ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կու տայ սիրտի մաքրութիւնը մարդուն:

Պատասխան. Առակացի մէջ կը կարդանք. «Սիրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ ու թագաւորը անոր բարեկամ կ՚ըլլայ» (Առ 22.11): Սիրտի մաքրութիւնը, արդարեւ, մարդուն օրհնութիւն եւ շնորհք կու տայ, աւելին, սիրտի մաքրութիւնը մարդուն առիթ կու տայ զԱստուած տեսնելու, ինչպէս կը հաստատէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, ըսելով. «Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մտ 5.8):

Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին, այս համարի բացատրութեան մէջ, կը գրէ. «Սիրտի անարատութիւնն ու մաքրութիւնը մեր աչքերը կը բանան՝ տեսնելու համար զԱստուած (Մտ 5.8), Անոր հետ ընկերներու նման կը նստինք ու մեր մէջ կը կրենք Անոր սուրբ պատկերը: Ան սիրտով մաքուրներուն տակաւին շնորհք կու տայ աշխարհի մեծամեծներուն մօտ, հակառակ իրենց նախանձողներուն: Տակաւին, ասիկա կը յայտնէ այն, ինչ որ Սողոմոնի սիրտին մէջ կայ, որով ան կարօտ ունէր ո՛չ թէ թագաւորներու եւ մեծամեծներու ընկերութեան, այլ՝ սիրտով մաքուրներուն: Իրաւ հաւատացեալը իր ուրախութիւնը կը գտնէ ընկերութիւն ընելով սիրտով մաքուրներուն հետ, որպէսզի մասնակից դառնայ անոնց Աստուածտեսութեան. “Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն”»:

Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան սիրտի մաքրութիւնը կը համարէ մարդուն ամենէն գերագոյն փափաքը, որ կրնայ ունենալ: Այս մասին սրբազանը կը գրէ. «Գերագոյն բաղձանքը, զոր իւրաքանչիւր հաւատացող եւ մանաւանդ խորունկ հաւատացող անհատ կ՚ունենայ - տիրանալ սիրտի սրբութեան եւ արժանանալ Աստուծոյ տեսութեան: Եւ Քրիստոս երանի՜ կը կարդայ անոնց, որոնք այդ շնորհքը ընդունելու պատրաստ են, որովհետեւ բոլորին տրուած չէ անիկա, այլ անոնց, որոնք աստուածային սիրով ջերմացուցած իրենց հոգին, կը վանեն իրենց սիրտերէն ամէն չար մտածում, ամէն թշնամանք, ամէն բիծ, եւ սիրտի կատարեալ մաքրութեամբ, անկեղծ հաւատքով ու աղօթքով կը նուիրուին Աստուծոյ»:

Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ սիրտի մաքրութեան հասնիլ. աշխատանքով, տառապանքով: Այնքան ատեն որ մարդ իր այս մարմինին մէջ է, միշտ ենթակայ է փորձութիւններու եւ իր մաքրութիւնը կորսնցնելու, որովհետեւ բազմաթիւ հանգամանքներ կու գան խաթարել եւ սեւցնելու իր ընթացքը, եւ եթէ մարդ պէտք եղած աշխատանքը չտանի, ապա կրնայ դիւրութեամբ մոլորիլ, իր մաքրութիւնը կորսնցնել եւ յայտնուիլ չարի ճիրաններուն մէջ:

Նոյնիսկ չարի ճիրաններուն մէջ յայտնուելէն ետք մարդ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ դարձեալ իր սիրտը մաքրելու եւ անարատ դարձնելուն: Այդ մաքրութեան միջոցը կամ ճամբան՝ ապաշխարութիւնն է, ինչպէս Զարեհ Սրբազան կը գրէ. «Ամէն մաքրութիւն ճիգով ու նեղութեամբ կ՚ըլլայ: Ոսկին կրակին տառապանքէն կ՚անցնի՝ իր զօրութիւնն ու փայլքը գտնելու համար: Տառապագին երկունք մը անհրաժեշտ է, որպէսզի մայր մը կարենայ նոր ծնունդ մը տալ աշխարհին: Նոյնպէս ալ Աստուծոյ սիրոյն դարձող ամէն մէկ անհատ նոր ծնունդ մըն է, որ պէտք է նոյնպիսի երկունքէ մը անցնի, ըլլալու համար նո՛ր արարած:

Այդ երկունքն է ահա ապաշխարութիւնը:

Իսկական ապաշխարողը, հետեւաբար, ան է՝ որ զղջալով ու ցաւելով իր նախկին սխալներուն ու թերացումներուն համար, կ՚որոշէ ՓՈԽԵԼ ԻՐ ԸՆԹԱՑՔԸ, ետ դառնալ իր նախկին ճանապարհէն դէպի նոր ուղղութիւն եւ նոր կեանք:

- Մոլութեանց ու մեղքին գերի՞ն էր. արդ, կը դառնայ Քրիստոսի շնորհքով ազատագրուած մարդ:

- Կեանքէն դառնացած ու յուսահատա՞ծ մըն էր. կը դառնայ տառապանքով քաղցրացած եւ իմաստնացած, եւ յոյսով զուարթացած անձնաւորութիւն:

- Սիրոյ պակասը ունեցող սառն հոգի՞ մըն էր, իր կեանքը կը լեցնէ զեղուն սիրոյ ջերմութեամբ:

- Բարեգործութեան պտուղներէն ամլացա՞ծ մըն էր, իր կեանքը կը պտղաւորէ բարութեամբ»:

Դաւիթ Սաղմոսերգու թագաւորը, որ Աստուծոյ հետ այնքա՜ն մտերիմ էր, իր սաղմոսներուն մէջ տեղ մը բարձրաղաղակ կը խնդրէ Աստուծմէ, ըսելով. «Իմ մէջս մաքուր սիրտ հաստատէ, Աստուա՜ծ, եւ արդար հոգի նորոգէ՜ ներսիդիս» (Սղ 50.12): Եթէ Դաւիթը նման խնդրանքով կը դիմէր Աստուծոյ, հապա մենք ինչքան եւս պէտք է խնդրենք Աստուծմէ ո՛չ միայն մեր մէջ մաքուր սիրտ հաստատէ, այլեւ՝ մեզի պէտք եղած իմաստութիւնը, տոկունութիւնը եւ ուժը տայ, որպէսզի կարենանք մեր սիրտի մաքրութիւնը անաղարտ պահել եւ մաքուր սիրտով ներկայանալ Իրեն միշտ, որպէսզի արժանի ըլլանք յաւիտենապէս վայելելու Իր ներկայութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 108

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024