ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւունքի ամենակարեւոր կէտերէն մին է: Այն նոյն միջազգային օրէնքի կազմութեան հետ կամաց-կամաց հաստատագրուեցաւ:
Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը իր պարզ սահմանումով ազգի-ժողովուրդի մը իր հողին վրայ ինքնորոշուելու իրաւունքն է, ինչ որ ամենաբարձր տարազով կ՚երեւի երբ այդ ժողովուրդը կ՚ենթարկուի բռնաճնշման կամ իր հողը կը գրաւուի, ուստի իրաւունքը կը ստանայ ձերբազատուելու տիրապետութիւններէ եւ անկախանալու:
Բնականաբար ժամանակային եւ քաղաքական յարաբերակցութիւններ կրնան ունենալ նոյն հողի, հայրենիքի, ժողովուրդի զանազանումները, բայց յստակ է, որ միջազգային օրէնքով կան պատմական հողի, ազգ-ժողովուրդի եւ տարածքի նուազագոյն հասկացողութիւններ, որոնք ինչքան ալ միջազգային յարաբերութիւններու եւ շահերու ենթակայ են, կը մը-նան կիրառելի եւ ձեւով մը հասկնալի:
Ան ալ ըսենք, որ պատմականօրէն շատ տարածուած ու կիրառուած չէ եղած ազգային ինքնորոշման իրաւունքը՝ բազմաթիւ պատճառներով: Հիմնականը նախապէս այդքան ազգեր-պետութիւններ չկային, յետոյ մարդկային քաղաքական պատմութիւնը առաւելաբար եւ զուգընթաց զարգացած է կայսրութիւններու պատմութիւններուն հետ: Այսինքն կայսրութիւններու կազմաւորմամբ եւ մեծ տարածքներու նուաճմամբ աշխարհը բաժնուած է տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ կայսրութիւններով: Այո, շատ մը կայսրութիւններ ծնունդ առած են ազգային ենթահողէ, ինչպէս՝ անգլիականն ու ֆրանսականը, բայց երբ նուաճած են երկիրներ ու տարածքներ, անոնք ինքնաբերաբար իրենց մէջ ձուլած են տարբեր ժողովուրդներ, իսկ նոյն այդ կայսրութիւններու եւ ետքը գերուժերու մասնակի կամ համեմատական քայքայումէն ու այսպէս կոչուած իրարու միջեւ գոյացած բարի կամեցողութենէն եւ յաճախ ալ մրցակցութենէն՝ յառաջ եկած է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը։ Անշուշտ, չանտեսելով նոյն բնիկ ու պետութեան սաղմեր ունեցող ժողովուրդներուն ալ ազատագրական պայքարները:
Եւ հոս կայ շատ կարեւոր մանրամասնութիւն մը, որ խտացուածօրէն փորձենք լուսարձակի տակ առնել. այդ մէկը նոյն կայսրութեան մը տեսակի ու քաղաքակրթական ընթացքի ու նուաճման հարցն է.
- Որեւէ կայսրութիւն իր նուաճողական անխուսափելի քաղաքականութեան կողքին կրնայ տարբերուիլ իր ունեցած քաղաքակրթական նուաճումներով, որոնք ձեւով մը կը մեղմացնեն անոր գործած այսպէս ըսած յանցանքները: Օրինակ՝ Հռովմէական կայսրութիւնը մարդկութեան տուաւ կամուրջներ շինելու ու օրէնսդրութեան առաւելութիւնները, իսկ Մոնղոլական կայսրութիւնը իր գովելի վարչարարութենէն անդին շատ բան չէ տուած:
Այո, կայսրութիւններու հիմքը կը կազմեն յարաբերաբար իրենց «առաջին կազմող ազգին շահերը յառաջ տանիլը», ինչ որ շատ անգամներ յանգեցուցած է ուրիշ ժողովուրդներու դէմ ցեղասպանութիւններու, բայց միեւնոյն ժամանակ անոնց քաղաքակրթացման աստիճանը կը կայանայ անոնց բերած համամարդկային լուծումներուն ու գիւտարարութիւններուն մէջ:
Գալով միջազգային օրէնքին՝ ինչքան ալ վիճինք, որ ան արդար կամ գործադրուող չէ, բայց նուազագոյն չափով կը մնայ մարդկային քաղաքական միտքին եւ միջազգային ընտանիքին հաւաքական շահերու ըմբռնումի զարգացման արտայայտութիւն: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն եւ Սովետական Միութեան փլուզումէն վերջ շարք մը անկախ պետութիւններու յառաջացումը ինչքան ալ իրաւական ըլլայ, տեղ մըն ալ գերուժերու համաձայնութենէն կախեալ է: Քանի աշխարհի մէջ կայ աւելի քան երկու հազար ազգ (ինչքան ալ տեղ մը յարաբերական համարուի ազգային բաղադրիչը) եւ ձեւով մը շատ մը հին ու նոր ազգերու քով մշտական փափաք կայ պետութիւններ կազմելու եւ անկախանալու, ինչքան ալ տկար հնչէ այս բառը ներկայ բաց ու համարկուած աշխարհի իրականութեան մէջ:
Մեր կարծիքով՝ ազգերու-ժողովուրդներու անկախ պետութիւն ունենալու արժանաւորութեան ամենակարեւոր յատկանիշներէն մէկը՝ անոնց պատմական անցած ուղին է եւ ինչքանով այդ ուղին հարուստ է եւ այսպէս կոչուած՝ պետական, անոնք առաւել իրաւունք ունին ինքնորոշուելու: Եւ միեւնոյն ժամանակ ինչքան տուեալ ժողովուրդ մը բռնաճնշուի եւ ցեղական հետապնդման ու ցեղասպանութեան ենթարկուի իր հողին վրայ, այնքան ան իր պատմական իւրայատկութեան կողքին, իրաւունքը կը շահի ազատ ըլլալու:
Օրինակ՝ Սկովտիան պատմականօրէն մեծ պայքար մղեց անկախանալու Անգլիայէն, բայց մօտաւոր անցեալին կատարուած հանրաքուէով ան չուզեց անկախանալ եւ նախընտրեց մնալ Միացեալ Թագաւորութեան կազմին մէջ, ինչ որ հետաքրքրական կրնանք համարել:
Ազգային ինքնորոշումը ինչքան ալ ստուերային մնայ ներկայ աշխարհի միջազգային յարաբերութիւններով ու միջազգային օրէնքնով տարածքային ամբողջականութեան չափանիշ, ան կը մնայ կարեւոր, սկզբունքային եւ առաւել չափով գաղափարախօսական ու ազնիւ: Այո՛, չենք կրնար խրախուսել անվերջ տրոհումը մեծ պետութիւններուն, բայց արդար ըլլալու համար շատ մը մեծ պետութիւններու կազմութիւնն ու զարգացումը կայացած է բլուրներով զոհերու, բռնարարքներու, ոճիրներու եւ անիրաւութիւններու վրայ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
26 դեկտեմբեր 2022