Չորեքշաբթի 11, Դեկտեմբեր 2024
ԲԱՐԵՒՍ…
Իբրեւ կեանքի նոր դաշտանկար,
Ե՛ւ երիտասարդ, ե՛ւ անպարտելի,
Նոյնիսկ մեղքի զգացումը ապրելով,
Կարօտի բարեւ մը տուի շուրջիս… ու միացայ բոլորին…։
Սրտիս մէջ ծփացող յիշատակները շալկելով,
Յոյսի եւ լոյսի նոր ածուներ որոնելով,
Աչքերուս մէջ ապագայի պայծառ երազներով,
Տաքուկ բարեւ մը տուի շրջապատիս… ու միացայ բոլորին…։
Սակայն զգալով յոյսերուս արագ մաշումը,
Կեանքի պայքարիս կորսնցուցած շքեղանքը,
Եւ հաւատքիս անմեղ երանութեան պղտորումը,
Ոչ մէկ բարեւ՝ ապերախտ ամբոխիս… ու հեռացայ բոլորէն…։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024