ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՎԱՐԱԿ, ԹԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ԶԷՆՔ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

Լիբանանահայ բժիշկ Ռաֆֆի Փոլատեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:

-Հաշուի առնելով քորոնայի ստեղծած իրավիճակը, արդեօք շատերու կողմէ իրադրութիւնը «Մանրէաբանական պատերազմ» (Bacteriological war) համարելը սնապաշտութիւն կը համարուի՞։

-Կրնայ ըլլալ «Մանրէաբանական պատերազմ» է եւ կրնայ ըլլալ՝ չէ, բայց, որպէս փաստի արձանագրում, հետեւեալը կրնամ ըսել, թէ ճիշդ շաբաթ մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Չինաստանի դեսպանը շատ վտանգաւոր յայտարարութիւն մը կատարեց։ Ան ըսաւ, որ CIA-ի գործակալներ գործուղուած էին Ուհան, ուր COVID-19 վիրուսը «բաց թողած» են, նպատակ ունենալով Չինաստանը ծունկի բերել: Դեսպանը իր այս խօսքերուն համար կանչուեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ հարցաքննութեան, իսկ Չինաստանի կառավարութիւնը որեւէ արձագանգ չունեցաւ, եւ դեսպանը իր ձեռքերը թօթուելով դարձեալ դեսպանատուն վերադարձաւ:

Արագ անդրադարձ մը ընելով՝ յիշեցնեմ, որ մինչեւ 24 փետրուար 2020-ը, Չինաստանի մէջ քորոնան տագնապալի վիճակ ստեղծած էր թէ՛ վարակուածներու եւ թէ հիւանդներու մահացութեան թիւի առումով: Իսկ 27 փետրուարէն սկսեալ ամբողջ աշխարհ արձանագրեց Չինաստանի ունեցած թիւերէն շատ աւելի բարձր թիւեր, իսկ անցնող 10 մարտին, Չինաստանի նախագահ Շի Ճինկփինկ յայտարարեց, որ քորոնան արդէն պարփակուած է Հուպի նահանգին մէջ, որ կը նկատուի այս վարակին ծննդավայրը։ Պէտք չէ մոռնանք, թէ նոյն թուականին՝ 10 մարտին, ԱՄՆ-ի մօտ չին դեսպանը վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարած էր:

Այսօր սակայն Չինաստանը յաղթահարած է այս ահաւոր, առանց զէնքի կամ ռումբերու, սակայն երկիր փլուզող պատերազմը եւ առաջ անցած է. ինչպէ՞ս: Նախ՝ Չինաստան ունի կեդրոնացուած կառավարական համակարգ մը, եւ չմոռնանք, որ հոն իշխող վարչաձեւը համայնավարական է. երկրորդ՝ երբ Չինաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ, աւելի քան 60 միլիոն մարդ տնային կալանքի տակ առնուեցան, առանց բողոքելու. երրորդ՝ տասն օրուան մրցանակային ժամանակի մէջ չինացիք կարողացան հիւանդանոցներ կառուցել եւ եղածը իրաւամբ խելքի մօտիկ բան մը չէր: Հոս ի յայտ եկաւ, թէ Չինաստանի զարգացած արհեստագիտութիւնը՝ ընդդէմ քորոնային, շահեցաւ: Պարզուեցաւ, որ Չինաստան ունի բժշկական մարդամեքենաներ (ռոպոթ), առաքումի մարդամեքենաներ, ունի այդ վիճակներուն համար կարեւոր գործ ընող անօդաչու թռչող սարքեր, ունի մաքրող եւ հականեխող մարդամեքենաներ՝ որոնք ճանապարհներու վրայ գործ կը տեսնեն, ունի շրջիկ մարդամեքենաներ՝ որոնք ոստիկաններու կողքին հսկիչ գործառոյթ կը կատարեն, ունի արդիական սարքերով ոստիկանական յատուկ ջոկատ՝ որոնք կարող էին մինչեւ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ մարդոց ջերմութիւնը չափել եւ այս բոլորը գործի դրուեցան ընդդէմ քորոնային:

Այսօր Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունի 300 միլիոն, CC TV-ներ, որոնք ունին դէմքը ճանչնալու, զգացական վիճակդ կարդալու կարողութիւն։ Այդ ձեւով կրնան գիտնալ, թէ անձը ո՛վ է, անմիջապէս կրնան մտնել անձնագրիդ մէջ եւ «առողջապահական արխիւ»դ կազմել, ինչպէս նաեւ գործիդ, գտնուած վայրերուդ, շփման շրջանակիդ ամբողջ տեղեկատուութեան ցանցը մէջտեղ հանել։ Այսպէսով ամէն անձ ունի իր QR քոտը եւ այդ QR քոտին վրայ պետութիւնը քորոնային համար յատուկ՝ կարմիր, կանաչ կամ դեղին վիճակներ ստեղծած է. այն՝ որուն մօտ «իրավիճակ»ը կանաչ է, կրնայ ազատ տեղաշարժիլ, դեղինը՝ կասկածանքի առարկայ է, որոշ տեղեր չի կրնար մուտք գործել, իսկ կարմիրը՝ ոչ մէկ տեղ կրնայ այցելել, անմիջապէս կ՚արգելափակուի եւ կը բուժուի:

-Մինչ վարակը կը շարունակէ աւերներ գործել, ոչ միայն առողջապահական ոլորտին, այլեւ ընկերային-տնտեսական գետիններու վրայ, անդին երեւելի կը դառնայ քաղաքական սուր պայքարներու նոր փուլի ուրուագիծը։ Այդպէ՞ս է եւ այս ընթացքով դէպի ո՞ւր կ՚երթանք։

-Հիմա բոլորիս համար պարզ է, որ առողջապահական վիճակը շատ վատթարացած է, բոլոր երկիրներու մէջ, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ մաշած է: Նախքան ընկերա-տնտեսական (socioeconomic) վիճակին անդրադառնալը, նշեմ, որ ըստ դաւադրական վարկածին (conspiracy theory), նոյնիսկ կ՚ըս-ւի, որ քորոնաժահրը աշխարհի բնակչութեան 10-35 տոկոսը պիտի պակսեցնէ։ Ներկայ իրականութեան մէջ, մահացողները աշխարհի որոշ շրջաններու մէջ երիտասարդներն են, որոշ շրջաններու մէջ ալ՝ ծեր մարդիկ։ Մեծահասակներու մեծամասնութիւնը կը գտնուի Եւրոպա, յատկապէս Իտալիա։ Եւ ըսեմ, որ յետքորոնայի առաջին երեւոյթը պիտի ըլլայ ծեր մարդոց վերացումը, կամ երկարակեացութիւն չունենալը:

Այլ երեւոյթներ եւս պիտի փոխուին յետքորոնայի փուլին մէջ. նախ եւ առաջ մենք գիտենք, որ այսօր նաւթը ահաւոր անկում կ՚արձանագրէ, սակարանները բոլորն ալ անկման մէջ են. ԱՄՆ իր սակարանները փակեց։ Վաճառանիւթերու (commodity)՝ մետաղներ, ոսկի եւ այլն, գիները սկսան իյնալ եւ ուտելիքներու փոխարժէքները սկսան ահաւոր աճ արձանագրել:

Հոս կ՚ուզեմ անդրադարձ մըն ալ կատարել, թէ ընդհանրապէս որեւէ մեծ ընկերա-տնտեսական (socioeconomic) քաոսէ ետք ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ։ Մենք գիտենք, որ դրամատիրական համակարգը հիմնուած է երեք սիւներու վրայ՝ դրամարկու (investor), դրամատուն (bank) եւ փոխառու (loaner)։ Դրամարկուները դրամագլուխներու հսկաներն են, որոնք իրենց դրամները դրած են դրամատուներու մէջ, որոնք իրենց հերթին այդ դրամները օգտագործելով կու տան փոխառուներուն, այսինքն, անոնց, որոնք կ՚աշխատին, պարտքով դրամ կ՚առնեն եւ իրենց գործունէութեամբ երկիրները կը զարգացնեն եւ յառաջ կ՚երթան։ Հիմա, յետքորոնային հանգրուանին այս սիւները պիտի տատանին, որմէ հիմնական տուժողը պիտի ըլլան փոխառուները, որոնք ժողովուրդին մեծամասնութիւնն են: Մինչ դրամարկուները իրենց դրամները պիտի ուզեն դրամատուներէն եւ դրամատուները նոր դրամանիշ տպելով իրենց հարցը պիտի լուծեն, անդին փոխառուները ինչպէս պիտի կարենան գլուխ հանել, ճիշդ հոս է հարցը:

-Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը, օրեր առաջ վարակի տարածման մասին դրական շեշտեր պարունակող յայտարարութիւններ կատարեց, բայց եւ այնպէս վերջին ժամերուն ԱՄՆ-ի պատասխանատուներ հանդէս եկան բաւական ժխտական ձեւակերպումներով։ Ի՞նչ կը կատարուի ԱՄՆ-ի ճակատին վրայ։

-Անդրադառնալով ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան, որ տեղի ունեցաւ քորոնայի երեւումէն անմիջապէս ետք, ապա կրնամ ըսել, թէ անոր խօսքին մէջ որոշ լաւատեսութիւն մը կար: Թրամփ կ՚ըսէր, որ վարակը շատ հաւանաբար պիտի աւարտի մինչեւ յառաջիկայ յունիս ամիսը եւ ԱՄՆ պատրաստ է «ձեռք մեկնելու» Չինաստանին եւ Իրանին, սակայն աւելի ուշ Թրամփ բոլորովին այլ՝ հակառակ յայտարարութիւն մը կ՚ընէր։ Ան կ՚ըսէր, որ ԱՄՆ կը փակէ իր սահմանները բոլոր երկիրներուն հետ, եւ աւելի վտանգաւորը, որ այս ժահրը կրնայ տեւել մինչեւ 2021 թուականը: Անշուշտ այս խօսակցութիւններուն լոյսին տակ ալ ԱՄՆ-ի մէջ արտակարգ դրութիւն կը յայտարարուէր: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ ընդամէնը մէկ շաբթուան ընթացքին աշխարհի գերիշխան պետութեան նախագահին յայտարարութիւններուն մէջ այդքան հակասական մօտեցումներ երեւան ելան: Այստեղ կայ ուրիշ պահուած բան մը, որ ըստ իս՝ հետեւեալն է. Այսօր մենք գիտենք, թէ Չինաստանի սոֆթուէրը, պիկ տաթան, ի հանդիման եկաւ IOS-ին եւ Մայքրոսոֆթին, եւ զանոնք գերազանցեց, 5G-ն շահեցաւ պատերազմը 4G-ի դէմ եւ Չինաստանի մէջ մարդիկ արդէն սկսած են 6G-ն գործածել եւ կատարելագործել։ Ասկէ ետք պատերազմը պիտի ըլլայ ուղեղներու եւ փորձագիտութեան պատերազմ. պիտի օգտագործուին նոր զէնքեր, որոնք պիտի ըլլան տաթաները, ոչ թէ օդանաւեր, նաւատորմիղներ եւ այլն… ու տեսնենք, թէ ինչի պիտի յանգի:

Բնականաբար, երբ որեւէ երկիր կը սնանկանայ, ոտքի ելլելու համար կը նայի, թէ ինչ ունի։ Այս առումով Չինաստանը յաղթողն է, ան ունի թէ՛ մարդուժը եւ թէ փորձագիտութիւնը ու թօթափած է իր վրայէն հիւանդութիւնը: Երկրորդ յաղթող պետութիւնը պիտի ըլլայ Ռուսաստանը, քանի որ ան ալ կեդրոնացած կառավարութիւն ունի, այնտեղ համայնավարական վարչակարգի հիմքերը տակաւին առկայ են, ինքը՝ երկիրը անծայրածիր է, շատ հարստութիւններ ունի։ Չմոռնանք, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երկու տարիէ ի վեր տոլարէն ձերբազատուելու քաղաքականութեամբ կը զբաղի։ Իսկ երբ նոր դրամական համակարգ պիտի ստեղծես, դրամ պիտի տպես, դիմացը ոսկի պէտք է ունենաս, Ռուսաստան ունի այդ ոսկին: Այս բոլորը կրնան դանդաղ կերպով իրականացուիլ՝ հասնելով մինչեւ Պրիքսի երկիրները։ Հոս պիտի կեդրոնանամ Հնդկաստանի վրայ, որ իր հերթին ունի անծայրածիր մարդուժ եւ լաւ յառաջացող տնտեսութիւն ու Պրիքսի միջոցով ան ձեռք պիտի մեկնէ նաեւ Ռուսաստանին եւ Չինաստանին: Այս եռեակը, արդէն աւելի զօրացած, պիտի ապաւինին յաջորդ վաճառանիւթով զօրաւոր երկրին, որ Հարաւային Ափրիկէն է, որ ոսկիներու եւ հանքերու ամփարտակ մըն է: Հինգերորդը՝ որ չնայած քաղաքականօրէն որոշ չափով տկարացած էր եւ վաղը դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի Պրիքսի գիրկը՝ Պրազիլն է։ Այս նոր ուժերը՝ որոնք պիտի կազմուին, մարդկութեան պատմութեան մէջ նոր էջ կամ դրամական նոր դրութիւն մը պիտի ստեղծեն եւ Միացեալ Նահանգներն ալ պիտի ստիպեն իրենց թելադրած խաղի կանոններով շարժիլ:

-Ինչպէ՞ս պիտի ազդուի Մերձաւոր Արեւելքը քորոնա վարակի տարածումէն ետք. վտանգները մեծ ե՞ն։

-Մենք շատ լաւ գիտենք, Միջին Արեւելքը եւ մանաւանդ Ծոցի երկիրները հարուստ երկիրներ են, բայց եւ այնպէս, այս մէկ շաբաթուան ընթացքին նաւթի գիները ահաւոր անկում ապրեցան: Ուրեմն, յաջորդ երեւոյթը յետքորոնայի շրջանին պիտի ըլլայ այն, որ նաւթը այդքան ալ անհրաժեշտ պիտի չըլլայ: Մենք Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Ծոցի երկիրներու մէջ պիտի տեսնենք յեղաշրջումներ. այն վերնախաւը՝ որ ցարդ կ՚իշխէր ժողովուրդներուն վրայ, կրնայ վերանալ: Նաւթային պետութիւնները անկում պիտի ապրին եւ առաջ պիտի գան նոր պետութիւններ: Հոս Լիբանանի աւագանին եթէ «խելքը գլուխը հաւաքէ» եւ կարենայ առկայ հարցերը լուծել, շատ մեծ ապագայ կրնայ ունենալ, քանի որ կազի իրենց հանքերը կրնան շատ դրականօրէն օգտագործել, ունինք նաեւ Իսրայէլը, Եգիպտոսը, Լիպիան, Սուրիան։ Չմոռնանք, որ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ պատերազմները կարծես իրենց լրումին սկսած են հասնիլ:

-Հայաստանի իշխանութիւնները հաստատեցին «Արտակարգ դրութիւն», որուն հիմքով ալ որոշ կտրուածքով սահմանափակումներ դրուեցան: Եթէ քորոնայի վարակակիրներու թիւը շարունակէ աճ արձանագրել, ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմեն Հայաստանի իշխանութիւնները:

-Հայաստանի վարչապետին առած քայլերուն անդրադառնալով, որպէս բժիշկ իմ գնահատականս տալով, կրնամ ըսել, որ առաջին օրէն ի վեր շատ ճիշդ շարժեցաւ՝ կեդրոնացում, շրջաններու պարփակում (lockdown), ուրուագծում (tracking) եւ այլն, անոնք չինական փորձառութեամբ զինուած սկսան հետեւիլ իրավիճակին, 14-օրեայ ինքնամեկուսացում պահանջեցին եւ այլն: Ուրիշ բան մը եւս, որ իսկապէս գնահատելի է, ամբողջ հայ ազգը եւ իր բարերարները փութացին Հայաստանին օգնելու, այն ինչ որ մենք Լիբանանի մէջ չտեսանք, նամանաւանդ իշխող աւագանիէն:

Քորոնայի դէմ պայքարի առումով ես լաւատես եմ Հայաստանի երեսակով, նաեւ լաւատես եմ Պրիքսի երկիրներու նկատմամբ: Սակայն ըսեմ, որ ժահրը իր պատերազմը դեռ պիտի շարունակէ, թէ որքան մարդկային կեանք պիտի հնձէ իր ճամբուն վրայ, յառաջիկայ ամիսներուն կը տեսնենք, մանաւանդ «ծեր Եւրոպա»ի մէջ: Այսօր «շենկեն»ը գոյութիւն չունի, ամէն մէկ երկիր իր սահմանը փակեց միւսին դիմաց։ Այսինքն՝ Պրեքսիթը, Պրեքսիթով չվերջացաւ, Եուրեքսիթով վերջացաւ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020