ԱԿՆԱՐԿ - 60 - ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Այսօր Աւագ հինգշաբթի է:

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին ամենէն խորհրդաւոր օրն է: Այս օրուան ընթացքին է, որ Տէր Յիսուս մատնուեցաւ զԻնք խաչել ուզողներուն ձեռքը: Այս օրուան ընթացքին էր նաեւ, երբ Տէրը Իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Իրողութիւն մը, որ թէ՛ այդ ժամանակներուն եւ թէ՛ մեր ներկայ ժամանակներուն տարօրինակ կը թուի, որովհետեւ մարդիկ չեն կրնար պատկերացնել որ տէր մը, տնօրէն մը, առաջնորդ մը, ղեկավար մը իր պաշտօնեաներուն, իր սպասաւորներուն ծառայէ, ո՛չ միայն ծառայէ, այլ՝ նոյնիսկ անոնց ոտքերը լուայ:

Տէր Յիսուսի պարագան, սակայն, ամբողջութեամբ տարբեր է, որովհետեւ Ինք մարդը սիրելուն պատճառով ո՛չ միայն յանձն առաւ մարդուն ոտքերը լուալ, այլեւ՝ խաչ բարձրանալ, Իր կեանքը տալ յանուն մարդու փրկութեան:

Այստեղ, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուած մը Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիէն, ուր կը խօսի Տէր Յիսուսի Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու մասին: Այսպէս.

* Արդ, ի՞նչ է խորհուրդը անոնց ոտքերը լուալուն, ըսենք. նախ՝ որովհետեւ առաքեալները ամէն տեղ բոպիկ կը շրջէին, ու անոնց ոտքերը աղտով ներկուած էր, անոնց ոտքերը աղտէն կը լուայ, բայց լոկ աղտի լուացում չէր, այլեւ անոնց հոգիները մեղքերէն կը մաքրէր։ Երկրորդ. քանի որ զանոնք աշխարհով մէկ պիտի ղրկէր, ու ճանապարհի այդքան երկարութիւնը բազում աշխատութեամբ պիտի ընթանային, այդ պատճառով կը լուայ անոնց ոտքերը եւ կարողութեան զօրութիւն կը դնէ անոնց մէջ, որպէսզի ամէն տեղ առանց դժուարութեան եւ առանց նեղութիւն քաշելու երթան։ Երրորդ. որովհետեւ վճիռը, որ սկիզբէն սահմանեց բնութեան վրայ մարդուն մեղանչած ատեն, օձին իշխանութիւն տալով, թէ ան պիտի սպասէ քու գլուխիդ, իսկ դուն՝ անոր գարշապարին, ինչպէս ամէն բանը պիտի լուծէր, այդպէս ալ այս ալ վերցուց։ Չորրորդ. որպէսզի համարձակութիւն տայ աներկիւղ եւ անվեհեր կերպով յառաջանալ օձերու եւ կարիճներուն վրայով, եւ չվարանին, քանի որ ասկէ ետք անոր խայթոցը խորտակուեցաւ։

«Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսի մօտ, անիկա ըսաւ.

-Տէ՛ր, Դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս» (Յհ 13․6)։

Այս միտքով ըսաւ, թէ զԻնք Աստուծոյ Որդի եւ Արարիչ կը դաւանէր, քանի կ՚ըսէր, թէ այդ ձեռքդ, որ բորոտը մաքրեց եւ մեռելները յարուցանեց, ի ծնէ կոյրին կաւէն աչք ստեղծեց, իմ ոտքե՞րս պիտի լուայ։ Պետրոս լաւ չըրաւ այսպէս, քանի որ այդ բանը սովորական լուացում կարծեց, չկրցաւ գիտնալ, թէ Անոր բոլոր խօսքերն ու գործերը օգտակար եւ խորհրդաբար էին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառայ եւ կամ աշակերտ, ով Իր մեծաւորին կամքը չի՛ կատարեր, կամ սուտ կը կարծէ իր վարդապետը, կամ անգէտ խօսքին, ու այս պատճառով չի՛ գործադրեր իր վարդապետին ըսածները. բայց թէ ինչո՞ւ համար միայն Պետրոսը հակառակեցաւ, իսկ միւսները՝ ոչ։ Այս է, քանի որ երբ մատնիչինը լուաց, Պետրոսին մօտ եկաւ եւ ան չկամեցաւ, իսկ Տէրը ի՞նչ ըսաւ Պետրոսին.

«Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ Ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս» (Յհ 13.8)։

Աշակերտները այս լսելով, երկիւղի դողն ու սարսուռը պատեց զանոնք, եւ ոչ ոք համարձակեցաւ հակառակիլ, այլ՝ հնազանդեցան։

«Յիսուս պատասխանեց.

Ինչ որ կ՚ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս» (Յհ 13.8)։

Այսինքն՝ Իմ գործիս օգուտն ու շահը հիմա չես գիտեր, որովհետեւ տակաւին անկատար էին, բայց ապա պիտի գիտնաս, երբ տնօրէնութեան խորհուրդը ամբողջութեամբ կատարեմ եւ Հօր մօտ երթամ ու Հոգին ուղարկեմ, որպէսզի գայ եւ ձեր միտքերուն շամանդաղը սրբէ եւ մարմնական բոլոր կարծիքներէն ազատէ ձեզ, այն ատեն կատարելապէս կրնաք գիտնալ, թէ ձեզի ի՛նչ հրաշք գործեցի: Այս բանին մասին կը գրէ Կղեմէս, եօթանասուններէն մէկը՝ Պետրոս առաքեալին աշակերտը, եւ անկէ ետք անոր յաջորդը եղող՝ Հռոմի քաղաքի աթոռին վրայ, թէ Պետրոս առաքեալ Վերնատան մէջ Սուրբ Հոգին ընդունելէն ետք, ատկէ ետք անոր աչքերը արցունքոտելէ չդադրեցան եւ կամ անոր դէմքին կերպարանքը տրտմութեան դեղնութենէն կը շառագունէր, եւ երբ հարցնէինք, թէ ինչո՞ւ համար այդպէս միշտ կու լաս տրտմութենէդ եւ չես մխիթարուիր, այս պատասխանը կու տար, թէ երբ կը մտաբերեմ Քրիստոսի գութն ու սէրը, որ մեր նկատմամբ ցոյց կու տար երբ Անոր հետ կը շրջէինք, սիրտս կը գալարի եւ կսկիծէն կու լամ:

«Տէ՛ր,- ըսաւ Սիմոն Պետրոս,- ուրեմն ո՛չ միայն ոտքերս լուայ, այլ նաեւ ձեռքերս եւ գլուխս» (Յհ 13.9):

Այստեղ երեք կարգեր կը դնէ, որովհետեւ ամէն բան երեք է. սկիզբը, մէջտեղը եւ կատարումը, այդպէս ալ սա՛ կ՚ըսէ, թէ ո՛չ միայն ոտքերս, այլ ամբողջ [մարմինս] ալ: Դարձեալ՝ քանի որ ոտքեր կ՚ըսէ այն բանին, որ երեւակայութեամբ կը մեղանչէ, որոնք փոքրագոյն մեղքերն են, եւ այն, որոնք գործով կը կատարեն, անոնց՝ ձեռքեր կ՚ըսէ, իսկ անոնք, որոնք մեղքերուն մէջ բանտարկուած կը մնան, անոնց՝ գլուխ կ՚ըսեն վարդապետները, այդ պատճառով Պետրոս կ՚ըսէ. «Տէ՛րը, ո՛չ միայն փոշետեակ թեթեւագոյն մեղքերէն կը մաքրէր, այլեւ կատարելագոյն մեղքերէն»:

«Յիսուս պատասխանեց.

-Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ» (Յհ 13.10):

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ ասոնք նախապէս Քրիստոսէ մկրտուած են, այդ պատճառով Տէրը կ՚ըսէ. «Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ, հետեւաբար միայն ոտքերը լուալ պէտք է» (Յհ 13.10): Կ՚ըսեն, թէ մեծամեծ մեղքերը մաքրուած են, իսկ այժմ զայն կ՚ըսէ լուալ, որ ներելի յանցանքն է ձեր մէջ, որ ոտք կ՚անուանէ, ու ասիկա կը դնեն իրենց նիւթը, թէ Քրիստոս Հոգիին կարօտութիւն չունէր, քանի որ միշտ Իր հետ էր, եւ Ան Պետրոսին ու Յովհաննէսին մկրտեց, իսկ անոնք՝ միւսներուն: Հետեւաբար, առաքեալները նախապէս կատարեալ մկրտութիւն ունէին, մինչեւ Հոգիին գալուստը, իսկ Հոգիին էջքը որպէս դրոշմ էր. բայց Յովհան Ոսկեբերանը այսպէս կը գրէ. «Զանոնք հրէական չարութենէն լուաց, իսկ կատարեալ մկրտութիւնը առաքեալները Հոգիին գալուստին ընդունեցան», որովհետեւ խօսքին համար, որ կը խօսի, զանոնք սուրբեր կ՚անուանէ, որ սովորութիւն է Գիրքին խօսքով մաքրել, կ՚ըսէ, ինչպէս այն, թէ՝ «լուացուեցէք, ձեր անձերէն չարիքը նետեցէք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024