ԿՈՒՌՔԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

«Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեր առջեւէն երթան.

քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը,

չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ» (Ելք 32.1)

Սա իսրայէլացիներուն բողոքի ձայնն էր, որ Ահարոնին ուղղեցին, երբ Մովսէսը Սինա լեռ բարձրացած էր՝ Աստուծոյ մօտ: Արդարեւ, հրեայ ժողովուրդը չէր գիտեր Մովսէսին լեռ բարձրանալուն պատճառը, որ խորքին մէջ իրենց օգուտին համար էր, որովհետեւ Ելքի գիրքին նոյն գլուխին մէջ կը կարդանք. «Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ: Վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին: Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին: Թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին: Տախտակները Աստուծոյ գործն էին: Տախտակներուն վրայ Աստուած գրած էր» (Ելք 32.15-16): Վկայութեան այդ տախտակներուն վրայ գրուածները՝ Աստուծոյ տասը պատուիրաններն էին, որոնք պիտի օգնէին հրեայ ժողովուրդին (եւ յետագային բոլոր Աստուծոյ հաւատացողներուն՝ զՔրիստոս ընդունողներուն) բարօր կեանք մը ապրելու: Սակայն, անոնք իրենց անհամբերութեան եւ անվստահութեան պատճառով պատժուեցան: Դարձեալ, կը կարդանք. «Ղեւիին որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին: Այն օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկան: Քանզի Մովսէս ըսեր էր. «Այսօր տնօրինուած է, որ ձեզմէ ամէն մէկը իր որդին ու իր եղբայրը Տիրոջը նուիրէ, որպէսզի ձեր վրայ օրհնութիւն գայ այսօր»» (Ելք 32.28-29):

Հրեայ ժողովուրդը, որ տեսած էր Աստուծոյ մեծամեծ զօրութիւնները, զորս գործած էր Եգիպտոսի մէջ, ականատես եղած էր Կարմիր ծովու կէսէն բացուելուն եւ անոր մէջէն անցնելուն, չկրցաւ համբերել Մովսէսի բացակայութեան: Այլ խօսքով, մարդկային անհամբերութիւնը պատճառ դարձաւ բարիքի փոխարէն չարիք հնձելու: Մովսէս, որ բարձրացած էր օրհնութիւն բերելու մարդոց, մարդիկ այդ օրհնութեան փոխարէն փափաքած էին կուռք շինել եւ այդ կուռքին երկրպագութիւն ընել: Աւելի՛ն. հրեաները, տեսած ու ապրած ըլլալով Աստուծոյ կատարած մեծ գործերը, շուտով մոռցած էին այդ բոլորը եւ իրենց մտածմունքը շեղած էին դէպի իրենց իսկ ձեռքերով շինուած իրի մը երկրպագութեան: Այս արարքը պարզ վկայութիւն մըն է այն մասին, որ մարդկութիւնը միշտ ալ նոյնատիպ վերաբերմունք ունի Աստուծոյ նկատմամբ, այսինքն՝ մարդկութիւնը վայելելով Աստուծոյ պարգեւած բարիքներն ու օրհնութիւնները, պահուան մը համար երբ իր իսկ գործած սխալի մը պատճառով հեռացած ըլլայ Աստուծմէ, կամ իր խնդրանքին պատասխանը ուշացած ըլլալով, երես կը թեքէ Աստուծմէ եւ կը շտապէ զԱստուած փոխարինել որեւէ այլ բանով մը, որպէսզի իր պապակը յագեցնէ:

Իսկ երբ պահ մը ուշադրութիւն դարձնենք ներկային վրայ, նոյնն է պարագան, մենք՝ քրիստոնեաներս, կարդացած ըլլալով Քրիստոսի մասին, լսած ըլլալով Անոր գործած մեծամեծ հրաշքներու մասին, իմանալով Անոր կրած չարչարանքներու մասին եւ յարութիւն առած ըլլալու ճշմարտացիութեանը՝ յանուն մարդկութեան փրկութեան, աւելին. Անոր Սուրբ Անունը կրելով մեր վրայ, նուազագոյն կամ ամենէն չնչին նեղութեան ու դժուարութեան դիմաց կ՚ընկճուինք, կը սկսինք տրտնջալ ու կը բողոքենք Աստուծոյ դէմ, կը հեռանանք Անկէ, ու այդպէսով՝ մեր ընկճուելով, տրտնջալով, բողոքելով ու հեռանալով, կը նմանինք հրեայ ժողովուրդին, որ Ահարոնէն խնդրեց իրեն համար աստուածներ շինել: Իսկ մեր ընկճուիլը, տրտնջալն ու բողոքը մեզի համար աստուածներ դարձուցած՝ միշտ կը դժգոհինք եւ անհամբեր դարձած կը սկսինք զԱստուած այպանելու:

Տակաւին, այսօրուան մարդը իր մտածումներու աշխարհով դարձած է կուռքերու պաշտամունքի քուրմ: Մտածումներ ըսելով նկատի ունիմ մարդ արարածին այսօրուան չափ ու սահման չճանչցող ազատ մտածողութիւնը, որ շատ յաճախ ի յայտ կու գայ մարդու խղճի ազատութեան պրիսմակէն ներս: Արդարեւ, այսօրուան մեծագոյն կուռքը, որ մարդը իրեն համար պաշտամունքի առարկայ դարձուցած է, իր ազատ մտածողութիւնն է:

Շատ յաճախ, այս պաշտամունքի գլխաւոր պարագլուխները հոգեւորականներն են, որոնք ինչ-ինչ դրդապատճառներով ու նեղմտութեամբ կ՚աղաւաղեն նոյնիսկ Աստուածաշունչ մատեանը, այն բացատրելով ու մեկնաբանելով իրենց հաճոյքին համաձայն, այլ խօսքով՝ այնպէս ինչպէս իրենք կ՚ուզեն հասկնալ Աստուածաշունչին պատգամները: Այսպիսիները սակայն, շատ յաճախ ճիշդ կերպով հասկցած ու ըմբռնած կ՚ըլլան Աստուածաշունչին պատգամները, սակայն իրենց շահերը աւելի բարձր համարելով քան աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները, ըստ իրենց հաճոյքին ու կամեցողութեան կը մեկնաբանեն ու ժողովուրդին կը ներկայացնեն աստուածաշնչեան պատգամները:

Այսքանը հոգեւոր ազատութեան մասին: Այստեղ չեմ ուզեր անդրադառնալ սովորական անհատներու՝ ո՛չ հոգեւորական (ընդ որում աղանդաւորները՝ իրենց այսպէս կոչուած «հովիւ»ներուն հետ միասին) մասին, որոնք Աստուածաշունչ մատեանը վերածած են իրենց քմահաճոյքի դաշտին եւ ըստ իրենց կամեցողութեան կը վարուին անոր հետ, առանց երբե՛ք նկատի ունենալու Աստուծոյ Սուրբ Կամքը:

Մարդկային ազատամտութեան երկրորդ կուռքը, բարոյական ազատութիւնն է: Բարոյական ազատութիւն ըսելով նկատի ունիմ այն, որ մեր օրերուն յաճախակի կերպով կը լսենք, թէ սովորական մարդիկ եւ երբեմն ալ հոգեւորականներ զիջումներու կ՚երթան, պատրուակ ունենալով մարդու բարոյական ազատութիւնը: Այսինքն՝ այս խումբին պատկանողները, բարոյականութիւնը արդարացում ունենալով, իրենց պատճառաբանութիւնները յառաջ կը բերեն, ըսելով, թէ այսօր աշխարհը փոխուած է եւ եթէ որոշ գաղափարներ ու սկզբունքներ անցեալին պարտադիր էին, ներկայիս սակայն այդպէս չէ, որովհետեւ մեր բարոյականութիւնը թոյլ չի՛ տար մեզի այսպէս կամ այնպէս վարուիլ, այսինչ կամ այնինչ բանը թելադրել մարդուն, որովհետեւ այդ բարոյականութեան սահմաններէն դուրս եւ միաժամանակ՝ ոտնահարում է մարդու ազատ կամքին ու խղճին: Բնականաբար այս մարդոց պատճառաբանութիւններն ու արդարացումները ո՛չ մէկ հիմք ունին, որովհետեւ այդ բոլորը արտադրութիւնն է իրենց այլասերուած մտածելակերպին, որու միջոցով կը փորձեն իրենց մտածումներն ու գաղափարները պարտադրել ու տարածել:

Բարոյական ազատութիւնը սակայն ամբողջութեամբ տարբեր իմաստ եւ հասկացողութիւն ունի: Բարոյական ազատութիւնը առաջին հերթին կը կայանայ մաքուր նկարագիր ունենալու մէջ: Իսկ մաքուր նկարագիր ունենալ կը նշանակէ ազնիւ ու պարկեշտ ըլլալ, առաքինի ու ընկերասէր ըլլալ, Աստուածասէր ու հայրենասէր ըլլալ: Այս առումով, Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան պատանիներուն բարոյականութեան մասին խօսելով՝ հետեւեալը կը թելադրէ անոնց. «Գիտցած ըլլաք, տղաքս, ուսմունքը, գիտութիւնն ու արհեստը եւ ասոնցմով ձեռք բերուած դիրքը, բան մը չեն արժեր առանց բարոյականի ու պատիւի։ Չէ՞ք գիտեր որ գինեմոլները, ստախօսները, մարդոց քով ու պատուաւոր ընտանիքներու մէջ տեղ չունին. անոնք որ իրենց անբարոյ ու խարդախ ընթացքովը իրենց բոլոր բարոյական ու մտաւորական յատկութիւնները ոտքի տակ առած ու ցեխոտած են, արժանի չեն մարդ կոչուելու. ուրեմն, ուսման ու գիտութեան հետ լաւ բարոյական, մաքուր նկարագիր ունեցէք։ Սիրեցէ՛ք Հայ լեզուն, սիրեցէ՛ք Հայոց պատմութիւնը, կարդացէք զայն, ուր պիտի տենսէք ձեր մեծ հայրերուն սխալները, ձեր հայ ցեղին մեծութիւններն ու պզտիկութիւնները. վտանգի պահուն անոնց արիութիւնն ու քաջասրտութիւնը, կամ վատասրտութիւնն ու վախկոտութիւնը. սորվեցէք մեր պատմութեան հետ՝ օտար ազգերու պատմութիւնն ալ, որպէսզի սորվիք, իմանաք, թէ մարդիկ, ընտանիքներ ու ազգեր ինչպէ՞ս փճացեր են կամ՝ ինչպէ՞ս ազատագրուեր»: Դանիէլեան Եպիսկոպոսի այս տողերէն կրնանք եզրակացնել, թէ անոնք որոնք գերի դարձած են բարոյական ազատութեան, այլ խօսքով՝ բարոյական ազատութիւնը կուռք դարձուցած են իրենց համար, իրենց իսկ գործերուն որպէս արդիւնք փճացած են, որովհետեւ այդպիսիներուն դրօշակը «վախկոտութիւն»ն ու «վատասրտութիւն»ն է, որոնց ծածանելով իրենց աչքերուն իսկ առջեւ, թոյլ չի տար իրենց, որպէսզի ճշմարտութիւնը տեսնեն ու ըմբռնեն:

Այսօրուան մարդու ազատ մտածողութեան այլ տեսակի կուռք մըն է իր իսկ եսը: Այսօրուան մարդը դարձած է իր իսկ եսին գերին: Այսօրուան մարդը իր եսը դարձուցած է կուռք մը, որու ծառայութեան լծուած է իր ամբողջ կարելիութիւններով: Այսօրուան մարդը, ամէն կերպ սկսած է աշխատիլ, որպէսզի բաւարարէ եւ գոհացնէ իր եսին հաճոյքներն ու փափաքները:

Այս կռապաշտութիւնը՝ եսի կռապաշտութիւնը, մարդը վերածած է վայրենի գազանի մը, որ չխնայելով որեւէ մէկ բան, աւելին՝ ոտնահարելով ամէն տեսակի սրբութիւն, սկզբունք, արժէք, գաղափար, աւանդութիւն, չափ ու սահման, մի միայն մտահոգուած է ինքն իրմով, թէ ինչպէս պիտի իրագործէ իր միտքին մէջ պտըտող գաղափարները: Իսկ այդ գաղափարները մարդէ մարդ կը տարբերին: Շատերու մօտ այդ գաղափարները ուտել-խմելու պատկերը ունին, ուրիշներու՝ հագուելու եւ շպարուելու, ուրիշներու՝ հարստութիւն դիզելու, ուրիշներու՝ բարձր դիրքերու հասնելու, ուրիշներու՝ սեփականութիւններ ունենալու, ուրիշներու՝ թանկարժէք ինքնաշարժներ ունենալու, ուրիշներու՝ թանկարժէք իրեր ունենալու, իսկ ամենէն դաժանը, ոմանց մօտ այդ գաղափարները կը պատկերուին բռնաբարութեամբ, սպանութեամբ, գողութեամբ, եւ այլն...

Մարդը սակայն, պէտք է գիտակցի, որ ո՛չ թէ «ես»ն է իր տէրը, այլ՝ ի՛նք, մա՛րդն է տէրը իր եսին, եւ ի՛նք պէտք է կառավարէ իր եսը, ո՛չ թէ հակառակը: Եւ, երբ մարդը այս գիտակցումը ունենայ, այդ ժամանակ բնականաբար կը վերանան նաեւ վերոնշեալ այլանդակութիւնները եւ ամէն ինչ չափ ու սահմանի մէջ կը մտնէ:

Այսօրուան կուռքերուն շարքը տակաւին շա՜տ երկար է, սակայն կը բաւարարուիմ այսքանով, ընթերցողին ձգելով շարունակութիւնը...

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

26 յունիս 2018

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018