ՑՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ԸՆԹԱՑՔ

Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը շարունակէ իր «ցնցումային» ընթացքը։ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր անցած են ամիսներ, սակայն գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումները կը շարունակեն յուշել, որ վարչապետ Փաշինեանի կառավարութիւնը՝ մասնաւորապէս ներքին քաղաքական օրակարգին առընթեր, կը շարունակէ «անակնկալ» եւ «անսպասելի» զարգացումներու հեղինակը դառնալ։

Այս առումով կարեւոր դէպքեր պէտք է համարել երկար տարիներ Հայաստանի բանակին մէջ ծառայած, ապա «Երկրապահ կամաւորական միութիւն»ը առաջնորդած եւ երեսփոխան եղած Մանուէլ Գրիգորեանի ձերբակալութիւնն ու այդ ձերբակալման պատճառ հանդիսացած «մեղք»երու տեսանիւթերուն հրապարակումը։ Նախկին վարչապետ ու նախագահ Սերժ Սարգսեանի ազգականներուն ու «մօտիկ մարդկանց» հանդէպ տեղի ունեցած հետապնդումները, լսումներն ու ձերբակալութիւնները, որոնք իրենց ընդհանուր ձեւաչափով համարուեցան աննախադէպ գործնթացներ՝ երկրի մը մէջ, որուն քաղաքական իշխող վերնախաւի (համարեայ երրորդ անկախութեան կերտումէն ասդին) երեք տարբեր «քուրսեր»ու ներկայացուցիչներն ու ղեկավարները նման բանի ականատես չէին եղած։ Վերադառնալով այսօրուան «բուն» նիւթին՝ պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանը «լարուած» վիճակի մը մէջ պահող ամենէն ուշագրաւ դէպքը հանդիսացաւ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը հարցաքննութեան կանչուիլը, ինչ որ բոլոր պարագաներու տակ կը համարուի նախեւառաջ քաղաքական իրադարձութիւն։

Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտիկ մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսէին այն մասին, որ այսօրուան դրութեամբ «մարտի 1»ի դէպքերու բացայայտումը կը հանդիսանայ կարեւոր առաջնահերթութիւն։

Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ նախքան իշխանութեան հասնիլը՝ ներկայ վարչապետ եւ այդ օրերու ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեան զանազան առիթներով ու նոյնիսկ Ազգային ժողովի ամպիոնէն անդրադարձած էր «մարտի 1»ի հարցին՝ հաւաստիացնելով, որ այդ մէկը ամէն գնով պէտք է դառնայ օրակարգ։ Ամէն պարագայի, ինչ որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ, լայն կը բանայ դուռը կարեւոր ու ճակատագրական համարուած հարցումներու առջեւ։

Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ քաղաքական դաշտը յառաջիկայ փուլերուն, ո՞ր ուժերը պիտի ղեկավարեն Հայաստանը եւ ի՞նչ որակներու խորհրդարան մը պիտի ընտրուի յառաջիկայ՝ 2019 տարուան գարնան։

Այս հարցադրումներուն պատասխանները կրնան տրուիլ յառաջիկայ ամիսներուն, սակայն մինչ այդ ենթադրելի է, որ տեղի ունենան բաւական «ցնցիչ» բնոյթով իրադարձութիւններ, որոնք բոլորն ալ ունին քաղաքական խորքայնութիւն եւ ընդհանուր իմաստ։

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ

Նախօրօք տրուած տեղեկատուութեան համաձայն, պարզ կը դառնար, որ հինգշաբթի 26 յուլիսին, Ռոպերթ Քոչարեան պիտի ներկայանար Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) մասնաշէնք, ուր պիտի ենթարկուէր հարցաքննութեան։ Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ տասնեակ լրագրողներ կը ժամանէին «դէպքի վայր» ու երկար ժամեր կը սպասէին, որ Քոչարեան ներկայանայ հարցաքննութեան։ Օրը կը շարունակուէր մնալ «լարուած» ու հակառակ լրագրողներու աշխոյժ ներկայութեան, հայրենի հեռուստակայաններու ու կայքերու նկարահանող խումբերու տեսախցիկները չէին կրնար որսալ Քոչարեանի գալն ու ապա լուռ պայմաններու տակ մեկնիլը։

Երկրորդ նախագահի հարցաքննութեան մասին լուրերը կը սկսէին հասուննալ յատկապէս երեկոյեան ժամը 21.00 ի կողմերը ու նաեւ կը յայտարարուէր, որ Քոչարեան հարցազրոյց մը տուած է «Երկիր մետիա» հեռուստակայանին։

Հարցազրոյցի սփռումին զուգահեռ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը կը հրապարակէր հաղորդագրութիւն մը, ուր նաեւ կը ներկայացնէր կարեւոր մանրամասնութիւններ՝ դատական ընդհանուր գործընթացին ու Քոչարեանի հարցաքննութեան մասին։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանը, որ իր կայքին մէջ եւս տեղ կու տար այդ հաղորդագրութեան, կը կատարէր նաեւ կարգ մը յաւելումներ եւ կը գրէր. «Մարտի 1-ի մասին Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածի առաջին մասով՝ այն բանի համար, որ ան այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը, կը տեղեկացնէ Յատուկ քննչական ծառայութեան պաշտօնական կայքը: Միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան՝ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար»:

1 մարտ 2008 թուականի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակած էին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնէին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ: Նոյն օրը, աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին եւ անոր մերձակայ տարածքին վրայ ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներուն հետեւանքով տասը մարդ զոհուած էր, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած էին: 2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն ի վեր 10 տարի անցած է, բայց 10 զոհերու մահուան հանգամանքները ցայսօր պարզուած չեն: Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Յատուկ քննչական ծառայութեան ղեկավար նշանակուած Սասուն Խաչատրեան յայտարարած էր, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը քաղաքական կամք ունի՝ «մարտի 1»ի գործը բացայայտելու համար։ Այս ամսուան սկիզբը Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան «մարտի 1»ի գործով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ եւ անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։

Վերադառնալով Քոչարեանի «Երկիր մետիա»ին տուած հարցազրոյցին՝ պէտք է նշել, որ ան կը խօսէր բաւական «կոտրուած» դիրքերէ։ Երկար ժամանակով Հայաստանը ղեկավարած քաղաքական գործիչի շեշտադրումներուն եւ նոյնիսկ արտայայտութիւններուն մէջ բացայայտ կը դառնար, որ ան «անակնկալի եկած է»։ ճիշդ է, որ Քոչարեան կը փորձէր հանդէս գալ ինքնավստահ դիրքերէ ու փորձառու գործիչի հանգամանքով, բայց եւ այնպէս բոլորին համար պարզ կը դառնար, որ հանրութիւնը, դատական մարմինները եւ հայութիւնը առհասարակ գործ ունի բոլորովին «նոր» Ռոպերթ Քոչարեանի մը հետ։ Իր կարծիքով՝ տեղի ունեցածը, այսինքն զինք հարցաքննութեան կանչելու դէպքը ունի քաղաքական խորք եւ ինք կատարուածը բացայայտօրէն կը համարէ քաղաքական հետապնդում։ Քոչարեան մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Զիս կանչած էին վկայի կարգավիճակով, բայց քննիչի առաջին իսկ նախադասութիւնն էր, որ այդ կարգավիճակը կը փոխեն եւ մեղադրանք կ՚առաջադրեն ինծի դէմ: Ըստ էութեան, հանդիպումը եղած է մեղադրեալի կարգավիճակով եւ մեղադրանքը ճիշդ այն է, ինչ որ ՅՔԾ-ի յայտարարութեան մէջ կապուած էր Միքայէլ Յարութիւնեանի հետ, ճիշդ նոյնը: Այդ ամբողջին մէջ եւ բոլորովին յօրինուած, շինծու, քաղաքական ենթաթեքստ ունեցող եւ իրականութեան հետ որեւէ առընչութիւն չունեցող մեղադրանքներ: Գիտէ՞ք, ես տուեալ դէպքին մէջ յղում կ՚ընեմ ՅՔԾ-ի յայտարարութեան՝ կապուած Միքայէլ Յարութիւնեանի հետ, քանի որ այս կարգավիճակով ես յստակ այս մասով իրաւունք չունիմ բարձրաձայնելու: Բայց սա է, չի ճանչցուիր Սահմանադրական ատեանի որոշումը, չեն ճանչցուիր 2008 թուի ընտրութիւններու արդիւնքները: Ըստ էութեան՝ այսպէս կոչուած՝ լայն զանգուածներու տրամադրութիւնները կը փորձեն տեղափոխել իրաւական դաշտ եւ ըստ էութեան՝ կը ստացուի, որ 21.5 տոկոս հաւաքած Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը ըստ էութեան յաղթած է 2008-ի ընտրութիւններուն: Բովանդակութեան խտացուած մասը այսքանն է, ինչ որ իրականութենէ շատ-շատ հեռու է, որեւէ առընչութիւն չունի»։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՇՏԸ

Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ յարուցուած դատական հայցը իր արագ արձագանգները կ՚ունենար երկրի քաղաքական դաշտին մէջ։ Այսպէս, նախկին իշխանական գլխաւոր ուժը՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եղածը կը համարէր մտահոգիչ, մինչ իրեն կը միանար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը։ Անդին առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային գոնկրէսը եղածը կը համարէր «պատմական պահ»։ Այս տեսակէտները անշուշտ չէին ներկայացներ երկրի քաղաքական ամբողջ դաշտը, բայց եւ այնպէս բաւարար «նախաճաշակ» մը կու տային Քոչարեանի դէմ ընթացք առած գործընթացներուն պատճառով Հայաստանի մէջ յառաջացած երփեղկուածութեան մասին։ Բնականաբար, տակաւին վաղ է ըսել, որ ի՞նչ կեցուածք պիտի որդեգրեն Քոչարեանի երբեմնի «գործընկեր» Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած կուսակցութիւնը, կամ Արթուր Պաղտասարեանի «Օրինաց երկիր»ը, այնուամենայնիւ բացայայտ է, որ յատկապէս Ծառուկեանի որդեգրելիք կեցուածքը կրնայ տարբեր առումներով ալ իր ազդեցութիւնը ունենալ ապագայ գործընթացներուն վրայ։ Ամէն պարագայի տակ Հայաստան այսօր մտած է բաւական ուշագրաւ եւ նոյնիսկ վտանգներով լեցուն փուլ մը, որուն ընթացքին ալ երկիրը կրնայ ականատես ըլլալ մեծ կամ փոքր մակարդակի ցնցումներու։

Այս բոլորը անշուշտ տեղի պիտի ունենան այնպիսի վիճակի մը մէջ, որուն գլխաւոր խորագիրն է նախընտրական փուլ ու այս փուլի ընթացքին է նաեւ, որ վարչապետ Փաշինեանն ու իր խմբակիցները պիտի փորձեն ամէն գնով ամրապնդել իրենց դիրքերը եւ սպասել, որ այս ամրան ցանուած սերմերը աճին ու արդիւնք տան յառաջիկայ գարնան։ Այս միջոցին ալ մտահոգիչը այն է, որ հակառակ իշխանութիւններուն ունեցած համաժողովրդային նեցուկին՝ երկրին մէջ կրնան գլուխ ցցել այնպիսի բարդ գործընթացներ, որոնք կրնան խառնել ներկայ իշխանութիւններու «ներքին տան» հաշիւներն ու հաշուարկները։ Այլ առումով ալ, նկատի առնելով Քոչարեանի կալանքի տակ առնուած ըլլալու հանգամանքը, պէտք է անպայման շեշտադրել, որ զգացական, մարդկային, անհատական քէնի եւ փոխվրէժի մթնոլորտէն անդին, այս գործընթացները կրնան ցնցիչ վիճակներու տուն տալ՝ «սիրոյ եւ համերաշխութեան» դրօշակով առաջնորդուող Փաշինեանի վարչակարգին դէմ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 28, 2018