ԱՌԻԹՆԵՐԸ

Օձապտոյտ արահետ մը
դալար մարգագետին մը
մութ ու խոր անդունդ մը
հորիզոնը պայծառ ծովեզերք մը...
Ո՞րը նախընտրել
արահետներուն ետին ի՞նչ կայ
դալարութիւնը կը շարունակուի՞
խոր անդունդին վերջը լո՞յս է
ծովը խաղաղ կը մնա՞յ
Մտամոլոր կը կանգնիս 
ի՞նչ ընել...
-Ի՞նչի կը սպասես,- կը լսուի շշունջը
մինչեւ խորհիս
        խոկաս
            մտմտաս
կը սուրան 
        կ՚անցնին
            առիթները կեանքի
Ու
խոր անդունդը կը նախընտրես
ձգողականութիւն մը դէպի իրեն կը տանի 
կը յառաջանաս

Խիճերը կը կարմրին ներբաններուդ վէրքերէն
ու ցաւին տարուած չես տեսներ անդունդին եզրը
        կը գլորիս
            կ՚իյնաս 

Ոլորապտոյտ անդունդին ճամբուն 
աջ ու ձախ կը զարնուիս
կ՚ուշաթափի՜ս

Կիզող շողը ցաւերդ կը գրգռէ
ու դուն
        կէս քուն
            կէս արթուն
կը մտաբերես նախընտրութիւնները

Ոլորապտոյտ արահետ մը
դալար մարգագետին մը
հորիզոնը պայծառ ծովեզերք մը...

Բայց ցաւերդ գրկած
    եւ զանոնք սիրելով
            գոհունակ
կը շարունակես գլորիլ անդունդն ի վեր

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019