ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ՝ ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԲԱՆԵՑՆԵԼՈՒ ՄԵԹՈՏՆԵՐՈՒՆ ԱՌՈՒՄՈՎ
Մոսկուան խուճապի մատնած ահաբեկչութիւնը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կիզակէտին։ «Crocus City Hall»ի շքեղ համերգասրահը թիրախաւորած ահաբեկչութիւնը ընթացք առաւ կրակոցներով, համալիրի երդիքի հրկիզման արարքներով։ Հարիւրաւոր անմեղ զոհերով, արիւնլուայ սալայատակներով, փրկութեան եւ օգնութեան ճիչերով ի յայտ եկաւ ահաբեկչութեան զազրելի պատկեր մը, որուն կապակցութեամբ Ռուսաստանի ամենաոխերիմ հակառակորդները ստիպուեցան արագօրէն հնչեցնել դատապարտումի եւ ցաւակցութեան խօսքեր։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին մասամբ զարմացած ու մասամբ ալ ափ ի բերան վիճակով մը ելոյթ ունեցաւ դէպքէն առնուազն 72 ժամ ետք՝ յայտարարելով, որ ահաբեկչութիւնը կատարածները արդէն ձերբակալուած են ու կը մնայ բացայայտել, թէ որո՞նք են այս անմարդկային արարքի պատուիրատու-յանցագործները։
Դէպքը երկար ժամանակ պիտի զբաղեցնէ ո՛չ միայն Ռուսաստանի լայն հասարակութեան շերտերը, այլ ամբողջ աշխարհը՝ հաշուի առնելով նաեւ Արեւմուտք-Արեւելք յարաբերութիւններու մեծ սրացումները, փոխադարձ մեղադրանքներն ու քննադատութիւնները։
ԻՇԻՊ-Ի ՆՈ՞Ր ՏԱՐԲԵՐԱԿ ՄԸ…
Դէպքէն ժամեր անց յայտնի դարձաւ, որ ահաբեկչութիւնը գործուած է «Իրաք-Շամի իսլամական պետութեան» (ԻՇԻՊ) Խորասանի մասնաճիւղին կողմէ։ Կազմակերպութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ ձեւով մըն ալ բոլորի մտքերուն մէջ թարմացնելով այն դէպքերը, որոնք աւելի առաջ Ռուսաստանի շահերը հարուածի տակ պահած են աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ։
ԻՇԻՊ-ի Խորասանի մասնաճիւղի եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ պատմութիւնը նորութիւն չէ։ Մոսկուայի դէպքին յաջորդած վերլուծութիւններուն մէջ արագ յիշեցումներ կատարուեցան այս կազմակերպութեան պատմութեան մասին՝ հասնելու համար որոշ հասկնալի եզրակացութիւններու։ Այս առումով ուշագրաւ էին արաբատառ «Շարք Ալ Աուսաթ»ի տեղեկութիւնները, ըստ որոնց ԻՇԻՊ-ի Խորասանի թեւը յայտնի է Աֆղանիստանի մէջ կազմակերպած գրոհներով, որոնք թիրախաւորած էին Ռուսաստանի դեսպանատունը։ 2022 թուականի սեպտեմբերին էր, երբ յարձակումը տեղի ունեցաւ եւ Քապուլի ռուսական դեսպանատան վրայ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց այս կազմակերպութիւնը։ Նոյնպէս ան էր պատասխանատուն՝ Քապուլի միջազգային օդակայանին վրայ 2021 թուականին կատարուած յարձակման, որուն զոհ գացած էին տեղացի տասնեակ քաղաքացիներ, նաեւ 13 ամերիկացի զինուոր։ Այս տարուան յունուարին Իրանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակման պատասխանատուութիւնն ալ ստանձնուած էր այս կազմակերպութեան կողմէ։ Նոյնաժամանակ պայթումներուն պատճառով աւելի քան հարիւր անզէն մարդ սպաննուեցաւ։
Այդ վերջին դէպքը օրին որակուած էր տարտղնած։ Արդարեւ, ԻՇԻՊ-ի մասին վերլուծութիւններուն մէջ ալ մատնանշուած էին, որ անոր կացութիւնը առաջուան նման չէ, կազմակերպչական ընդհանուր վիճակն ու կշիռը փոխուած են։ Եթէ այդ ահաբեկիչները աւելի կազմակերպուած ըլլային, ապա զոհերու թիւը կրնար բազմապատկուիլ։ Հարցադրումներու մեծ դուռ մը կը բացուի, անշուշտ, եթէ հաշուի առնուին ԻՇԻՊ-ի անցեալի ընդհանուր պատկերն ու ներկայ՝ յարաբերաբար աւելի շփոթահար եւ անորոշ ուղղութիւններով մնացորդացը… Անցեալին այդ կազմակերպութիւնը ունէր հիմնարար սկզբունք մը, որն էր վերհաստատել ու զարկ տալ Շամի եւ Իրաքի խալիֆայութեան, իսկ այսօր այդ երազը գրեթէ անհետացած է ու կազմակերպութիւնը չունի առաջուան կեդրոնաձիգ կառոյցն ու ներուժը։ Ան դարձած է լծակ մը, որ կ՚օգտագործուի զանազան ուժերուն կողմէ։ Անոր հիմնական նպատակները կամ հեռավար իտէալները գրեթէ անորոշ են, հետեւաբար նաեւ աւելի վտանգաւոր։
Ահա այսօրինակ փուլի մը մէջ տեղի ունեցաւ Մոսկուայի սարսափելի ահաբեկչութիւնը, որու մասնակից ահաբեկիչերը իրենց մոլագարութեամբ եւ արնախում մօտեցումներով, բնականաբար, ետ չմնացին ԻՇԻՊ-ի նախորդ փուլերու ոճրագործներու մօտեցումներէն։ Անոնք նաեւ դուռը լայն բացին այլ կարեւոր հարցումի մը առջեւ. ինչպէ՞ս կարելի էր այդքան հնարամիտ կերպով թափանցել՝ հազարաւոր մարդոց տարողութեամբ սրահ մը ու կատարել այդքան տարողունակ սպանութիւններ, միեւնոյն ժամանակ, չկարողանալ արագօրէն թաքնուիլ ու ազատ փախուստի ճամբայ մը դասաւորած չըլլալ։ Ի հարկէ, շատ մեծ են հարցադրումները՝ կապուած Մոսկուայի այս վերջին ահաբեկչութեան։ Այդ հարցականները անմիջականօրէն կ՚առընչուին միջազգային քաղաքական թատերաբեմի իրադարձութիւններուն ու լարումներուն հետ։
Կարեւոր է նաեւ հաշուի առնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ հնչեցուած զգուշացումները, որոնք ուղղակիօրէն լսելի կը դառնային բաց կերպով ու առանց թաքցնելու առկայ մտավախութիւնները, թէ Ռուսաստան շուտով թատերաբեմը պիտի դառնար ահաբեկչական գործողութիւններու եւ նոյնիսկ գրոհներու։
Այս կտրուածքով, անշուշտ, Մոսկուայի աչքն ու ականջը երկար ժամանակով ուղղուած պիտի ըլլան դէպի Քիեւ։ Արդարեւ, նոյնիսկ երբ Տաճիկիստանի քաղաքացի չորս մեղադրեալ ահաբեկիչները Ռուսաստանի ծայրամասային Պրիանսք շրջանին մէջ ձերբակալւեցան, Քրեմլին արագօրէն յայտարարեց, որ անոնք կը պատրաստուէին հատել Ռուսաստան-Ուքրայնա սահմանը, ուրկէ ալ ապահով ելք մը գտնել դէպի Եւրոպա։ Բարդ է, ի հարկէ, վերջնական եզրակացութիւններու հասնիլ կամ առնուազն ուղեցոյց մը ունենալ՝ հասկնալու համար իրական դրդապատճառները այս ցնցիչ եւ բոլոր առումներով դատապարտելի ահաբեկչութեան։ Յամենայնդէպս, այստեղ կը գործէ կարեւորագոյն վարկած մը եւ միտք բանի մը, որ կը խօսի Ռուսաստանի վերընտրեալ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դիրքերը թուլացնելու եւ անոր տարած մեծ յաղթանակին վրայ ստուեր ածելու մասին։ Տակաւին պարզ չէ, թէ սա կարելի կ՚ըլլայ կամ ոչ։ Բայց եւ այնպէս, յստակ է, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա ճակատումի ամենածանր փուլերը այլեւս տարբեր ընթացք պիտի ունենան. Ուքրայնային ի նպաստ պիտի չըլլան։ Անշուշտ, կարելի չէ պնդել, որ Ռուսաստան արդէն իսկ յաղթանակ մը տարած է Ուքրայնայի դիմաց, սակայն բոլոր ճակատներէն հասած լուրերը կը յուշեն, որ Ուքրայնայի նախագահին դիրքերը առաջուան նման չեն։ Ան ունի բաւականին լուրջ վրիպումներ եւ անոնց կուտակումը բարիք պիտի չբերէ ո՛չ իր յոգնատանջ բանակին, ոչ ալ Արեւմուտքի երկիրներուն, որոնք Քիեւին միլիառաւոր տոլարներ տրամադրելէ ետք՝ այսօր արդէն չունին առաջուան եռանդն ու մանաւանդ յոյսը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան