ԳԻՏԱԿՑԵԼՈՎ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ

Գաղտնիք չէ, որ աշխարհատարած Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) այսօր կը ներկայացնէ մասնատուած վիճակ մը։ Անոր թեւերէն մին՝ գլխաւորութեամբ Մայք Խառապեանի, կը շարունակէ «հաւատարիմ» մնալ Հայաստանը պատուհասած իշխանութիւններուն եւ ինչ-ինչ հաշիւներով տարուած նեցուկ եւ համամտութիւն ցոյց կու տայ Նիկոլ Փաշինեանին։

Սփիւռքի մէջ փառահեղ կեցուածքներով կուսակցութեան մէկ մասնիկը սակայն չի գիտակցիր, որ ինչ բարդ փուլերէ կ՚անցնի Հայաստանը, որուն առընթեր ալ պատասխանատուութեան մեծ բեռ կայ դրուած՝ այսօրուան իշխանաւորներուն։ Միշտ իշխանութեան հետ ըլլալ ու ներկայանալ որպէս թէ Հայաստանի ցաւով ու տագնապով ապրող ազգային կուսակցութիւն մը, որ հայրենիքը ամէն բանէ վեր կը դասէ, առնուազն այս օրերուն չաշխատող արժեչափ է, մանաւանդ երբ մեր աչքին առաջ դնենք եղած կորուստները, արտաքին ճակատին վրայ գործուած սխալներն ու ապիկար մօտեցումները, որոնք երեւան եկան ո՛չ միայն Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ողբերգութենէն ետք, այլեւ «Թաւշեայ Հայաստանի ստեղծման» առաջին օրերուն։

Կայ լրջութեան պակաս ու տխուրը այն է, որ այդ լրջութեան պակասը ինչ-ինչ անընդունելի պատրուակներու յենլով՝ դարձած է հայաստանեան մեր կեանքի եւ ամէնօրեայ ապրումի անբաժանելի մէկ մասը։ Երկիրը կը քանդուի, հասարակութիւնը կը բաժանուի եւ հաւաքականութիւնը կուրութեան կը տարուի. այս բոլորը շատ յաճախ կը կատարուին մեր աչքերուն դիմաց։

Ճիշդ է, ընդդիմութիւնը իտէալական չէ, բայց եղած սխալներէն ետք յարմարագոյն դեղամիջոցն է սկսիլ բուժելու համար Հայաստանի վէրքերը։

Այս բոլորը գրեցի պարզապէս մատնացոյց ընելու համար, որ ՌԱԿ-ին մէջ կան իրապէս նուիրեալ գործիչներ, որոնք նախ եւ առաջ անկեղծ են իրենց անձին հետ, կը տեսնեն եւ ճիշդ կը դիտարկեն այսօրուան իրավիճակը ու «Կայսրինը՝ կայսրին տալով» կամ «Այն ինչ որ Աստուծոյ է, տալ Աստուծոյ» ընելով՝ կը խօսին հարցերուն արագ լուծումներ բերելու շեշտադրումներով, նաեւ մեծ մտահոգութեամբ։ Այդ նուիրեալ գործիչներէն մին է ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Գէորգ Հալէպլեան, որու հետ ունեցանք բազմաբովանդակ զրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Հարաւային Կովկասի խմորումները. Հայաստանը եւ Արցախը իրապէս վտանգո՞ւած են։ Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը։

-Բոլորիս յայտնի է, որ այս տարուան փետրուարէն սկսեալ աշխարհաքաղաքական բարդ եւ անկանխատեսելի զարգացումներով, ինչպէս նաեւ նոր աշխարհակարգի մը ծիլերը «աւետող» հանգրուանի մը առաջ կը գտնուի համայն մարդկութիւնը։ Բնականաբար Հարաւային Կովկասը անմասն պէտք չէր մնար վերոնշեալ իրադարձութիւններէն, նկատի ունենալով, որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը տակաւին հանգուցալուծուած չէ եւ տակաւին տարածաշրջանի մէջ չկայ երկարատեւ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան նպատակով շօշափելի արդիւնքներ։

Դժբախտաբար Արցախի հիմնահարցը այսօր միջազգայնացուած է, նկատի ունիմ միջազգային տարբեր ուժային կեդրոններու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներու ներգրաւուածութիւնը, որ առաւել կնճռոտ եւ բարդ դարձուցած է տարածաշրջանի խաղաղութեան հայեցակարգը, հետեւաբար նաեւ դժուարացած է այդ ուղղութեամբ տարուող քաղաքական թէ դիւանագիտական աշխատանքները։

Նոյեմբերի 9-ի հրադադարի պայմանագրով իրապէս անգործութեան մատնուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը, որ ձեռնտու էր Ռուսաստանին, Թուրքիոյ, Իրանին եւ Ատրպէյճանին, որպէս կարեւոր գործօն՝ Արեւմուտքի ազդեցութեան նուազեցման Հարաւային Կովկասի մէջ։

Վերջերս ռուս-թրքական եւ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու սերտացումը մտահոգիչ սկսած է դառնալ հայ հասարակութեան համար։ Իսկ Արեւմուտքն ալ, բացի անհասցէ յայտարարութիւններէ, ոչինչով կրցած է փոխել իրավիճակը եւ ազդել ռազմական թէ քաղաքական գործընթացներուն վրայ։ Ստեղծուած պատկերը մեզի կը յիշեցնէ 20-րդ դարուն իրադրութիւնը եւ Արեւմուտքի կողմէ հայ ժողովուրդին տրուած «խոստումներ»ու ժամանակաշրջանը։

Ուրեմն, կրնանք եզրակացնել որ, քանի Հայաստան առարկայական պատճառներով, դադրած է Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալէ, եւ քանի որ գերտէրութիւններ այս հանգրուանին անկամեցող են Արցախի հարցի հայանպաստ լուծումներ առաջարկելու, կարելի է ըսել, որ Արցախը մնացած է միայնակ։ Միւս կողմէ, Ատրպէյճան տեսնելով Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի կրաւորական եւ դիտորդի կեցուածքը, պիտի շարունակէ Արցախի բնակչութեան զտման եւ հայաթափման գործընթացը։ 

-Վերջերս նկատեցինք, որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդին կողմէ հնչած տեսակէտները իրապէս իրավիճակը փոխեցին։ Առհասարակ Պաքուի Արցախի ուղղութեամբ բացած կրակը կապ ունի՞ Իրանի կարծր տեսակէտներուն հետ, կապուած Սիւնիքի անվտանգութեան։

-Անցեալ ամիս Թեհրանի մէջ կայացած Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներու հանդիպումը, ըստ էութեան, թրքական 3+3 ձեւաչափի առանցքային երկիրներու նախագահներու գագաթաժողով էր։ Բնականաբար իւրաքանչիւր կողմ ունէր իր քաղաքական եւ անվտանգային օրակարգերը։ 

Իրանի արտաքին քաղաքական բնագաւառին առընչուող, յաճախ երկիմաստ եւ լղոզուած յայտարարութիւնները այլեւս նորութիւն չեն, նամանաւանդ երբ Իրանի ղեկավարը գագաթաժողովի ընթացքին շնորհաւորեց Ատրպէյճանը՝ իր տարածքները ազատագրելու առթիւ, հակառակ որ Ատրպէյճան ներկայ չէր այնտեղ։ Այնուամենայնիւ, Իրանի ղեկավարը առանձին-առանձին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն յատուկ ուշադրութիւնը հրաւիրեց, որ անընդունելի է սահմանի որեւէ փոփոխութիւն, նկատի ունենալով «Զանգեզուրի միջանցք»ը, որուն իրականութիւն դառնալու պարագային Իրանի կապը կը խզէր Հայաստանէն, հետեւաբար նաեւ կը փակէր Վրաստանի միջոցաւ դէպի եւրոպական շուկաներ դուրս գալու ճանապարհները։ Չմոռնանք նշել, որ Իրան խիստ կերպով զգուշացուց Թուրքիան, որպէսզի հրաժարի Սուրիոյ մէջ որեւէ ռազմական գործողութիւններ սկսելու մտադրութենէ։ Բնականաբար Իրանի այս կեցուածքը առաջին հերթին կը բխէր իր շահերէն, յետոյ նաեւ Հայաստանի շահերէն։ Վերոյիշեալ գագաթաժողովի արդիւնքներէն գոհ չեղան Ռուսաստանը, Թուրքիան, հետեւաբար նաեւ Ատրպէյճանը, որոնք «Զանգեզուրի միջանցք»ի շահառուները կը նկատուին։ 

-Բերձորի եւ անոր յարակից շրջանները Ատրպէյճանին յանձնելու «համաձայնութիւն»ը նոր օրակարգ մը չէր, բայց եւ այնպէս, բովանդակ հայութեան համար դուռ բացաւ նոր լարումներու։ Ի՞նչ է պատճառը եւ արդեօք հակազդումը իրավիճակի ծանրութեան կը համապատասխանէ՞։

-Նոյեմբերի 9-ի պայմանագիր կոչուածը, իր իւրաքանչիւր կէտով կը միտի հասարակութիւնը ապակողմնորոշելու, կարծէք յատուկ լղոզուած եւ երկիմաստաւորուած կերպով խմբագրուած ըլլայ։ Այնտեղ կան անյստակութիւններ, եւ իւրաքանչիւր կողմ կրնայ իւրաքանչիւր կէտ իր ըմբռնած ձեւով մեկնաբանել։ Անյստակութիւն կայ նաեւ, այսպէս կոչուած, ռուս «խաղաղապահ» ուժերու օրինական կարգավիճակի եւ լիազօրութիւններու կամ պարտաւորութիւններու մասին։ Ինչպէս գիտենք, Ատրպէյճան տակաւին չէ ստորագրած «խաղաղապահներ»ու մանտաթը օրինականացնելու փաստաթուղթը, առարկելով, որ այնտեղ պէտք է գրուած ըլլայ, թէ «խաղաղապահ ուժերը պէտք է տեղակայուած ըլլան Ատրպէյճանի մէջ». բան մը որ Ռուսաստան մերժած է, քանի որ «խաղաղապահ» առաքելութեան ժամկէտը աւարտելուն պէս Ատրպէյճան պաշտօնապէս կրնայ դուրս հրաւիրել այդ ուժերը։ Սակայն, ինչպէս վերը ըսինք, Ատրպէյճան իր «հասկցած» ձեւով թարգմանած է 6-րդ կէտը, որ խախտում է այդ կէտի տառին եւ բովանդակութեան։ 

Իսկ իրականութիւնը այն է, որ 6-րդ կէտը յստակօրէն կ՚ըսէ, թէ «կողմերը երեք տարուայ ընթացքին համաձայնեցուած ծրագիր պիտի մշակեն» այլընտրանքային ճանապահի կամ Լաչինը շրջանցող նոր ճանապարհի վերաբերեալ։ Եւ ինչպէս տեսանք, Ատրպէյճան, առանց համաձայնեցուած ծրագրի, սկսաւ այլընտրանքային իրեն բաժին ինկած ճանապարհաշինութիւնը եւ աւարտեց զայն։ Այս իմաստով ճիշդ էր Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Արմէն Գրիգորեանի այն յայտարարութիւնը, որ Ատրպէյճանի գործելաոճը ապօրինի է։ Կոպիտ խախտում կատարած է նաեւ Ռուսաստանը, քանի ինք ալ ստորագրած է այդ պայմանագիրը եւ քար լռութիւն պահպանած Ատրպէյճանի կողմէ այդ կէտի խախտման նկատմամբ։ Իրավիճակը շատ ծանր է եւ ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան շրջան առ շրջան, համայնք առ համայնք կ՚ուզէ հայաթափել Արցախը։

-Խօսինք ներքաղաքական դրութեան մասին. ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի ընդդիմութեան կեցուածքները եւ գործելաոճը, տրուած ըլլալով նաեւ, որ այն նուազ Ռամկավար գործիչներէն էք, որ տարբեր առիթներով քննադատութիւններ ուղղած էք Փաշինեանի ու անոր վարչախումբի հասցէին։

-Որեւէ զարգացած եւ ժողովրդավարական հասարակարգի մէջ, ընդդիմութիւնը ունի առանցքային դերակատարութիւն երկրի պետական աւելի արդիւնաւէտ կառավարման, իշխանութիւնը հաւասարակշռելու եւ զսպելու սահմանադրական իրաւունք։ Այդ իմաստով մեր քաղաքական դաշտը տակաւին չէ կայացած։ Անընդունելի է ընդդիմութեան փողոցային վարքագիծը՝ իշխանափոխութեան հասնելու, երբ կայ երկրի բարձրագոյն քաղաքական հարթակը՝ Խորհրդարանը, բոլոր օրէնսդրական եւ արտաքին թէ ներքին քաղաքական հարցերը լուծելու միակ օրինական կառոյցը։ Իշխանափոխութիւն պէտք է իրականանայ ըստ սահմանադրութեան՝ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններով։ Անընդունելի է նաեւ իշխանութեան «բոլոր խնդիրները առանձին լուծելու» սխալ վարքագիծը կամ երկրի փրկութիւնը իր մենաշնորհը դարձնելու աշխատելաոճը։ Իշխանութիւնները պարտաւոր են փորձառու, պատմական գիտելիքներով զինուած, արհեստավարժ, մեր ազգի եւ պետականութեան շահերուն գիտակից, անկախ իրենց քաղաքական եւ գաղափարական հայեացքներէն՝ խորհրդատուներ ունենալ, նաեւ արտաքին դիւանագիտական փորձ ունեցող անձինք հրաւիրել պետական արտաքին քաղաքական գործընթացներուն։ Իշխանութիւնները երկրի գոյութենական կամ ինքնիշխանութեան կորուստի սպառնալիքի պարագային, պարտաւոր են մէկդի դնել ընդդիմութեան հետ առկայ տարակարծութիւնները (նոյնը կը վերաբերի նաեւ ընդդիմութեան), ի մի բերել երկրի ապագայով մտահոգ քաղաքական, հասարակական խմբաւորումները, մտաւորականութիւնը, արտախորհրդարանական ուժերը եւ միասնաբար դիմակայել եւ յաղթահարել ստեղծուած օրհասական վիճակը։

-Միշտ մտավախութեամբ արտայայտուած էք որպէս ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանի ոչ-համապատասխան քայլերուն եւ գործելաոճին մասին։ Այս գործելաոճը միտումնաւո՞ր է կամ ժամանակաւոր, եւ Հայաստանը այսօրուան կտրուածքով Մոսկուայէն ու անոր խաղաղապահներու Արցախի մէջ ներկայութիւնէն զատ այլընտրանքներ ունի՞։

-Դժբախտաբար մեր հասարակութեան մէջ կայ այն կարծրատիպը, որ եթէ քննադատուի երկրի մը արտաքին քաղաքական վարքագիծը, ապա այն նաեւ կ՚առընչուի այդ երկրի ժողովուրդին հետ։ Պէտք է յստակօրէն տարանջատել երկրի մը վարչախումբը իր ժողովուրդէն։ Անմիտ է այն հայը, որ գիտակցաբար կը ժխտէ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու դարաւոր պատմական, քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութային, մարդասիրական, կենցաղային, ընկերային յարաբերութիւններու գոյութիւնը։ Պէտք է նաեւ հասկնալ, որ Ռուսաստան ունի իր աշխարհառազմավարական եւ աշխարհատնտեսական շահերը եւ յաճախ անոնք չեն համընկնիր մեր ազգի եւ պետականութեան շահին հետ, յաճախ ան աւելի լաւ բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէ մեր հակառակորդներուն հետ, ի գին մեր տարածքներու եւ մարդկային զոհերու։

Բայց նաեւ պէտք է գիտակցիլ, որ ի պահանջել հարկին պէտք է ունենալ քաղաքական խիզախութիւն եւ ճկունութիւն՝ գործելու զգուշաւոր եւ հեռատես քաղաքականութեամբ, որոնելով այլընտրանքային ելքեր, երբ ռազմավարական դաշնակիցը իրապէս եւ առարկայօրէն անկարող է (պայմանաւորուած՝ պետութեան դիմակայած դժուար եւ ճգնաժամային իրավիճակներով) մեր ազգի եւ պետականութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022