Էմիրաթեան Փորձառութիւններէն. Նախարարին Հանդուրժողականութիւնը
«Իւրաքանչիւր օր պէտք է հանդուրժողականութեան օր ըլլայ»:
Շատ անգամ մարդիկ ու բարեկամներ հարց տուած են ինծի աշխատանքային ասպարէզիս՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան եւ Ծոցի տարածքաշրջանի մէջ գործելու կարելիութեան մասին, որովհետեւ, եւ հասկնալի պատճառներով, դժուար կ՚ըլլայ պատկերացնել, որ իսլամական այս երկիրները, որոնք ծանօթ են նաեւ որպէս նոյն այս կրօնին հիմքը նկատուող ոստաններ, որպէս պետութիւն եւ պետականութիւն, իրենց մէջ կրնան ընդգրկել քրիստոնէական ներկայութիւն:
Բայց եւ այնպէս իրականութիւնները կը տարբերին՝ այսօրուան իրավիճակէն մեկնելով եւ ընթանալով պատմութեան հոլովոյթներուն մէջէն: Այսօր կիսապաշտօնական վիճակագրական տուեալներով, մօտաւորապէս հինգ միլիոն քրիստոնեայ կ՚ապրի ու կ՚աշխատի այս տարածքաշրջանին մէջ, եւ անոնք կու գան աւելի քան հարիւր տարբեր երկիրներէ ու ազգութիւններէ:
Բայց հոս կ՚արժէ բանալ փակագիծ մը, որովհետեւ կայ պատմութեան ճշմարտացիութիւնը եւ փաստը այն մասին, որ Ծոցի այս ամբողջ տարածքաշրջանը կազմուած էր քրիստոնեայ երկիրներէ եւ՝ առաջին իսկ դարերէն սկսեալ: Իսլամական ներխուժումը, հինգերորդ դարէն սկսեալ, կամաց-կամաց սկսած է տկարացնել քրիստոնեայ ներկայութիւնը, իսկ իններորդ դարուն արդէն քրիստոնեայ ներկայութիւնը ամբողջութեամբ անհետացած է: Պատմութիւնը կ՚անդրադառնայ այս անհետացման քանի մը վարկածներու: Կար տնտեսական գործօնը, ուր իսլամական պետութիւններու պարտադրած տուգանքը՝ ճիզան, փոքրաթիւ համայնքներու համար (հրեայ եւ քրիստոնեայ) ստիպած է քրիստոնեայ հաւաքականութիւնները արտագաղթել, բայց նաեւ ենթարկած է կրօնափոխութեան: Պատմական տուեալներ նաեւ կը խօսին հալածանքներու մասին, որոնց ենթարկուած են քրիստոնեայ հաւաքականութիւններ՝ տարբեր շրջաններու մէջ: Բայց կայ նաեւ ներքրիստոնէական վարկածը, եկեղեցիներու միջեւ եղած ու ծագած հարցերը՝ աստուածաբանական թէ այլ, որոնք մղած են քրիստոնեաները՝ աւելի «մատչելի» գտնելու իսլամական կրօնը ու փարելու անոր:
Հոս պիտի գոցենք փակագիծը, բայց կան նաեւ ներկայ օրերու տուեալները. այսինքն այն, մնացած են պատմութեան հետքն ու հիմքը՝ տակաւին շարունակուող քրիստոնէական եկեղեցիներու յայտնաբերումը, հնութիւններու եւ պեղումներուն գործընթացը: Եւ այս՝ անկախ անկէ, թէ ի՛նչ վարկած(ներ) պատճառ եղած են այս շրջաններէն քրիստոնէութեան շոգիացման:
Այսօր քրիստոնեայ ներկայութիւնը Ծոցի տարածաշրջանին մէջ կազմուած է, շատ մեծ համեմատութեամբ, այսինքն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ օտարներէ (բացի Քուէյթի եւ Պահրէյնի շատ փոքր ազգային քրիստոնեայ համայնքէն), եւ որոնք կազմակերպած են իրենց եկեղեցական կեանքերը օրինական կարգավիճակով ու իրենց եկեղեցիներով եւ կառոյցներով:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները՝ գլխաւորութեամբ Տուպայի քաղաքին, ստեղծած են յատուկ «հմայք» մը ամբողջ աշխարհի տարածքին: Հմայքին մէջ կայ գրաւչութիւնը, որուն պատճառով աւելի քան հարիւր եւ քսանհինգ տարբեր ազգութիւններ կ՚ապրին հոն: Թէեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ են, բայց խորքին մէջ աշխարհը մէկտեղող երկիր կը հանդիսանան: Ու տակաւին, աշխարհի այս բոլոր քաղաքակրթութիւններու համախմբման վայր եղող այս երկիրը կրցած է ստեղծել համակարգ մը, որուն հիմքը այս բոլոր ազգութիւններու եւ անոնց մշակոյթներու համակեցութիւնն է: Եւ պետութիւնը այս համակեցութեան գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն կը քաջալերէ ու կը պաշտպանէ, այլ նաեւ ատիկա վերածած է պետական կառոյցի՝ ստեղծելով հանդուրժողականութեան նախարարութիւնը:
***
Երեքշաբթի, 17 Յունուար 2017: Ապու Տապիէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք) երեսուն քրիստոնէական առաջնորդներով, պետական հրաւէրով ու դասաւորումով, յատուկ օդանաւով էջք կը կատարենք Սիր Պանի Եաս կղզին, ուր 1994-ին յայտնաբերուած են քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մը հնութիւններ՝ հինգերորդ դարէն մնացած: Մինչեւ օրս, պետական նախաձեռնութեամբ, Եւրոպայէն յատուկ մասնագէտներ եւ հնագէտներ կը պեղեն, կը խնամեն եւ կը պահպանեն այս եկեղեցական հնութիւնները:
Եթէ տարածաշրջանի տարբեր երկիրներու մէջ պատ-մական-քրիստոնէական մշակոյթներ ու կոթողներ կը քանդուին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ անոնք կը պահպանուին: Հոսկէ ալ ընթացք առաւ մեր այցելութիւն-հաւաքին հիմքը:
Շէյխա Լուպնա Քասիմի նախարարն է հանդուրժողականութեան այս պետական կառոյցին: Ան ընդարձակեց մեր՝ հանդուրժողականութեան պետական հայեցակէտը, որ կ՚ընդգրկէ իսլամական հաւատքը, պետական կանոնագրութիւնը, պատմական աւանդը, բայց նաեւ՝ երկրին ու հաւաքականութեան բարոյական սկզբունքները, եւ ուր այդ նոյն բարոյական սկզբունքներուն մէջ ներառած են համամարդկային արժէքները: «Ամէն օր հանդուրժողականութեան օր պէտք է ըլլայ», ըսաւ շէյխան:
Այս հաւաքին Սիր Պանի Եասի կղզիին մէջ տեղի ունենալը, քրիստոնեայ եկեղեցւոյ պատմական հնութիւններու մէջ պարզ զուգադիպութիւն չէր, այլ այն պատճառով էր, որ հանդուրժողականութիւնը եւ անոր արժէքը հիմնուած են անհատին ու հաւաքականութեան աւանդին ճանաչումին եւ պահպանման վրայ, բայց կայ նաեւ անոր նկատմամբ յարգանքի գիտակցութիւնը: Եթէ «ուրիշը» պէտք է ընդունիլ, բայց նաեւ պէտք է տեսնել անոր՝ «ուրիշին» աւանդը: Վերջապէս, հաւաքական մեր կեանքերուն եւ շատ անգամ անոր հակադիր կեցուածքներու եւ տրամադրութիւններու մէջ «համախոհութիւն ստեղծելու կարելիութիւնները շատ աւելի կրնան ըլլալ, երբ կայ հանդուրժողականութիւնը» (Անկելա Մերքէլ, 2017):
Նախարարը հաղորդական է եւ՝ յարաբերութիւններ մշակելու ատակ: «Պէտք է ունենալ դրական կեցուածք, բացուիլ մարդկութեան եւ աշխատիլ ու յարաբերիլ բոլորին հետ: Բայց նաեւ կ՚արժէ գիտակցիլ, որ ապրիլը այս մեր բազմաթիւ մշակոյթները ընդգրկող հաւաքականութեանը մէջ՝ համազօր է հարստութեան», ըսաւ ան:
Նախարարին հարստութիւնը մարդկային արժէքին գիտակցութեան մէջ ու անոր համար է: Նախարարը կը գիտակցէր իր պաշտօնին անհրաժեշտութեան, բայց նաեւ՝ այժմէականութեան, թէ՝ ներկայ աշխարհի գլխաւոր եւ հրատապ հարցերէն մէկն է անհանդուրժողականութիւնը. մարդիկ, ընտանիքներ, հաւաքականութիւն, կրօն-պետութիւն եւ այլն: Եւ անհանդուրժողականութեան հետ կը յառաջանայ ատելութիւնը, որ ճամբայ կը հարթէ ժխտական կեցուածքի ու առճակատումի: «Մեր գլխաւոր նպատակակէտը երիտասարդութիւնը եւ ընտանիքներն են, պէտք է դաստիարակենք զանոնք հեռու մնալու ատելութենէ: Եւ հանդուրժողականութիւնը կը հեռացնէ մարդը ժխտական մտածողութենէ եւ կամուրջներ կը հաստատէ անհատներու եւ մշակոյթներու միջեւ», հաստատեց ան:
Բայց կային իմ մտածումներս: Արդեօք ուշացա՞ծ ենք այս բոլորին համար…
Անհանդուրժողականութիւնը միայն միջինարեւելեան ներկայ օրերու ճգնաժամը չէ: Այսօր ընդհանրացած երեւոյթ է, որ ներառած է ամբողջ աշխարհը: Չեմ գիտեր, թէ այս «վիճակները» հակազդեցութի՞ւն են, թէ՞ այլ բան… Ծայրայեղականութիւն, անհանդուրժողականութիւն, սկսած են մշակոյթներու դիմագիծներ փոխել:
Նախարարը կոչ ուղղեց քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, որպէսզի աշխոյժ մասնակցութիւն բերեն այս արշաւին, քանի որ երեւի կը գիտակցէր, գէթ լռելեայն, թէ քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը «ուրիշը» հասկնալու եւ ընդունելու գիտակցութեան մէջ է: Ուրիշը, որ տարբեր է ինձմէ, քեզմէ, եւ որ նոյնքան արժանի է, որ ան-անոնք նաեւ ընդունուին, այդ ալ՝ ըստ պատշաճի:
Եթէ ուշ է այս նախաձեռնութիւն-մտայղացումը, բայց՝ երբեք ուշացած: Եւ ժողովրդային խօսքը դիպուկ է՝ «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»: Որովհետեւ «երբեքը» կը փակէ ամէն կարելիութիւն, բայց «ուշը» կրնայ յուսադրել, որ կարելիութիւններ կան՝ պատեհ առիթը եւ առիթները ստեղծելու, «քիչ» մը շտկելու այն հսկայ աւերները, որոնք կը գործուին մարդկային կեանքերու մէջ եւ ամէն տեղ…
Եւ չուշացաւ մեր խմբակին յանձնառութիւնը նախարարին, թէ՝ «քրիստոնեայ եկեղեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կ՚ուզէ իր մասնակցութիւնը բերել միջավայրի մը մէջ, որ ցոյց կրնայ տալ, թէ կրօնները, իրենց տարբերութիւններով, պէտք չէ խթանեն պատերազմներ, այլ պէտք է դառնան ամուր կռուան՝ շինելու հաւաքական կեանքերը արդարութեան եւ խաղաղութեան տեսլականով»:
Նախարարին հանդուրժողականութիւնը եւ հանդուրժողականութեան նախարարութիւնը: Ուշ է, բայց երբեք ուշացած: Քանի կ՚արժէ հաւատալ, որ կարելի է այս ոչ խաղաղ ու անարդար աշխարհին մէջ մէջտեղ հանել խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, թէկուզ այդ մէկը ըլլայ քիչ, բայց անպայմանօրէն ըլլալու համար յուսադրող:
Նախարարին հանդուրժողականութիւնը: Եթէ նախարարինն է, նաեւ կ՚արժէ որ ըլլայ իմս եւ բոլորինը: Հանդուրժողականութիւն մը, ուր «ուրիշը» կը տեսնես եւ կ՚ընդունիս:
Եւ հետեւելով բանաստեղծին միտքին կ՚արժէ ընել համեմատականը: Այսօր աշխարհ «հացի, օդի եւ ջուրի նման պէտք ունի» խաղաղութեան եւ արդարութեան:
Եւ «ՈՒՐԻՇԸ» հանդուրժելը կրնայ ճամբայ բանալ՝ կերտելու համար այս սպասուած խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ