«ՔՈՐՈՆԱ»Ի ՏԵՍԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Ֆրանսայի Ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ լը Մեր քորոնաժահրին դէմ պայքարը նկատեց «տնտեսական եւ ելեւմտական պատերազմ»: Ան այդպիսով մատնանշեց այդ պայքարին բնոյթներէն մէկը, սակայն ոչ՝ արդիւնքը:

Աշխարհի համաշխարհայնացուած ներկայ համակարգը մեծապէս նպաստեց այս ժահրի տարածումին, մանաւանդ Եւրոպայի մէջ, ուր «անտեսանելի թշնամի»ին տարածման կշռոյթը շատ արագ է, իսկ մահերուն ու վարակուածներուն թիւը՝ բարձր:

Թիւերը թերեւս երկրէ երկիր տարբեր են, սակայն ամէնուրեք մահերուն պատկերը նոյնն է. ընդհանրապէս աւելի քան 60 տարեկան եւ կամ վատառողջ մարդիկ. այլ խօսքով՝ զարգացած երկիրներու մէջ հանգստեան կոչուած մարդիկ, իսկ վատառողջութեան պատճառով կամ ոչ զարգացած երկիրներու մէջ տարիքի բերմամբ արտադրողականութիւնը նուազած մարդիկ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն 22 մարտին բժիշկներուն հրամայեց «առաջնահերթութիւն տալ այն հիւանդներուն, որոնք ողջ մնալու յաւելեալ կարելիութիւն ունին»: Հրաման մը, որ անմարդկային ու անգութ է, սակայն թելադրուած է երկրին առողջապահական համակարգին առարկայական պայմաններէն ու կարողականութենէն. բարոյական գետնի վրայ խիստ դատապարտելի հրաման մը, որուն համար յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին սուղ գին պիտի վճարուի, սակայն թելադրուած է ներկայ պատմական պահէն, որ քաղաքական ղեկավարէ մը ինքնազոհողութիւն կը պահանջէ՝ փրկելու համար այն, ինչ որ կարելի է փրկել: Հրամանի տողատակի պատգամը յստակ է. անտեսել ու զոհել տարեցները՝ փրկելու համար երիտասարդները, իմա՝ երկրին ապագան:

Առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլեզա Ռայսի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Ստեղծարար քաոս» տեսութիւնը մեզի որոշ պատկերացում մը կու տայ աշխարհի մէջ քորոնաժահրի ճգնաժամէն ետք տիրելիք տնտեսական կացութեան մասին: Ըստ տեսութեան, նորի ստեղծման համար պէտք է քանդել գոյութիւն ունեցող ներկայ կաղապարը: Գաղափար մը, որ աւելի պարզ ու պատկերաւոր ձեւով կը բացատրէ «կարելի չէ ձուածեղ պատրաստել առանց հաւկիթներ կոտրելու» անգլերէն ասացուածքը:

Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ երկիրներու հասարակութիւնները կը ծերանան: Զարգացած երկիրներու մէջ հարկատուներու տրամադրած գումարներով պետութենէն թոշակ ստացողներուն ու նուազ արտադրողականութիւն ունեցողներուն թիւերու աճը ծանր բեռ մըն է նշեալ պետութիւններու տնտեսութիւններուն վրայ: Համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ տարբեր տնտեսութիւններ իրարու կապակցուած են, ուստի այդ բեռը ինքնաբերաբար նաեւ ծանր բեռ է համաշխարհային տըն-տեսութեան վրայ:

Քորոնաժահրին ստեղծած ներկայ պայմաններուն մէջ բազմաթիւ զարգացած երկիրներու ղեկավարներ ստիպուած պիտի ըլլան հետեւիլ Բրիտանիոյ վարչապետի օրինակին, թէեւ թերեւս առանց հրապարակաւ այդ մասին բարձրաձայնելու: Իբրեւ արդիւնք ներկայ տագնապի աւարտին տարեցներու, իմա՝ թոշակառուներու թիւի նուազումով՝ բազմաթիւ երկիրներ պիտի ունենան աւելի երիտասարդ, այսինքն՝ բարձր արտադրողականութեամբ հասարակութիւններ եւ նուազ ընկերային ապահովագրութեան ծախսեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ներկայ սուր, սակայն, ժամանակաւոր տնտեսական անկումէն ետք պիտի արձանագրուին անջատ երկիրներու, մասնաւորաբար զարգացած երկիրներու եւ համաշխարհային տնտեսութեան աճի բարձր համեմատութիւններ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020