Քա­թար՝ Ա­րա­բա­կան Աշ­խար­հի «Կոյր Ա­ղի­քը»

Շատերու համար դժուար է Քաթարի տեղը գտնել քարտէսի վրայ: Արաբական թերակղզիէն դէպի Պարսից կամ Արաբական ծոց երկարող աննշան տարածք մըն է, որ տեսքով ճիշդ կոյր աղիքին կը նմանի, անիմաստ ներկայութիւն մը՝ մարմնին մէջ, սակայն երբ բորբոքի, կրնայ մահուան եզրին հասցնել մարդը:

Այս աննշան երկիրը իր քարիւղի պաշարներուն շնորհիւ, դարձած է Ծոցի ամենէն հարուստ երկիրներէն մին ու իր անվերջանալի միլիառները ներդրած է արաբական աշխարհը իր մականին տակ առնելու, Իսլամ եղբայրները հովանաւորելով եւ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ծայրայեղական կազմակերպութեան ստեղծումին օժանդակելով, զայն զինելով ու հովանաւորելով ու արաբական եւ օտար երկիրներ ահաբեկչական գործողութիւններու մղելով:

Քաթար արաբական աշխարհի ամենէն հզօր հեռուստակայանը «Ժազիրա»ն հիմնեց ու իր քարոզարշաւով ուզեց տիրել արաբական աշխարհին: Այնքան առաջ գնաց, որ սկսաւ երկիրներու ճակատագրին հետ խաղալ, մինչեւ իսկ Լիբանանի նախկին նախագահի՝ Միշէլ Սուլէյմանի նախագահութեան կնքահայրը ինք եղաւ: Վեց տարիէ ի վեր Սուրիոյ ընդդիմադիրները ինք կը հովանաւորէ:

Այս բոլորը կ՚ընէր աշխարհի աչքին առջեւ, ու ոչ մէկը կը խօսէր, այնքան ատեն որ խօսքը միլիառներունն էր:

Սուրիան առաջին իսկ օրէն գիտցաւ չարիքին աղբիւրը, սակայն արաբական պետութիւնները չզօրակցեցան իրեն ու թոյլ տուին, որ Քաթարի գաճաճ պետութիւնը ազատ-համարձակ գործէ, մինչեւ որ անոր չարիքին ալիքները հասան իր «բարեկամներուն» դռներուն եւ այսօր Ծոցի երկիրները, մին միւսին ետեւէն իրենց յարաբերութիւնները կը խզեն Քաթարի հետ: Սէուտական Արաբիա, Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Եմէն, Եգիպտոս, Լիպիա… Հիմա Քաթար  մեկուսացած է, զինք դիեցնողները գահընկէց ըրին զինք ու այլեւս իր փեթրոտոլարները պիտի չկարենան զինք վերադարձնել իր փառքի օրերուն:

Սակայն՝ ինչէ՞ ետք, Սուրիան եօթ տարի քանդելէ ու հարիւր հազարներու մահուան ու միլիոնաւորներու գաղթին պատճառ ըլլալէ՞ ետք: Ի՞նչ փոխուեցաւ, դրացի երկիրները նո՞ր գիտցան անոր ի՛նչ ըլլալը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա դեր ունեցա՞ւ այս հարցին մէջ:

Ճիշդ է որ արաբական աշխարհին մէջ այս տեսակի վերիվայրումներ սովորական են, ատենը անգամ մը իրարմէ կը նեղուին, իրարու կը հայհոյեն ու ծանրագոյն ածականներով կը կոչեն զիրար, սակայն շատ չանցած, յանկարծ տեսար, որ մոռցած են նախկին վէճերն ու վիրաւորանքները ու իրարու ձեռք սեղմելով, զիրար գրկելով՝ վերստին հաշտուած են: Ճիշդ փողոցի մանուկներուն նման:

Հիմա «կոյր աղիքը» բորբոքած է ու արաբական մարմինին մէջ՝ վարակ տարածած, ատենն է որ վիրահատուի եւ հեռացուի՝ ամբողջ մարմինը չթունաւորած: Ափսո՜ս, որ 21-րդ դարու մէջ ենք ու դեռ դրամն է, որ կը խօսի. ո՛չ միայն կը խօսի, այլ բարձրաձայն կ՚աղմկէ՝ լռութեան մատնելով մարդկային արժէքներն ու ամէն տեսակի հոգեմտաւոր զարգացում:

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017