Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ. ­Հայ Հո­գիին՝ Ազ­գա­յին Մեր Ճա­նա­պար­հին Հան­ճա­րեղ Եր­գի­չը

Սեպտեմբեր 26-ին կը լրանայ ծննդեան 148-րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամենէն հոգեհարազատին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, այլեւ՝ աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։

Հայ ազգային երաժշտութեան աշխարհահռչակ հիմնադիրն ու յառաջապահը ոչ միայն սեփական երգ տուաւ հայուն, այլեւ իր անձին օրինակով, բարձրարժէք ստեղծագործութեանց յորդառատ կեանքով ու խելագարման եղերական վախճանով՝ ինքնին երգը դարձաւ մեր ժողովուրդի ճակատագրին։

Մարմնաւորեց ու շնչաւորեց երգը՝ բարութեամբ ու արարումով մարդկային քաղաքակրթութիւնը հարստացնող հայութեան փառքին, բայց նաեւ երգը՝ հայրենահանուած ու աշխարհասփիւռ ցրիւ դարձած հայ ազգի ողբերգութեան։

Աւազանի անունով Սողոմոն Գէորգի Սողոմանեան ծնաւ Քէօթահիա, 26 Սեպ-տեմբեր 1869-ին։ Տասնմէկ տարեկանին որբացաւ եւ յանձնուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի խնամատարութեան։

Իր բացառիկ գեղեցիկ ձայնով՝ Սողոմոն անմիջապէս գրաւեց ուշադրութիւնը իր ուսուցիչներուն, որոնք ոչինչ խնայեցին ի վերուստ երաժշտական եւ բանաստեղծական մեծ տաղանդով օժտուած պատանիին գեղարուեստական մշակման ու կատարելագործման համար։

Ապագայ Մեծն Կոմիտասի երաժշտական դաստիարակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ իր ուսուցիչը՝ Սահակ Ամատունի, որուն ղեկավարութեամբ պատանի Սողոմոն նուիրուեցաւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, հմտացաւ հայկական խազերուն եւ աշակերտական իր տարիները անցուց Արարատեան դաշտի հայութեան պահպանած հոգեւոր թէ ժողովրդական երգերը հաւաքելով, գրի առնելով եւ մշակելով։

Ստեղծագործական իր մշակումներուն ձեռնարկեց 1890-ին, Խաչատուր Աբովեանի, բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ իր կրտսեր դասընկեր Աւետիք Իսահակեանի գործերը դաշնաւորելով։ 1891-ին, «Արարատ» հանդէսը լոյս ընծայեց Կոմիտասի «Ազգային օրհներգ»ը՝ երկձայն, ինչպէս նաեւ եռաձայն ու խմբային կատարումներու համար նախատեսուած ստեղծագործութիւնը, որուն բառերը Ճեմարանի աշակերտ Ա. Թաշճեանին կը պատկանէին։

1893-ին, Ճեմարանի ուսումնական շրջանը աւարտելով, անմիջապէս կոչուեցաւ Ճեմարանէն ներս ուսուցչութեան՝ երգ ու երաժշտութիւն սորվեցնելու, ինչպէս եւ Մայր Տաճարի երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնելու համար։

1894-ին կուսակրօն քահանայի իր ուխտը կատարեց, իրեն շնորհուեցաւ 7-րդ դարու բանաստեղծ ու երաժիշտ Կոմիտաս Կաթողիկոսի անունը։ 1895-ին արժանացաւ վարդապետի աստիճանին եւ այնուհետեւ մեր ժողովուրդին ու աշխարհին կողմէ ճանչցուեցաւ՝ Կոմիտաս Վարդապետ անմահ անունով։

1896-ին, կարճ ժամանակով, Թիֆլիզի մէջ աշակերտեց Մակար Եկմալեանի՝ երգեհոնի դասեր առնելով եւ այնուհետեւ ուղարկուեցաւ Պերլին, Ռ. Շմիթի անուան մասնաւոր երաժշտանոցին եւ, ապա, Արքունական համալսարանին մէջ երաժշտական իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու նպատակով։

1896-էն 1899 Կոմիտաս Վարդապետ ապրեցաւ Պերլին, ուր ոչ միայն մեծա-հըռչակ ուսուցիչներու հոգածութեան տակ կատարելագործեց իր ձայնամարզումն ու երաժշտական գիտելիքները, այլեւ՝ համերգային ելոյթներով ու երաժշտական կատարումներով հայ ազգային երաժշտութիւնը ծանօթացուց եւ սիրելի դարձուց օտար հասարակութեան։

Նոյն շրջանին արարեց նաեւ գերման մեծ բանաստեղծներու գործերուն վրայ հիմնուած երգեր, ռոմանսներ եւ խմբերգներ, որոնք միջազգային համբաւի արժանացուցին հայ հանճարեղ երաժիշտը։ Իբրեւ այդպիսին՝ Կոմիտաս Վարդապետ հիմնադիր անդամներէն մէկը եղաւ նորաստեղծ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան, որուն Պերլինի բաժանմունքին հրապարակային ձեռնարկներուն ելոյթ ունեցաւ հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող բանախօսութիւններով ու կատարումներով։

Վերադառնալով Էջմիածին՝ Կոմիտաս Վարդապետ եռանդով լծուեցաւ մէկ կողմէ մանկավարժական գործունէութեան, արժէքաւոր երաժիշտներու սերունդ հասցնելով, իսկ միւս կողմէ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի՝ ժողովրդական եւ գեղջկական մեր երգերու հաւաքման ու մշակման իր հետազօտութիւնները ամբողջացնելով։

1906-ին հրաւիրուեցաւ Փարիզ՝ իր յօրինումներն ու կատարումները ներկայացնելու ճոխ յայտագրով, նաեւ դասախօսութիւններ կարդալով հայ ժողովուրդի ազգային՝ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան վերաբերեալ։ Նոյնօրինակ ելոյթներու հրաւիրուեցաւ նաեւ Զուիցերիա, Վենետիկ եւ Վիեննա՝ ամէնուր բարձրագոյն գնահատանքի արժանանալով։

Աշխարհահռչակ երաժիշտներու վկայութեամբ՝ Կոմիտաս Վարդապետ արժանացաւ երաժշտական աշխարհի մէջ Ներդաշնակութեան եւ բազմաձայնութեան հազուագիւտ վարպետի կոչումին։

1910-ին սկսաւ մեծ վարդապետին կեանքի բախտորոշ շրջանը։ Էջմիածինէն տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր մանկավարժական ծաւալուն գործունէութեան զուգահեռ՝ համերգային եւ կատարողական նախանձելի ելոյթներ ղեկավարեց։

Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բոլոր քաղաքներն ու օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ երկիրներու հայաշատ գաղութները՝ ամէնուր տարածելով եւ պաշտամունքի արժանացնելով հայ հոգեւոր ու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը։

Այդ շրջանի իր մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ «Գուսան» (հետագային՝ «Հայ Գուսան») երգչախումբին կազմութիւնը, որուն միջոցաւ Կոմիտաս Վարդապետ լծուեցաւ իր արժանաւոր յաջորդներու երաժշտական պատրաստութեան։ Այդ աշխատանքին արգասիքը եղան «Կոմիտասեան հինգ սաներ» անունով՝ հետագային իրենց կարգին հռչակուած հայ մեծ երաժիշտները.- Բ. Կանաչեան, Մ. Թումաճան, Վ. Սարգիսեան, Վ. Սրուանձտեան եւ Յ. Սէմէրճեան։

Կոմիտաս Վարդապետ չբաւարարուեցաւ հայ ազգային երաժշտութեան սահմաններով։ Եռանդով լծուեցաւ նաեւ թրքական ժողովրդային երաժշտութեան, ինչպէս եւ ընդհանրապէս արեւելեան ժողովուրդներու երգարուեստին ուսումնասիրութեան ու մշակումին։ Յատկապէս թուրք հասարակութիւնը մեծապէս գնահատեց հայոց մեծ վարդապետին ներդրումը, բայց ատիկա բաւարար չեղաւ պետութեան վարիչներուն համար, որպէսզի խնայեն կեանքը արդէն ամբողջ մարդկութեան եւ համայն աշխարհին պատկանող հանճարեղ երաժիշտին։

Կոմիտաս Վարդապետ, իր կարգին, 24 Ապրիլ 1915-ին ենթարկուեցաւ հայ մտաւորականութիւնը հարուածած ահաւոր ոճիրին, ինք եւս ապրեցաւ աքսորի ու տարագրութեան մղձաւանջը, ու թէեւ մարմնապէս փրկուեցաւ սպանդէն, բայց վերջնականապէս կորսնցուց իր հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւնը…

Ինչպէս որ տասնամեակներ ետք մեծանուն Սեւակ պիտի գոռար՝ «Դէ եկ վարդապետ ու մի խելագարիր»…

Ինչպէ՜ս չխելագարէր Մեծն Կոմիտաս՝ ի տես այն անասելի արհաւիրքին, որուն բարբարոսական գործադրութեամբ պետութիւնը իր «երախտագիտութիւն»ը յայտնեց դարերով թրքական հասարակութիւնն ու մշակոյթը հարստացուցած հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

1919-ին, արդէն ծանրօրէն հիւանդ՝ Կոմիտաս Վարդապետ տեղափոխուեցաւ Փարիզ, ուր աւելի քան 15 տարի հոգեբուժական խնամքի արժանացաւ, բայց երբեք… չապաքինեցաւ։

Եւ 22 Հոկտեմբեր 1935-ին, իր ամբողջ ազգին խաչելութիւնը սեփական աչքերով տեսած ու զարհուրանքով ապրած Մեծն Կոմիտասը նաեւ մարմնապէս հեռացաւ մեր աշխարհէն։

Հայկեան Հանճարին երաժշտական դափնեպսակը հանդիսացող Մեծն Կոմիտասի աճիւնները տարուեցան Հայաստան, ուր իր վերջնական հանգիստը գտաւ հայ ազգային երաժշտութեան եղերաբախտ հիմնադիրն ու անզուգական վարպետը։

Հայոց երգի ու երաժշտութեան հանճարեղ վարդապետին ծնունդը ողջունենք ու նշենք՝ մեր մեծերուն վառած վաւերական վկայութեան մոմերով.

- ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Կոմիտասը մեր ժողովրդի հպարտութիւնն է, նրա գործը՝ մեր ազգային անսպառ հարստութիւնը… Նա յայտնագործել է մեր ազգային երգը, հայկական երաժշտութիւնը, ազգային մելոսը՝ ինքնուրոյն եւ անաղարտ:

Նա հիմն է դրել ազգային երաժշտական կուլտուրային… Կոմիտասը հայ երգով լոյս աշխարհ հանեց դարերի խաւարի մէջ կեղեքուած ժողովրդի խուլ բողոքն ու ցասումը բռնութեան, ստրկութեան դէմ. նրա խեղ-դըւած վիշտը, իրաւազուրկ կեանքը եւ պայծառ ապագայի հանդէպ տածած հաւատը:

- ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ.- Նրա մեծութիւնն իր մէջ է, ոչ ոք չի սովորեցրել, բայց նա զգացել է, մտել բնութեան մէջ: Այս երաժշտութիւնն իր կանոններն ունի, որը թելադրուած է մեր երկրի ու ժողովրդի ոգով…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2017