ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Հեռու անցեալին, այսինքն մօտաւորապէս 45 տարի առաջ, մեր տան մէջ յաճախ լսած եմ Գամառ Քաթիպայի այն իմաստալից բանաստեղծութիւնը, որ կը հնչէր մեր ընտանիքի տաղանդաւոր աղջնակներէն մէկուն մեղմիկ շրթներէն։ Ան տպաւորիչ առոգանութեամբ կ՚արտասանէր զայն՝ մեր ընտանիքին յաճախակի փափաքին ընդառաջելով, ամէն անգամ արժանանալով մեր բոլորին ծափողջոյններուն եւ «ապրիս, շա՜տ ապրիս...» գնահատական խօսքերուն։

Ռափայէլ Պատկանեանի, գրական անունով Գամառ Քաթիպայի բանաստեղծութիւնը վաղ երիտասարդութեանս շրջանէն դարձած է տպաւորիչ պատգամ մը՝ ո՛չ միայն իր բանաստեղծական գեղեցիկ կառոյցին, երաժշտականութիւն պարունակող յանգերուն ու ժողովրդային բառերուն շնորհիւ, այլեւ իմ վրայ թողած ազդեցութեան համար։ Այս բանաստեղծութիւնը ամէն լսելուս, ես ալ, իմ կարգին, խանդավառուած ու բանաստեղծին նման թքել ցանկացած եմ նման անտարբեր մարդոց երեսն ի վեր՝ կրկնելով անոր հետեւեալ տողերը.

Դուն խելօք, հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ՚ասեն, շատ ունես.
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վըրան:

Այս բանաստեղծութեան տողերը իրենց անկեղծութեամբ, մեր ազգային կեանքին մէջ շատ մը հարցեր փորձած են լուծել անցեալին, սակայն Քաթիպայի ստեղծագործութիւնը արդի ժամանակներուն մէջ եւս հնչեղ կը համարուի, որովհետեւ կ՚ուղղուի ներկայ մեր ազգային-հայկական կեանքի այն մարդոց, որոնք խորթացած են, կրաւորական դարձած են մեր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ ու կորսնցուցած իրենց ազգային յիշողութիւնը։

Ցաւով եւ ամօթով կ՚ըսեմ, որ մեր ձախողութիւններն ու նոյնիսկ ամօթալի պարտութիւնները կրած ենք այն պահուն, երբ մեր ազգին զաւակները անտարբեր գտնուած են ու ժամանակին չեն հասած օգնութեան։ Աշուղ Ֆարհատ եւս նոյնքան հարազատ կոչ կ՚ուղղէր մեր ազգի զաւակներուն երբ կ՚ըսէր.

Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է, թող գայ,
Մահ պատերազմի օրհաս է,
Ով որ անվախ քաջ է, թող գայ:

Բոլոր ազգեր մեզ ատել են,
Քանզի չունինք իրար հետ սէր,
Չունենալ Եւրոպից յոյսեր,
Այսպէս հասկացողը թող գայ:

Հինգ դար է, որ մեզ կը սպաննեն,
Բռնի կրօնից կը հանեն,
Կին ու աղջիկներս կը տանեն,
Պատիւ ունեցողը թող գայ:

Այսօր, ինչպէս անցեալին, այս բանաստեղծութիւնները պատգամաբեր են ազգիս զաւակներուն համար։ Բանաստեղծին խօսքով՝ պատիւ ունեցողը կու գայ, օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ իր ազգի զաւակներուն ամէնուր։

Արցախեան վերջին պատերազմի երկրորդ կիսուն, մամուլի ընդմէջէն թախանձագին կոչ ուղղեցի ազգակիցներուս՝ «այսօ՛ր տուր, վաղը ուշ կ՚ըլլայ» ըսելով։ Յիշեցի ու յիշեցուցի մեր բանաստեղծներուն ամէն ժամանակներու հնչող պատգամը։ Յիշեցուցի Արցախի իմ հայրենակիցներուն նիւթական օժանդակութեան ծայր աստիճան կարեւորութիւնը։

Պահ մը խորհինք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յարգել կարեւոր համարուող անձնաւորութիւն մը, օրինակ, որ ըլլալով գլխաւոր տնօրէնը մեծ հաստատութեան մը, հազարաւոր գործաւորներ կ՚աշխատցնէ իր գործարանին մէջ, ինք ալ իր կարգին հարիւրհազարներ կը շահի, սակայն հեռու կը մնայ հայկական շրջանակէն եւ օգտակար չի դառնար իր ազգին, հայրենիքին։ Դժբախտաբար, բազմաթիւ օրինակներ կան այս առումով։ Որեւէ բազմաշնորհ կամ հռչակաւոր հայ անհատ, ինչքան ալ հարստացած ըլլայ, իր փառքը նուազ արժէք պիտի ունենայ իր միջավայրին համար, իր համբաւին արժանի փայլքը, համն ու հոտը պիտի չապրի, եթէ զլանայ իր պարտականութիւնները կատարել նախ՝ եկեղեցւոյ, ապա նաեւ իր ազգին հանդէպ։ Բարեսիրութիւնը իւրաքանչիւր մարդու սրտին ու հոգիին բալասանն է, հպարտութիւն առթող ու խաղաղութիւն շնորհող պերճանքն է, անուշ բոյրն է, որ շրջապատին մէջ տարածուելով ջերմութիւն կը ստեղծէ։

Գամառ Քաթիպա նրբանկատօրէն որակաւորած է տաղանդաւոր ու հարուստ անձնաւորութիւնները, որոնք ցաւօք սրտի մեր ազգին մէջ շատ են։ Ուստի պէտք է դիմենք անոնց, յիշեցնենք, մանաւանդ այսօրուան վատ ժամանակներուն, Քաթիպայի բանաստեղծութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը ազգին մեծագոյն շահերուն ապահովման ճամբուն։

Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ.
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վըրան:
Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարտար,
Քարոզչի ստացար հըռչակ ու հանճար.
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վըրան:
Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովըդ լըցուած է մարդոց բերան.
Թէ ուսումէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վըրան:

Իմ կարծիքով՝ ոեւէ անհատ, թէկուզ վերոյիշեալ տաղանդներով եւ հարստութեամբ, պիտի չզգայ լիարժէք գոհունակութիւն, հպարտութիւն եւ իր խղճին հետ ներդաշնակօրէն հաշտուած հոգի, եթէ մեծ հարստութիւն կուտակած ըլլալով մէկտեղ չունի իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ խղճի խաղաղութիւն։

Հարցը միայն նիւթական օժանդակութիւնը չէ, անշուշտ։ Եթէ պատահէր, որ նման անճարակ անձնաւորութիւն փոխան նիւթականի իր ոչ-նիւթական ծառայութիւնը մատուցէր ազգին, անկասկած, որ իր նպաստը բերած պիտի ըլլար հայրենիքին ու ազգին։

Քաթիպայի կոչը եւ ընտրած տիպարները, աւելին, իւրաքանչիւր համարի խորհուրդը եւ իւրաքանչիւր համարի տիպարէն ակնկալուածը յստակ եւ հասկնալի են ոեւէ սովորական ընթերցողի համար։ Արժանապատուութիւն ունեցող ոեւէ հայ դժուարութիւն պիտի չունենայ հասկնալու բանաստեղծի կոչին իմաստն ու արժէքը, եթէ պատրաստակամութիւն ունի նախ լսելու եւ ըմբոշխնելու։ Այս է առաւելաբար բանաստեղծին ցաւը եւ պահանջը՝ լսել եւ ըմբոշխնել։ Լսողներուն թիւը մեծ է անկասկած, սակայն ըմբոշխողներուն թիւը՝ ո՛չ այնքան։ Հոս է մեր ցաւին արմատը։ Բանաստեղծին պահանջը ըմբոշխնելը պիտի ստիպէ նման անհատներ անդրադառնալու իրենց սխալ ընթացքին ու գործի լծուելու։

Իրականութեան մէջ ազգին գումար նուիրելը, կամ ծառայելը ոեւէ ազգայինի համար նուիրական պարտք ըլլալու է, որովհետեւ ազգին նուիրելով նուիրատուին ստացուածքէն բան մը չի պակսիր, ո՛չ ալ կ՚ազդէ անոր հարստութեան վրայ։

Նուիրելով անհատը փոխադարձաբար կը ստանայ բարոյական արժէքներ, ինք եւս օգուտը կը քաղէ իր նուիրածին, որովհետեւ նոյն ազգին կը պատկանի։ Պարզ օրինակ մը. եթէ բարերարը իր զաւկին յաճախած դպրոցին որեւէ առիթով գումար մը կը նուիրէ, վստահ պէտք է ըլլայ, որ ատիկա պիտի ծառայէ ի՛ր իսկ զաւկին կրթական մակարդակի բարելաւման, որովհետեւ իր նուիրած գումարով. օրինակ՝ դպրոցի տնօրէնութիւնը պիտի կարենայ իր աշակերտներուն համար դպրոցական արդիական սարքեր դիւրաւ ապահովել, աւելի որակեալ ուսուցիչներ գործի հրաւիրել, բնականաբար, աւելի բարձր աշխատավարձով. ուսուցիչներ, որոնք մանկավարժական արդի միջոցներով պիտի կարենան դաստիարակել աշակերտները։ Եւ այսպէս, կարուսելի նման, նուիրատուութիւնը հանրային օգուտի վերածուելով՝ աւելի յառաջադէմ եւ զարգացած սերունդի մը պատրաստման նպաստելով, պիտի վերադառնայ նուիրատուին՝ հպարտութիւն առթելով իր իսկ անձին։ Կարելի է յիշել նմանօրինակ տասնեակ պարագաներ, որոնք ո՛չ միայն կրթական ասպարէզին կը վերաբերին, այլեւ՝ ազգի հազարաւոր կարիքներուն՝ մասնաւորաբար պաշտպանութեան, նոյնպէս կրթութեան, առողջապահութեան, գիտութեան, կրօնքի եւ մշակոյթի ոլորտներուն, հասնելով ազգի զաւակներուն ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Միշտ հաւատալով, որ այս բացերը չեն գոցուիր լոկ մեր ներկայ հնարաւորութիւններով, այլ մեր բոլորին ներդրումներով, մեր պարտաւորութիւններու լիուլի կատարումով. պարտաւորութիւններ, որոնք ճիտին պարտքն են արդար ու պատուաւոր ոեւէ մարդու եւ ժողովուրդի։

Եւ այսպէս կ՚աւարտէ բանաստեղծը իր պատգամը.

Կու տամ քեզ պատիւ, կ՚ունենաս դու յարգ,
Ու կը դընեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչի գերեզման
Միակ ձըգտմունքըդ լինի Հայաստան:

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Քուէյթ

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023