ԲԵՐԴԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԻ ՊԱՀԱՊԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿԸ
Բերդ քաղաքը Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի նախկին Շամշադին շրջանի տասնվեց գիւղերու կեդրոնն է։ 1920 թուականին էր, երբ Խորհրդային իշխանութեանց կողմէ Ս. Գէորգ եկեղեցին կը կործանուի, որուն պատճառաւ տեղւոյն բնակիչները կը կտրուին իրենց հոգեկան սնունդ պարգեւող Հայ Եկեղեցիէն։
1928 թուականին լոյս աշխարհ եկած եւ իր ողջ կեանքը Ամերիկայի մէջ ապրած Ճոն Սթեֆընս կ՚ուզէ իրագործել իր երազանքը՝ այցելել Հայաստան եւ իր հայրենիքի սուրբ հողը համբուրել։ Պարոն Սթեֆընս իր այցելութեան ընթացքին կը հանդիպի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ կ՚որոշէ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել՝ նախկին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ փոխարէն նոր եկեղեցի կառուցելու համար։ Հանգուցեալ բարերարը այրի կնոջ օրինակով իր կեանքի ընթացքին վաստկած բոլոր ունեցուածքը կը նուիրէ այս եկեղեցւոյ կառուցման։ Այս աշխատանքի մէջ նոյնպէս իր զգալի ներդրումը կ՚ունենայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ ինչպէս միշտ ոգի ի բռին կը փորձէ դառնալ այն կամուրջը, որուն շնորհիւ հայրենիքին ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին նուիրատուութիւններ կը կատարուին եւ այդ բոլորի շնորհիւ մայր հայրենիքը կը բարգաւաճի ու նորակառոյց եկեղեցիներով կը պայծառակերպուի։
20 Մայիս 2012 թուականին կը կատարուի եկեղեցւոյ հիմնարկէքը, իսկ 14 Սեպտեմբեր 2014 թուականին՝ Խաչվերացի տօնին, կը կատարուի եկեղեցւոյ օծումը՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Վեհափառը Եկեղեցին բարերարի անունով Յովհաննէս (Ճոն) կ՚անուանէ։ Եկեղեցին լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ։ Շատեր իրենց հոգիի ընդերքէն Աստուծոյ կ՚աղերսէին, որ հաւատքի ներգործութեան այդ պայծառակերպուող պահուն, Ամենակալը օծէր իրենց նօթի ու պապակ հոգիները, որպէսզի հզօրանային՝ կարենալ տոկալու համար աղտեղող այս աշխարհի բոլոր յորձանուտներուն դիմաց, պահէին անաղարտ այն ինչ որ կու գար իրենց արիւնէն եւ արիւնացեալ աւանդութենէն եւ քալէին իրենց հայրերու անմահութեան շառաւիղներէն։
Ուխտաւորներ ժողովրդական պարզութեամբ եւ բնական ինքնաբխումով, մեղմ շեշտերով եւ հազիւ զգացուող ելեւէջներով մասնակից կը դառնային եկեղեցւոյ օծման երգեցողութեան, որ այնքա՜ն վեհութիւն, վերասլաց թռիչք ու խորասոյզ ինքնահայեցողութիւն կ՚առթէին բոլորին հոգիներուն։ Հաւատացեալներու հոգիներէն աղօթքի մրմունջներ կը վերթեւէին դէպի կամարներն այս տաճարին եւ կամարներէն վեր՝ կը հասնէին Ամենակալն Աստուծոյ։ Իւրաքանչիւր ոք ունէր իր աղօթքը, աղաչանքն ու խնդրանքը։ Սակայն անոնք եկած չէին այնտեղ որպէս սոսկ անհատներ, այլ որպէս մէկ մարմին, առաքելահիմն ու լուսաւորչահաստատ եկեղեցի, հայկազնեան տոհմի հաւաքականութիւն։
Այդ օր, Վեհափառ Հայրապետը օրուայ խորհուրդէն ներշնչուած՝ քաջալերեց իր հաւատաւոր զաւակները՝ ըսելով. «Հայրենիքի սահմաններու պահպանութիւնը նոյնպէս խաչի ճանապարհ է, յանձնառութիւն, որմէ դուք, սիրելիներ, չէք թերանար՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններու: Այսօր նորակերտ այս եկեղեցին յաղթական խաչ մը եւս կը խոյացնէ երկինք՝ անոր աշխարհակեցոյց թեւերու ներքոյ համախմբելու եւ զօրացնելու ձեզ՝ Աստուծմէ օրհնեալ ձեր երկրամասը շէնացնելու, ձեր իղձերը կեանքի կոչելու, բարեշէն ձեր կեանքը կերտելու համար, որպէսզի ինչպէս ալ փոխուին իրավիճակները, հաւատաւոր մեր ժողովուրդով կանգուն ու աննահանջ մնան մեր հայրենի սահմանները: Մենք կը հաւատանք, սիրելիներ, որ եկեղեցին միշտ լեցուն պիտի ըլլայ հաւատացեալ ժողովուրդով ու ջերմեռանդ աղօթքով եւ Տաւուշ աշխարհի դարաւոր վանքերու կողքին այս եկեղեցին պիտի դառնայ սիրելի սրբավայր եւ ուխտատեղի: Թող բարեպաշտ հայորդեացդ խնդրանքն ու հայցը ընդունելի ըլլայ մեր Տիրոջ կողմէ եւ ուխտը ի կատար, որ միշտ խաղաղ, բարօր ու երջանիկ ըլլայ ձեր կեանքը, խնդութիւնն ու ուրախութիւնը թեւածեն ձեր հոգիներուն մէջ եւ միշտ ժպիտ ըլլայ ձեր եւ ձեր զաւակաց շուրթերուն: Ձեր աղօթքներուն մէջ յիշեցէք նաեւ եկեղեցիի հանգուցեալ բարերարը՝ երկրային կեանքէ անժամանակ հեռացած ամերիկահայ Ճոն Սթեֆընսը, որպէսզի անոր հոգին հանգչի խաղաղութեան ու հանգստութեան մէջ եւ մխիթարութիւն գտնէ երկինքի մէջ»։
Թէկուզ եկեղեցւոյ օծման պահուն բարերարը վախճանած էր, բայց իր հոգին երկինքէն կը խայտար՝ ի տես այս սրբազան արարողութեան ու իր նպատակին իրագործման։
Այսօր, սահմանամերձ Բերդ գիւղը ունի եկեղեցի, որ պահապան հրեշտակի նման կը պաշտպանէ գիւղը բոլոր տեսակի փորձութիւններէն։ Ս. Յովհաննէս եկեղեցին յոյսի եւ ներշնչումի ակնաղբիւր է, որմէ տեղւոյն բնակիչները ուժ եւ պայքարելու ոգի կը ստանան՝ ատրպէյճանական գնդակոծութիւններուն եւ ոտնձգութիւններուն տոկալու եւ դիմադարձելու համար։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ