ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՍ…

Շաբաթ մըն է, որ հեռու եմ դիմատետրէն… Պատճառը գրելու պէտք չունէի անշուշտ, սակայն այսօր այնպիսի բան եղաւ, որ մտածեցի լաւ կ՚ըլլայ միասին խնդանք…

Ճիշդ շաբաթ մը առաջ աչքի վիրահատութիւն ունեցայ, շատեր կ՚ունենան որոշ տարիք մը ետք եւ ով ունեցեր է վստահեցուց, որ շատ պարզ բան մըն է, ոչ ալ կը զգաս… Սակայն վիրահատութիւն է եւ վիրահատուելիքը աչք է։ Ինչու սուտ խօսիմ, ամբողջ շաբաթ մը խնդրեցի Տիրոջմէն, որ բարդութիւններ չյառաջանան, որ բոլորին նման ես ալ ուրիշին «Մի՛ վախնար» ըսեմ…»։ Եւ… Եւ …Եւ…

Փառք Աստուծոյ, հազար փառք, վիրահատութիւնը յաջող անցաւ, սակայն գիտէք չէ՞, գոնէ շաբաթ մը զրկուած ես շատ գործունեայ ըլլալէ։ «Մի՛ ծռիր, յանկարծ ծանր բան չշալկես, արեւին չնայիս, աչքդ չյոգնեցնես…»։ Բարի-բարի հնազանդեցայ, բժիշկին խօսքէն դուրս չելայ, անընդհատ փառք տուի Աստուծոյ, խնդրելով Տիրոջմէն, որ գիտութիւնը աւելի յառաջանայ, որ բժշկող ձեռքերը ցաւ չտեսնեն, որ ամէն հիւանդութիւն իր դարմանը ունենայ։

Բայց անհասկնալի մնաց ինչու ուրիշներ, որ վիրահատուած են մէկ օր կամ երեք օր միայն ծածկած են աչքերնին, իսկ ես եօթ օր… Արդեօք սխա՞լ հասկցեր էի… Ո՛չ, եղբայրս ալ հետս էր եւ եօթ օր լսած էր…

Եօթ օրն ալ անցաւ ամէն ժամ դեղ կաթեցնելով եւ այլն, եւ ալն…

Անկեղծ ըլլալու համար ես ընդհանրապէս շատ ժամանակ չունիմ հանգիստ ընելու, ուրեմն այս եօթ չծռելու, ծանրութիւն չշալկելու, գործ չընելու, չկարդալու, չգրելու օրերը հանգիստի լաւ օրեր էին եւ ամենալաւը ժամանակը սպաննելու ԵՐԱԶԵԼՆ էր… Երազելու համար աչքերդ գոցէ եւ… Աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը գնա՛… Երազելու պահուն կրնաս թռչիլ, ծովուն յատակը իջնել, բոլոր անկարելիութիւնները կարելի դարձնել… Ո՞վ կրնայ քեզի արգելք ըլլալ…

Եօթ օր ամենագեղեցիկ երազները հիւսեցի…

Այսօր վիրահատութենէն մէկ շաբաթ ետք եղբօրս հետ գացինք բժիշկը տեսնելու, աչքի քննութիւնները բոլորիս ալ ծանօթ են։ Ձախ աչքս գոցել տուաւ եւ աջով ամենապզտիկ թիւերն անգամ դիւրութեամբ կարդացի, ուրախութենէս չէի ձգեր, որ բժիշկը ձեռքին փայտիկը յաջորդ թիւին վրայ հասցնէ դնել, ետեւ-ետեւի կ՚ըսէի, մինչեւ եղբայրս զգուշացուց.

-Ինչո՞ւ ձայնդ երթալով կը բարձրացնես, մանկապարտէզ է ինչ է, կարծես թիւերը նոր սորվեր ես…

-Շատ ուրախ եմ… Թող բժիշկն ալ տեսնէ, որ լաւ գործ ըրեր է եւ հետս ուրախանայ…

-Հոյակապ, հոյակապ, շատ լաւ է, վերջապէս ըսաւ բժիշկը, հիմա միւս աչքդ ալ նայինք եւ տեսնենք տարբերութիւնը։

Ես դարձեալ մեծ ուրախութեամբ ետեւ-ետեւի դասս լաւ սորված աշակերտի նման մեծ թիւերէն մինչեւ ամենափոքրը ըսի։ Բժիշկը զարմացած.

-Ձախ աչքով այդքան լա՞ւ կը տեսնես…

-Ո՛չ, աս աչքս ալ շատ լաւ չէ, բայց անոր չափ չէր… Անոր համար ըսիք, որ առաջինը այդ մէկը վիրահատեմ։

-Ինչպէ՞ս տեսար այդքան յստակ…

-Աչքերով…

-Նորէն կարդա՛…

Նոյնպէս շատ լաւ կարդացի, բայց զարմացած էի բժիշկին զարմանալուն վրայ։

Մէկ անգամ ալ փորձենք…

Դարձեալ հոյակապ արդիւնք…

-Լաւ մէկ անգամ ալ գոցէ աջ աչքդ եւ փորձէ կարդալ ձախով…

Հանելուկը լուծուեցաւ… Հասկցանք, որ արդէն լաւ տեսնող աչքս չէի գոցած… Խարդախութիւն ընող աշակերտի նման բռնուեցայ…

Երբ դուրս ելանք եղբօրս հետ ճիշդ մանկութեան օրերու նման խնդալէն պիտի մարէինք։

-Մի՛շտ բան մը կ՚ընես, քա ճիշդը ըսէ՛ հիմա, մասնաւո՞ր չէիր գոցած աչքդ։

-Հաւատա՛ ոչ, չըսաւ գոցէ, ես ալ չգոցեցի։

-Ծօ ամէն բան քեզի կը պատահի… Աջով կարդալու համար ձախը գոցեցիր, ինչո՞ւ ձախով կարդալու համար աջը չգոցեցիր։ Կարծեմ այսքան զարմացած չէր բժիշկը։ Մարդը երեք անգամ կարդալ տուաւ…

Ա՜խ եղբայրս, մանկութեան բոլոր արկածախնդրութիւններուս ծանօթ եղբայրս…

Եռամեծ սուրբը՝ Գրիգոր Տաթեւացին կ՚ըսէ. «Կեանքը երեք վայրկեան է, մէկ վայրկեան կը ծնիս, մէկ վայրկեան կ՚ապրիս, մէկ վայրկեան կը մեռնիս»։

Այդ մէկ վայրկեան կեանքը շատ արագ կ՚անցնի՝ ուրախ ապրինք…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ, 25 յունիս 2024

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024