Պի­տի Շա­րու­նա­կենք Պատ­մել...

«Մարդ անհատին կեանքը կազմուած է պատմութիւններէ, զորս ան ժառանգած ու առած է իր ծնողքէն»

Սիւզան Ուիթիկ Ալպերթ

Սթեֆըն Փաքդ ծնած է Անգլիա։ Ան հրեայ է, բայց երբեք չէ ապրած Հրէաստան։ Սակայն չի նշանակեր, թէ ան որեւէ առընչուածութիւն չունի իր երկրին ու հայրենիքին հետ։ Սթեֆըն քրիստոնեայ-հրեայ մըն է, եւ իր կեանքը նուիրած է Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանի քարոզչութեան եւ իր հրէական քրիստոնէական համայնքին մէջէն՝ «Մեսիական հրեաններ»ուն։

Սթեֆընին հանդիպեցայ Լոզան, Զուիցերիա։ Ան ծանօթացած էր տղուս՝ Վահէին, եւ բաւական բան իմացած էր մեր ընտանիքին եւ իմ գործունէութիւններուս առընչութեամբ։ Փափաք յայտնած էր հանդիպելու հետս, եւ նամանաւանդ որ ես ալ կը գործեմ միջազգային քրիստոնէական կազմակերպութեան մը հետ։ Բայց չուշացաւ տղուս հարցում ակնարկութիւնը՝ «Պապ կ՚ուզե՞ս հանդիպիլ։ Կ՚ուզեմ որ գիտնաս, թէ հրեայ է»։

Հարց մը չկրցայ տեսնել մեր հանդիպումին մէջ։ Եւ երբ ընդունեցի, չուշացաւ տղուս փոքր զգուշացում-դիտաւորութիւնը։ «Քաղաքական հարցերու մէջ քիչ մը զգոյշ եղիր եւ կամաց գնայ հետը»։ Եթէ տղուս դէմքին վրայ կար պզտիկ ժպիտ մը, բայց նաեւ քաղաքավարական ակնարկութիւն մը՝ ընտանեկան մեր հանդիպումը չվերածելու համար քաղաքական տաք բանավէճի...։

Սթեֆընի տան մէջ ենք, Մարտ 2018։ Ան ունի բազմանդամ ընտանիք մը։ Չորս պատանի-երիտասարդներ եւ բոլորն ալ աշակերտ եւ համալսարանական ուսանողներ։ Մեծ աշխատանք տարած է ու տակաւին կը տանի իր զաւակներուն կրթութեան առընչութեամբ։ Իր մանչ զաւակը կ՚ուսանի Ժընեւի համալսարանի մէջ, մասնագիտանալով քաղաքական գիտութիւններու։ Ընթրիքէն առաջ առիթը ունեցայ զրուցելու հետը իր մասնագիտութեան առընչութեամբ եւ լսելու համար իր հետաքրքրութիւնները եւ տեսակէտերը։ Եւ մեր խօսակցութիւնները հասան մինչեւ արաբ-իսրայէլեան ճգնաժամերուն եւ տագնապներուն։ Եւ չուշացաւ հարցումս. «Ինչպէ՞ս կը տեսնես միջին-արեւելեան տագնապները»։

«Ես աւելի առարկայական եւ գիտական մօտեցում ունիմ այս առընչութեամբ, բայց հայրս աւելի զգացական է», եղաւ իր արագ ակնարկութիւնը։

Նոր տեղեկութիւն մըն եւս աւելցաւ Սթեֆընի մասին, երբ տակաւին պէտք եղած «ուժականութեամբ» չէր սկսած իմ հաղորդակցութիւնը իրեն հետ։

Ընթրիքի երկար սեղանին նստելու դասաւորումը կատարեց նոյնինքն՝ Սթեֆընը։ Եւ չեմ գիտեր, եթէ նախօրօք մտածած էր կամ այլ, ինք եւ ես նստանք քով-քովի։

Սթեֆըն գիտէր, թէ լիբանանցի եմ եւ լիբանանահպատակ։ Եւ անկախ Կիպրոս նստավայրէս, նաեւ արաբական մթնոլորտի մէջ մեծցած ըլլալու ու տակաւին ապրելու իմ իրականութիւնը։ Կրնայի տեսնել, թէ իր դէմքին վրայ կար զգուշաւորութիւն մը, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տեսակի նիւթեր պիտի սկսի արծարծել հետս։ Վերջապէս, կը պատկանինք երկու տարբեր պետականութիւններու, որոնց միջեւ առկայ է «պատերազմական» իրավիճակներ։ Եւ ան շատ զգոյշ էր, որ որեւէ ձեւով ընտանեկան երեկոն չխանգարուէր այլ հրատապ նիւթերով, որոնց շուրջ մեր կեցուածքները կրնային ըլլալ հակադիր...։

Եւ խօսակցութիւնը սկսելու նախաձեռնութիւնը ստանձնեցի ես։

«Եբրայերէն կը խօսի՞ս», եղաւ իմ առաջին հարցումը։

«Ոչ», եղաւ Սթեֆընի շատ արագ պատասխանը։ «Անգլիա ծնած եմ եւ առիթը չունեցայ իմ մայրենի լեզուն սորվելու», շարունակեց ան։ «Զաւակներս ալ չեն գիտեր»։

Սթեֆըն նշմարեց, թէ դէմքիս վրայ կար պզտիկ զարմանք մը։ Իսկութեան մէջ քիչ մը զարմացած էի, քանի կը լսեմ եւ կը կարդամ, թէ հրեայ հաւաքականութիւնները շատ ուշադիր եւ բծախնդիր են այլասերումի մարտահրաւէրին դիմաց եւ թէ անոնք ինչպէս ամէն գնով կը փորձեն կենդանի պահել իրենց մայրենին։

«Բայց ձեր՝ հայերուն համար ալ նոյնն է պարագան սփիւռքի մէջ, չէ՞», ըսաւ ան։ «Դուք ալ ձեր լեզուն կը կորսնցնէք»։

Սթեֆըն Անգլիոյ մէջ ունեցած է հայ դրացի մը։ Հայեր, որոնք հայերէն չէին խօսեր։ Այս իմաստով, Սթեֆընի համար հայութիւնը այդքան ալ «օտար» իրականութիւն մը չէր։ Գիտցած էր, որ հայկական մականունները ընդհանրապէս «եան»ով կը վերջանան։ Համտեսած էր հայկական ճաշերը եւ կրցած էր գիտնալ, թէ համեղ են։ Կրցած էր նաեւ տեսնել, թէ հայերն ալ սփիւռքի մէջ իրենց մայրենին կը կորսնցնեն եւ թէ ինք մինակը չէ այս իրականութեան մէջ։ Բայց հետաքրքրական էր, որ չէր իմացած, թէ ինչո՞ւ հայը սփիւռքի մէջ է եւ թէ ի՞նչ էր հայուն պատմութիւնը։ Ու չուշացաւ նաեւ իմ ներքին յուսախաբութիւնը։ Թէ ինչո՞ւ հայ դրացին չէր պատմած իր՝ հայուն պատմութիւնը Սթեֆընին։

Ամբողջ ընթրիքի ընթացքին կարծէք Սթեֆընը եւ ես անջատ-ւած էինք մեր ընտանիքի մնացեալ անդամներէն։ Չէինք ալ լսեր, թէ ի՞նչ նիւթեր կ՚արծար-ծըւէին սեղանին միւս կողմը։ Սթեֆընը մտիկ կ՚ընէր իմ՝ հայուն պատմութիւնը։ Եւ սկսայ իրեն պատմել, թէ ինչո՞ւ իր հայ դրացին Անգլիա հասած է, իսկ ես՝ ինչպէ՞ս Պէյրութ։ Եւ թէ իմ մեծ ծնողքս ու ծնողքս ինչպէ՞ս պատմական Հայաստանէն, իրենց ակունքներէն արմատախիլ եղած էին եւ հասած՝ Հալէպ եւ ապա Պէյրութ։ Ու տակաւին ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ իմ ընտանեկան պարագաներու քսան եւ հինգ նահատակները։ «Բոլորին նկարները ունիմ իմ ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ», ըսի Սթեֆընին։

Եթէ Սթեֆըն տակաւին կը պահէր իր զգուշաւոր կեցուածքը իմ նկատմամբ, բայց սկսած էի տեսնել անոր աչքերուն մէջ հասկացողութիւն եւ ճանաչողութիւն։ Սկսայ նաեւ տեսնել, թէ Սթեֆըն կամաց-կամաց սկը-սաւ հաղորդակցութեան աւելի հանգիստ կամուրջներ ստեղծել ինծի հետ։ Իմ՝ հայուն պատմութեան մէջէն Սթեֆըն կրցաւ ինք իր անձը տեսնել եւ աւելիով կրցաւ կամրջել իր պատմութիւնը իմ պատմածիս հետ։ Չէ՞ որ ինք ու իր ժողովուրդն ալ անցած է այդ ահաւոր ողբերգութենէն. հրէական ողջակիզումէն։ Եւ այդ գիշեր, իմ պատմութեան մէջէն Սթեֆըն տեսաւ իր պատմութիւնը։ Եւ իմ ու իր պատմութիւնները կարծես ներշնչեցին Սթեֆընը եւ մենք աւելի լաւ կրցանք զիրար հասկնալ։

Մեր մեկուսի խօսակցութիւնները տեղ մը պէտք էր ընդմիջէինք։ Վերջապէս կարելի չէր լման անջատուիլ մեր ընտանիքներէն։ Արաբ-իսրայէլեան նիւթերուն ու այդ «տաք» խօսակցութիւններու մէջ մտնելու առիթը չեղաւ։ Հայկական ինքնութիւնը եւ հայուն մեծ եղեռնը խլեց մեր խօսակցութեան գլխաւոր առանցքը։ Եւ հայուն ողբերգութեան իրականութիւնը կամրջուեցաւ հրէական ողջակիզումին հետ։ Եւ մենք՝ երկուքս այդ երեկոյ զիրար աւելի լաւ հասկցանք։ Երկու տարբեր ինքնութիւններ, որոնք ապրած են պատմութեան նմանօրինակ փորձը եւ այսօր տակաւին կը տքնին իրենց սփիւռքեան իրավիճակներու մէջ, իւրաքանչիւրը իր պարունակին մէջ եւ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մարտահրաւէրներով...։

Բայց կայ ներկայ օրերու մեծ մարտահրաւէր մը։ Եւ այդ հայուն պատմութիւնն է։ Եւ նոյն այդ պատմութիւնը պատմելու գրաւականը։ Երբեք չմտաբերենք, թէ աշխարհ ամբողջ լսած է «հայուն պատմութիւնը»։ Նոյնիսկ երբ նոյն այդ պատմութիւնը ճանաչողութենէն անցած է պահանջատիրութեան պարունակին։ Տակաւին շատ են անոնք, որոնք չեն լսած եւ անհրաժեշտ է նաեւ, որ լսեն։

Իսկ ո՞վ պիտի ըլլայ պատմողը։ Պիտի ըլլամ ես, դուն եւ իւրաքանչիւր հայ։

Որովհետեւ...։

Ինչքան որ ցաւալի է ու տխուր եւ դժուար, բայց այս պատմութիւնը ՄԵՐն է՝ Հայուն պատմութիւնն է։ Եւ այս պատմութիւնը մենք ժառանգած ենք մեր ծնողքէն ու տակաւին մեծ ծնողքէն, եւ անոնցմով այս նոյն պատմութիւնը դարձած է ՄԵՐԸ, իմը, հայունը։ Եւ մեր պատմութիւնը եթէ պիտի պատմենք մեր զաւակներուն, որովհետեւ տեսնուած ու փաստուած է, թէ պատմութիւնը պատմելով է որ կ՚օգնես անհատին՝ լսողին, որպէսզի ինքզինքը արժեւորէ եւ իր ինքնութիւնը գտնէ (Ռ. Աթքինսըն, 1995)։ Ու տակաւին պիտի պատմենք մեր հայուն պատմութիւնը օտարին եւ ուրիշին։ Եւ ուրիշին պատմելով ոչ միայն կը ծանօթացնես քու պատմած պատմութիւնը, բայց նաեւ միջոց կ՚ըլլաս խթանելու եւ ներշնչելու զանոնք, իմմա՝ ուրիշները, քու նոյնինքն պատմած պատմութեան բովանդակութեամբ (Աննա Ունքովիչ, 2011)։ Եւ մեր հայուն պատմութիւնը ստեղծուած ու հնարուած պատմութիւն չէ, այլ՝ իրական, ճշմարիտ ու տակաւին արդարութեան հասնելու համար իր մղած պահանջատիրութեան արժանահաւատութեամբ։

Բայց կայ տակաւին անհատական ու անձնական իւրայատկութիւնը։ Եւ պատմութիւնը պատմելով է, որ անհատը, իմմա՝ պատմողը, կը ստեղծէ եւ կը վերստեղծէ իր ինքնութիւնը (Սիւզան Ուիթիկ Ալպերթ, 1996)։ Ինչքան որ դժուար է ու ցաւոտ, բայց նոյն այս դժուար ու ցաւոտ մեր պատմութիւնը պատմելով է, որ մենք պիտի կերտենք եւ վերակերտենք մեր հայկական ինքնութիւնը։

Սթեֆընը լսեց իմ պատմութիւնը։ Եւ իմ պատմութիւնը լսելով կրցաւ իր պատմութիւնը ներառել իմ պատմութեանս հետ։ Եւ եթէ մեր հանդիպման սկսանք որոշ զգուշաւորութեամբ, բայց բաժնուեցանք աւելի ջերմ ու հասկցած ու հասկցուող հաղորդակցութեամբ մը։

Եւ եթէ հայը պիտի տանի իր պատմութիւնը ու անոր ողբերգութիւնը հորիզոնէն անդին, ճանաչում ու տակաւին պահանջատիրութիւն, այս պիտի ենթադրէ, որ ան պիտի շարունակէ պատմել։ Պիտի շարունակէ պատմել հայուն արհաւիրքն ու հայուն պատմութիւնը։ Դժուար, արիւնոտ, ցաւով լեցուն պատմութիւնը։ Եւ այս պատմութիւնը պատմելով պիտի կառչինք մեր ինքնութեան, բայց նաեւ պահանջատիրութեան։ Եւ մեր պատմութիւնը պիտի խթանէ ուրիշը՝ օտարը, որպէսզի կարենայ ինք իր անձը տեսնել նոյն այդ մեր պատմութեան մէջէն։ Եւ օտարին եւ ուրիշին համար մեր այս պատմած պատմութիւնը պիտի դառնայ արդար ու անոր պահանջատիրութիւնը հատուցուելու համար լիարժէք իրականութիւն։

Հայուն մեծ առաքելութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։

Հայուն պատմութիւնը։

Ուր հայը՝ ես, դուն եւ բոլորս պիտի շարունակենք պատմել։

ՏՔԹ. Հրայր Ճէպէճեան

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018