ԶՐՈՅՑ՝ ՍՈՒՐՃԻ ՈՒՄՊԵՐՈՎ
Սփիւռքահայ երկու երիտասարդ բարեկամներ ամէն գիշեր, ուշ ժամերուն, տան ճամբան բռնած կը զրուցեն, տեղ մըն ալ կը նստին ու գաւաթ մը սուրճով կը թօթափեն օրուան հեւքը: Քիչ մը հինէն, քիչ մը նորէն, հայրենիքէն, ծննդավայրէն... նիւթեր կ՚արծարծեն: Անոնք մանկութեան ընկերներ են նաեւ ու կ՚աճին իրարու հետ այս անգամ՝ հայրենի հողին վրայ:
Վազգէն- Այսօր շատ էին յաճախորդները, ամբողջ աշխատակազմը ոտքի էր, յոգնեցանք ասոր-անոր սպասարկելէն:
Գօգօ- Մեր քով այդքան ճոխ չէր, բայց նորէն բաւական էին յաճախորդները: Վաղը աւելի խճողուած պիտի ըլլայ, այսօրուընէ տեղ ապահովողներ եղան արդէն:
Վազգէն- Այսօր ուշ ելար կարծես, քիչ մը սպասեցի քեզի, յոգնած էի, քիչ մնաց որ երթայի առանց քեզ տեսնելու:
Գօգօ- Անհաճոյ յաճախորդ մը կար, չի բաւեր որ ուշ եկաւ, բաւական ճոխ ու առատ տեսականիով սեղան մը բացաւ, քանի մը կոպեկ ալ մեզի՝ սպասեակներուս ձգեց ու նստաւ. սպասէ որ ելլէ, իրմէ զատ մէկը չմնաց, աչքով աջն ու ձախն ալ զննեց ու զգաց որ կ՚ուշացնէ մեզ, բայց, է՛հ դրամ հաշուած է, այդպիսով ալ կարծես ինքզինքին իրաւունք վերապահած: Սպասեցինք մինչեւ երթալը, ի՛նչ ընենք:
Վազգէն- Հա, կ՚ըլլան անանկ անհաճոներ, կը գնեն քեզ կարծես իրենց դրամով:
Գօգօ- Տե՛ս, տե՛ս, այդ դիմացի սեղանի գեղեցկուհին, կարծես մատիտով գծուած է, մարմին մը ունի որ...
Վազգէն- Աչքերնիս բացուեցաւ հոս, հաւատայ, շատ աղուոր կտորներ կան, բայց դուն ինչո՞ւ կը նայիս, հապա ընկերուհի՞դ:
Գօգօ- Աչքիդ կրնա՞ս գեղեցիկը տեսնելու արգելքներ սահմանել, է՛հ, գեղեցիկին ալ կ՚ըսեն՝ գեղեցիկ:
Վազգէն- Լաւ, ահա սուրճը եկաւ: Խմենք, երթանք, յոգնած եմ:
Գօգօ- Երթանք, հիմա մամաս կը սկսի նամակներ գրել:
Վազգէն- Գիտե՞ս այսօր առտու ի՛նչ գտայ գզրոցին մէջ:
Գօգօ- Ի՞նչ, ես չեմ խառներ, մամաս ամէն ինչ կը դասաւորէ: Քեզի ալ ըսի հետերնիս բնակէ, գոնէ աս գործերը մայրս կ՚ընէր, ամէն օր կը հարցնէ՝ Վազգէնը ինչպէ՞ս է, ե՞րբ պիտի գայ, ի՞նչ ճաշ կը սիրէ, ըսէ պատրաստեմ, չոճուխը գայ ալ ուտէ:
Վազգէն- Կու գամ, կու գամ, ես ալ կը սիրեմ մօրդ ճաշերը: Այսօր երբ գուլպաներու գզրոցս բացի, ձեռքիս թուղթի կտոր մը դպաւ, հանեցի, ի՞նչ տեսնեմ:
Գօգօ- Ի՞նչ, վերջէն խօսէ, համբերանք չունիմ:
Վազգէն- Համալսարանի վկայականս անցաւ ձեռքս:
Գօգօ- Է՛, դուն ալ, ապահով տեղ մը դիր անիկա, այդքան չարչարուեցանք մինչեւ ձեռքերնիս անցնի: Գոնէ շրջանակի անցուր ու կախէ պատին վրայ տեղ մը:
Վազգէն- Ծօ՛, որո՞ւն պէտք կու գայ իմ վկայականս: Հա կ՚անցընեմ շրջանակի ու շատ յարմար տեղ մըն ալ... կը կախեմ:
Գօգօ- Յիշեցի՞ր, երբ համալսարանն էինք, պայթում մը եղաւ, մեր կողքի համալսարանի սրահներէն մէկուն մէջ, ի՞նչ զօրաւոր ձայն էր՝ սուլոց մը սուր, ապա պու՛մ ու երկրաշարժ: Ոտքերս դողացին, գրասեղանին տակ պահուեցայ, քեզ ալ տեսայ, արդէն պայթումը զգալուս պէս քու անունդ կանչեցի:
Վազգէն- Հարկաւ յիշեցի, կը մոռցուի՞ ինչու. անկարելի է, լաւ որ մեր աւարտական տարին էր, հազիւ դիմացանք մինչեւ տարեվերջ ու հասանք հոս:
Գօգօ- Հապա վկայականը ստանալու համար գացած օրերնիս ալ պայթում կար, դիպուկահարներ ամէն կողմ...:
Վազգէն- Այո, այո, բայց ահա այսօր երբ տեսայ այդ թուղթի կտորը, մտածեցի՝ արդեօք կ՚արժէ՞ր այդքան սարսափի տակ մնալ, վախ ապրիլ, անքուն գիշերներ ունենալ..., քանի միեւնոյնն է, ի վերջոյ սպասեակ եղանք, ինչերնո՛ւս պէտք էր վկայականը:
Գօգօ- Անանկ մի ըսեր, օր մը, բանի մը կը ծառայէ հարկաւ, մինչեւ կեանքերնուս վերջը սպասեակ պիտի չի մնա՞նք եա:
Վազգէն- Չես գիտեր, հա, քանի մը տարիէն ալ հաւաքարար կ՚ըլլանք կ՚երեւի:
Գօգօ- Ինչե՞ր կը խօսիս, չէ՛ այսօր դուն իսկապէս շատ յոգնած ըլլալու ես, որ այսքան յոռետես ես:
Վազգէն- Ո՞ւր է լաւատեսութիւնը, բան մը կա՞յ, որ լաւատեսութիւն կը բուրէ, դուն լաւատեսութեան հոտ կ՚առնե՞ս:
Գօգօ- Պատմեմ ալ խնդա՛ այսօրուան ինծի հետ պատահածը: Այս հանրակառքերը ժողովուրդին հայելին են, իսկապէս: Այսօր, ինչպէս գիտենք, անկախութեան տօն էր, հանրակառքին մէջ, գործի եկած ատենս, դիմացս շատ վայելուչ, երեսուննոց կին մը նստած էր:
Վազգէն- Է՜..., դուն ալ աչքդ միշտ վայելուչներուն կը տնկես արդէն:
Գօգօ- Չէ՛ դուն ալ, լսէ՛: Կանգառէ մը տարեց կին մը բարձրացաւ ու իր քով նստաւ: Սկսան զրուցել իրարու հետ: Տարեցը օրը շփոթած՝ Կիրակի կը կարծէր, միւսը սրբագրեց իր շփոթմունքը: Տարեցը յիշեց որ այսօր տօն է, հարցուց թէ ի՞նչ տօն է, «Չգիտեմ», ըսաւ երիտասարդ կինը, ապա. «Աղջի՛կ ճան, էսօր հանրապետութեան անկախութեան տօնն է»,- ըսաւ տարեցը:
Վազգէն- Է՛, ուրկէ՞ գիտնայ կինը, թերեւս ինք ալ գործի կ՚երթար քեզի պէս:
Գօգօ- Բայց ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ, չյիշել: Հաւատա՛ եթէ կիներու վերաբերեալ միջազգային տօն մը ըլլար, պիտի մոռնա՞ր, կամ անտեսէ՞ր, չեմ կարծեր, կը տեսնենք այդ տօներուն ի՞նչ նախապատրաստութիւններ տեղի կ՚ունենան, ո՛չ միայն փողոցները, հրապարակները, այլեւ տուներէն ներս, ճաշարանները ազատ տեղեր չեն գտնուիր:
Վազգէն- Մենք ալ չենք մոռնար այդ տօները, մեր աչքերը կը կշտացնենք գեղուհիներ դիտելով, մեր ընկերուհիներուն հետ կը հանդիպինք ու...:
Գօգօ- Այո, մենք ալ կ՚ուրախանանք այդ տօներուն, բայց կը մոռնա՞նք ա՛յս մէկը: Անկարելի է, մենք Հալէպ ինչե՜ր կ՚ընէինք այս օրը, ակումբներուն մէջ ձեռնարկներ, Ճեմարանի բակը համերգներ...:
Վազգէն- Մենք հոս ենք, Գօգօ՛, հոն ամէն ինչ ուրիշ էր: Բայց հետաքրքրական է տարեցին իմանալը, օրը կորսնցուցեր է, բայց անկախութեան տօն ըլլալը չէ մոռցած:
Գօգօ- Ան ալ կ՚երեւի, անկախութեան օրէն ի վեր, կը սպասէ, որ տեսնէ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ իսկական անկախութիւնը: Չի մոռնար, հապա՛:
Վազգէն- Հահահա, դեռ շատ կը սպասէ ուրեմն, խե՛ղճ կինը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ