ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԷՅՐՈՒԹ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԸ. ՔԱՆԻ ՄԸ ՆՇՈՒՄՆԵՐ

Դէպի Լիբանան սպասելի այց մը

Ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն մը կու տար Լիբանան։ Պէյրութ տուած անոր այցելութիւնը, որ միայն պետական մակարդակի չէր, կու գար ամրագրելու այն մօտեցումը, թէ ցայսօր ալ Պէյրութը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի հայութեան կարեւորագոյն, չըսելու համար ամենէն կարեւոր կեդրոնը։ Հետաքրքրական է նաեւ Փաշինեանի այս այցը իրականացնելու ժամկէտը՝ այն իմաստով, որ այցելութիւնը տեղի կ՚ունենար, երբ արդէն ան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը եւ դարձած՝ վարչապետի պաշտօնակատար։

Փաշինեան լաւապէս կ՚ըմբռնէ, որ սփիւռքահայութեան հետ «խօսելու» կամ առկայ կապերը ամրացնելու համար շատ կենսական է ունենալ քանի մը բանալիներ, որոնց ամենակարեւորներէն մին վստահաբար Պէյրութինն է։

Ճիշդ է, որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թեւերով իշխանութեան գլուխ հասած Փաշինեան բնականօրէն շահած էր որոշ համակրանք մը, սակայն երկու կողմերուն համար անոր կողմէ «վաստակուած» այդ վստահութիւնը տակաւին փորձաքարի չէր զարնուած։

Սփիւռքի մէջ, յատկապէս սփիւռքի երիտասարդ հատուածներուն մօտ Փաշինեանի հանդէպ առկայ սէրը ցայսօր ալ «քաղաքական միաւոր» ըլլալու իրավիճակէն հեռու է։ Ճիշդ է, որ նոյնիսկ Անթիլիասի վանքի բակին մէջ զինք դիմաւորող հարիւրաւոր երիտասարդներ, իրենց գլուխին կը կրէին «դուխով» մակագրուած գլխարկներ, հագած էին նոյն խորագիրը կրող շապիկներ, նաեւ կը կատարէին «Նիկոլ վարչապե՛տ» վանկարկումը, սակայն անոնք շատ հեռու էին քաղաքական միաւոր մը ըլլալէ։ Փաշինեան այս բոլորը հաշուի առնելով էր, որ Պէյրութ կ՚այցելէր, ունենալով ճիշդ նշանակէտ ու կատարելով ճիշդ պահու իր «քայլը»։ Հիմա շատեր ենթադրութիւններ պիտի կատարեն ու յայտարարեն, թէ Փաշինեանի այս այցելութիւնը նախ եւ առաջ երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յատկապէս տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար էին։ Երկրի մը հետ, որ Հայաստան ունի քաղաքական «շատ բարձր» մակարդակի կապեր, բայց եւ այնպէս, Լիբանան-Հայաստան տնտեսական փոխգործակցութեան մակարդակը առնուազն չի համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութեանց մակարդակին։

Այլ իմաստով, երկու երկիրները կրնան տնտեսական շատ աւելի մեծ ծաւալի գործակցութեան մը մէջ ըլլալ, սակայն եկուր տես, որ այս նիւթը, առնուազն վերջին հինգ տարիներուն ոչ մէկ դրական վերելք ապրած է։

Ուրեմն տնտեսական յարաբերութիւնները ուռճացնելու համար յատկապէս այս փուլին Պէյրութ այցելելու մասին խօսքերը առնուազն «գովազդային» են ու եթէ լաւ դիտենք Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, ապա լաւապէս պիտի հասկնանք, թէ Փաշինեան ինչո՛ւ նախընտրեց յատկապէս այս փուլին այցելութիւն մը տալ Պէյրութ։

*

Փաշինեանի Պէյրութ կատարած այցին մասին յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ստանալու նպատակով յաջողեցայ կարճ զրոյց մը ունենալ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանին հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը՝ լիբանանահայ հասարակական գործիչ Ալեքսան Քէօշկէրեանի հետ։

-Պր. Քէօշկէրեան, զանազան մակարդակներու վրայ նկատեցինք, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Լիբանան կատարած այցելութիւնը պսակուած է յաջողութեամբ։ Որո՞նք են այն հիմքերը, որոնց շնորհիւ կարելի է ըսել, թէ այդ այցելութիւնը յաջողած է:

-Այո՛, այցելութիւնը յաջողած է: Այդ եզրակացութեան կարելի է հասնիլ, հաշուի առնելով մի քանի հանգամանքներ։

Առաջինը՝ Լիբանանի քաղաքականութեան իմաստով, Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովէն ետք, Լիբանան հանդիսացաւ առաջին ֆրանսախօս երկիրը, ուր այցելեց վարչապետ Փաշինեան։ Ան շատ բարձր մակարդակի ընդունելութիւն գտաւ, թէ՛ երկրի նախագահին, թէ՛ խորհրդարանի նախագահին եւ թէ վարչապետին կողմէ: Եթէ նայինք այս երեք հանդիպումներու պատկերներուն, ընթացքին եղած զրոյցներուն եւ տեղի ունեցած պայմանաւորուածութիւններուն, ապա կը տեսնենք, թէ որքան սիրալիր էր եւ որքան մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ կ՚ընթանար ամէն ինչ եւ ամենակարեւորը՝ հեզասահ էր: Զանազան քաղաքական շրջանակներու մէջ դրուատիքով խօսուած է Նիկոլ Փաշինեանի մասին՝ ըսելով, որ պէտք է օրինակ վերցնել անոր մօտեցումներէն ու գործելաոճէն։ Այս կը նշանակէ, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է Նիկոլ Փաշինեանի շարժումը:

Իսկ երկրորդ՝ ինչ կը վերաբերի հայ գաղութին, դուք գիտէք, թէ անկախութենէն ետք Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ սփիւռքի վստահութիւնը մի քանի առիթներով խախտած է։ Ըլլայ այդ հոկտեմբեր 27-ի կամ մարտի 1-ի ցաւալի դէպքերուն պատճառով, նոյնիսկ քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով, նաեւ Հայաստանի մէջ ընդհանրական երեւոյթ դարձած փտածութեան եւ կաշառակերութեան պատճառաւ։ Փաշինեան կրցաւ այդ վստահութիւնը վերականգնել հեռահար ձեւով՝ Հայաստանէն, իսկ անոր Լիբանան այցը, առաւել եւս ամրապնդեց այդ վըս-տահութիւնը:

Կայ նաեւ հասարակութեան կողմէ ընդհանուր դրական վերաբերմունք մը, որուն մասին կ՚ուզեմ այստեղ օրինակ մը տալ։ Այսպէս, երբ անցեալ կիրակի օր, Փաշինեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած պատարագին կը մասնակցէր եւ իր խօսքը փոխանցելէ ետք վեհարանէն դուրս կու գար, ժողովրդային խումբ մը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց զինք բակին մէջ, մինչեւ իսկ բարձրաձայն կը վանկարկէին՝ «Նիկոլ, վարչապե՛տ» եւ այլն: Այս մէկը դրական երեւոյթ է, որուն ականատես չենք եղած երկար տարիներէ ի վեր։ Դեռ աւելի՛ն, այս պատկերին ճիշդ հակառակը տեսած ենք, երբ փրոթոքոլները ստորագրուեցան եւ Սերժ Սարգսեան Լիբանան այցելեց, մինչեւ իսկ կերպընկալէ շիշեր նետեցին անոր շքախումբին ուղղութեամբ: Այսօրուան դրութեամբ երեւոյթը լիովին տարբեր է, փոխուած է. այս շրջադարձը կարելի է համարել դրական եւ յաջող:

-Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, քու կարծիքով՝ ինչպիսի՞ կեցուածք ունի ոչ միայն Հնչակեան կուսակցութիւնը, այլեւ առհասարակ՝ պէյրութահայութիւնը: Դուն բնականաբար կապի մէջ ես բազմաթիւ շերտերու, խաւերու հետ, ի՞նչ են ընդհանուր կարծիքներն ու ակնկալիքները այս իշխանութիւններէն:

-Լիբանանահայութեան զանազան շերտերու, կուսակցական եւ ոչ-կուսակցական շրջանակներու հետ իմ հանդիպումներու ընթացքին յաճախ խանդավառութիւն մը նկատած եմ՝ եղած շարժման հետ կապուած։ Ճիշդ է, որ տեղ-տեղ վերապահութիւններ կան, որովհետեւ շարժումը՝ որ տեղի ունեցաւ, որոշ սխալներ ալ թոյլ տուաւ եւ այդ սխալները եւս յառաջ կու գան անփորձութեան պատճառով։ Սակայն ընդհանուր առմամբ ըսեմ, որ հասարակութիւնը մեծաւ մասամբ խանդավառ է. թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ յատկապէս լիբանանահայութիւնը կը սպասէ, որ այս իշխանութիւնները կարողանան իրենց առջեւ դրուած հարցերը լուծել, մանաւանդ՝ փտածութեան դէմ պայքարի, արտագաղթի եւ ժողովուրդի ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման խնդիրները:

Ինչպէս նախորդ հարցին պատասխանելով ըսի, այստեղ դարձեալ փաստացի պատասխանով մը կ՚ուզեմ նշել, թէ ներկայ դրութեամբ ես յաճախ նոյնիսկ իմ մօտիկ շրջանակներուն մէջ կը լսեմ, որ կան մարդիկ, որ արդէն պատրաստ են իրենց գոյքը, ունեցուածքը ծախելու եւ Հայաստան տեղափոխուելու ու հաստատուելու համար, որովհետեւ կը հաւատան, թէ Հայաստանը լաւ պիտի ըլլայ, Հայաստանը պիտի դառնայ ժողովրդավար երկիր եւ Հայաստանի մէջ պիտի չըլլան այդ յոռի երեւոյթները։

Այսօր իրականութիւնը այս է եւ լիբանանահայութիւնը խանդավառ է եւ կը սպասէ, որ այս գործընթացը բարօր եւ խաղաղ ձեւով աւարտի:

Պէյրութի «սիրտ»ը Անթիլիասն է՞

Անցեալ սեպտեմբերին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկու միաբաններ կարճատեւ այցելութիւն մը կու տային Երեւան, ուր կ՚ընդունուէին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ, որուն կը փոխանցէին ջերմ հրաւէր մը՝ ներկայ գտնուելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի միջոցառումներուն։ Հանդիպումէն կարճ ատեն մը վերջ Հայաստանի լրատուական դաշտին մէջ լուրեր կը տարածուէին, թէ Արմէն Սարգսեան ընդունած է հրաւէրը եւ ներկայ պիտի ըլլայ այդ միջոցառումներուն։ Աւելի վերջ նախագահի այցի նիւթը առհասարակ մոռացութեան կը մատնուէր, անոր փոխարէն Փաշինեանի մօտիկ աղբիւրներ կը հրապարակէին վարչապետի պաշտօնակատարին այցելութեան թուականը։

Անշուշտ ընկալելի ու յարգանքի արժանի է, որ ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով վարչապետը նախագահին փոխարինէ, կամ հակառակը պատահի ու նախօրօք ճշդուած այցի մը փոխարէն ուրիշ մը կայացուի եւ բոլորովին տարբեր նպատակներ հետապնդող եւ պետական աւագանիի անդամ գործիչը ինք կատարէ այդ այցելութիւնը։

Անշուշտ պարտադրուած չեմ զգար այստեղ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու։ Ըլլան անոնք տեղեկատուական, կամ նոյնիսկ վերլուծական, սակայն բացայայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեանի Պէյրութ տուած այցելութիւնը կը հետապնդէր կարեւոր նպատակ մը, որն էր խօսիլ Անթիլիասի հետ։

Դրական է՞ր Փաշինեանի այդ քայլը. անշուշտ դրական էր։ Յաջողեցա՞ւ ան իր նպատակներուն մէջ, դեռ պարզ չէ. անշուշտ յառաջիկայ շաբաթները ցոյց պիտի տան, թէ ինչ շարժառիթներու վրայ պիտի շարունակուի Փաշինեան-Անթիլիաս յարաբերութիւնը, որուն դրուածքը առնուազն մինչեւ այս պահը ունի ամբողջականօրէն դրական եւ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն համար պիտանի հիմքեր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2018