ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

Մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, որ այս եւ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին, իրենց ուշադրութեան պիտի յանձնենք սուրիացի բանաստեղծ եւ գրող Մուհամմատ ալ-Մաղութի «Պիտի դաւաճանե՛մ Հայրնիքիս» գիրքը՝ արաբերէնէ թարգմանելով:

Մուհամմատ Ահմատ Իսա ալ-Մաղութ, ծնած է 12 դեկտեմբեր 1934-ին Սուրիոյ Համա քաղաքին մէջ, մահացած է 3 ապրիլ 2006-ին Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: Ալ-Մաղութը արաբական աշխարհի մէջ ազատ կամ արձակ բանաստեղծութեան ամենէն նշանաւոր հեղինակներէն մէկը եղած է: Մամուլի աշխոյժ աշխատող մը եղած է: Սուրիական «Թըշրին» թերթի հիմնադիրներէն մէկն է՝ 1975-ին: Եղած է «Ալ Շըրթա» թերթին խմբագիր: Ալ-Մաղութը երգիծական քաղաքական գրականութեան մէջ հմտացած է եւ մի քանի քննադատական թատրերգութիւններ հեղինակած է, որ արաբական աշխարհի քաղաքական թատրոնին մէջ մեծ ներդրում ու ազդեցութիւն ունեցած ու ձգած են:

Անդամակցած է Սուրիոյ սոցիալ-ազգայնական կուսակցութեան, որ 1950-ին Սուրիոյ մէջ գործող երկրորդ կուսակցութիւնը եղած է «Ալ-Պաաս» կուսակցութեան կողքին: Կուսակցական պատկանելիութիւնը զինք երկու անգամ բանտարկութեան ենթարկած է: Առաջինը, 1955-ին՝ 9 ամիսով, իսկ երկրորդը՝ 1961-ին՝ 3 ամիսով, որոնց ընթացքին ահագին նեղութիւն պատճառած են անոր:

1961-ին, բանտէն ազատ արձակուելէ ետք անցած է Պէյրութ, ուր անդամակցած է «Ալ Շըըր [ոտանաւոր]» պարբերականին, սակայն նոյն տարուան վերջաւորութեան դուրս եկած է, պարբերաթերթի աշխատակազմին հետ ունեցած միտքերու եւ գաղափարներուն անհամաձայնութեան պատճառով: Ատկէ ետք լիբանանեան մի քանի պարբերականներու աշխատակցած է, հեղինակելով, սրբագրելով, եւ այլն:

1981-1982 թուականներուն որպէս երգիծական յօդուածի խմբագիր ու գրող աշխատած է Շարժայի «Ալ Խալիճ» թերթին մէջ, որու մշակութային բաժինի հիմնադիրներէն մէկը եղած է: 1989-2001 թուականներու ընթացքին բանաստեղծութիւններ հրապարակած է լոնտոնեան «Ալ Ուասաթ» ամսագիրին մէջ:

1980-ականներուն Ազգային թատրոնին մէջ աշխատած է, համագործակցելով սուրիացի նշանաւոր դերասան Տորէտ Լահամին հետ, ինչպէս նաեւ Ռատիոյի եւ հեռուստաընկերութեան գլխաւոր մարմիններուն հետ եւս աշխատակցած է:

Իր գրական ասպարէզին սկիզբը Ալ-Մաղութը յօդուածներ ու բանաստեղծութիւններ հրապարակած է:

Դամասկոսի Մէզզէ բանտէն սկիզբ առած է իր գրական իսկական ճամբորդութիւնը, ծխախոտի փոքրիկ թերթիկներուն վրայ գրելով բանտարկեալի իր օրագիրը: Այսպիսով ան իր առաջին ամբողջական բանաստեղծութիւնը՝ «Սպանութիւն» գրած է, որ իր առաջին հատորին մէջ 15 էջ զբաղեցուցած է: Բանտին մէջ էր նաեւ, որ ան սկսած է թատրերգութիւններ գրել: Ան գրած է «Կուզիկ թռչունը» կտորը՝ մտածելով որ ատիկա երկար բանաստեղծութիւն մըն էր, որ իր վիճակը կը նկարագրէր, սակայն աւելի ուշ իր կնոջմէ իմացած է, որ այն վերածուած է թատրոնի եւ գրաքննադատներուն կողմէ կոչուած է «Թատրերգութիւններու թագուհի», իր իրապաշտական ոճին պատճառով:

Իր գրած թատրերգութիւններէն են.

ա. «Թըշրին գիւղը»:

բ. «Շաքաէք ալ-Նոէման»:

գ. «Ղըրպէ» - օտարութիւն:

դ. «Քասաք եա Ուաթան» - կենա՛ցդ, Հայրենիք:

ե. «Կուզիկ թռչունը», եւ այլն: Այս թատրերգութիւնները մեծ ընդունելութիւն գտած են ժողովուրդին մէջ եւ մինչեւ մեր օրերը հաճոյքով կը դիտուին արաբ հանդիսատեսներու կողմէ:

Մուհամմատ ալ-Մաղութը նաեւ հեռատեսիլի համար բազմաթիւ կտորներ գրած է: Առաջին փորձը եղած է 1964-ին:

Մէկ երկու շարժանկարային (cinema) աշխատանք ալ հեղինակած է, որոնցմէ ամենէն նշանաւորը՝ «Ալ-հուտուտ» - Սահմանը:

Ալ-Մաղութի բանաստեղծութիւնները երեք հատորներու մէջ ամփոփուած են.

ա. «Տխրութիւն՝ լուսինի լոյսին տակ»:

բ. «Միլիոնաւոր պատերով սենեակ»:

գ. «Ուրախութիւնը մասնագիտութիւնս չէ»:

Մի քանի գիրքերու ալ հեղինակ է: Այսպէս.

ա. «Օրօրոց» - պատմուածք:

բ. «Ծաղիկներու սուրը» - յօդուածներ:

գ. «Եդեմի Արեւելքը, Աստուծոյ Արեւմուտքը»:

դ. «Կարմիր պետեվին»:

ե. «Պիտի դաւաճանե՛մ Հայրենիքիս»:

1987-ին Ալ-Մաղութը իր լրագրողական յօդուածներէն խումբ մը հաւաքած է հատորի մը մէջ, զայն վերնագրելով՝ «Պիտի դաւաճանե՛մ Հայրենիքիս»: Գիրքին ներածութիւնը գրած է իր ընկերը՝ Զաքարիա Թամէրը1՝ «Պիտի դաւաճանէ կեղծ Հայրենիքի մը» վերնագիրով: Այսօր, մեր ընթերցողներուն այդ ներածականը կը ներկայացնենք, եւ յաջորդիւ Ալ-Մաղութի գրութիւնները, յուսալով որ գրութիւնները մեր ընթերցողներուն համար հետաքրքրական կ՚ըլլան:

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԷ ԿԵՂԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԸ

Մուհամմատ ալ-Մաղութը զուարճախոհ գրող մըն է, ով ուշադրութեան արժանի է: Ան նախքան դաւաճանելը, գիրք մը կը հեղինակէ՝ ազդարարելով թէ կը պատրաստուի դաւաճանել իր հայրենիքը, այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ դաւաճանութիւնները գաղտնի կերպով կը կատարուին:

Ո՞ր հայրենիքն է որ պիտի դաւաճանէ, հրապարակայնօրէն եւ հպարտութեամբ:

Երկու տեսակի հայրենիքներ կան…: Կեղծ հայրենքիներ եւ իրական հայրենիքներ:

Կեղծ հայրենիքները բռնակալներու հայրենիքներն են, իսկ իրական հայրենիքները՝ ազատ մարդոց հայրենիքներն են:

Բռնակալներուն հայրենիքները մարդոց ուրիշ բան չեն տար եթէ ոչ բռնութիւն, նուաստացում եւ աղքատութիւն: Այդ հայրենիքներուն քաղաքներն ու գիւղերը գերեզմաններու եւ բանտերու յատկութիւն ունի, այդ պատճառով այդ բռնակալներու հայրենիքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը դաւաճանութիւն է մարդուն, մինչ ապստամբիլն ու անհնազանդիլը անոնց՝ մարդուն ու անոր իրաւունքին հաւատարիմ մնալ է, խաղաղ կեանքի մը մէջ՝ ուր կը թագաւորէ ուրախութիւնը եւ զերծ է անիրաւութենէ ու նուաստացումէ, մանաւանդ՝ որեւէ մէկ հայրենիքի մէջ ծնիլը ամենէն թոյլ արմատն է, որ մարդս կը կապէ իր հայրենիքին, եւ այդ արմատը պիտի չաճի ու պիտի չմեծնայ բացի այն ազատութեամբ ու արդարութեամբ, որ այդ հայրենիքը պիտի տայ իրեն:

Մուհամմատ ալ-Մաղութը միշտ կը կարծէ, թէ ինք պարտուած ու կորսուած դատերու մարդն է, սակայն մարդոց նեղութեան ընթացքին անոնց կողքին կանգնիլը երբեք ալ պարտուած դատ մը չէ, այլ՝ դժուար քննութիւն մըն է գրողին համար, մանաւանդ որ բռնակալներու հայրենիքին մէջ գրելը նուազ ապահով է, քան օձերուն հետ նոյն անկողինին մէջ քնանալը:

Այս սեւ [կողքով], գեղեցիկ, հաճելի, ցաւալի, երգիծական, ուրախ գիրքին մէջ, Մուհամմատ ալ-Մաղութը կը յաջողի մէկ գետնի վրայ բերելու գիշերն ու ցերեկը, յոյսն ու յուսահատութիւնը, պարտութիւններու դառնութիւնը եւ անկարողին բարկութիւնը, որպէսզի ներկայացնէ արաբ մարդուն իր քաղաքական, մշակութային եւ մտաւորական գործիչներէն, զինուորներէն, ոստիկաններէն եւ մամուլի աշխատակիցներէն կրած ու ապրած պատուհասները, այդ բազմերես պատուհասը կեդրոնացնելով մէկ պատուհասի մէջ՝ ազատութեան կորուստի:

Ազատութիւնը նոյնիսկ կենդանիներու աշխարհին մէջ կը պաշտպանուի ճանկերով եւ ժանիքներով, արիւն կը թափուի պահպանելու համար այդ ազատութիւնը, սակայն մարդոց աշխարհին մէջ ազատութիւնը գոյութեան եւ գոյապահպանութեան գրաւականն է, եւ եթէ կորսուեցաւ՝ կեանքը կը վերածուի մահուան երկրորդ երեսը:

Մուհամմատ ալ-Մաղութը որ կէս դար եւ երեք տարի ապրեցաւ [1987 թուականը նկատի ունի, երբ այս գիրքը հրապարակուած է, եւ այդ ատեն Մաղութը 53 տարեկան եղած է], գիտցաւ ինչ որ կայ գագաթին վրայ եւ անդունդին մէջ, տակաւին կ՚ապրի, եւ այս գիրքին մէջ կ՚ամփոփէ արաբական աշխարհէն ներս կեանքին հետ իր ունեցած դաժան ու դառն փորձառութիւնը…: Սակայն, իր անձնական փորձառութիւնը չէ միայն, այլ՝ ամբողջ սերունդի մը փորձառութիւնն է, խեղճ սերունդ մը, որ իր մանկութենէն խաբուեցաւ քաղաքական եւ մտաւոր ուռճացած կարգախօսներով. ան հասկցաւ խաբուած է միայն այն ատեն, երբ արդէն ծերութեան դռները կը թակէր թոյլ բռունցքներով, այդ ատեն միայն գիտցաւ, թէ իր կեանքին ամենէն գեղեցիկ տարիները ապարդիւն կորսնցուց: Այդ սերունդը մարդուն համար ուրախ քաղաքներ չկառուցեց, այլ՝ կառուցեց բանտեր՝ որոնց մէջ բանտարկուեցաւ, մտրակներ պատրաստեց՝ որոնցմով չարչարուեցաւ, ինչպէս նաեւ կախաղաններ գոյացուց՝ որոնց վրայ կախուեցաւ…:

Այս գիրքը անկեղծ եւ ողբերգական վկայութիւն մըն է արաբներու ներկայ ժամանակներուն վերաբերող մէկ մութ հանգրուանին, որն արժանի է թոռնիկներու դատաստանին առջեւ դրուի, որպէս փաստաթուղթ մը, որ կը վանէ որեւէ մէկ մեղադրանք՝ ուղղուած մեծ հայրերուն անփութութեան եւ համակերպութեան մէջ: Արդարեւ, բաց վիզը չի՛ կրնար յօշոտողներու սուրերուն յաղթել:

Այս գիրքը նաեւ կ՚ամրապնդէ խօսքին նկատմամբ վստահութիւնը՝ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, ուր ստութիւնն ու կեղծաւորութիւնը կը տիրեն, եւ խօսքին կը վերադարձնէ իր երբեմնի շքեղութիւնը:

Զաքարիա Թամէր
Լոնտոն, մայիս, 1987

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


1 Սուրիացի գրող, լրագրող եւ հեքիաթագիր: Ան արաբական աշխարհի ամենէն նշանաւոր հեքիաթագիրներէն մէկն է: Ծնած է 2 յունուար 1931-ին Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2023