ՊԱՏԿԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ
-Պատկերին մէջ ի՞նչ կը տեսնէք, ի՞նչ կ՚երեւակայէք: Կ՚ուզեմ, որ գրէք թուղթի մը վրայ:
Կը թելադրէ ուսուցիչը մեծ պատկեր մը տեղաւորելով գրատախտակին վրայ:
Պատկերին կեդրոնը՝ փոքրիկ աղջկան մը ձեռքը պուպրիկ մը կայ, մանուկը զգուշութեամբ բռնած է զայն: Քիչ անդին տարեց, ճերմակ մօրուքով ու մազով, միջահասակ տղամարդ մը կանգնած է, ձեռքը բժիշկի լսափող մը: Սենեակը եւրոպական յարդարանքով, մեղմ գոյներով, գեղեցիկ տան մը հիւրասենեակը ըլլալու է: Պատկերին մէջ կ՚երեւին գիրքերով յագեցած գրադարան մը, ընտանեկան լուսանկարներով զարդարուն պատ մը, անդին՝ սեղան մը ճերմակ ձեռագործով ծածկուած, բազկաթոռներ եւ այլ անհրաժեշտ իրեր:
Աշակերտները պատանիներ են, տարիք մը, որ երեւակայելու եւ մեկնելու ունակութիւնը ձեւաւորուած կ՚ըլլայ, կը մնայ զարգացնել երեւակայութիւնն ու այլ անհրաժեշտ մարդկային յատկանիշներ:
... Ու կը սկսի հաղորդակցութիւնը պատկերին ու պատանիներուն հոգեկան աշխարհին միջեւ. աչքերը նախ կը դիտեն պատկերը, կը փոխանցեն ուղեղին, իւրաքանչիւր մանրամասնութեան համար «ինչու» մը կը գրուի, ապա կը յայտնուի անոր պատասխանը: Պատասխանները կ՚ագուցուին ու տեսերիզի պէս պատկերը, շարժուն յաջորդականութեամբ, կը վերածուի պատմութեան: Կը միանան ընկալումը, վերլուծումն ու ստեղծագործութիւնը, եւ իւրաքանչիւրը կը ստեղծէ բան մը իր ներքինին թափանցումով: Իւրաքանչիւրին մէջ շեշտուած մարդկային յատկանիշ մը կը բացայայտուի, դաստիարակութեան փոխանցում մըն է, որ ի յայտ կու գայ եւ դուն կը ճանչնաս պատանին, կը տեսնես իր անցած մանկութեան ուղին, երբեմն կը զգաս նաեւ կանխահաս հասունութիւն մը, որ աճած է անոր մէջ ապրուած կեանքի պայմաններէն:
Մէկը կը փոխադրուի անցեալ, պատմութեան դասապահուն ընկալածներով նոր պատմութիւն մը կը հիւսէ պատկերին օգնութեամբ: Թուականով կը սկսի շարադրել, եւ հայ-ազէրի հակամարտութիւններուն պատճառով ընտանիքի մը կորուստը կը յայտնաբերէ: Պուպրիկը դստրիկին նուէր ձգած հայրը կը զոհուի եւ ձագուկը հպարտութեամբ կ՚ընդունի այդ մէկը եւ պուպրիկը գրկած կ՚այցելէ հօր գերեզմանը: Հայրենասիրութիւն...
Ուրիշ մը անցեալէն եկած նուէր մը գտնելուն կ՚առընչէ պատումը: Ընտանեկան կարեւոր նշանակութիւն մը ունի պուպրիկը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է. աղջկան մեծ մօր խօսքերը կը գրուին թուղթին՝ «Այս պուպրիկը պէտք է շատ լաւ խնամես, աղջի՛կս, ու անվնաս փոխանցես զաւակներուդ»: Արժէքներու գիտակցութիւն եւ յարգանք...
Ուրիշ մը մեծ հայրը բժիշկ կը սեպէ, որ թորան պուպրիկը առողջացուցած է ու թելադրած, որ զգոյշ ըլլայ, դարձեալ չհիւանդանայ, այլապէս բուժելը կարելի պիտի չըլլայ: Ահա թէ ինչո՞ւ պատկերին աղջիկը զգուշութեամբ կը բռնէ պուպրիկը: Պարզութիւն, միամտութիւն...
Աղջնակ մը այնպէս հոգ կը տանի ու կը սիրէ պուպրիկը իր տողերով, որ կը զգաս, թէ որքա՜ն գուրգուրանք ու սէր վայելած է գրողը ու այս պատկերի վերլուծումով կ՚ուզէ ինք ալ ապագային իր ստացածը փոխանցել ի՛ր կազմելիք ընտանիքին, ու թոյլ չտալ որ զաւակները տխրին. անոր բժիշկ մեծ հայրը հէքեաթներ կը կարդայ իր հարուստ գրադարանէն, մայրը դասերուն կը հետեւի, հայրը կը պտըտցնէ զինք ու մանաւանդ անոնք ընտանեօք ամէն կիրակի եկեղեցի կը յաճախեն: Ընտանեկան սրբութիւն...
Մանչուկ մը ինքզինք պատկերի մանուկին հայրը կը սեպէ, որ բժիշկ է եւ ոչ միայն կը հոգայ իր զաւկին առողջութիւնը, այլ նաեւ կը բուժէ անոր պուպրիկը: Ապագայ...
Ուրիշ մը պուպրիկին տեսքէն չ՚ախորժիր եւ ինչպէս որ իր մանկութեան խաղալիքները կը կոտրէր, նոյնպէս եւ այս պուպրիկին կապոյտ աչքը հանել կը փորձէ, որպէսզի ծնողը նոր խաղալիքներ բերէ իրեն: Զգալի է գրողին ներաշխարհին մէջ օղակի մը բացակայութիւնը, գուցէ սիրո՞յ, գուրգուրանքի՞, ծնողական հոգածութեա՞ն..., ո՞վ գիտէ: Անբաւարարուածութիւն...
Եւ այսպէս ձեւաւորուած յատկանիշները գլուխ կը բարձրացնեն տողերուն ընդմէջէն ու կը տեսնես անոնց մէջ՝ առաքինին, լաւատեսը, յոռետեսը, զուարթը, ընկճուածը, վիրաւորը..., այսինքն մարդը յօրինող, կերտող էականը կ՚երեւի, կը մնայ միայն վարպետ ձեռքի մը հպումը, որ պատանիներուն ներաշխարհներուն այս շաղախը չկարծրացած գեղեցիկ քանդակներու վերածէ զանոնք:
Որքա՜ն դժուար եւ պատասխանատու առաքելութեան մը ծանր բեռը կը կրէ ուսուցիչը...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ