ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՆԻԶԱՐ ՔԱՊԱՆԻԷՆ
Ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ փունջ մը բաանստեղծութիւններ սուրիացի բանաստեղծ՝ Նիզար Քապանիէն:
Նիզար Քապանին ծնած է 1923-ին: Բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ: Երկար տարիներ զբաղած է քաղաքականութեամբ եւ ծառայած է որպէս դեսպան արաբական զանազան պետութիւններէ ներս: 1966-ին դադրած է քաղաքականութեամբ զբաղելէ: Իր առաջին հատորը հրատարակած է 1944-ին, որ կրած է «Թխամազը ըսաւ ինծի» վերնագիրը: Այս հատորը սկիզբը եղած է այն տասնեակ հատորներուն, որոնք հերթականութեամբ հրատարակած է յաջորդող տարիներուն, որոնցմէ ամենէն նշանաւորներէն եղած է՝ «Գծագրութիւն բառերով» հատորը: Լիբանանի մէջ հրատարակչատուն մը հիմնած է: իր բանաստեղծութիւններուն մէջ յատուկ տեղ գրաւած են Դամասկոսն ու Լիբանանը: Այս ուղղութեամբ յայտնի են իր՝ «Դամասկոսեան ոտանաւորը» եւ «Աշխարհի տիրուհի ո՜վ Լիբանան» բանաստեղծութիւնները:
1967-ի պատերազմը Քապանիի համար անկիւնադարձային եղած է, որովհետեւ մինչ այդ ան ճանչցուած էր որպէս սիրոյ եւ կիներու բանաստեղծ, սակայն պատերազմի սկիզբով սկսած է նաեւ քաղաքական բնոյթով բանաստեղծութիւններ գրել, այնքան որ, իր այդ տիպի բանաստեղծութիւնները արգիլուած են հրատարակուելէ: Իր քաղաքական բանաստեղծութիւններէն ամենէն նշանաւորը եղած է «Ե՞րբ պիտի յայտարարեն արաբներուն մահը»:
Իր կեանքին վերջին տարիները ապրած է Լոնտոնի մէջ: Մահացած է 1998-ին եւ թաղուած է իր ծննդավայր՝ Դամասկոսի մէջ:
Այժմ, արաբերէն թարգմանաբար ընթերցողին ներկայացնեմ մի քանի կտորներ Նիզար Քապանիէն:
ՀԱՐՍԱՆԻՔՆԵՐ
Բոլոր բանաստեղծութիւններս
ամուսանացան…
-Եւ փառք Աստուծոյ-,
Ու տունս մէկ բանաստեղծութիւն իսկ չմնաց,
Որուն բախտը չեկաւ:
Այդ պատճառով ալ,
Կ՚ատեն զիս բոլոր անոնք,
Որոնք տունը մնացած աղջիկ մը
Կամ տունը մնացած բանաստեծութիւն
մը ունին…
ՀԻՆԳ ՎԱՅՐԿԵԱՆ
Նստէ՛ հինգ վայրկեան:
Բանաստեղծութիւնը չ՚ուզեր տէրվիշի նման
Մեծ մահաքունի մէջ իյնալ
Բացի հինգ վայրկեանէ…
Բանաստեղծութիւնը չ՚ուզեր մերկ տերեւին
թուղթը պատռել
Բացի հինգ վայրկեանէ,
Սիրահարուէ ինծի վայրկեաններ միայն…
Եւ անհետացիր առջեւէս վայրկեաններ ետք:
Լուցկիի տուփէ մը բացի բանի կարիք չունիմ՝
Միլիոնաւոր կրակներ վառելու համար:
Սիրոյ ամենէն զօրաւոր պատմութիւնները,
որ գիտեմ,
Հինգ վայրկեանէ աւելի չեն տեւած…
ՔԻՉ ՄԸ ՉԵ՞Ս ՆՍՏԻՐ
Չե՞ս նստիր քիչ մը,
Չե՞ս նստիր:
Հարցը քեզմէ ու ինձմէ բարձր է՝
Ինչպէս դուն գիտես…
Եւ ինչ որ կար քու եւ իմ մէջս,
Ջուրին երեսին վրայ նախշ մը չէր,
Այլ՝ աւելի մեծ բան մըն էր,
Այս երկինքին նման:
Արդարեւ, ինչպէ՞ս տկարութեան այս
վայրկեանին,
Երկինքը ահաբեկել կ՚ուզենք:
Հինգ վայրկեան մը եւս չե՞ս նստիր:
Սիրտիս մէջ մեծ բան մը կայ,
Եւ շա՜տ տխրութիւն,
Ու կարելի չէ զգացումները վայրկեաններու
ընթացքին սպաննել,
Եւ սէրդ աղբի կողովին մէջ նետել…,
Որովհետեւ սիրոյ, բանաստեղծութեան,
տխրութեան,
Հացի, աղի, ծխախոտի եւ յիշատակներու
հրիտակ մը,
Կը պաշարէ մեզ բոլոր կողմերէն,
Երանի՜ քիչ մը մտածես թէ ինչ կ՚ընես,
Որովհետեւ հարցը՝
Քեզմէ ու ինձմէ մեծ է
Ինչպէս որ դուն գիտես:
Սակայն, հիմա կը զգամ թէ ջղայնութիւնը
դեղ չէ,
Այն բանին ինչին մէջ որ ենք…
Եւ աղաւնին ճիշդ ճանապարհը չէ,
Եւ մեր մէջ եղող փոքր հարցերը…
Այդքան հեշտութեամբ չեն մեռնիր,
Եւ զգացումները գեղեցիկ հագուստներու նման չեն փոխուիր…
Ես չեմ փորձեր կարծիքդ փոխել,
Որոշումը որոշումդ է,
Սակայն կը զգամ, որ արմատներդ սիրտիս
մէջ են,
Մէկը ձախը, մէկը աջ…
Ինչպէ՞ս քակենք թռչուներուն եւ ծովուն,
Ամրան եւ յասմիկին պաշարումը,
Եւ ինչպէ՞ս երկու երկվայրկեանի մէջ
կտրենք ժապաւէնը,
Որ տասնեակ տարիներու ընթացքին
հիւսեցինք զայն:
Բաժակ մը պիտի լեցնեմ ինծի.
Իսկ դո՞ւն.
Յիշեցի…, դուն չես խմեր:
Ես երթալուդ դէմ չեմ,
Սակայն…,
Կը մտածեմ, թէ երկինքը ամպամած է,
Եւ կը վախնամ, որ անձրեւ իջնայ վրադ,
Ի՞նչ վնաս քեզի, եթէ քիչ մըն ալ
նստիս,
Մինչեւ անձրեւը կտրուի…
Եւ ի՞նչը կը վնասէ քեզի,
Եթէ քիչ մը շպար դնես կոպերուդ:
Դուն շա՜տ լացիր…
Եւ դէմքդ հակառակ արցունքներուդ
շպար խառնուած ըլլալուն,
Տակաւին լուսինին նման է…
Ես երթալուդ դէմ չեմ…,
Սակայն…,
Առաջարկ մը ունիմ, որպէսզի
բանաստեղծութիւն մը կարդանք հիմա,
Թերեւս այդ քիչ մը բանաստեղծութիւնը
կը կտրէ այս ձանձրոյթը:
Կ՚ըսես, թէ բանաստեղծութիւններս
չես հաւնիր:
Այս նոր մարտահրաւէրը պիտի ընդունիմ,
Ամենայն սառնասրտութեամբ եւ
անկեղծութեամբ:
Ու կը յիշեմ,
Թէ ինչքա՜ն կ՚ուրախանայիր
բանաստեղծութիւններովս…
Ու բառերս առաւօտ եւ գիշեր
կը գրկէիր…,
Եւ կը ծիծաղիմ՝
կիներու քմայքներէն…
Երանի՜ նստիս, տի՛կին,
Որովհետեւ հարցը քեզմէ ու ինձմէ
բարձր է,
Ինչպէս որ դուն գիտես…
Տակաւին նեղացա՞ծ ես:
Հետեւաբար, ներէ՛ ինծի,
Որովհետեւ, ամէն պարագայի դուն
սիրտիս սիրելին ես…
Պիտի ենթադրեմ, թէ բոլոր տղամարդոց
պէս վարուեցայ,
Քիչ մը կոշտութեամբ,
Եւ քիչ մըն ալ սնափառութեամբ…
Բայց արդեօք այդքանը բաւարա՞ր է
բոլոր կամուրջները կտրելու,
Եւ բոլոր ծառերը այրելու…
Ես չեմ փորձեր ճակատագիրն ու
պատահածը վերադարձնել,
Սակայն, հիմա կը զգամ,
Թէ քեզ սիրտէս արմատախիլ ընելը
դժուար է,
Եւ սէրդ գլխատելը դժուար է,
Քեզ սիրելը դժուար է,
Քեզ ատելն ալ՝ դժուար,
Եւ քեզ մեռցնելն ալ հեռաւոր
անհասանելի երազ մըն է,
Արդարեւ, պատերազմ մի՛ յայտարարեր,
Որովհետեւ գեղեցկուհիները
պատերազմիլ չեն գիտեր,
Եւ կրակ մի՛ բանար՝
Մէկ աջ, մէկ ձախ,
Որովհետեւ ի վերջոյ,
Չես կրնար բոլոր տղամարդիկը
ահաբեկել,
Չես կրնար բոլոր մարդիկը ահաբեկել…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
25 մարտ 2019, Վաղարշապատ