​Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՔՀՆՅ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ. «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԱՆՁՆ Է»

Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է քահանայ հայրերուն: Կրօնական եւ ծիսական պարտաւորութիւններէն անդին քահանայ հայրերը կարեւոր ընելիք ունին: Յաճախ ականատես կ՚ըլլանք քահանայ հայրերուն հանդէպ ոչ ընդունելի վերաբերմունքի մը, որ պայմանաւորուած կ՚ըլլայ մեր հաւատացեալներու եւ տուեալ պարագայի որեւէ քահանայի միջեւ եղած անհասկացութիւններու: Մեր ժողովուրդը գէշ սովորութիւն մ՚ալ ունի: Շատ յաճախ կ՚ուզէ մէկ տխուր օրինակը տարածել ամբողջ խաւի մը դէմ ու յայտարարել, որ բոլոր «սեւազգեստներ»ը նոյնն են:

Պոլսոյ պարագային վկայութիւն մը տալու բաւարար հիմքեր չունիմ, բայց եւ այնպէս Պէյրութի մէջ շատ յաճախ ականատես եղած եմ անարգալից խօսակցութիւններու ուղղուած՝ այս կամ այն քահանայի հասցէին:

Հոն է նաեւ, որ կարծրատիպ դարձած այս մօտեցումը խորքային վնասներ կը հասցնէ մեր եկեղեցիին ու բացի անկէ, որ կը ջլատէ մեր հաւաքական կամքը, կը ստեղծէ օտարումի վիճակ մը, որուն պատճառով հաւատացեալ հասարակութիւնը այս կամ այն քահանային պատճառով ստիպուած կ՚ըլլայ «հեռանալ» իր պաշտած եկեղեցիէն:

Կարծրատիպերու մասին խօսելով պէտք է նաեւ ամրագրել, որ ժխտական կերպարներու մասին ժողովրդային մակարդակի վրայ եղած չարակամութենէ անդին, կ՚անտեսուին ու «չորը թացին հետ» այրելու սկզբունքով «մէկդի կը դրուին», կ՚ան-տեսուին ու կը լուսանցքայնացուին բոլոր այն միաբանները, որոնք էութեամբ դրական կերպարներ են:

Այդ դրական կերպարներէն է՝ Տ. Շնորհք Քհնյ. Պաղտասարեան, որ վերջին տարիներուն, որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ Լոնտոնի թեմէն ներս:

Շուրջ ամիս մը առաջ Տէր Հայրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, մասնակցելու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովանին վայելող քահանայից համագումարի մը: Այս առթիւ յաջողեցանք հարցազրոյց մ՚ունենալ Տէր Հօր հետ, որուն շահեկանութեան համար ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ:

-Տէր Հայր, ի՞նչ առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կը գտնուիք:

-Մայր Աթոռ եկած եմ մասնաւոր հրաւէրով մը՝ մասնակցելու Քահանայից տարեկան ժողովին: Ամէն տարի, Մայր Աթոռի եւ օտար երկիրներ ծառայող քահանաներուն առիթ կը տրուի հանդիպիլ համաժողովի ընթացքին եւ քննարկել Հայ Եկեղեցւոյ առընչուող որոշ հարցեր, յատկապէս հարցեր, որոնք կապուած են հոգեւոր հովիւներու, քահանաներու հետ: Ժողովին կը մասնակցին նաեւ Վեհափառ Հայրապետը, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ:

-Ի՞նչ էր ժողովին նիւթը:

-Նախ կ՚ուզեմ նշել, որ ես երկրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցիմ այս համաժողովին: Նախորդ չորս կամ հինգ տարիներու ընթացքին, տարբեր պարագաներու բերումով ներկայ չեմ գտնուած, սակայն այս տարիներու ընթացքին բաւական յառաջդիմութիւն նկատեցի թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ ժողովի ընդգրկած նիւթերու առումով: Բոլոր հարցերը, որոնք քննարկուեցան, քահանաներու եւ հոգեւոր հովիւներու կողմէ առաջարկուած հարցեր էին եւ ոչ թէ նախապէս պարտադրուած նիւթեր:

Մեծապէս երախտապարտ եւ շնորհակալ եմ, որ ինծի առիթ տրուեցաւ մասնակցելու համաժողովին:

-Տէր Հայր, դուք կը ծառայէք Լոնտին մէջ, որ այսօր ալ կը համարուի եւրոպական քաղաքակրթութեան գլխաւոր կեդրոններէն մին: Առ այդ շատ պիտի փափաքէինք իմանալ, որ Եւրոպայի ու յատկապէս Լոնտոնի մէջ ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ մեր եկեղեցին:

-Նախ ըսեմ, որ Անգլիան, դժբախտաբար, Եւրոպայի սիրտը չի համարուիր: Brexit-ի պատճառով Անգլիան ինքզինք Եւրոպայէն հեռացուց: Իրականութեան մէջ, Անգլիան Եւրոպայէն դուրս կղզի մըն է, բայց, անշուշտ, քաղաքական կեանքի մէջ կարեւոր դեր ունեցող երկիր է, եւ շատերու համար ցաւալի է այն փաստը, թէ Անգլիան այսպիսի ճանապարհ ընտրեց: Սակայն չենք գիտեր, թէ այս քայլի քաղաքական հետեւանքները ինչ կ՚ըլլան:

Անշուշտ, արեւմտեան աշխարհի հայկական համայնքներուն մէջ տարբեր խնդիրներ կան: Ըսեմ, որ Եւրոպան, իբրեւ հասարակութիւն, աշխարհիկ հասարակութիւն է: Զոր օրինակ, Եւրոպայի, յատկապէս Անգլիոյ մէջ, բնակչութեան միայն չորս տոկոսն է, որ եկեղեցւոյ կապուած է: Հետեւաբար, այդ աշխարհիկ մտայնութիւնը կ՚ազդէ նաեւ հոն ապրող հայերու վրայ: Նոյն հայերը՝ հակառակ որ Անգլիոյ հայերու մեծամասութիւնը Արեւելքէն եկած են՝ Հայաստանէն, Կիպրոսէն, Պէյրութէն եւ Իրաքէն, հանսելով Եւրոպա շատ շուտ փոխած են իրենց կեանքը: Այնպէս որ, այդ աշխարհայնութիւնը նաեւ ազդած է մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն վրայ:

-Ձեր մատը վէրքին վրայ դնելով նշեցիք, որ Եւրոպայի մէջ եկեղեցական, քրիստոնէական կեանքը ընդհանրապէս օտարուած է: Ի՞նչ կ՚ընէք այդ բացը լրացնելու համար:

-Կը փորձենք մեր հոգեւոր պարտականութիւնները լաւագոյն ձեւով կատարել, եկեղեցական արարողութիւններով, միջոցառումներով կամ հանդիպումներով: Սակայն, երբ նկատես, որ ժողովուրդը չի հետեւիր քեզի, ուրեմն պէտք է նոր ձեւեր որոնես եւ ժողովուրդին մօտ երթաս: Անշուշտ, չես կրնար ինքզինքդ պարտադրել, սակայն երբ առիթը ըլլայ, պէտք է դուն քեզ լաւագոյն կերպով դրսեւորես:

Ընդհանրապէս մարդիկ կը զգան եկեղեցւոյ ուժը, երբ նեղութեան մատնուին: Այդ ժամանակ կը նկատեն եկեղեցական հովիւի աջակցութիւնը: Ուստի, եկեղեցին միշտ պէտք է իր առաքելութիւնը կատարէ՝ նեղութեան մէջ գտնուող անձին փորձէ օգնել:

-Ձեր կարծիքով, այսօր ի՞նչ ունի տալիք Հայ Եկեղեցին լոնտոնեան հայ հասարակութեան:

-Շատ controversial եւ զօրաւոր հարցում մըն է: Շատեր կը կարծեն, որ եկեղեցին լուսանցքային դեր ունի, սակայն երբ մարդիկ եկեղեցւոյ աջակցութիւնը ունենան, կու գան՝ որպէսզի իրենց խնդիրները եկեղեցին լուծէ, բայց շատ քիչ անձեր կը մտածեն, որ եկեղեցին ալ օգնութեան, զօրակցութեան պէտք ունի: Նոյնիսկ այն անձերը, որոնք վերապահ են եկեղեցւոյ նկատմամբ, իրենց կեանքի ընթացքին ունեցած են եկեղեցւոյ կարիքը: Իմ հովուական շրջանին եղած են այսպիսի դէպքեր: Ուստի, եկեղեցին իր դռները միշտ բաց պէտք է պահէ, որովհետեւ անառակ որդիները շատ են:

-Եկեղեցին ի՞նչ կու տայ այն հայ մարդուն, որ տարբեր պայմաններու հետեւանքով Անգլիա ծնած է եւ կամ Անգլիա տեղափոխուած:

-Ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ պարգեւելը, աւետարանի լոյսը տարածելը, եկեղեցւոյ հովանիին տակ պահելը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդը հասանելի դարձնելն է եկեղեցւոյ գլխաւոր առաքելութիւնը: Հայ Եկեղեցին նաեւ ազգային նպատակներ ունի: Շաբաթը կամ ամիսը մէկ անգամ, կամ տարին երկու անգամ, երբ հայ մարդը կարելիութիւն կ՚ունենայ հեռանալ իր առօրեայ կեանքէն եւ գտնուիլ հայկական շրջանակի մէջ ու մասնակցիլ եկեղեցական արարողութեան, ապա այդ շատերու համար հոգեկան մխիթարանք է:

-Վերջին տարիներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներու բերումով, շատ լուրջ սպառնալիքներ կան ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Նախ կ՚ուզեմ իմանալ, թէ այդ դէպքերը որ կը կատարուին, ձեր անմիջական կեանքին, առօրեային վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞ն: Եւ երկրորդ՝ ի՞նչ իրավիճակ կրնայ տիրել Եւրոպայի մէջ: Դուք մտավախութիւններ ունի՞ք Եւրոպայի հետ կապուած, որովհետեւ կը տեսնենք, որ անկախ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ներս կատարուող դէպքերէն, Փարիզի, Շուէտի, Անգլիոյ, վերջերս ալ Մանչեսթըրի մէջ ահաբեկչական դէպքեր կը պատահին։ Բոլորս կը զարմանանք, որ քաղաքակրթութեան օրրան համարուող, աշխարհի համար լաւ «օրինակ» հանդիսացող այդ հասարակութիւններուն մէջ, ուր տրամաբանութիւնը եւ մտային արժէքները առաջնորդող դեր ունին հասարակութեան կեանքէն ներս, ինչպէ՞ս կը պատահին նման արիւնալի դէպքեր: Ի՞նչ է ձեր վերլուծութիւնը:

-Սա քաղաքական եւ արդիական հարցում է: Նախ կ՚ուզեմ ըսել, որ դժբախտութիւն է եւ ցաւալի՝ մարդկային կորուստը Արեւմուտքի, առաւել եւս Արեւելքի մէջ, որովհետեւ մարդկային հասարակութիւնները Արեւելքի մէջ հարիւրապատիկ, հազարապատիկ աւելի կը վնասուին: Այնպէս որ, պէտք չէ միայն Եւրոպայի մասին մտածենք: Պէտք է մտածենք ամբողջ աշխարհի մասին, որովհետեւ ինչ որ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ մէջ, եւ ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ՝ գիտենք, թէ պատճառը ի՛նչ է եւ ո՛ւրկէ կու գայ: Այս բոլորը Արեւելքէն կու գայ եւ հոն ալ կը շարունակուի: Սա մեզի համար կրկնակի ցաւ է, որովհետեւ Արեւելքի մէջ մարդկութիւնը եւ հայութիւնն ալ մեծ վնասներու ենթարկուեցան: Կ՚աղօթենք խաղաղութեան համար եւ կը յուսանք, որ աշխարհի ղեկավարները կը նկատեն եւ կը համոզուին, որ վերատեսութեան պէտք է ենթարկեն իրենց միջինարեւելեան քաղաքականութիւնը: Անգլիոյ մէջ յաճախ ըսած են, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ որեւէ ահաբեկչական յարձակումներու եւ կանխել զանոնք: Նոյնիսկ քաղաքական գործիչ մը ըսած է. «Հարցը այն չէ, թէ եթէ, այլ այն՝ թէ երբ»:

-Ահաբեկչութիւնը որեւէ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞յ ձեր կեանքին վրայ:

-Չեմ կարծեր, վախ կայ, որովհետեւ մարդ արարածը, նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ, կը կարծէ, թէ ինք վտանգի մէջ չէ եւ իրեն վատ բան մը պիտի չպատահի: Ժողովրդական խօսք մըն ալ կայ, որ կ՚ըսէ՝ երկու վախը մէկ մահ է: Վախ չկայ, որովհետեւ դէպքերը իրենցմէ հեռու են, բայց, օրինակ՝ երբ Մանչեսթըրի մէջ այդ աղէտը տեղի ունեցաւ, վստահ եմ, որ մարդիկ վախցան եւ մեծ ցաւ զգացին: Դէպքին օրը ես հոս, Հայաստան եկայ, այդ պատճառով ալ շատ տեղեակ չեմ, թէ ինչ բացայայտումներ տեղի ունեցան: Արդեօք իրագործողը միայն մէ՞կ անձ էր, կամ թէ անոր ետին որոշ ուժեր կային: Եթէ այո՛, ապա որո՞նք են:

Ահաբեկչութեան ծայրը պէտք է փնտռել: Իսկ ծայրը, Արեւելքի մէջ է: Պէտք է այդ հարցերը դիւանագիտական ձեւերով եւ սիրով լուծել, փորձել հասարակութիւնը կառուցել դրական եւ շինիչ ձեւերով, այդ երկիրներուն տնտեսական օգնութիւն տրամադրելով եւ ոչ թէ ռազմական աջակցութիւն:

-Ձեր կարծիքով, Եւրոպայի մէջ սիրոյ կամքը կա՞յ:

-Կը կարծեմ այո, մարդոց մէջ կայ, բայց ինչ որ կը կատարուի քաղաքական հողի վրայ, անբացատրելի է երբեմն ալ՝ անհասկնալի: Տարիներ առաջ, երբեմն կը մտածէինք, արդեօք Արեւմուտքի ղեկավարները այսքան միամի՞տ են, չե՞ն հասկնար եւ չե՞ն մտածեր հետեւանքներուն մասին:

Դժուար է կարծիք կազմելը եւ հաւանաբար քաղաքական վերլուծաբանները կրնան պատասխանել այս հարցումին:

-Ինչ գործունէութիւն կը ծաւալէք Լոնտոնի մէջ։ Դուք Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայէ՞ք:

-Այո՛: Երջանիկ եմ, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւն եմ: Փոքր, բայց գողտրիկ եկեղեցի մըն է, եւ հայ ճարտարապետութեան գոհարը կրնամ սեպել: Իբրեւ կառոյց կը յիշեցնէ Հաղբատի զանգակատունը: Եկեղեցին կառուցուած է 1922-ին: Այն ժամանակ Անգլիոյ մեծ շատ քիչ հայեր կային, այդ պատճառով ալ փոքր եկեղեցի կառուցած են: Փոքր եկեղեցւոյ առաւելութիւնը այն է, որ եկեղեցին միշտ լեցուն է: Ամէն Կիրակի շուրջ հարիւր հաւատացեալներ կը մասնակցին Ս. Պատարագին: Տօնական օրերուն, անշուշտ, աւելի մարդաշատ է: Մեր նախկին սրբազաններէն՝ Տ. Եղիշէ Կիզիրեան Սրբազանը, որ մինչեւ 1999 թուականը եղած է այդտեղի առաջնորդը, կատակով կ՚ըսէր. «Ողջ մնան մեռելները. իրենք մեր եկեղեցին լեցուն կը պահեն»:

Բացի Ս. Պատարագի արարողութենէն, նաեւ ծիսական արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան: Այս ծիսական արարողութիւնները առիթ կը ստեղծեն ընտանիքներուն իրարու հետ ծանօթանալու: Շատ կարեւոր է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունենալը, որովհետեւ, ինչպէս նշեցի, մարդ կայ, որ միայն տօնական առիթներով եկեղեցի կու գայ: Սակայն երբ մկրտութիւն պիտի ըլլայ, կ՚ուզենք հանդիպիլ ընտանիքին հետ նախքան ծէսը կատարելը՝ ծանօթանալու, խորհուրդի իմաստը բացատրելու եւ կարգ մը հարցեր ճշդելու: Զոր օրինակ, Անգլիոյ մէջ տարա-ծըւած է քանի մը կնքահայր ունենալը: Օտարացած հայերը, իրենք ալ կը փափաքին ունենալ քանի մը կնքահայր, եւ կամ կը նախընտրեն ունենալ քանի մը կնքամայր: Այս մէկը Հայ Եկեղեցւոյ յարիր չէ: Այս եւ նման հարցեր պէտք է բացատրել, ոչ թէ կտրուկ ձեւով մերժել, որովհետեւ չենք ուզեր մեր հայ զաւակները կորսնցնել: Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր հայ եկեղեցի գանձ է, որովհետեւ ոեւէ մէկը, եթէ սխալ հասկացողութեան հետեւանքով նեղուի եւ հեռանայ հայ եկեղեցիէն, ապա իր ամբողջ սերունդը կրնայ օտարանալ: Ինչպէս ժամանակին, կարգ մը անձեր նեղանալով եպիսկոպոսին, պատրիարքին կամ հայ եկեղեցիին, դարձած են կաթոլիկներ կամ բողոքականներ, եւ իրենց սերունդը շարունակած է մնալ կաթոլիկ կամ բողոքական: Հանդիպած եմ նման հայերու:

Լոնտոնի մէջ ուրիշ յարանուանութիւններ չկան: Հայ կաթոլիկները մեր եկեղեցին կու գան եւ իրենց զաւակները մեր եկեղեցւոյ մէջ կը կնքեն: Կան հայ աւետարանականներ ալ, բայց աւելի մեծ թիւով կան հայ հոգեգալուստեանականներ, որոնք կը յաճախեն Իրանական քրիստոնէական եղբայրակցութեան կեդրոն:

Պսակադրութեան ժամանակ, առնուազն երեք անգամ պէտք է զոյգերու հետ հանդիպինք: Մեծ մասամբ, օտար ամուսնութիւներ կ՚ըլլան եւ զոյգը կնքուած չ՚ըլլար, կամ կնքուած կ՚ըլլան, բայց դրոշմուած չեն ըլլար՝ օտար եկեղեցւոյ մէջ մկրտութեան խորհուրդը եւ դրոշմի խորհուրդը իրարմէ անջատուած են, իսկ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մկրտութիւն, դրոշմ եւ առաջին հաղորդութիւնը միասին են: Այս պատճառով ալ հանդիպումներ կ՚ըլլան՝ իրենց բացատրելու եւ զիրենք պատրաստելու մկրտութեան խորհուրդին: Երբ զոյգերը որոշեն դրոշմուիլ, ապա ամուսնանալ, մենք կ՚իմանանք որ նոր հայ ընտանիք մը կը կազմուի: Այս ձեւով օտարն ալ կը դառնայ մեր եկեղեցւոյ անդամ: Հոգեւորականը նաեւ կը մասնակցի հայ գաղութի կազմակերպած բոլոր ձեռնարկներուն: Անգլիոյ մէջ կան հին արեւելեան եկեղեցիներ, որոնց հետ պարբերաբար կը հանդիպինք, նաեւ տարին երկու անգամ մասնաւոր ժողովներ կը գումարենք: Միջեկեղեցական հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ: Հայրենիքը մեր սիրտին մէջ է, Հայ Եկեղեցին մեր հոգին է, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մեր եկեղեցին է եւ այն հոգեւոր լոյսն է, որ կը տարածուի ողջ աշխարհի տարածքին, իսկ սփիւռքի հայրենակիցները՝ թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ ժողովուրդը շատ մտահոգուած են մեր երկիրով: Կ՚ուզեն հայրենիքը լաւ տեսնել եւ դժուարութիւններ չըլլան: Իմ աղօթքս է, որ բարձրեալը իր Սուրբ աջին հովանիով միշտ անսասան, զօրաւոր եւ բարեկեցիկ դարձնէ մեր երկիրը: Այսօր մեր հայրենիքին վրայ սեւ ամպեր կուտակուած են եւ յուսանք, որ մեր քաղաքական գործիչները, մեր եկեղեցին, մեր ժողովուրդը այս դժուարութիւնները կը յաղթահարէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017