ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ԹԷԺԱՆԱՅ

Պարզ է, որ պատերազմները միշտ ալ յղի կ՚ըլլան անկիւնադարձային զարգացումներու։ Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի կողմէ շղթայազերծուած այս պատերազմը բոլոր առումներով ծանր հետեւանքներու պատճառ դառնալու հիմնական տուեալները ունի։

Նախ պէտք է հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, որ մինչեւ այս պահը Մոսկուա չկարողացաւ բեկումնային հարուած մը տալ Քիեւին։ Ճիշդ է, որ ռուսական ուժերը կարողացան Ուքրայնայի երկրորդ կարեւոր քաղաքը՝ Խարքովը իրենց տիրապետութեան տակ առնել, սակայն, Քիեւի ուղղութեամբ անոնց յառաջխաղացումը ոչ միայն դանդաղեցաւ, այլեւ այդ ճանապարհին անոնք կրեցին մեծ կորուստներ։ Այս առումով, սակայն, անհնար է հաշուի չառնել, որ Ռուսաստանի նման կեդրոնացեալ իշխանութիւնով երկիր մը նման գրոհի մը առընթեր, իր հիմնաւոր հաշուարկները չէ կատարած, անշուշտ, ի մտի ունենալով, որ բոլոր պարագաներուն ալ յարձակող կողմը կ՚ունենայ մեծ կորուստներ՝ ալ չխօսինք այն մասին, որ Ուքրայնա մուտք գործելը ոչ միայն դժուարին ու բարդ գործ մըն է, այլեւ անոր բանակն ալ զինուած է ամենէն արդիական զէնքերով։ Ամէն պարագայի յառաջիկայ ժամերը տակաւին սպասողական են ու գերազանցապէս գետնի վրայ ընթացող իրադարձութիւնները եւ թնդանօթներու հռնդիւնն է, որ ամբողջական պիտի դարձնէ պատերազմի ստանալիք ուղղութեան վերաբերեալ ենթադրութիւնները։

Ճիշդ է, որ հիմնուելով իր ռազմական ներուժին վրայ, Ռուսաստան վերջ ի վերջոյ ձեռք պիտի առնէ նախաձեռնութիւնը եւ վերջնական հարուածով մը Ուքրայնայի մէջ պիտի հասնի ամբողջական իշխանափոխութեան։

Շաբաթավերջը բարացուցական իմաստով դարձակէտային եղաւ այս պատերազմին համար։ Մասնաւորապէս Եւրոպայի ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնատարներ կամաց-կամաց հող պատրաստեցին դէպի Ուքրայնա ռազմական օժանդակութիւններ առաքելու որոշման համար։ Այս կէտին վրայ կարեւոր եղաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմաննիւել Մաքրոնի յայտարարութիւնը, որով ոչ միայն իրենց նեցուկը «կը թարմացնէր» Ուքրայնայի ի նպաստ, այլեւ կը տեղեկացնէր, որ ռազմական եւ նիւթական մեծ օժանդակութիւններ պիտի առաքուին Ուքրայնա։ Բաց աստի, Մաքրոն նաեւ յայտնեց, որ այս պատերզամը երկարաձգուելու բոլոր հիմքերը ունի՝ լուռ համոզում մը արտայայտելով, թէ իրենք՝ եւրոպացիք որեւէ ձեւով պատրաստ չեն խաղաղարար նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալու։ Նոյնանման յայտարարութիւններ հնչեցին ՆԱԹՕ-ի պատասխանատուներէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահէն ու անոր բանբերէն, Գերմանիոյ վարչապետէն։ Երէկ, Պունտեսթաքի մէջ յանուն ժողովրդավարութեան վարչապետի խօսքերը յաճախ ընդհատուեցան ծափողջոյններով։

Ի դէպ, Արեւմտեան պլոքի ներկայացուցիչներուն խօսքերը հաշուի առնելով մարդ ապշահար կրնայ համոզուիլ, թէ այդ մարդիկ վերէն վար եկած են այն եզրակացութեան, որ այս պատերազմը «պէտք» էր ու տեղի ունեցածը լաւ է այնքան ժամանակ, որ կ՚ընթանայ միջնորդաւորուած։ Այսինքն իրենք չեն կռուիր, զինուոր չեն ուղարկեր, դրամ կը ղրկեն, զէնք-զինամթերք կ՚առաքեն ու կը սպասեն, որ ինչ-որ ձեւով Փութինի «գլուխը կը կտրուի»։ Միամի՞տ են այս մարդիկ, գուցէ, միտումնաւոր կ՚ընեն այս բոլորը։ Անշուշտ, միտումնաւոր կ՚ընեն եւ մարմին կու տան ԱՄՆ-ի այն հին-նոր մօտեցումին, թէ իրենք ուղղակիօրէն պատերազմի մէջ «չկան», այլ կը «պաշտեն» միջնորդաւորուած պատերազմները։

Այս մարդիկ, սակայն, կը մոռնան, որ Մոսկուան Պաղտատ չէ, Մոսկուան Դամասկոս չէ եւ աւելին՝ Մոսկուայի մէջ որոշողները, գլխաւորութեամբ Փութինի, Տոհայի մէջ իրենց դիմացը նստած Թալիպանները չեն։ Ռուսաստան երկիր մըն է, որ երկու համաշխարհային պատերազմներու ժամանակ ալ որոշիչ դեր ունեցած է, իսկ այսօր անոր դէպի տաք ջուրեր արշաւանքով եկած է նոր վերափոխումներու նոր ժամանակը։ Ամէն պարագայի, այս բոլորը հաշուի առնելը մէկ կողմ դնելով, եւրոպացիք եւ ամերիկացիք արդիական զէնքեր կը ղրկեն Զելենսքիի բանակին՝ մոռնալով նաեւ այն վարկածը, թէ նոյն այդ զէնքերը կրնան անցնիլ ռուսական բանակին ձեռքը։

Այս պատերազմը կը պատկանի պատերազմներու այն «տեսակին», որուն մէջ տնտեսական «զէնքեր»ը եւ գործօնները մեծ նշանակութիւն ունին։ Կազի, ոսկիի, նաւթի առընթեր, Ռուսաստանի համար թերի երեսակ կը համարուի դրամական-ելեւմտական փոխանակումի համակարգը, որուն դիմաց ալ Արեւմտեան պլոքը վայրկեան մը իսկ չփախցնելով անցաւ գործի։ Այսպէս, ռուս հարիւրաւոր մեծահարուստներու, նաեւ նախագահ Փութինի եւ Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի, Անգլիոյ մէջ դրամական մեծ կարողութիւններով ռուս սակաւապետներու դէմ յայտարարուած պատժամիջոցներէն վերջ Արեւմուտքը հասաւ իր «մուրազ»ին եւ համաշխարհային կշիռով դրամափոխանցման SWIFT համակարգէն դուրս նետեց Ռուսաստանը։ Սա, անշուշտ, անսպասելի չէր Ռուսաստանի համար։  Չի բացառուիր, որ Մոսկուա յառաջիկայ օրերուն ընթացք տայ իր «ձեռագործ» դրամական համակարգի մը, որու կայացման համար ալ կրնայ դիմել Չինաստանի նեցուկին։ Ամէն պարագայի, սակայն, աւելի քան ակներեւ է, որ այս պատժամիջոցները Մոսկուան ծունկի բերելու բաւարար ներուժ մը չունին։ Կրնա՞ն ազդել անոնք Ռուսաստանի բնականոն տնտեսական շարժումներուն վրայ։ Այո՛,  կրնան, սակայն, անկարող են քաղաքական ռումբի մը վերածուելու՝ տրուած ըլլալով նաեւ, որ ասոնց դիմաց ան ունի Եւրոպան կազէ զրկելու արդար իրաւունքը։ Ամէն պարագայի տակ, տնտեսական այս պատկերէն անդին կը թուի, թէ Փութին կը հատէ հիմնարար բոլոր «կարմիր գիծեր»ը իր երկրի կորիզային պաշարն ու կորիզային զօրքերը անցընելով «խիստ պատրաստութեան» մակարդակին։

Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, միջազգային լրահոսը կը տեղեկացնէ, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու առաջին հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Սպիտակ Ռուսիոյ սահմանամերձ շրջաններէն մէկուն մէջ։ Վայրի գաղտնի պահուիլը առանցքային է։ Ցարդ յստակ չէ, թէ այս բանակցութիւնները դրական արդիւնքի մը, հրադադարի մը պիտի առաջնորդե՞ն, բայց եւ այնպէս, ուշագրաւ է, որ բանակցութեան այս փորձը յառաջ կը տարուի Ուքրայնայի տագնապը Արեւմտեան պլոքի մեծ սեղանէն հեռու տանելու Ռուսաստան-Սպիտակ Ռուսիա ակնյայտ ճիգով մը։

Պատերզամի այս փուլին մեծագոյն «խօսափող»ը կամ ձայն ունեցողը ռազմադաշտի վիճակն է, այնտեղ տեղի ունեցածը եւ, անշուշտ, մայրաքաղաք Քիեւի ո՛ր կողմի տիրապետութեան տակ մնալը։ Հետեւաբար, յառաջիկայ ժամերը, մեծ հաշուով նշաններ պիտի տան իրապէս հասկնալու համար, թէ դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ՝ երկար տարիներէ ի վեր Եւրոպայի տարածքի մօտակայքի աննախընթաց, բաւական թէժ այս պատերազմը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022