ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

Խօսք.- «Եւ լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէր» (Յհ 1.5):

Մեկնութիւն.- Կրկնակի է իմաստը. նախ աշխարհի մասին կ՚ըսէ, թէ մարդիկ խաւար կը դառնան մեղքերով եւ անգիտութեամբ հեռանալով սուրբ վարքէն, եւ Բանն Աստուածը մարմինին ճրագը վառեց եւ մեզ աստուածգիտութեամբ ու մաքուր վարքով լուսաւորեց, որովհետեւ եթէ տգիտութիւնն ու մեղքը խաւար են, գիտութիւնն ու աստուածային վարքը լոյս կ՚ըլլան:

Դարձեալ, թանձրամած մարմինին մէջ Աստուածութիւնը կը լուսաւորէր: Տե՛ս, թէ բնութեամբ կ՚ըսէ միաւորութիւնը, ե՛ւ անապական, ե՛ւ անմեղ՝ Փրկիչին մարմինը, ինչպէս որ հուրը երկաթը կը ջերմացնէ ու կը լուսաւորէ:

Խօսք. «Բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զԱյն» (Յհ 1.5):

Մեկնութիւն. Նախ, որովհետեւ աստուածային լոյսը կամ Բանը, մեր բնական ճանաչումով չի՛ տեսնուիր, քանզի մեր բնական ճանաչումը միայն արարածներուն վրայ կ՚ըլլայ, այդ պատճառով բնական ճանաչումով, որ արարածներուն միջնորդութեամբ կը կատարուի, չենք կրնար զԱստուած տեսնել: Երկրորդ, ճանաչման համար կ՚ըսէ, թէ մեր բնութենէն եւ ճանաչումէն վեր է, այն, որ Առաքեալը կ՚ըսէ՝ «որեւէ աչք չէ տեսած» (Ա.Կր 2.9), եւ այլն, որ մարդ չի՛ կրնար տեսնել, բացի Աստուծոյ շնորհներու լոյսով, որ մարդոց կը պարգեւէ: Երրորդ, սատանան խաւար է, այսինքն՝ միտքով, կամքով եւ գործերով, անիկա չկրցաւ հասկնալ Քրիստոսի տնօրէնութիւնը: Չորրորդ, անհաւատներն ու մեղաւորները շնորհներու լոյսը չունին, զՔրիստոս չե՛ն ճանչնար: Հինգերորդ, մեղքը խաւար է, եւ «Ան [Քրիստոս, (թրգ.)] մեղք չգործեց» (Հմմտ. Ես 53.9), կը կնքէ Մարգարէն: Տե՛ս, սատանան բարձրագոյններէն կը սարսէր եւ խոնարհագոյններէն կը մոլորէր:

Եւ դարձեալ, բարձրը՝ հաւատացեալներուն հաստատութիւնն է, իսկ խոնարհը՝ անհաւատներուն մոլորումը: Եւ ան որ խոնարհագոյնին համար Քրիստոս սոսկ մարդ է կ՚ըսէ, ըստ սատանային կը մոլորի:

Այստեղ երեք հարցումներ կը ծագին. առաջին, ինչո՞ւ Բանը մարդոց լոյսը կը կոչէ:

Պատասխան.- Երկու պատճառով. նախ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ Բանը մարմնաւոր լոյս չէ, այլ՝ հոգեւոր, որովհետեւ բոլոր զգայական կենդանիներուն մէջ միայն մարդը հոգեւոր լոյսը կ՚ընդունի: Երկրորդ, որովհետեւ Բանը կը կամենար Իր մեծութենէն իջնել եւ մարդիկը հովուէր:

Երկրորդ հարցում.- Բանը ինչպէ՞ս մարդոց լոյսն է:

Պատասխան.- Երերք կերպով. առաջին՝ նախադրութեամբ, որովհետեւ ինչպէս որ զգալի լոյսը նախ կը տեսնուի եւ ապա պատճառ կը դառնայ ուրիշներու տեսութեան, այսպէս ալ յաւիտենական Իմաստութիւնը նախ մեր հանճարին մէջ կը տեսնուի եւ Անով ուրիշները տեսանելի կը դառնան: Երկրորդ, Բանը մարդոց լոյսն է իբրեւ լուսաւորող, որովհետեւ մեր միտքին լուսաւորութիւնը Աստուծմէ է, հրեշտակներուն միջնորդութեամբ կամ առանց միջնորդի: Երրորդ, օրինականաբար լոյս կ'ըսուի, որովհետեւ Բանն Աստուածը ընդհանուր գործերով, որ կատարեց ու խնամեց, այլեւ մարդկութեամբ, որ գործեց, լոյսը օրինակ ցոյց տուաւ:

Երրորդ հարցում.- Ինչո՞ւ մարդոց լոյսը կ՚ըսէ եւ ոչ՝ հրեշտակներուն:

Պատասխան.- Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ «Աւետարանիչը կը կամենար Քրիստոսի մարդեղութեան մասին ճառել, որ մարդոց փրկութիւնը կատարեց»: Որոգինէսը կ՚ըսէ, թէ «ասով ցոյց կու տայ բոլոր բանաւոր մարդիկ ստեղծուածները»: Սակայն յայտնի է, թէ ինչպէս Աստուծոյ Բանը ըստ Աստուածութեան է, որով ամէն բան Բանէն եղաւ ըստ իրենց բնական էութեան, նոյնպէս եւ Բանը մարմնացեալ է, որով ամէն բան ըստ շնորհաց եղաւ: Եւ իւրաքանչիւր ոք, որ շնորհաց կեդանութիւն ունի, մարմնացեալ Բանը կեա՛նք է Անոր մէջ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը գաղատացիներուն գրած նամակին մէջ կը գրէ. «...եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ, որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ՚ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.20), որուն փառք յաւիտեանս, եւ յաւիտենից յաւիտեանս: Ամէն:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՄԱՍԻՆ

Աւետարանիչը նա Աստուծոյ Բանին յաւիտեաններէն անմարմին ծնունդը եւ ներգործութիւնը ցոյց տուաւ, այժմ այստեղ ժամանակաւոր մարդեղութիւնը ցոյց կու տայ, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք.- «Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր» (Յհ 1.6):

Մեկնութիւն.- Այստեղ նախ ցոյց կու տայ Կարապետին առաքումը: Երկրորդ, ցոյց կու տայ Փրկիչին գալուստը, ըստ այնմ. «Բանն էր ճշմարիտ լոյսը» (Յհ 1.9):

Այստեղ, Յովհաննէսին համար չորս գովութիւն կը դնէ. նախ՝ մարդ մը կ՚ըսէ, որովհետեւ վարքով մաքուր եւ միտքով ուղիղ էր: Եւ մը, որովհետեւ սոսկ մարդ էր միայն: Երկրորդ, Աստուծմէ առաքուած, եւ ո՛չ թէ մարդէ մը կամ հրեշտակէ մը: Երրորդ, Յովհաննէս, որ «շնորհք» կը թարգմանուի: Ասոր անունը Աստուած կոչեց Գաբրիէլին միջոցով, որ է «խնդութիւն»: Չորրորդ, անոր գործին մասին կըսէ. «[ասիկա] եկաւ Լոյսին համար վկայութիւն տալու» (Յհ 1.7): Բազմաթիւ մարգարէներ վկաներ էին, Յովհաննէսը կը յիշէ վեց պատճառով. նախ, որովհետեւ մօտիկ էր, երկրորդ, որովհետեւ սուրբ էր, երրորդ, որովհետեւ մարգարէութեան շնորհ ունէր, չորրորդ, որովհետեւ վարդապետ էր, հինգերորդ, որովհետեւ Տիրոջ մասին վկայեց, վեցերորդ, որովհետեւ մկրտեց զԻնք:

Չորս կերպով վկայեց. նախ՝ խօսքով կ՚ըսէր. «Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ աւելի հզօր է» (Մր 1.7): Երկրորդ, ջուրին մէջ մկրտելով կ՚ըսէր. «ես ձեզ կը մկրտեմ Անոր անունով, որ պիտի գայ» (Հմմտ. Գրծ 2.38, 19.5), ինչպէս Գործք Առաքելոցին մէջ գրուած է: Երրորդ, երբ մկրտեց, ըսաւ. «Ես տեսայ Ատիկա եւ կը վկայեմ թէ Ի՛նքն է Աստուծոյ Որդին» (Յհ 1.34): Չորրորդ, անունը դնելով, կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ Աստուծոյ Գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յհ 1.29), եւ այլն:

Աւետարանիչը երբ Քրիստոսի Կարապետին մեծութիւնը ցոյց տուաւ, ատկէ ետք մոլորութիւնը կը վերցնէ, որպէսզի չկարծեն, թէ ի՛նքն է Քրիստոսը, ինչպէս ոմանք անոր մեծ սրբութեան պատճառով կարծեցին, երբ անոր մօտ Երուսաղէմէն մարդիկ ղրկեցին հարցնելու, թէ ի՞նքն է Քրիստոսը. այդ պատճառով [Աւետարանիչը] կ՚ըսէ.

Խօսք.- «Ինք Լոյսը չէր»:

Մեկնութիւն.- Նախ՝ Լոյսին կարապետն էր, որպէս արուսեակ: Երկրորդ, նախքան թագաւորին գալը մեծաշուք կ՚ըլլայ, սակայն թագաւորին գալուստով կը փոքրանայ, ինչպէս աստղերը արեգակը ծագելուն ատեն:

Երրորդ, մարդիկը լուսաւորելու բաւարար չէր, այլ՝ զանոնք լոյսին առաջնորդելու:

ԼՈՅՍԻՆ ՄԱՍԻՆ

Աւետարանիչը երբ Կարապետին գալուստի մասին ճառեց, այսուհետեւ Փրկիչին գալուստի մասին կը ճառէ, ըսելով.

Խօսք.- «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9):

Մեկնութիւն.- Այստեղ երեք բան ցոյց կու տայ. նախ՝ կը ցուցնէ Փրկիչին գալուստին հարկաւորութիւնը, երբ կ՚ըսէ, «...որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը» (Յհ 1.9): Երկրորդ, կը ցուցնէ Անոր գալուստին պտուղը, երբ կ՚ըսէ. «Իսկ զԻնք ընդունողներուն եւ Իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ» (Յհ 1.12): Երրորդ, գալուստին ձեւը կը ցուցնէ, ըսելով. «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ» (Յհ 1.14):

Առաջինին մասին, որ կ՚ըսէր «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9), երկու բան յայտնի է. նախ, թէ մեր բնական բանականութիւնը չի՛ հասնիր Աստուծոյ ճանաչումին, եւ բոլոր ստեղծուածները հեռու են եւ թերի Աստուծոյ գիտութենէն: Երկրորդ, յայտնի է, թէ Հին կտակարանները անկատար էին զԱստուած յայտնելու համար, որովհետեւ օրինակով էին իբրեւ ստուերներ, այդ պատճառով նախքան Քրիստոսի գալուստը մարդիկ զանազան կերպերով մոլորած էին զԱստուած ճանչնալուն մէջ, ատոր համար ճշմարիտ Լոյսը եկաւ ու ճշմարիտ Աստուածգիտութիւնը սորվեցուց մարդոց ու կռապաշտութիւնը վերցուց:

Իսկ Աւետարանիչը երեք պատճառով Քրիստոսը որպէս Լոյս կը ցուցնէ, բոլոր մարդիկը լուսաւորելու համար. նախ, այս ճշմարտութեան լոյսին համար, ինչպէս կ՚ըսէ. «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9): Երկրորդ, այս լոյսի մերձաւորութեան համար, ինչպէս կ՚ըսէ. «Աշխարհի մէջ էր Անիկա» (Յհ 1.10): Երրորդ, Անոր յայտնութեան համար, ինչպէս կ՚ըսէ. «Աշխարհը Իրմով ստեղծուեցաւ» (Յհ 1.10):

Առաջինին համար յայտնի է, թէ որեւէ բան երեք կերպով ճշմարիտ կ՚ըսուի. նախ, ինչպէս ճշմարիտը կը բաժնուի ընդդէմ սուտին: Երկրորդ, ինչպէս ճշմարիտը կը բաժնուի ըննդէմ օրինակին: Երրորդ, որ կը բաժնուի ընդդէմ հաղորդակիցին, քանզի մասնակիցն ու հաղորդակիցը կատարեալ ճշմարտութիւն չէ, ինչպէս այն, որ բնութեամբ ճշմարտութիւն է:

Արդ, ըստ առաջին կերպին, մարդոց բնական լոյսը ստութեամբ խաւարուած էր Աստուծոյ ճանաչումէն, ինչպէս Պօղոս հռոմէացիներուն գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ «անհեթեթ խորհուրդներ ունեցան, որով իրենց միտքը անմտութեամբ խաւարեցաւ» (Հռ 1.21): Արիստոտէլէն յայտնի է, որ բոլոր իմաստասէրներուն մէջէն ճշմարտագոյնը կը խօսէր, սակայն ան աշխարհի մասին շատ մոլորեցաւ, որովհետեւ յաւիտեաններէն է ըսաւ, եւ հրեշտակներուն մասին, հոգիներու մասին, երանութեանց մասին եւ ուրիշներու մասին սուտ գրեց:

Երկրորդ, Աստուծոյ լոյսին ճանաչումը Հին կտակարանին մէջ եղաւ, սակայն Նոր Աւետարանին ստուերն ու օրինակն էր:

Երրորդ կերպ. Հրեշտակային լոյսը ճշմարիտ լոյսէն պակաս էր, որոհետեւ մասնաւոր էր եւ պատահմամբ, սակայն աստուածային լոյսը ճշմարիտ է, քանզի էութեամբ եւ բնութեամբ լոյս է եւ ո՛չ թէ պատահմամբ: Ասով կ՚երեւի, թէ Ան բաւարար է բոլորը լուսաւորելու համար, որովհետեւ ինչ որ այնպիսի էութեամբ պատճառ է, պէտք է միւսներն ալ այնպիսի ըլլան, ինչպէս հուրը, որ բնութեամբ ջերմ է, պատճառ է, որպէսզի միւսներն ալ ջերմանան: Այս լուսաւորութիւնը յատուկ է Աստուծոյ Որդիին, որովհետեւ Բանը կը պատկանի բոլորին լուսաւորելը, ատոր համար Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9), այսինքն՝ առանց ստութեան, առանց ստուերականութեան եւ առանց մասնակցութեան, որովհետեւ ըստ Իր էութեան լոյս է, այդ պատճառով ալ բոլորին լուսաւորիչ է, ինչպէս որ ետքը կ՚ըսէ.

Խօսք.- «...կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը» (Յհ 1.9):

Մեկնութիւն.- Նախ, լոյսի կողմէն պէտք է իմանալ, իսկ թէ ոմանք չեն լուսաւորուիր, այս իրենց կողմէ է, որոնք լոյսին հեղումը չեն ընդունիր:

Երկրորդ, լոյս կ՚ըսէ բնական բնաւորութեան, որ Աստուած բոլորին առհասարակ կը շնորհէ՝ բարիներուն եւ չարերուն: Իսկ որ կ՚ըսէ՝ «...որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը» (Յհ 1.9) եւ ասիկա պէտք չէ իմանալ, թէ մարդիկ ուրիշ աշխարհէ մը այս աշխարհ եկան, եւ կամ անոնց հոգիները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուեցան եւ ապա մարմինին կու գան՝ ըստ ժամանակի դիպման, ինչպէս հերձուածողներէն ոմանք կ՚իմանան:

Բայց Աւետարանիչը այսպէս կ՚ըսէ. նախ՝ ցոյց տալու համար, թէ բանական հոգին արտաքուստ կ՚ըլլայ մեզի Աստուծմէ եւ ո՛չ թէ բնութենէն: Եւ այստեղ հոգի մարդուն կ՚ըսուի, որովհետեւ երբեմն պատուական մասէն բոլորը կը կոչէ, ըստ այնմ. «Եւ եօթանասուն հինգ հոգի Եգիպտոս մտան» (Ծն 46.27):

Երկրորդ, անոնց գալը կ՚ըսէ, որոնք վերստին ծնունդով շնորհաց՝ առաքինութիւններու աշխարհ կու գան, եւ ո՛չ թէ անոնց համար, որոնք մեղքերու աշխարհը կ՚իյնան: Երրորդ, աշխարհը գալը ցոյց կու տայ բնական ծնունդով կամ բանաւորութեամբ, երբ գիտութեան չափին հասնի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•Շար. 5

Վա­ղար­շա­պատ

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019