ԱՆՏԵՍԱԾ ԷԻՆՔ ԱՅԴ ՏՈՒԵԱԼԸ. ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ «ԶԷՆՔ»Ը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ԷՐ
Ինչ քաղաքական նոր «ռումբեր» կը «պայթին» յառաջիկայ օրերուն, պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի Հինգշաբթի առաւօտ կատարած յայտարարութիւնը մասամբ հանդարտութեան մթնոլորտ մը բերաւ հայաստանեան ընդհանուր պատկերին:
Ճիշդ է, որ բոլոր տուեալները կամ նոր վարչապետի ընտրութեան վերաբերեալ բոլոր պայմանները ցարդ չեն յստակեցուած, սակայն կայ ընդհանուր տպաւորութիւն մը, որ «Ելք» դաշինքի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի անունը մեծ հաւանականութեամբ առաջադրուի որպէս Հայաստանի յաջորդ վարչապետ:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւողներուս համար բաւական արագ թափով եղած դէպքերը գրեթէ «անսպասելի» էին:
Ոչ միայն անոր համար, որ նախկին նախագահ եւ վարչապետի պաշտօն ստանձնած Սերժ Սարգսեան մեծ փորձ ունեցող քաղաքական դէմք էր, այլ անոր համար, որ քաղաքական ընդհանուր միջավայրին մէջ, առաւելաբար «Ելք» խմբակցութեան քուէներու ներուժով մինչ այս դէպքերը, Հայաստանի գործընաթցներուն մասնկացող Նիկոլ Փաշինեան «երեւելի» ոչ մէկ ուժ ունէր երկրին մէջ «յեղափոխութիւն» կայացնելու:
Տակաւին մեզմէ շատ շատեր փորձելով անկեղծ գնահատական մը տալ Փաշինեանի առած քայլերուն՝ «կը նկատէինք», որ անոր կատարած բոլոր «քայլերը» շատ նման են Ռաֆֆի Յովհաննիսեանիններուն եւ ուշ կամ կանուխ այդ բոլորը պիտի դառնան անցեալ:
Սերժ Սարգսեան պիտի ստանձնէր վարչապետութիւնը եւ նոյն կառավարութեամբ շարունակէր իր աշխատանքը, այդպէսով լուսանցքի տակ պահելով Նիկոլ Փաշինեանն ու «Ելք» շարժումի անդամ պատգամաւորները:
Սակայն այդպէս չէր ըլլար: Դէպքերու ընթացքին հետեւողներէն շատեր սխալ դուրս կու գային ու անոնց շարքերուն մէջ նաեւ նուաստս:
Ի դէպ, նախքան Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական տալը, ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար «Քանի մը հարցում Նիկոլ Փաշինեանին» խորագրեալ յօդուած մը ստորագրելով կը գրէի.
«Բնաւ պիտի չուզէի կանխատեսումներ ընել, թէ Նիկոլ Փաշինեանի քայլերը դէպի ո՞ւր պիտի տանին: Նախ զինք, ապա իր ունեցած «ընդդիմադիր ներուժ»ը, բայց մանաւանդ այն երիտասարդները, որոնք ամբողջանուէր եւ կամաւոր քայլերով «իրենց քայլ»ը կ՚ընեն եւ իրենց դժգոհութիւնը կը հանրայնացնեն:
«Հայաստանի մէջ այսօր գոյութիւն ունի տեսակէտ, որուն համաձայն այսօր Երեւանի տասնեակ փողոցները «լեցուցած» այդ տղաքն ու աղջիկները՝ մեր երկրի «լուսաւոր ապագա»ն ըլլալու ամբողջական եւ իրական ներուժը ունին:
«Դժգոհ են, պարզ է, կ՚ուզեն արտայայտել իրենց բողոքը, նորէն պարզ է, կ՚ուզեն ըսել, որ արժանի են աւելի լաւ պայմաններու, նորէն պարզ է… Բայց այս «ուզել»ներու ցուցակը պէտք է ուղղորդել եւ տանիլ ճիշդ ճանապարհով:
«Որո՞ւ համար կը քալեն անոնք, ի՞նչ ուղի բռնած են, եւ դէպի ո՞ւր կ՚ուզեն տանիլ Հայաստանը:
«Մտածած ե՞ն: Ոչ, անոնք ժամանակ չունին մտածելու, ժամանակ չունին հարցում տալու, ժամանակ չունին վերլուծելու կամ պահ մը իրենց քայլը նետելէ առաջ հարց տալու. «ո՞ւր կ՚երթամ ես, եւ ի՞նչ է ուզածս»:
«Անոնք ներուած են:
«Ներելի են անոնց սխալները, ներելի է բողոքը, ներելի է անոնց «ատելութիւն»ը, բայց ինչ «դատասան» տալ անոնց, որ այսօր Հայաստանի ամենէն «վառ» ներուժը եւ ի սպառ... փողոց կը հանեն:
«Խնդիրը Սերժ Սարգսեանը չէ, ինչպէս որ ընդդիմադիրներէն ու մտաւորականներէն շատեր մատնացոյց կը փորձեն ընել, խնդիրը մենք ենք, բոլորս:
«Այս հարցումները ամենէն առաջ բնականաբար կ՚ուղղուին Նիկոլ Փաշինեանին, որ այսօր նուազագոյնը իր ըմբռնումներուն դէմ ելլելով երկրի ընդունուած սահմանադրական ընթացակարգը կը համարէ հակօրինական եւ փողոց կ՚իջնէ ու այդ քայլով կը փորձէ ամբողջ երկիր մը անդամալուծել: Չմոռնամ, որ շնորհիւ այդ սահմանադրութեան, նոյն Նիկոլ Փաշինեանն ու իր ընկերները հասան Հայաստանի Ազգային ժողով եւ այսօր պահ մը անտեսելով այն հիմունքը, ըստ որուն բոլոր քաղաքական հարցերը պէտք է քննուին երկրի խորհրդարանին մէջ, անգամ մը եւս կը դիմէ ամենէն «աժան միջոց»ին:
«Փողոցը ժամանակատար չէ, փողոցը ճիգ չի պահանջեր, փողոցի լեզուն ջանք չ՚ուզեր ու այս բոլորը շատ լաւ գիտէ Նիկոլ Փաշինեանը, որուն համար ալ ըստ երեւոյթին Հայաստանի սահմանադրութիւնն ու պետականութեան պահպանման հիմախնդիրները կը մնան երկրորդական:
«Այս բոլորը մէկդի, բայց ամենատը-խուրը այն է, որ Փաշինեան այս քայլերով եւ ամէն օր նման «քայլ արա»ներով կը սպառէ ինքզինք ու շատ հաւանական է նաեւ, որ ան իր ճանապարհը շարունակէ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի «տխուր» ճանապարհով, որուն օրհասական պահու մը «աղօթելու երթալ»ու արարքը շատ բան կ՚ըսէ անոր ինչ տիպի քաղաքական գործիչ մը ըլլալու մասին»:
Վերադառնալով անցեալ օրերուն տեղի ունեցած արագ զարգացումներուն, ապա պարտաւոր եմ խոստովանիլ, թէ իրավիճակի ճիշդ գնահատականը տալու ընթացքին ես մէկդի դրած էի Հայաստանի ժողովուրդին գործօնը: Գործօն, որ միշտ կար, բայց որ առաջին անգամն էր, որ կը դառնար լիարժէք ներուժ եւ որ ամենակարեւորը ցայսօր ալ չէ հասած ամբողջական «լիցքաթափման» հանգրուանին: Ու նկատառելի է, որ մեծ կուտակումներ ունեցող փողոց իջած հասարակութիւնը կրնար որեւէ պահու ամբոխի վերածուիլ:
Ամբոխը վտանգաւոր է: Ոչ միայն այսօր, այլ որեւէ կացութեան համար ամբոխը անվերահսկելի է ու չենթարկուող: Երբ որեւէ հասարակութեան հատուած փողոց դուրս կու գայ, որոշ պատճառներով կամ առաջադրութիւններով ստեղծուած վիճակին բրումով, յաճախ այդ հանրութիւնը կը դառնայ անվերահսկելի ու նոյնիսկ տը-րամաբանելու կամ ճիշդ կողմնորոշուելու ունակութիւններէ զուրկ:
Երեւի նաեւ իշխանութիւններու սխալն էր, որ անոնք չկարողացան նկատել, թէ ինչպիսի «տինամիք» մը ունի Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ հաւաքուածներու «հանրութիւն»ը:
Թերեւս նոյնիսկ ընդդիմադիրներու առաջնորդը՝ Նիկոլ Փաշինեան չէր ակնկալեր, որ կը ստեղծուի այնպիսի «մոմենթում», որուն բաղադրիչները կրնան մէկ րոպէի մէջ դառնալ «անկառավարելիներու մասսա»ն եւ ունակ ամէն տեսակ բախումի: Փաշինեանի այս «չիմացած ըլլալ»ու մասին ամենէն մեծ ապացոյցը Կիրակի առաւօտ անոր վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հետ «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ըսած խօսքն է: Փաշինեան դիմելով Սարգսեանին ու ակնարկելով փողոցին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին՝ կը յայտարարէր. «Պրն. Սարգսեան դուք օտարուած էք մեր իրականութենէն: Այսօր Հայաստանի մէջ նոր իրավիճակ ստեղծուած է ու դուք անկարող էք որպէս իշխանաւոր գործելու»: Այս բոլորը անշուշտ ցոյց կու տան, որ բողոքի նօսր քայլերով հզօր ալիքի վերածուած հասարակական մեծ շարժումը փաստօրէն կը դառնար «անկառավարելի» եւ կրնար Հայաստանը տանիլ բաւական «քրիթիք» վիճակներու: Ու պահուան լրջութիւնն էր, որ կը ստիպէր, որպէսզի վեց օրեր առաջ վարչապետ ընտրուած Սերժ Սարգսեան հրաժարական տար իր պաշտօնէն, այդպէսով պատուհան մը բանալով՝ որպէսզի փողոցին մէջ կուտակուած «կիրք»ը դանդաղօրէն մարի:
Անշուշտ այս վերլուծումներու լոյսին տակ յստակօրէն կ՚ուրագծուի, որ անկախ մեր երկրին մէջ տեղի ունենալիք որեւէ զարգացումէ, կամ նոյնիսկ ինչպէս Փաշինեան ինք է, որ կ՚ըսէ՝ «յեղափոխութեան վերջնական յաղթանակէն» յստակ սկսած է դառնալ, որ փողոց իջած հասարակութիւնը յաջողած է ստեղծել նոր «ֆէնոմէն»: Այդ գործօնը Հայաստանի ժողովուրդին գործօնն է, որուն հետ անհնար ու անընդունելի է հաշուի չնստիլ, հակառակ ներսի ու դուրսի «խաղեր»ուն կամ պայմանաւորուածութիւններուն մասին հնչած ու լսելի դարձած տասնեակ վարկածներու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան