Նորարարութիւնը Ե՛ւ Հայաստանի Մէջ
Անշուշտ միշտ կ՚ըսուի, որ գերագոյն արժէքը կը մնայ մարդը, սակայն նորարարութիւններով, նոր գիւտերով եւ սարքերով մարդը կամաց կամաց սկսած է ատոնց արժէք տալ: Այս ընթացքով մարդը ի՞նչ արժէք պիտի ներկայացնէ: Մտահոգիչ հարցում մը, որուն պատասխանը դժուար պիտի ըլլայ ըմբռնել, ընդունիլ: Մինչ այդ մարդիկ կ՚երթան հոսանքին հետ:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ FINTECH ԿԸ ՓՈՐՁԷ
«Բրիտանական «Արիատըն» տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ընկերութիւնը կ՚ուզէ Հայաստանի մէջ դրամա-տընային հսկողութեան համար նոր regtech լուծումներ փորձել», յայտնեց ընկերութեան գործադիր տնօրէն Չարլզ Պրիւեր:
Regtech-ը (արհեստագիտութիւնները կարգաւորող) - fintech-ի ճիւղ է, որ կ՚օգնէ դրամատուներուն՝ վերահսկել յաճախորդներու գործողութիւններու օրինականութիւնը, իսկ ազգային կարգաւորիչներուն՝ իրենց դրամատուներու հիմնաչափերուն հետեւիլ: Նման լուծումները ամբողջ աշխարհի մէջ հետզհետէ աւելի շատ կը յայտնուին, սակայն տակաւին ոչ ոք նման խնդիրներու լուծման «պատուհան մը» ստեղծած է:
«Լաբիւրինթոսի ելք»ը կ՚ուզէ ցոյց տալ ընկերութիւնը: Ծրագիրը մշակած են բրիտանացի մասնագէտները: Հայ գործընկերները կ՚օգնեն անոնց տեղական, յատկապէս ելեւմտական հարցերու վերաբերող օրէնսդրութիւնը նկատի առնելով՝ իրականացնելու համար ծրագիրը:
Նոր ծրագիրը նախատեսուած է կարգաւորիչներու, դրամատուներու եւ ոչ դրամատնային կազմակերպութիւններու (ապահովագրական, ներդրումային ընկերութիւններ) համար: Այս ծրագիրները, դրամատուներու աշխատակիցներու փոխարէն, տուեալներու շտեմարանին մէջ տեղեկութիւններ կ՚որոնեն (օրինակ՝ յաճախորդները չե՞ն ուշացուցած արդեօք պետական, թաղային վճարումները, կամ արդեօք անոնց առեւտուրին դէմ դատ բացուա՞ծ է) եւ թոյլ կու տան անոնց խոր վերլուծութեան վրայ կեդրոնանալ:
«Դրամատուներուն ասիկա կ՚օգնէ յաճախորդի վարկային հարցերու գնահատման վրայ ժամանակ չվատնելու, իսկ կարգաւորիչին՝ դրամատուներու աշխատանքի հսկողութիւն իրագործելու եւ ստուգելու ատոնց համապատասխան ըլլալը հիմնաչափերուն», ըսաւ Պրիւեր:
Ընկերութեան ղեկավարութիւնը արդէն հանդիպումներ ունեցած է Կեդրոնական դը-րամատան, Հայաստանի Դրամատուներու միութեան եւ շարք մը խորհրդատուական ընկերութիւններու հետ, որպէսզի հասկնայ՝ Հայաստանի մէջ ինչպէ՛ս կիրարկել նոր արհեստագիտութիւնները, պատահաբար օրէնքը չխախտելով:
«Բրիտանիոյ ելեւմտական շուկան աշխարհի ամենէն բարդ եւ բազմազան շուկան է: Այդտեղ փորձարկելով՝ կարելի է միաժամանակ բազմաթիւ հարցեր լուծել: Այսպիսով, Հայաստան կրնայ լաւ հարթակ ըլլալ մշակման համար, իսկ պատրաստ օրինակը արդէն կարելի է արտադրել ամբողջ աշխարհի մէջ: Ատկէ հայկական դրամատուները կը շահին: Անոնք կ՚ըլլան առաջինները, որ կը ծանօթանան նոր արհեստագիտութիւններու, կ՚ըլլան առաջատարը այս ասպարէզին մէջ եւ արտասահմանցի գործընկերներուն խորհուրդներ կրնան տալ», ըսաւ Պրիւեր:
ԱՅՖՈՆ ԷՔՍ-Ի ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ
Համացանցին մէջ յայտնուած են ԱյՖոն Էքս սմարթֆոնի իսկական լուսանկարները: Այս մոտելին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած էր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 12 Սեպտեմբերին: Լուսանկարները համացանցին մէջ հրապարակուած են Ռետտիթ ընկերային ցանցերը օգտագործողներու կողմէ:
Նորագոյն յառաջադէմ սմարթֆոնին վաճառքը պիտի սկսի 27 Հոկտեմբերին:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Չինաստանէն առաքուած է ԱյՖոն Էքս-ի առաջին խմբաքանակը, որուն մէջ միայն 46.500 հեռաձայն կայ: Նախորդ տարիներու նմոյշները շատ աւելի եղած են, եւ կ՚ենթադրուի, որ քիչ ըլլալը գնողներու շրջանակին մէջ իրարանցման պատճառ դառնայ:
ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ ՈՒՆԻ
Մայքրոսոֆթ նորարարական կեդրոնը Կիւմրիի մէջ անվճար դասընթացքներու սկսած է: Այս մասին յայտարարեց կեդրոնի տնօրէն Արտաշէս Վարդանեան:
Ծրագրաւորման արագացուած դասընթացները (digital bootcamp) Մայքրոսոֆթ Երեւանի մէջ կ՚իրականացնէ վճարովի, նաեւ ընտրութեամբ: Իսկ Կիւմրիի մէջ մասնակիցներու ընտրութիւնը խիստ պիտի չըլլայ եւ ուսուցումը՝ անվճար:
Ուսուցողական առաջին փուլին 60-65 անձեր մասնակցած են: Անոնք գործնական վարժութիւնը կը կատարեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու մէջ: Վերջնական փուլը այդ ընկերութիւններուն մէջ հարցազրոյցներ վարելն է:
«2018 թուականին վերջաւորութեան մենք պիտի հաւաքենք 200 անձ, եւ կ՚ակնկալենք, որ անոնց առ-նըւազն երկու երրորդը հարցազրոյցի համար նախապատրաստենք: Յառաջիկայ 10-12 ամիսներուն Կիւմրիի մէջ ծրագրաւորողներու համար առնուազն 30-50 աշխատատեղի պիտի բացուի: Ընկերութիւններէն մէկուն մէջ վերջերս ըսին, որ իրենք հիմա իսկ կ՚ուզեն 5 հոգի ընդունիլ, բայց Կիւմրիի մէջ զանոնք չեն կրնար գտնել», աւելցուց Վարդանեան:
ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՆ ՈՒ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԲԱՂԻՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ
Աշխարհը մօտիկ ապագային ամբողջովին պիտի վերածուի ելեկտրոնային շուկայի եւ տնտեսութեան: Այս մասին յայտարարեց «Ալիպապա կրուփ»ի հիմնադիր Ճեք Ման՝ «Բաց նորարարութիւններ» խորհրդաժողովի ժամանակ:
Ըստ անոր, արտադրութիւնը նոր աշխատատեղիներ չի ստեղծեր, քանի որ արտադրութեամբ կը զբաղի արհեստական բանականութիւնը:
«Շուտով կարեւոր չ՚ըլլար, որ պատրաստուած է Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու, թէ այլ վայրի մը մէջ: Արտադրութիւնը նոր աշխատատեղիներ չի ստեղծեր, քանի որ արտադրութեամբ կը սկսին զբաղիլ մեքենաներն ու արհեստական բանականութիւնը, իսկ մարդիկ կը զբաղին այլ բանով», ըսաւ ընկերութեան հիմնադիրը:
Ճեք Ման նշեց, որ մարդիկ պէտք չէ մտահոգուին այն փաստով, որ իրենց տեղը պիտի գրաւեն մեքենաները: «Այո՛, ժամանակի ընթացքին մեքենաները աւելի շատ կ՚ըլլան, քան՝ մարդիկ: Իսկ մարդիկ մարդ կը մնան, անոնք արժէքներ ունին», ըսաւ ան:
ՆՈՐ ԱՆՈՒՆ՝ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՇՈՒԿԱՅԻՆ ՄԷՋ
Փոլսթըր ընկերութիւնը, որ նախապէս Վոլվոյի մասնաճիւղն էր, այժմ առանձին կ՚արտադրէ ինքնաշարժ, որ կը պատկանի շուէտական մակնիշին: Վերջինս ներկայացուց իր առաջին անհատական մոտելը, որ անուանուեցաւ Փոլսթըր 1:
Ինքնաշարժը օժտուած է խառնածին ուժային համակարգով, որուն հզօրութիւնը կը կազմէ 600 ձիու ուժ: Միայն ելեկտրական համակարգի լիցքաւորումով, ինքնաշարժը կրնայ ընթանալ 150 քիլօմեըղ: Նորոյթի բոլոր տուեալները տակաւին չեն հաղորդուիր:
Ուժային համակարգը բաղկացած է 2 լիթր ծաւալով վառելանիւթային, 4 մխոցային թիւրպօ շարժիչէ, որ շարժման մէջ կը դնէ յառաջամասի անիւները, նոյնպէս զոյգ մը ելեկտրաշարժիչէ, որոնց օգնութեամբ շարժման մէջ կը մտնեն յետսամասի անիւները:
Փոլսթըր 1-ը պիտի արտադրուի Չինաստանի Չենտու քաղաքին մէջ: Ընկերութեան յաջորդ մոտելները կ՚օժտուին ամբողջութեամբ ելեկտրական շարժիչներով: Փոլսթըր 2-ը կը նախատեսուի արտադրել 2019-ին: Ատիկա պիտի մրցի Թելսա Մոտել 3-ի հետ:
ՊԻԼԱՅՆ-Ի ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՏՊՈՒԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ
Պիլայն-ի աջակցութեամբ տպագրութեան յանձնը-ւած է Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին պատմութիւնը ներկայացնող ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը:
Գիրքին հեղինակը արուեստաբան, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, «Հայ մշակոյթի մեծերը» մատենաշարի հիմնադիր, Օփերային թատրոնի թանգարանի ղեկավար Սերկէյ Առաքելեանն է: Օփերային թատրոնին պատմութիւնը ամբողջացնող գործը մատենաշարին 18-րդ հատորն է: Գիրքին մէջ հանգամանօրէն ներկայացուած է թատրոնի հիմնադրման նախապատմութիւնը:
«Բարձր կը գնահատենք Պիլայն-ի հետ ստեղծուած այս գործակցութիւնը, որ մեր թատրոնի 85-րդ յոբելենական թատերաշրջանի լաւագոյն նուէրը կրնայ դառնալ: Դեկտեմբերին յոբելենական 85-րդ թատերաշրջանի տօնական հանդիսութիւնններու շարքին մենք կը կազմակերպենք գիրքին շնորհահանդէսը», նշեց Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Կոնստանդին Օրբէլեան:
«Պիլայն մեծ տեղ կու տայ այն բոլորին, որոնք կ՚օգնեն բարեփոխելու մարդոց կեանքը: Եւ մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ որքա՛ն մեծ նշանակութիւն ունի այդ առումով դասական բարձր արուեստը: Հայաստանի մէջ արուեստի նուիրեալներու մասին փաստագրութեան ստեղծումը կարեւոր է անոնց ներդրումը գնահատելու տեսակէտէն: Բացի ատկէ, նոր սերունդները այս գիրքին շնորհիւ կրնան ուսումնասիրել Հայաստանի մէջ արուեստի զարգացման պատմութիւնը. վստահ եմ, որ այս գիրքը կրնայ ոգեշնչել եւ առաջնորդել բազմաթիւ երիտասարդ արուեստագէտներ», նշեց Հայաստանի մէջ Պիլայն-ի ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Փիաթախին:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ