրականութիւն... մեր անմիջական անցեալը պատկերացնող, որոնց մէջ ի հարկէ առիւծի բաժինը կ՚իյնար... հայաջինջ կոտորածներու յուշերուն ու պատկերացումներուն... որոնք դարձեալ պիտի քրքրէին թոնիրը, պիտի պատկերէին հարսը բռնաբարուած եւ այլ բաներ: Գրողներու փաղանգէն, որոնցմէ ի հարկէ ամենէն նշանաւորն է ամենատաղանդաւոր բանաստեղծը՝ Պարոյր Սեւակ, իր «Անլռելի զանգակատուն»ով եւ «Եռաձայն Պատարագ»ով, ուր երգուած է մեր ցաւն ու յուսախաբութիւնները, պոռթկումները... անմեկնելի:
«Ցաւերս լամ ու թեթեւանամ» (Յ. Շիրազ)
Ի հարկէ լացը թեթեւութիւն կու տայ:
Նիւթը՝ կը յիշեցնէ ու կ՚ապրեցնէ անցեալը. իւրօրինակ ու անմեկնելի անուշութեամբ մը: Բնութիւնը ի զուր չէ պարգեւած զայն մեզի:
«Եկ իմ սրինգ, իմ բարեկամ սրտագին
Նիհար շրթերդ ո՜հ, դալկահար
Դիր դալկահար իմ շրթերուն
Երգենք ու լանք, լանք ու երգենք տրտմագին»: (Մ. Պ.)
Լանք, բայց մեր արցունքներուն մէջ չխեղդուինք
Պայքարինք, բայց մեր արեան մէջ չթաթխուինք
Արժէք ըլլանք որպէսզի արժեւորել գիտնանք եւ արժեւորուինք:
Նաֆթ չունինք:
Մե՛նք ըլլանք մեր նաֆթը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024