ԱՔԼՈՐԸ ՉԻ ԿԱՆՉԵՐ
Աքլորը ըսաւ իր հաւ կնոջ.
-Ո՜ւֆ, յոգնեցայ ամէն առտու կանչելէն, երանի քիչ մը ծուլութենէդ հրաժարիս եւ փոխարէնս կանչես:
Հաւը ըսաւ.
-Այս ի՞նչ խօսք է: Երբեք լսա՞ծ ես, որ հաւը կը կանչէ աքլորի պէս:
Աքլորը ըսաւ.
-Ամէն առտու կանչելը յոգնեցուց զիս. այնպէս կը զգամ, որ կարծես տարիքս հազարէն վեր է:
Հաւը ըսաւ.
-Ոչ ոք կը ստիպէ քեզ կանչել, ոչ ոք կը պահանջէ քեզմէ եւ ոչ մէկ օգուտ ունի (կանչդ):
Աքլորը ըսաւ.
-Չե՞ս գիտեր, որ արեւը չի ծագիր եթէ ես չկանչեմ եւ անտառի բնակիչները քունէն չեն արթննար:
Հաւը յորդորելով ըսաւ աքլորին.
-Կապ չունիս ծագողին կամ չծագողին, արթնցողին կամ չարթնցողին հետ, դուն հիմա պատասխանատու ես միայն տանդ, կնոջդ եւ զաւակներուդ:
Հաւը ըսաւ.
-Յորդորդ ճիշդ է: Որոշեցի այսօրուընէ ոչ մէկ անգամ կանչել:
Աքլորը որոշումը գործադրեց, դադրեցաւ ամէն առտու կանչելէն:
Անտառի բնակիչները քնացած մնացին եւ արեւը չծագեցաւ...
Աքլորը որոշումը գործադրեց եւ դադրեցաւ ամէն առտու կանչելէն:
Արեւը ծագեցաւ, բայց անտառի բնակիչները քնացած մնացին...
Աքլորը որոշումը գործադրեց եւ ոչ մէկ օր ոչ մէկ կանչ արձակեց:
Բայց անտառի բնակիչները քունէն արթնցան եւ արեւը ծագեցաւ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան