ԼԻԲԱՆԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ՈՐԱԿՆԵՐՈՎ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ՄԸ

22 Նոյեմբերը բոլորովին ուրիշ տեսակի տօն էր Լիբանանի համար: Ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ Նոյեմբերի 22-ը Լիբանանի անկախութեան տօնն է եւ այս տարի կը լրանար «մայրիներու երկիր»ին ֆրանսական տիրապետութենէն անկախանալուն 74-րդ տարեդարձը: Լիբանանի ընդհանուր վիճակին համար «տօնական մթնոլորտ» բառակապակցութիւնը ընտրելուս հիմնական պատճառը երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիին այնքան սպասուած տունդարձն էր, որ կը պսակուէր իր հազարաւոր հետեւորդներուն զինք «Պայթ ալ ուասաթ» անունով յայտնի նստավայրին մօտ դիմաւորելով:

Հարիրի, որ նախքան Լիբանան հասնիլը այցելած էր Գահիրէ ու ապա Նիկոսիա, անակնկալ մը պահած էր իր մօտ: Ան յետանկախութեան առթիւ եղած զինուորական տողանցքին բոլորին նման կը բարձրանար Պաապտայի նախագահական պալատ ու նախագահ Աունը շնորհաւորելէ անմիջապէս ետք հակիրճ յայտարարութիւն մը ընելով՝ կ՚ըսէր. «Լսելէ ետք նախագահ Աունի խորհուրդները, որոշած է վերանայիլ իմ հրաժարականին մասին տուած որոշումը»: Լրատուական աղբիւրներ, որոնք անմիջապէս կը մեկնաբանէին եղածը, Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնը կը համարէին «դրական ահազանգ» մը։ Այդ որոշումը համարելով յետսկոչել 4 Նոյեմբերին վերջինիս Ռիատի մէջ տուած անսպասելի հրաժարականը: Պաապտայի մէջ մեծ թիւով տեղացի եւ օտար պաշտօնատարներու շնորհաւորանքները ընդունելէ անմիջապէս ետք Հարիրի կ՚ուղղուէր Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող «Պայթ ալ ուասաթ»ի նստավայրը:

Վարչապետը կարճ երեւում մը կ՚ունենար իր պատշգամէն ու ապա տեսնելով ժողովուրդի հոծ բազմութիւնը կը մօտենար հանրութեան եւ հակիրճ պատգամով մը հանդէս կու գար: Ան կը յայտնէր իր շնորհակալութիւնը այս առթիւ Լիբանանի չորս ծագերէն Պէյրութ ժամանած իր համակիրներուն եւ մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Այս պահը պատմութեան պահն է։ Ան որ աչք ունի, թող տեսնէ եւ ան, որ ականջ ունի, թող լսէ»:

Հարիրի, որ երեք անգամ շնորհակալութիւն կը յայտնէր իր համակիրներուն՝ դիտել կու տար. «Այս պահը չեմ կրնար մոռնալ: Այս հաւատարմութեան պահն է: Ես ձեզի հետ եմ, ձեր կողքին եմ, դուք որ աշխարհին հաւատարմութիւն կը սորվեցնէք»: Լիբանանցի լրագրող Մայսամ Ռըզքի կարծիքով՝ Հարիրի այսօր նոր ուժ հաւաքած է: Ռըզք, որ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձին մասին կարճ վերլուծական մը հրապարակած է «Ալ Ախպար» պարբերականին մէջ, յայտնած է, որ Հարիրի ծանր հարուած ստացաւ Սէուտական Արաբիայէն: Ան նաեւ վստահ է, որ իր Ռիատ կեցութենէն ու ապա Փարիզի վրայով Պէյրութ հասնելէն ետք ան Լիբանանի հանրութեան կը ներկայանայ բոլորովին այլ կերպարով: Ան իր վերլուծականը կ՚աւարտէր բաւական դիպուկ մօտեցումով մը՝ ու կը գրէր. «Այն հարուածը, որ չսպաննէր, կը զօրացնէ»:

Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած են երկրի վարչապետները: Այս խօսքը ամրագրելու համար պէտք է նկատի առնել, որ Լիբանանի վարչապետները կը ներկայացնեն երկրի սիւննի համայնքը եւ անոնք կը հանդիսանան կարեւոր կամուրջ մը՝ մէկ կողմէ Լիբանանին եւ միւս կողմէ սիւննի-արաբ աշխարհին հետ: Առանց երկար պրպտումներ կատարելու կը մտաբերեմ երկրի քաղաքական կեանքին վրայ իրենց կարեւոր դրոշմը ձգած հոյլ մը վարչապետներ, որոնք բոլորն ալ սպաննուած են մութ եւ վիճարկելի պայմաններու տակ: Այս մասին կ՚արժէ երկարաւուն նիւթ մը պատրաստել եւ հրամցնել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իմ հաւատարիմ ընթերցողներուս: Նոյն ծիրին մէջ մնալով պարտիմ յիշեցնել, որ Լիբանանի վերջին սպաննուած վարչապետը Սաատ Հարիրիի հայրը՝ Ռաֆիք Հարիրին էր, որուն սպանութիւնը կը կատարուէր 2005 թուականի Փետրուարի 14-ին Պէյրութի կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն վրայ:

Հարիրիի սպանութիւնը, որ ինքնին կը դառնար անկիւնադարձ, շրջանին մէջ առարկայ հաւասակշռութիւններուն վերաբերեալ հիմնական խախտումի մը սկիզբն էր: Այն իմաստով, որ այդ սպանութիւնը դուռ կը բանար տարբեր առումներով ընթացող գործընթացներու, որոնք ցայսօր ալ կը շարունակուին ու թոյլ չեն տար, որ Լիբանանը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքը մուտք գործէ աւելի խաղաղ փուլեր: Ամէն պարագայի այդ մասին տակաւին կ՚անդրադառնանք, սակայն յստակ է, որ Հարիրիի բաւական անսպասելի հրաժարականը, անոր ճնշումներու եւ «տնային կալանք»ի տակ գտնուելու մասին խօսակցութիւնները ունին որոշ հիմքեր:

Նախ անոր համար, որ Ռիատ անհանգիստ է: Անհանգիստ է Սուրիոյ մէջ, անհանգիստ է Արաբական ծոցին մէջ ու անհանգիստ ու մտահոգ է Եմէնի ընդհանուր իրավիճակով:

Տեսակ մը անորոշութիւն կայ Սէուտական թագաւորութեան որոշիչ եւ արեւելում ու քաղաքական ճանապարհ տուող ղեկավարութեան մօտ, որոնց վերջնագոյն դէմքը Մուհամմէտ պին Սելման գահաժառանգն է: Պին Սելման, որ քաղաքական ասպարէզ կը մտնէր բաւական «յեղափոխական» լոզունգներով՝ կը յայտարարէր, որ ինք հետամուտ է նոր Սէուտական թագաւորութիւն մը կերտելու: Ան աւելի ուշ հանրութեան դատին կը ներկայացնէր «Սէուտական Արաբիա-2030» զարգացման միտուած ծրագիր մը, որուն մասին ալ կ՚ըլլային դրական արձագանգներ:

Թէ ի՞նչ կը պատահէր, որ գահաժառանգը յանկարծ իր «հրացան»ի ուղղութիւնը «դէպի ներս» ուղղելով ընթացք կու տար «մաքրագործման» արշաւի մը, որուն հետեւանքով ալ տասնեակ բարձրաստիճան էմիրներ եւ պետական աւագանիի մէջ կարեւոր եւ «բանալի» դեր ունեցող անձնաւորութիւններ կը պահուէին կալանքի տակ ու ցարդ ալ կը շարունակեն մնալ Ռիատի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:

Այդ էմիրներուն ճակատագիրը յստակ չէ, սակայն յայտնի է, որ երիտասարդ Մուհամմէտ պին Սելմանը վճռած է իր դիրքերը ամրապնդել եւ դէպի թագաւորական գահ բացուած «ճակատամարտ»ի բոլոր ճանապարհներէն հեռացնել այն բոլոր դէմքերը եւ գործիչները, որոնք կրնային իր հաւանական մրցակցին կամ մրցակիցներուն նեցուկ դառնալ:

Գալով արտաքին ճակատին՝ յստակ է, որ պին Սելման վրդոված է Սուրիոյ իրադրութենէն ու յատկապէս Եմէնի մէջ եղած դէպքերէն ու այդ պատճառով կը փորձէ նեղ կացութեան մատնել Թեհրանը, առանց անոր ալ նուրբ դրութեան մը մէջ եղող Լիբանանը:

Այս բոլորէն անդին վարչապետ Սաատ Հարիրիին դէմ կիռարուած ճնշումները կը միտէին նոր իրավիճակ ստեղծել Պէյրութի մէջ եւ իրադրութիւնը տանիլ «բաց խաղ»ի մը, որուն հետեւանքները կրնային բաւական սուղ արժել լիբանանցիներուն համար:

Այսօր յստակ է, որ պին Սելման իշխանը առնուազն Լիբանանի պահով ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ: Ու այս զարգացումները բնականօրէն Սաատ Հարիրին դարձուցին նոր որակի սիւննի առաջնորդ մը:

Յստակ չէ, որ Սաատ Հարիրի ինչ հունով պիտի տանի երկրի քաղաքական ընթացքը, բայց անցնող օրերուն եղած յայտարարութիւնները եւ երկրին մէջ երեւցող ընդհանուր քաղաքական մթնոլորտը ցոյց կու տան, որ Հարիրի հետամուտ է իր քաղաքական ուղին շարունակել եւ ամրացնել արդէն իսկ առկայ դաշինքը նախագահ զօրավար Աունին ու նաեւ շիի առաջնորդ, երկրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիին հետ:

Այս ընթացքը բաւական մեծ արձագանգներ կրնայ ունենալ ու յստակ է նաեւ, որ մօտիկ անցեալին Հարիրիի եւ անոր գործընկերներուն հետ ձեւաւորուած Մարտի քաղաքական ուժերը պիտի ապրին նոր յօդաբաշխումներ: Այս անպայման չի նշանակեր, որ Հարիրի պիտի փոխէ իր արեւելումը եւ յարի դէպի Թեհրան, սակայն յստակ է, որ այսօր կայ նոր որակի Սաատ Հարիրի մը, որ յառաջիկային ալ որպէս սիւննի ղեկավար կարեւոր ընելիք եւ ըսելիք ունեցող առաջնորդ մըն է:

Այս բոլորը անշուշտ պիտի կատարուին Ռիատի դժգոհ հայեացքներուն ներքեւ, որ այսօր ստիպուած է վերատեսութեան ենթարկել իր մօտեցումները՝ կապուած լիբանանեան իրադրութեան, չմոռնալով նաեւ, որ Սաատ Հարիրիի այդ «կալանք»էն ազատելուն մէջ կարեւոր եւ հիմնարար դեր ունեցան Փարիզն ու Գահիրէն, որոնք յառաջիկայ հանգրուանին ալ ըսելիք պիտի ունենան Պէյրութի ընդհանուր իրադրութեան ձեւաւորման մէջ:

Ռիատ յաւելեալ ճակատումներու կ՚երթա՞յ, ցարդ յստակ չէ, սակայն բացայայտ է, որ Սաատ Հարիրի Ռիատի առաջուան նախընտրելի գործիչը չէ, իսկ ինչ կը վերաբերի Հարիրիին, դեռ վաղ է ըսել, որովհետեւ Լիբանանի վարչապետը պիտի փորձէ լաւապէս իր ժամանակը շահիլ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017